Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍՈՒԼԹԱՆԻՆ ԳԱՀԱՃԱՌԸ


Այն Գահաճառը՝ որ Օսմ[անեան] Խորհրդարանի պաշտօնական բացումը հռչակեց հինգշաբթի օր, չի կրնար ո՛չ սովորական ու հարեւանցի հետաքրքրութեան մը առարկայ ծառայել, ոչ ալ մակերեսային քննութեան մը սանտրէն անցնիլ երթալ։

Գահաճառը՝ ինչպէս ամէն երկրի, բայց յատկապէս ու առաւելապէս մեր ժողովուրդին համար, այս պատմական մեծ դարագլխուն, ունի իր բացառիկ կարեւորութիւնը եւ բացառիկ նշանակութիւնը։

Միլիոնաւոր ժողովուրդ մը՝ երեսուն տարիներու արհաւրալի փորձութենէն անցած՝ կը սպասէր, շունչը բռնած, այս հանդիսաւոր վայրկենին՝ իմանալու համար լուսաբանութիւնը այդ անցեալը արդարացնող շարժառիթներուն եւ գէթ գրաւականը՝ ապագային անոնց կրկնութիւնը անկարելի դարձնող ապահովութիւններուն։

Եւ ժողովուրդը յուսախաբ է այսօր, որովհետեւ գահաճառը՝ անցեալը չքմեղացնելու համար մէջ բերած իր անբաւարար առարկութիւններովը, աւելի կը մթնցնէ ապագան ու զայն կը դարձնէ երկիւղալի եւ տարակուսական։

Գահաճառը կը ջանայ ապացուցանել թէ Երեսփոխանական ժողովը ասկէ երեսուն տարի առաջ խափանուեցաւ, «դժուարութեանց հանդիպած ըլլալով», «Պետական պաշտօնատարներու կողմէ ցոյց տրուած պէտքին վրայ», «մինչեւ որ կրթութիւնը յառաջդիմէ եւ ժողովուրդը ընդունակ դառնայ Սահմանադրութեան գործադրութեանը»։ Ահա գլխաւոր փաստերը։

Բայց ի՞նչ էին այդ դժուարութիւնները, որոնք տարտամ եո մշուշոտ ձեւով մը միայն յիշատակուած են եւ որոնց մանրամասնութիւնները անհրաժեշտ ղր դնել հասարակութեան առջեւ։ Ի՞նչ էին այդ դժուարութիւնները, որոնք չեն ճշդորոշուիր, չեն սահմանուիր իրողութեանց փաստակութեամբը եւ չեն յանձնուիր հանրային դատաստանին։ Երկիրը պէտք ունէր գիտնալու այդ բոլորը, որովհետեւ իր իրաւունքն էր ատիկա։ Այդ դժուարութիւնները մեկնակէտն են մեր պատմութեան վերջին երեսուն տարիներուն՝ պետական մէծ կորուստներով։ Ժողովուրդն ու հայրենիքը հաւասարապէս այդ դժուարութեանց երեսէն էր որ կրեցին բռնակալութեան ամղնղն անգութ տանջանքները, մէկը մորթուելով, բզքտուելով, թշուառութեան յետին սահմանները հասնելով, միւսը նիւթապէս ու բարոյապէս տուժելով, նուաստանալով, փոքրկանալով եւ իջնելով երկրւրդական, երրորդական պետութեան մը մակարդակին։

«Պետական պաշտօնատարներ պէտք տեսած են» եղեր. առանց ժողովուրդին կամքն առնելու, առանց ժողովուրդին քուէին դիմելու՝ բռնաբարել անոր մէկ անբռնաբարելի իրաւունքը, այսինքն՝ կառաւարողի իր դիրքէն իջեցնել ստորադրեալի դիրքին մէջ, օրինադրողի, իշխողի իր իրաւասութենէն զրկելով նուաստացնել յանկարծ ստրուկի, իրաւազուրկի աստիճանին. եւ մինչեւ այսօր, մինչեւ այս հանդիսաւոր վայրկեանին՝ տակաւին այդ պետական պաշտօնատարներու անունը կը մնայ անյայտ, անճանաչելի։ Զարմանալի եւ վրդովեցուցիչ չէ՞ միանգամայն։

Ի՞նչ վստահութիւն կայ որ այդ նոյն պաշտօնատարները վաղը դարձեալ «պէտք չի տեսնեն» Երեսփոխանական Ժողովի դուռը փակելու Ազգին ներկայացուցիչներու ն երեսին. ի՞նչ ապահովութիւն կայ որ այդ նոյն պաշտօնատարները վաղը միւս օր դարձեալ իրենց անձնական շահերուն եւ խորհրդաւոր նկատելովներուն համաձայն չի գտնեն՝ ամէն ինչ մութի եւ խաւարի մատնելու, ամէն ինչ իրենց մագիլներուն եւ ժանիքին մէջ բռնելու՝ քանի որ Գահաճառը չի վարանիր յայտնագործելու թէ նոյն իսկ Սահմանադրութեան վերջին հռչակման քրիթիքական րոպէներուն ալ այդ շնական եւ վատ անձնաւորութիւնները շարունակեցին իրենց դաւը, շարունակեցին իրենց ընդդիմադրութիւնը ժողովուրդին ազատութեան դէմ. Գահաճառը պարզապէս կ՚ըսէ. «յայտնուած փափաքին համաձայն, եւ նկատելով որ այդ փափաքին իրականացումը մեր պետութեան եւ երկրին ներկային ու ապագային երջանկութեան պատճառ պիտի ըլլայ, առանց վարանելու Սահմանադրութիւնը հռչակեցի՝ չի նայելով որ ատոր հակառակ կարծիքներ եւ պահանջներ ընողներ եղան»։

Հակառակ կարծիքներ յայտնող եւ հակառակ պահանջներ ընողներուն զզուելի դէմքը պէտք է որ արեւուն տակ, հրապարակ դրուին եւ պէտք է որ անոնց մասին լռութեամբ չանցնի Երեսփ. Ժողովը՝ գահաճառի իր պատասխանին մէջ։ Պահանջն է ասիկա թէ՛ ազգին, թէ պետական շահերուն։ Ժողովուրդին ներկայացուցիչները ճնշիչ եւ անխուսափելի պարտաւորութիւնն ունին պատասխանատուներն ու պատասխանատուութիւնները ճշտելու։

Ժամանակն է որ գիտցուի թէ բարձրագոյն շրջանակներու մէջ ապաստանող եւ երեսուն տարի մարդկային ոսկոր ծամող գազանները որո՛նք են եւ ի՛նչ անուն կը կրեն. ժամանակն է որ Երեսփոխանական Ժողովը Ժողովուրդին ահաւոր ձայնովը ըսէ վճռական խօսքը եւ հաշուեքննութիւնն ընէ երեսուն աղետալի տարիներու պատմութեան, համարը պահանջելով կորսուած երկրամասերուն, պետութեան արժանապատուութիւնն ու տնտեսական աղբիւրները վատօրէն սակարկուած եւ իբրեւ վաճառքի նիւթ ծախուած արտօնութիւններուն ու մենաշնորհներուն. կրթութեան ու յառաջդիմութեան դէմ տեւականորէն մղուած դիւական հալածանքներուն. համա՛րը պահանջելով հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներու սրախողխող սպաննութեանց՝ որոնցմէ հոսած արեան հոտը աշխարհի շրջանն ըրաւ եւ տիեզերական խիղճը սասանեցուց. համա՛րը բանտերուն, կախաղաններուն, աքսորավայրերուն. համա՛րը այն բարոյական ապականութեան եւ համատարած թշուառութեան, որ արդիւնքն ու միակ հետեւանքն եղան Երեսփոխանական Ժողովի փակման։

Ազգին ներկայացուցիչները պարտաւոր են արտայայտել երկրին զայրոյթն ու սրտմտութիւնը անոնց դէմ՝ որ դաւաճանեցին հայրենիքին իրաւունքներուն, պարտաւոր են նողկանքով դատապարտել պատմական այն շրջանը՝ որ գերեզմաններ, արցունք եւ աւերակ միայն կտակեց ներկայ սերունդին։

Ազգը չի կրնար ներել իր պատգամաւորներուն՝ եթէ չունենան քաղաքացիական քաջութիւնը, խոստովանելու ճշմարտութիւնը ու չըսեն համարձակութեամբ ու անկեղծութեամբ այն՝ ինչ որ պարտաւոր են ըսելու, ինչ որ պաշտօն ունին յայտնելու։

Երեսփոխանական Ժողովը զանցառութեամբ չի կրնար անցնիլ նոյնպէս իր գոյութեան ապահովութեան մասին որ ապահովութիւննե է նոյն ինքն ժողովուրդին եւ ժողովրդապետական իրաւունքներուն։ Սուլթանը պարտաւոր էր երդուըննալ Սահմանադրութեան անխախտ պահպանմանը վրայ, քանի որ ազգին ներկայացուցիչները հարկադրուած էին նոյն երդումը տալու հանդիսաւորապէս հայրենիքին առջեւ եւ տուին։ Այդ երդումը, բազմաթիւ նոյնքան հարկեցուցիչ տեսակէտներէ զատ՝ վեհապետական անզանցառելի պարտաւորութիւն մըն էր ինքնին, որ կապուած է նոյն ինքն վեհապետութեան իրաւական պայմանին հետ։ Սահմանադրական վարչութեան մը մէջ վեհապետը երկրին մէկ պաշտօնեան է պարզապէս, որ միւս բոլոր պաշտօնեաներուն նման ենթակայ է միեւնոյն պարտաւորութիւններուն, միեւնոյն օրէնքներուն. հետեւաբար չի կրնար՝ առանց իր պարտականութեանց դէմ երթալու՝ ինքզինքը ազատ զգալ չյայտարարելու, ինչպէս սահմանադրական կառավարութեաան ամէն ներկայացուցիչ, իր հաեւատարմութիւնը ժողովրդապետական սկզբունքին եւ ժողովրդային ազատութեան ու իրաւունքներուն անեղծ պահպանութեանը մասին։ Եւ այդ երդումը պէտք էր կատարուեր ժողովրդային ներկայացուցիչներուն, այսինքն բովանդակ ազգին առջեւ, որպէս զի Ազգը ինք ըլլար անձամբ վկան նոյն երդումին. որպէս զի վեհապետը իր բացարձակ յայտարարութեամբ ճանչցած ըլլար ժողովրդային գերիշխանութեան սկզբունքը։

Այդ երդումը չի կատարուեցաւ։

Եւ այս պարագան աննկատելի չէ անցած ժողովուրդին կողմէ եւ չի կրնար աննկատելի անցնիլ անտարակոյս Երեսփոխանական Ժողովին կողմէ ալ իր կարգին։

Ահա թէ ինչո՛ւ ժողովուրդը յուսախաբ է Գահաճառէն՝ որ փոխանակ պայծառ ու յստակ ճառագայթներ սփռէլու երկրին ապագայ ներքին ու արտաքին խաղաղական քաղաքականութեան վրայ, փոխանակ սահմանադրական վարչութեան մը անհրաժեշտ եղող առաջադրութիւններն ու գործունէութեան հաստատուն գիծերը պարունակելու իր մէջ, կը թուի բաւական թերի եւ ակնկալուածէն աւելի անբաւարար։

«Ժամանակ», 1908, թիւ 48, 9—22 Դեկտեմբեր