Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆՋԱՏՈՂՈՒԹԵԱՆ ԽՐՏՈՒԻԼԱԿԸ


Անբարոյական փօլիթիգային վերջին միջոցն է, նուիրական դրօշակը՝ այդ «անջատողականութիւնը», որ ամէն նեղ պարագայի եւ ամէն նպաստաւոր առիթի՝ կը քաշեն Հայութեան դէմ Թուրքիոյ մէջ թէ Ռուսաստան, Իզմիրէն մինչեւ Բեդերսպուրկ։

Հայերը անջատողական են, այսինքն կը ձգտին Հայկական թագաւորութեան։

Հայերը թշնամի են Ռուս պետութեան եւ Օսմանեան պետութեան, որովհետեւ չեն ձուլուիր ո՛չ ռուս շօվինիզմին մէջ, ո՛չ ալ թուրք շօվինիզմին մէջ։

Ահա կարգախօսը որ կը հնչէ պահ պահ Ռուս եւ Թուրք ազգամոլներու, փօլիթիքոսներու կոկորդէն՝ երբ կը սկսի շարժիլ իսկական ռուսներու եւ ճշմարիտ սմանցիներու վզէն կախուած կեղծ հայրենասիրութեան հռչակը։

Ահազանգն է, որ կը ղօղանջէ գուժելով Մեծ Հայաստանի մօտաւոր յարութիւնը, այն Մեծ Հայաստաին՝որ, ըստ «Նօվօյէ Վրէմիայ»ի եւ Ռուս մեծ դիւանագէտներու, կը տարածուի Ուրալ լեռներէն մինչեւ Արարատ, մինչեւ Եփրատի սահմանները…։

Եւ Հայ ժողովուրդին ֆանթասթիգ զօրութիւնը կը սկսի երկիւղի ու խուճապի մատնել բոլոր միամիտները, բոլոր առաքինի մտածումները եւ բարեպաշտ տրամադրութիւնները։ Եւ քաղաքացիներու այն ստուարաթիւ բազմութիւնը՝ որ յօժարակամ լսածին կը հաւտայ միայն եւ սեփական դատողութեան ու վերլուծումի սովոր չէ, չի վարանիր դատախազի դերին մէջ մտնել եւ վճռել ի հաշիւ նենգ խաղին եւ քաղաքական խաբեբայ միջնորդներուն։

Այս պահուս սեփարաթիզմ ի ալիքը դարձեալ իր մակընթացութեան մէջ է եւ կը թուիո թէ Պուրիշկեւիչներու բերնին նետած փրփուրը կարող է մինչեւ անգամ Իզմիրեան Թուրք թերթի մը խմբագրութիւնն ալ կատաղութեամբ վարակել։

Ու մեղադրանքը իր բոլոր ծանրութեամբ կ՚իյնայ Հ. Յ. Դաշնակցութեան վրայ, այն կուսակցութեան՝ որ տարիներու ամբողջ շարքի մը միջոցին իր բերանացի թէ գրաւոր պրօպականտովը, իր կոչերովն ու գործնական քայլերովը, իր ծրագրովն ու գործունէութեան բովանդակ գծովը կանգնած է եղեր Ազգերու Համերաշխութեան» սկզբունքին վրայ, ճակատելով թրքական, ռուսական եւ հայկական շօվինիզմին դէմ, մինչեւ անգամ այն պահուն՝ երբ «Քէօյլիւ»ներու խմբագիրները բռնակալութեան կօշիկները կը լզէին եւ անարգ ու կամակատար դանակներ կը թուէին նոյն բռնապետութեան ձեռքին մէջ, դրուած Հայ մարտական ժողովուրդի վզին վրայ. մինչե անգամ, կ՚ըսենք, այն պահուն երբ Հ. Յ. Դաշնակցութեան անձնուէրները կախաղան կը բարձրանային միեւնոյն այն Իզմիրին մէջ, որ այդ Թուրք խմբագիրներուն պէս շատեր հանդիսատեսի դերն ունէին միայն։

Ո՞ր փաստը. ո՞ր բաւական զօրաւոր ապացոյցը կար արդէօք այս երկրին մէջ կամ Ռուսաստան՝ ենթադրել տալու համար թէ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը անջատողական գաղափարներ կը սնուցանէր եւ անոնց իրագործմանը կը ձգտէր գաղտագողի ճանապարհներով։

«Սեփարաթիզմ»ի խրտուիլակը կրնայ քաղաքական դրօշակ ծառայել անբարոյական եւ ծախուած դիւանագէտներու ձեռքին մէջ, ինչպէս ասկէ առաջ ծառայեց Եըլտըզին՝ որ Հայերը եւ Հայկական յեղափոխութիւնը կ՚ամբաստանէր իբրեւ «Տէօվլէթ խըյանէթի», իսկ Ժէօն—Թիւրքերը՝ իբրեւ «տէօվլէթ» ու «Միլլէթ խըյանէթի» միանգամայն։ Բայց հանրային կարծիքին առաջնորդ հանդիսացող եւ այս պատմական րոպէին անշուշտ ինքզինք առնուազն «ազատական» հռչակող թերթ մը, որպիսին է Իզմիրի «Քէօյլին», իր քաղաքական հասունութեան, երկրի քաղաքական կուսակցութեանց եւ անոր հայեացքներուն ու առ հասարակ ընկերական գիտութեանց մասին ունեցած հմտութեանը վրայ չափազանց տարակուսական գաղափարներ կը ներշնչէ, Հ. Յ. Դաշնակցութեան եւ Սապահէտտինի պաշտպանած «Ապակեդրոնացումը» դաւաճանութիւն եւ դաւաճանութեան միտումներ ցոյց տալով։

Եթէ Թուրք շօվինիզմը կուրցուցած չըլլար կարգ մը մարդոց եւ խմբագիրներու աչքը, պիտի տեսնէին թէ «Սեփարաթիզմ»ի արգելիչ միակ միջոցը այս պետութեան մէջ՝ Ապակեդրոնացումն էր, պիտի տեսնէին թէ այն միակ վարչական դրութիւնը որ Օսմանեան պետութեան սրտին մխուած դաշոյնն եղած է՝ Կեդրոնացման րէժիմն է եղած. երէկ այդ կեդրոնացումը Եըլտըզին մէջ, այսօր Խորհրդարանին, վերջապէս Պոլսոյ մէջ, քաղաք մը, մէկ քաղաք մը՝ որ կառավարած է ու պիտի կառավարէ իր ուզած կերպվ, իր բազուկներով՝ լայնածաւալ պետութիւն մը ընդարձակ ու անսահման ստացուածք մը, ճիշտ այդ միեւնոյն արդիւնքը կուտայ՝ ինչ որ պիտի տար, օրինակի համար, եթէ «Քէօյլիւ»ի խմբագրութեան յանձնուած ըլլար Իզմիրի վալիութիւնը։

Իրականութիւնը ուրանալու համար պէտք չի զգացուիր խղճահարութեան եւ վարանման, այս է եղած ընդհանրապէս Թուրք մտաւորականութեան մէկ մասին քաղաքական ընթացքը եւ ուղղութիւնը, մինչեւ որ չարիքը դուռը հասած է եւ աղէտը զգաստութեան հրաւիրած է զինքը։

Ինչպէս Թուրք ժողովուրդը՝ իբրեւ ազգ, իբրեւ ցեղային հաւաքականութիւն մը, նախանձախնդիր է իր ազգային անկախութեանն ու քաղաքակրթական անկախ զարգացմանը, նոյն իրաւունքով՝ այս երկրին մէջ ապրող բոլոր միւս ազգութիւնները՝ Հայ, Յոյն, Պուլկար, Արաբ, Քուրդ ու Չէրքէզ, մնալով պատութեան անբաժան մասը, կը պահանջեն տէրն ըլլալ իրենց ազգային ու քաղաքակրթական իրաւունքներուն, կը պահանջեն ինքնօրինութիւն իրենց տեղական ու ներքին գործերուն մէջ, չեն ուզեր ու կ՚ընդդիմանան որ ո՛ եւ է ժողովուրդ՝ իր թուական առաւելութեան ու բիրտ ուժին պատճառով բռնանայ իրենց ազգային անհատականութեանը վրայ, չեն ուզեր որ պետական գործերը ամբողջովին կեդրոնանան մայրաքաղաքին եւ մատի վրայ համրուող անձնաւորութեանց ձեռքին մէջ եւ այսպէս միլիոնաւոր բնակչութիւններ դառնան անասունի նախիրներ, իրենց բախտն ու ճակատագիրը ամբողջովին յանձնելով այդ մէկ քանի մարդոց կամքին ու կամեցողութեանը։

Կեդրոնացումի այն շապիկն է որ երբեք կտրուած չէ օսմանեան պետութեան իրանին վրայ, հետեւաբար որքան որ յամառին Թուրք շօվինիսդները զայն հագնիլ իրենց վրայ, պիտի հարկադրուին նոյն շապիկին կարերը կտրել, թեւը պատռել, օձիքը փրցնել եւ իրենց ձեռքերով վնասել անոր ամբողջութեանը։

Եթէ իրապէս կուսակցութիւն մը եւ կուսակցականներ կան՝ որոնք պէտք է ամբաստանել իբրեւ «սեփարաթիսթ», իբրեւ «անջատողականութեան» կողմնակիցներ, անոնք ալ Կեդրոնացում քարոզողները եւ Կեդրոնացման պաշտպաններն են միայն, ուրիշ ոչ ոք։ Իրենց քայլերը հոն կը տանին զիրենք ակամայ, խոտոր գծով։

Հետեւաբար, եթէ հարկ է քաղաքական բուռն պայքար մղել ո՛ եւ է գաղափարի դէմ՝ որ կրնայ խաթարել օսմանեան պատութեան ամբողջութիւնը, ան ալ Վարչական Կեդրոնացման սիստէմն է, անոր դէմ պէտք է զինուիլ, զայն պէտք է արմատախիլ ընել հասարակութեան մտքին մէջէն եւ անոր ջատագովները մեղադրել իբրեւ երկրին ընդհանուր շահերուն հակառակորդներ։

Յունվար 9/22

«Ժամանակ», 1909, թիւ 80, Յունուար 19—Փետրուար