ԱՅՍՊԷՍՈՎ
Է
ՈՐ
ԱՉՔԵՐԸ
ՊԻՏԻ
ԲԱՑՈՒԻՆ
Ընթերցողները
կը
կարդան
մեր
թերթի
այսօրուան
«Հայկական
կեանք»ի
բաժնին
մէջ
այն
տողերը
որ
կը
պատմեն
հայ—կաթոլիկ
եպիսկոպոսի
մը,
Իսրայէլեանի,
նոր
մէկ
շահատակութիւնը
Խարբերդի
մէջ:
Կը
կարդան,
եւ
բարեմիտներ
կը
զարմանան
անշուշտ.
—
կը
զարմանան՝
տեսնելով
թէ
Թէրզեանի
կողմնակից
կղերը
որպիսի՜
վանտալութեան
կրնայ
ընդունակ
ըլլալ,
չվարանելով
ոտնակոխ
ընել
մինչեւ
անգամ՝
ժողովուրդի
մը
ամենափափուկ
զգացումները,
եւ
նոյնիսկ
հայհոյանքներ
տեղալով
այն
տաճարէն,
որուն
սրբութիւնը
կը
քարոզէ
ինքը՝
ամէն
անգամ,
երբ
տեղը
գայ
շահագործելու
միամիտներու
տգիտութիւնը
եւ
զայն
միջոց
ընելու
իր
հաշիւ
իր
գրպանին
ու
իր
փառասիրութեան:
Այո՛,
առիթներ
պէտք
են՝
որպէսզի
հայ—կաթոլիկ
հասարակութիւնը
բարոյապէս
եւ
ազգայնապէս
անդամալուծող
այդ
եկեղեցականները
դուրս
տան
իրենց
հոգիին
տխուր
պատկերը,
—
այսինքն՝
երեւնան
առանց
քօղի,
այնպէս՝
ինչպէս
որ
են
իրօք:
Թերեւս
մեր
հազար
փաստը
այնքան
ազդեցիկ
չըլլար՝
որքան
Իսրայէլեանի
այդ
մէկ
արարքը,
համոզելու
ամէնէն
միամիտներն
անգամ
թէ
ի՜նչ
դեւ
կը
բնակի
այն
ափ
մը
եպիսկոպոսներու
ու
վարդապետներու
ներսը,
որոնք
իրապէս
ո՛չ
հաւատք
ունին,
ո՛չ
սրբութիւն,
ո՛չ
խիղճ,
եւ
որոնք
իբրեւ
որդ՝
նստած
են
հայ—կաթոլիկ
հասարակութեան
ծոցին
մէջ
ու
կը
կրծեն
զայն:
Այդ
մարդիկը
որ
դաւաճանած
են
Հայութեան
ամէնէն
նուիրական
շահերուն
դէմ,
որ
զինուորագրուած
են
լատինացման
ու
հայասպան
քաղաքանութեան
բոլոր
միջոցներուն,
—
իհա՛րկէ
որ
աւելի
յարգալիր
եւ
աւելի
բծախնդիր
պիտի
չգտնուէին
դագաղի
մը
հանդէպ:
Յանցաւորը
իրենց
չեն.
յանցաւորը
անոնք
են՝
որ
ոչխարաբար
հնազանդած
են
անոնց
կեղծպարիշտութեանը,
համակերպած
են
անոնց
սպանիչ,
մահաբեր,
«հեղինակութեանը»
եւ
այնպէս
մշտնջենաւորած
են
անոնց
դիակնաբոյր
գոյութիւնը:
Այո՛,
պէտք
է
որ
մինչեւ
ձեր
մեռելները
նախատեն
անոնք,
որպէս
զի
զգաք
թէ
ի՞նչ
ըսել
է
այն
կղերը,
որ
տարիներով
ծծած
է
ձեր
կենսունակութիւնը՝
տզրուկի
պէս:
Պէտք
է
որ
անոնք
անպատուեն
ձեր
դագաղները
եւ
խոցեն
ձեզ
ձեր
խղճմտաքին
ամէնէն
վիրաւոր
կողմէն,
որպէսզի
ձեր
պայքարը
դառնայ
վճռական,
յամառ,
անտեղիտալի:
Լա՛ւ
է,
լա՛ւ,
Իսրայէլեա՛ն
գերապայծառ,
շարունակեցէ՛ք
դուն
եւ
քուկիններդ
այդ
ուղղութեամբ,
ճանչցուցէք
դուք
ձեզ՝
առանց
միջնորդի,
առանց
մեզի
յոգնութիւն
պատճառելու:
Եթէ
երկրորդ
«յաղթութիւն»
մըն
ալ
տանիք
ասոր
պէս՝
ուրախութեամբ
պիտի
ըսենք
Պիւռօսի
խօսքը.
—
Բաներնի՜դ
բուսած
է…:
«Ազատամարտ»,
1914,
3/16
Յունիս,
թիւ
1528,
էջ
2