ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ
ԿԸ
ԲԱՆԱՅ
ԻՐ
ԴՌՆԵՐԸ
Օսմանեան
Խորհրդարանը,
որուն
դռները
գոցուեցած
գրեթէ
տեսակ
մը
պետական
հարուածով,
այսօր
ահա
դարձեալ
իր
մէջ
կ՚ընդունի
ազգային
ներկայացուցիչները:
Ճշմարիտ
չէ
հարկաւ
ազգային
ներկայացուցիչ
բացատրութիւնը
առնել
իր
բացարձակ
իմաստովը,
ամէն
անգամ՝
երբ
հակամարտ
կուսակցութիւններ
հրապարակ
չեն
իջած՝
ուրոյն
ծրագիրներով
եւ
տղատ,
անկաշկանդ
պայքարով,
երբ
առիթ
չէ
տրուած
երկրին՝
լսելու,
վիճելու
ու
դատելու
ընտրական
պայքարի
մէջ,
տալով
իր
քուէն
խղճի
կատաեալ
ազատութեամբ
ու
գիտակցօրէն.
երբ,
մէկ
խօսքով,
երեսփոխանները
չեն
գար
որպէս
բանբեր,
արտայայտելու
այն
պահանջները՝
որ
ժողովուրդը
գրած
պիտի
ըլլար
իրենց
վզին,
իբրեւ
յանձնառութիւն:
Ցաւ
է
ըսել,
բայց
ճշմարտութիւնն
է
այնս,
որ
օսամանեան
երրորդ
խորհրդարանը
կը
բացուի
ահա
այդ
հանգամանքներուն
տակ:
Մեռելութեան
մը
ծոցէն
կուգան
երեսփոխանները,
եւ
տարակոյս
չի
կայ
որ
կենդանութիւն
չեն
կրնար
բերել
Օրէնսդրական
ժողովին:
Երկիր
մը
որ
կը
նախընտրէ
սահմանադրական
րէժիմը
եւ
որոշած
է
օգտուիլ
սահմանադրական
բարքերէն,
չի
կրնար
արգիլել
այդ
ռեժիմին
հիմնական
պայմանները,
որոնցմէ
գլխաւորն
է
կուսակցական
պայքարը,
այսինքն
մտածման
եւ
ուղղութեան
ազատ
արտայայտութիւնը:
Սխալ
է,
եւ
մեծ
սխալ,
կարծել
որ՝
միակ
կուսակցութիւն
մը
կրնայ
աւելի
օգտակար
ըլլալ,
Թուրքիոյ
արդի
պարագաներուն
մէջ,
քան
երբ
թոյլ
տրուի
մէկէ
աւելի
կուսակցութեանց
ասպարէզ
գալուն,
—
ինչպէս
պիտի
պնդէն
թերեւս
շատեր,
մէջ
բերելով
կուսակցական
այն
վէճերն
ու
հակամարտութիւնները,
որոնք
վերջը
վերջը
բռնութեան
ու
արիւնահեղութեան
յանգեցան:
Տարակոյս
չի
կայ
որ
այս
առարկութիւնը
զուրկ
չէ
որոշ
հիմէ
ու
ճշմարտութեան
որոշ
չափէ,
բայց,
կը
հարցնենք
այդպէս
խորհողներուն
թէ՝
այս
է
բանաւոր
ու
իմաստուն
դարմանը,
նման
անտեղութեանց
առջեւն
առնելու
համար:
Ինչո՞վ
ձեռք
կը
բերուի
կուսակցական
հասունութիւն,
սահմանադրական
ազատութեանց
մէջ
մարզանք,
միակ
միջոցը
ժողովուրդի
մը
քաղաքական
ու
քաղաքացիականա
դաստիարակութեան.
ձեռք
կը
բերուի
կուսակցութիւնները
չէզոքացնելո՞վ,
կուսակցական
կեանքը
արգիլելո՞վ,
Երեսփոխանական
ժողովը
միաձեւ,
միատեսակ
ու
միանշան
գլուխներո՞վ
լեցնելով,
թէ՝
բոլորովին
այլ
ճանապարհներով,
որոնք
վրայ
գուցէ
տեղը
չէ
հոս
խօսիլ:
Եւ
վերջապէս,
ի՞նչու
պայծառատես
չըլլար
որ՝
երբ
միակ
կուսակցութիւն
մըն
է
երկրի
մը
մէջ
տիրող,
կրնայ
բացարձակ
անիշխանութեան
մատնել
պետութիւնը
այն
պահուն,
ուր
ինքը
այս
կամ
այն
հարկեցուցիչ
պատճառով՝
տեղի
տալ
ստիպուի
իշխանութենէն:
Եւ
յետոյ,
չէ՞
որ
հիւանդագին
պայմանները՝
առաջ
կը
բերեն
հիւանդագին
դրութիւն:
Բնական
օրէնքի
իսկ
բերումով՝
եթէ
սահմանադրական
կարգերու
տակ
արգելք
գրուի
կուսակցական
ազատ
կեանքի
զարգացման,
այդ
կեանքը
պիտի
փնտռէ
իր
զարգացման
համար
–
անխուսափելի
պահանջ
–
անօրմալ,
ապօրէն
ճամբաներ:
Մի՞թէ
բաղձալի
բան
է
աս:
Ողջունենք,
բայց
եւ
այնպէս,
Խորհրդարանը՝
որ
բանայ
այսօր
իր
դռները:
Ինչ
որ
ալ
ըլլայ,
նախընտրելի
է
միշտ
Խորհրդարան
մը՝
որ
լեզու
ունի,
բան
Խորհրդարան
մը՝
որ
համր
է
ու
լուռ:
«Ազատամարտ»,
1914,
1/14
Մայիս,
թիւ
1500,
էջ
2