ՀԱՅ 
    
     ԳՐՔԵՐՈՒ 
    
     ԴԷՄ 
    
     ՀԱԼԱԾԱՆՔ
  
 
    
     Ոստիկանութիւնը, 
    
     Պոլսոյ 
    
     թէ 
    
     գաւառներուն 
    
     մէջ, 
    
     կը 
    
     սկսի 
    
     վերյիշել 
    
     համիտեան 
    
     օրերուն 
    
     իր 
    
     կերպերը 
    
     եւ 
    
     վերադառնալ 
    
     անոնց:
  
 
    
     Սկիւտարի 
    
     մէջ, 
    
     քանի 
    
     մը 
    
     օր 
    
     առաջ, 
    
     ոստիկաններ 
    
     հայ 
    
     սրճարանի 
    
     մը 
    
     պատէն 
    
     վար 
    
     կ՚առնեն 
    
     պատմական 
    
     «Մայր—Հայաստանի» 
    
     պատկեր 
    
     մը 
    
     եւ 
    
     կը 
    
     գրաւեն…:
  
 
    
     Պէյրութի 
    
     մաքսատան 
    
     մէջ 
    
     գրաքննիչ 
    
     մը, 
    
     մարդ 
    
     չգիտեր 
    
     ո՛ւսկից 
    
     բուսած 
    
     եւ 
    
     ո՛ր 
    
     արտօնութեամբ, 
    
     քննութենէ 
    
     կ՚անցնէ 
    
     Պոսլի 
    
     տպագրուած 
    
     եւ 
    
     Պոլսէն 
    
     ղրկուած 
    
     ամէն 
    
     հայերէն 
    
     գիրք, 
    
     դասագիրք 
    
     կամ 
    
     նկար,
    
     — 
    
     վար 
    
     դնելով 
    
     անոնցմէ՝ 
    
     ինչ 
    
     որ 
    
     վնասակար 
    
     կը 
    
     համարի…:
  
 
    
     Հալէպի 
    
     ոստիկանութիւնը 
    
     նոյն 
    
     տխուր 
    
     պաշտօնը 
    
     կը 
    
     կատարէ 
    
     իր 
    
     տեղին 
    
     վրայ, 
    
     գրաւելով, 
    
     վար 
    
     դնելով 
    
     ու 
    
     չծախել 
    
     հարկադրելով 
    
     այն 
    
     ամէն 
    
     հայ 
    
     գրքերն 
    
     ու 
    
     պատկերները՝ 
    
     որոնք 
    
     «միւզիր» 
    
     կը 
    
     գտնէ…:
  
 
    
     Ահա 
    
     ձեզի 
    
     սահմանադրական 
    
     օրէնք, 
    
     ահա 
    
     ձեզի 
    
     սահմանադրական 
    
     ոստիկանութիւն:
  
 
    
     Ուրեմն 
    
     բանն 
    
     հոն 
    
     հասած 
    
     է 
    
     որ 
    
     մտքին 
    
     տէրն 
    
     ու 
    
     մտածման 
    
     արտօնատէրը՝ 
    
     այս 
    
     երկրին 
    
     մէջ 
    
     դարձեալ 
    
     ոստիկանութիւնն 
    
     է, 
    
     ինչպէս 
    
     որ 
    
     էր 
    
     Համիտի 
    
     օրհնեա՜լ 
    
     օրերուն…:
  
 
    
     Այդպէ՛ս 
    
     կ՚երեւի:
  
 
    
     Բայց, 
    
     այս 
    
     երկրորդ 
    
     անգամն 
    
     է 
    
     որ 
    
     նոյն 
    
     նիւթին 
    
     կ՚անդրադառնանք,
    
     —նախապէս 
    
     անոր 
    
     վրայ 
    
     հրաւիրած 
    
     ըլլալով 
    
     արդէն 
    
     ներքին 
    
     գործոց 
    
     նախարարին 
    
     ուշադրութիւնը:
  
 
    
     Եւ 
    
     մեզի 
    
     կը 
    
     թուի 
    
     թէ 
    
     Թալէաթ 
    
     պէյի 
    
     անծանօթ 
    
     մնացած 
    
     չէին 
    
     այն 
    
     փաստերը՝ 
    
     որ 
    
     ասկէ 
    
     առաջ 
    
     տեղի 
    
     ունեցած 
    
     էին, 
    
     գրեթէ 
    
     միեւնոյն 
    
     վայրերուն 
    
     մէջ, 
    
     եւ 
    
     զորս 
    
     ներկայացուցած 
    
     էինք 
    
     իր 
    
     բարեհաճ 
    
     նկատառմանը:
  
 
    
     Եւ 
    
     սակայն, 
    
     դէպքերը 
    
     կը 
    
     շարունակեն 
    
     կրկնուի 
    
     համարձակ 
    
     ու 
    
     անարգել,
    
     — 
    
     ինչ 
    
     որ 
    
     ապացոյց 
    
     է 
    
     թէ՝ 
    
     ոստիկանութիւնը 
    
     ազատ 
    
     կը 
    
     զգայ 
    
     ինքզին 
    
     իր 
    
     ապօրինի 
    
     միջամտութեանց 
    
     եւ 
    
     հակասահմանադրական 
    
     իր 
    
     այս 
    
     արարքներուն 
    
     մէջ:
  
 
    
     Կը 
    
     նշանակէ 
    
     ուրեմն 
    
     որ 
    
     բացառիկ 
    
     է 
    
     մեզի 
    
     — 
    
     ու 
    
     անշուշտ 
    
     օրէնքին 
    
     ալ 
    
     — 
    
     անծանօթ 
    
     կարգադրութիւն 
    
     մը 
    
     կայ՝ 
    
     հայ 
    
     գրքերու 
    
     ու 
    
     հայ 
    
     հրատարակութեանց 
    
     մասին:
  
 
    
     Եթէ 
    
     այդպէս 
    
     է, 
    
     մենք 
    
     կը 
    
     պահանջենք 
    
     որ 
    
     նոյն 
    
     կարգադրութիւնը 
    
     յայտարարուի 
    
     հրապարակով:
  
 
    
     Այո՛, 
    
     կը 
    
     պահանջենք 
    
     այդ 
    
     բանը, 
    
     որպէս 
    
     զի 
    
     գիտնանք 
    
     թէ 
    
     հայ 
    
     ժողովուրդը 
    
     սահմանադրական 
    
     ազատութիւններէն 
    
     դուրս 
    
     ձգուած 
    
     է 
    
     եւ 
    
     իր 
    
     մտաւոր 
    
     գործունէութեան, 
    
     իր 
    
     հոգեկան 
    
     կեանքին, 
    
     իր 
    
     կրթական 
    
     ու 
    
     իմացական 
    
     աշխատանքին 
    
     դէմ 
    
     արգելքներ 
    
     կան 
    
     դրուած:
  
 
    
     Այլապէս, 
    
     չենք 
    
     կրնար 
    
     հանդուրժել 
    
     որ 
    
     ոստիկանութիւնը 
    
     ձեռքը 
    
     դնէ 
    
     մեր 
    
     մտքին 
    
     վրայ, 
    
     ինքզինք 
    
     համարէ 
    
     երկրին 
    
     օրէնքէն 
    
     ու 
    
     կարգերէն 
    
     աւելի 
    
     բարձր 
    
     հեղինակութիւն 
    
     մը, 
    
     եւ 
    
     դատաւորն 
    
     ըլլայ 
    
     մեր 
    
     մտածումներուն 
    
     ու 
    
     մեր 
    
     զգացումներուն:
  
 
    
     Ո՛չ, 
    
     չենք 
    
     հանդուրժեր 
    
     որ 
    
     հայ 
    
     ժողովուդրի 
    
     դպրոցական 
    
     ու 
    
     կրթական 
    
     ազատութիւնը 
    
     ոստիկաններու 
    
     կրունկին 
    
     տակ 
    
     դրուի, 
    
     եւ 
    
     հայ 
    
     մանուկներու 
    
     դաստիարակութեան 
    
     բանալին 
    
     գտնուի 
    
     մէկ 
    
     քանի 
    
     ոստիկանի 
    
     ձեռքին 
    
     մէջ:
  
 
    
     Վերջ 
    
     պէտք 
    
     է 
    
     դրուի 
    
     այս 
    
     երկդիմի 
    
     ընթացքին:
  
 
    
     Կառավարութենէն 
    
     կը 
    
     սպասենք 
    
     իր 
    
     կտրուկ 
    
     խօսքը. 
    
     կա՛մ 
    
     կը 
    
     սանձնահարէ 
    
     իր 
    
     ոստիկանութիւնը 
    
     եւ 
    
     պատիժի 
    
     կ՚ենթարկէ 
    
     օրինազանցութիւն 
    
     գործողները, 
    
     կա՛մ 
    
     կը 
    
     յայտարարէ 
    
     որ 
    
     Հայոց 
    
     գրքերուն 
    
     համար 
    
     բացառիկ 
    
     գրաքննութիւն 
    
     մը 
    
     կայ:
  
 
    
     Մէկը 
    
     կամ 
    
     միւսը:
  
 
  
    
     «Ազատամարտ», 
    
     1914, 
    
     10/23 
    
     Մայիս, 
    
     թիւ 
    
     1508, 
    
     էջ 
    
     2