ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Խորհրդարանի
նախագահ
Ահմէտ
Րիզա
պէյ,
կ՚ըսուի
թէ
առաջարկներ
ըրած
է
եւ
կ՚աշխատի
աշխարհի
բոլոր
ծայրերէն
Իսլամներ
հաւաքել
Պոլսոյ
մէջ
զանոնք
Շալիֆային
շնորհաւորութեան
բերելու
պատրուակին
տակ։
Ի՞նչ
է
սակայն
Իսլամական
քօնկրէի
մը
այս
նպատակը,
քաղաքակա՞ն
թէ
կրօնական։
Եթէ
կրօնական
է,
Խորհրդարանի
նախագահին
անունը
ի՞նչ
գործ
ունի
այս
կարգի
խնդիրի
մը
մէջ,
որ
նոյն
իսկ
այդ
կրօնական
հանգամանքին
կրնայ
տալ
քաղաքական
բնաւորութիւն
եւ
քաղաքական
իմաստ։
Իսկ
եթէ
քաղաքական
է,
ինչ
որ
երբեք
տարակոյսի
տեղի
չի
ձգեր,
այն
ատեն
պէտք
է
բուռն
կերպով
քննադատել
այս
հետամտութիւնը,
որովհետեւ
չափազանց
վտանգաւոր
քաղաքականութեան
մը
յորձանքին
մէջ
կը
նետէ
Օսմ[անեան]
հայրենիքը։
Այդ
քաղաքական
նպատակը
ուրիշ
բան
չի
պարունակեր
իր
մէջ,
այլ
միայն
համիսլամական
ձգտում
մը,
ուրիշ
կերպով
մեկնութեան
պիտի
չենթարկուի,
այլ
միայն
համիսլամական
ծրագիրներու
տեսակէտովը։
Ահմէտ
Րիզա
պէյ
այս
երկրին
գլխուն
մեծ
փորձանք
մը
կը
բանայ,
ա՛յնպիսի
թեթեւ
քայլով
մը
եւ
այնպիսի
անհեռատես
վարմունքով
մը,
որ
պարզապէս
զարմանք
կ՚ազդէ։
Համիսլամական
քաղաքականութիւնը
աղետալի
է
պետութեան՝
թէ՛
ներքին,
թէ
արտաքին
կրկնակ
տեսակէտներով,
եւ
ուրիշ
բանի
չի
ծառայեր
եթէ
ոչ
տարակոյսի
ու
անվստահութեան
մատնելու
թէ՛
Սահմանադրութիւնը,
թէ՛
Սահմանադրական
Թուրքերը
եւ
թէ
երկրին
ապագայ
հայեացքները։
Արտաքին
տեսակէտով
աղետալի
է,
որովհետեւ
ո՛չ
միայն
Քրիստոնեայ
ու
գաղութային
պետութեանց
քաղաքականութեան
հակընչչէմ
շարժում
մըն
է
անիկա,
այլ
նոյն
իսկ
Մահմետական
պետութիւններուն
ալ
քաղաքական
շահերուն
վնասակար
ու
սպառնական
միտում
մը
կը
կրէ
իր
մէջ։
Անգլիա
անտարբեր
պիտի
ըլլա՞յ
որ
Օսմ[անեան]
Խորհրդարանի
անդամներ
համիսլամական
երազներ
որոճալով՝
Եգիպտոսի
ու
Հնդկաստանի
իր
Մահմետական
գաղութներուն
մէջ
վտանգաւոր
գաղափարներ
սերմանեն.
բարեկամ
ու
հաշտ
աչքով
պիտի
նայի
Երիտասարդ
Թուրքերուն՝
որ
երէկ
հազիւ
ազատած
ապականարար
լուծի
մը
տակէն,
այսօր
կրօնական
աշխարհակալութեան
մը
գլխէ
վեր
ծրագիրները
թրծել
կ՚սկսին։
Ֆրանսան
անհոգութեամբ
պիտի
նայի՝
Պոլսոյ
մէջ
թրծուելու
վրայ
եղող
այս
ձգտումներուն,
երբ
անդին
իր
Մահմետական
եւ
արդէն
բաւական
խռովայոյզ
Ալճէրին
ու
Թունուզն
ունի,
որոնց
երեսէի
քանի
տարիէ
ի
վեր
տագնապ
ու
փորձանք
կը
դիմաւորէ
միայն։
Պարզ
է
որ
Իսլամ
գաղթավայրեր
ունեցող
եւրոպական
պետութիւններէն
ոչ
մէկը
թշնամի
չի
կրնար
ըլլալ
Համիսլամական
այդ
ծրագրին,
որուն
արդէն
բաւական
հետամուտ
էին
նախկին
Եըլտըզը
եւ
Եըլտըզականները,
իրենց
գաղտնի
պատուիրակներովն
ու
առաքեալներովը։
Բայց
նոյնքան
վրդովում
ու
անհանգստութիւն
պիտի
պատճառէ
նաեւ
այդ
քաղաքականութիւնը՝
Իսլամ
կառավարութեանց
եւ
անոնց
ներկայացուցիչներուն,
որպէս
եգիպտական
Խտիվութեան,
Պարսկաստանի
Շահութեան,
Աֆղանիստանի
Էմիրութեան
եւ
Ալճերիոյ
Սուլթանութեան,
որովհետեւ
Խալիֆայութեան
մականին
ուժեղացումը
եւ
անոր
ազդեցութեան
տարածումը
Մահմետական
աշխարհին
վրայ՝
բնական
թուլացումն
ըսել
է
միւս
այդ
Իսլամ
իշխանութեանց
ու
անոնց
գահերուն։
Կը
նշանակէ
որ
նոյն
իսկ
Մահմետական
երկրորդական
կամ
երրորդական
տէրութիւնները
պիտի
թշնամանան
Օսմ[անեան]
պետութեան
դէմ
եւ
գործեն
այս
ուղղութեամբ։
Գալով
ներքին
քաղաքականութեան,
ինքնին
հասկնալի
է
որ
համիսլամութեան
ձգտումները
բացէ
ի
բաց
խուլ
ու
հեռաւոր
սպառնալիքներ
պիտի
ընդունին
իրենց
համար՝
Օսմ[անեան]
ոչ–մահմետական
ազգութիւնները։
Այդ
հիւանդոտ
ու
արկածախնդիր
հետամտութիւնները՝
Քրիստոնեայի
եւ
Մահմետականի
խտրական
բաժանումներ
պիտի
ստեղծէ
երկրին
ծոցին
մէջ,
արծարծելով
կրօնական
բութ
ու
ատելավառ
զգացումներ
մասնաւորապէս
Մահմետական
խուժանին
եւ
կրօնական
մոլեռանդ
խաւերուն
մէջ,
որոնց
հետեւանքը
երբեք
բարիք
չի
խոստանար
ո՛չ
ժողովուրդին,
ո՛չ
պետութեան։
Եթէ
Օսմ[անեան]
Թուրքերը
անիմաստ
ու
անարդարանալի
քաղաքականութեան
մը
հետեւելով
իրենց
դաշնակիցներ
փնտռելու
պիտի
ելլեն
պետութենէն
դուրս
գտնուաեծ
Մահմետական
ժողովուրդներուն
մէջ,
նոյն
տրամաբանութեամբ
եւ
նոյն
հարկադրութեամբ՝
Քրիստոնեայ
տարրերն
ալ
պիտի
հետամտին
Քրիստոնեայ
պետութեանց
պաշտպանութիւնն
ու
բարեկամութիւնը
ապահովելու
իրենց
համար։
Վերջը՞
այս
բոլորին։
Արդի՞ւնքը
այս
յիմար,
այս
խելագար
ձգտումներուն։
Ահմէտ
Րիզա
էֆէնտիները
կը
խորհի՞ն
թէ
այս
խաղը
մինչեւ
ո՛ւրերը
կրնայ
տանիլ
մեզ։
Ո՛չ.
կրօնական
ո՛
եւ
է
գաղափար
ո՛
եւ
է
համոզում
գործ
չունի
քաղաքական
գործերու
մէջ։
Համիսլամութեան
խրտուիլակը
կարող
է
ոգեւորութիւն
պատճառել
շօվինիսդ
եւ
տիրապետութեան,
համաշխարհային
նուաճումներու
ցնորքովը
գինովցած
Թուրքերուն,
բայց
շատ
սուղի
նստիլ
պետութեան
միութեան
ու
գոյութեանը։
Եւ
ի՜նչ
յանդգնութիւն
որ
Խորհրդարանի
բացման
առաջին
օրերուն
իսկ
հրապարակ
կը
դրուի
այսպիսի
սխալ
ու
աղիտաւոր
գաղափար
մը։
Անհրաժեշտ
է
որ
երեսփոխանները
անմիջապէս,
առանց
ժամանակ
վատնելու
հարցապնդման
ենթարկեն
Խորհրդարանի
նախագահը
եւ
բացատրութիւն
ու
լուսաբանութիւն
պահանջեն
իր
առած
քայլերուն
եւ
երկրին
համար
այնքան
ծանրակշիռ
հարցի
մը
նկատմամբ։
Անհրաժեշտ
է
որ
բուռն
բողոք
ու
վրդովում
յայտնուի
բոլոր
անոնց
հասցէին,
որոնք
պետութեան
անիւը
կը
ձգեեն
անելանելի
ճախինի
մէջ։
Կը
կարծենք
որ
բոլոր
խելահաս
ու
լուրջ
Թուրքերը՝
իբրեւ
երեսփոխան,
իբրեւ
հանրային
գործիչ
ու
հանրային
կարծիքի
վրայ
ներգործութիւն
ունեցող
անձնաւորութիւն՝
պիտի
ըլլան
համակարծիք
մեզի
հակառակորդ
համիսլամութեան
իւթօփիներու,
նոյն
իսկ
Թուրք
ժողովուրդին
քաղաքական
շահերուն
պաշտպանութեան
հեռանկարովը։
Մի
անգամ
ընդ
միշտ
այդ
մղձավանջը
պէտք
է
հեռու
նետել
Օսմանեան
քաղաքականութեան
տարողութենէն
եւ
համիսլամական
միտումներու
հետամուտ
մարդիկը
հրաւիրել
զգաստութեան
ու
խոհականութեան։
Մի
անգամ
ընդ
միշտ
կրօնական
մօլեռանդութենէն
եւ
այդ
մօլեռանդութեան
վրայ
հիմնուած
քաղաքական
հայեացքներէն
պէտք
է
բացարձակապէս
ապահով
ըլլայ
մեր
վարչական
մեքենան
եւ
մեր
արտաքին
թէ
ներքին
քաղաքականութիւնը։
Այլապէս,
ծածկելու
հարկ
չկայ
թէ
պետութիւնը
կը
դիմէ
վտանգի
ու
փորձանքի։
24
Դեկտ.
1908
Բերա
«Ժամանակ»,
1909,
թիւ
65,
29
Դեկտեմբեր—11
Յունուար