ՀԱՄՈԶՈՒՄԻ
ՊԱԿԱՍԸ
Ծերակոյտը
իր
երկուշաբթի
օրուան
նիստին
մէջ
ընդունեց
Սահմանադրութեան
7րդ,
35րդ,
43րդ
եւ
73րդ
յօդուածներու
փոփոխութիւնները՝
որոնց
առաջարկը
կուգար,
այս
երկրորդ
անգամն
ըլլալով,
Երեսփոխանական
ժողովէն:
Եւ
Ծերակոյտը
քուէարկեց
այդ
փոփոխութիւնները՝
50
քուէարկողներու
48ին
կամքովը:
Եւ
սակայն,
յարգելի
ծերակուտականներու
այդ
նոյն
մեծամասնութիւնն
էր
որ,
ասկէ
մօտ
երկու
տարի
առաջ,
յայտնապէս
հակառակ
էր
այդ
յօդուածներուն
փոփոխութեանց…
Ինչո՞վ
բացատրել
ուրեմն
այս
նոր
փոփոխութեանց
փոփոխութիւնը
ծերակուտականներու
տրամադրութեան
ու
քուէներուն
մէջ:
Եթէ
ըսենք
որ՝
մարդ
էին
եւ
ժամանակը…
հասունցուց
իրենց
մտքերը,
սխալ
փիլիսոփայութիւն
մը
ըրած
պիտի
ըլլանք,
—
որովհետեւ,
ժամանակը
թերեւս
կրնայ
հասունացնել
երիտասարդ
մտքերը,
բայց
դժուար
թէ
բարերար
ազդեցութիւն
գործէ
արդէն
իսկ
հասունցած
ըղեղներուն
վրայ:
Գուցէ
սխալած
էին
մարդկօրէն,
եւ
հիմա
կը
սրբագրեն
այդ
սխալը:
Այո՛,
ինչո՞ւ
չէ.
Հաւանակութիւն
մըն
է
դարձեալ՝
որ
անհնարութեանց
կարգէն
չէ:
Բայց,
քիչ
մը
դժուար
գտնելով
հանդերձ
որ
ժողով
մը
իր
ստուար
մեծամասնութեամբ
կարող
է
գահավիժօրէն
մոլորիլ
այնքան
բացահայտ
սկզբունքներու
շուրջ,
անհրաժեշտ
էր
որ
գոնէ
օսմանեան
պատուական
ծերակուտականները
հրապարակով
բացատրէին
իրենց
այժմեան
նահանջին
պատճառները:
Ասով,
առնուազն
«ռազմագիտական
նահանջ»
մը
ըրած
կ՚ըլլային
եւ
գէթ
կը
փրկէին
ինչ
որ
կարելի
էր
փրկել
իրենց
փրէսթիժէն…
Թուրքիոյ
փարլամէնթին
իմաստունները
աս
ալ
չեն
ըրած:
Ըրած
են
միայն
այն՝
ինչ
որ
կը
կարծէինք
թէ
մինչեւ
հիմա
Երեսփոխանական
ժողովի
մեծամասնութեան
հաճելի
սովորութիւնն
էր.
—
«Գապո՜ւլ,
գապո՜ւլ»ով
օրէնսդրել
եւ
բարակին
չնայիլ:
Բայց,
թողունք
ենթադրութիւնները,
որ
վերջը
վերջը
կրնան
կատակի
հասնիլ:
Ծերակոյտը՝
իր
երկուշաբթի
օրուան
նիստով
չափազանց
տխուր
գաղափար
մը
կազմել
տուաւ,
իր
բարոյական
յատկութեանց
վրայ:
Որովհետեւ,
չենք
հասկնար
օրէնսդիրի
հանգամանքով
հաւաքուած
մարդիկ՝
որ
այսքան
անհաստատ
երեւնան
իրենց
համոզումներուն
մէջ,
երբ
մանաւանդ
այդ
համոզումները
կը
վերաբերին
երկրին
խորհրդարանակն
դրութեան
հիմունքին
հետ
իսկ
կապ
ունեցող
սկզբունքներու
հետ:
Չենք
հասկնար
մարդիկ
՝
որ
քաջութիւն
չունենա
անյողդողդ
մնալու
իրենց
համոզումներուն
մէջ,
քանի
որ
օրէնսդրական
աթոռի
վրայ
նստող
անձին
համար
արժանապատուութեան
ու
պատուի
միակ
պայման
մը
կայ,
—
համոզման
շիտակութիւնը,
անկեղծութիւնը
եւ
ամրութիւնը:
Արեւելքը
եթէ
խարխափած
է
անդադար
լոյսի
ու
խաւարի
մէջ.
եթէ
չէ
բարձրացած
ընկերւոյին
ու
պետական
լաւագոյն
կազմակերպութեան
մը.
եթէ
շարունակ
հետեւակ,
յետամնաց
ու
յետնորդն
եղած
է
յառաջդիմութեան
բոլոր
շաւիղներուն
մէջ,
—
պատճառն
ա՛յն
է
որ՝
իր
վարիչները
համոզումներ
չեն
ունեցած.
պատճառն
ա՛յն
է
որ՝
համոզումի
պաշտամունքը
տեղ
չէ
ունեցած
այս
երկիրներուն
մէջ:
Մեծերը,
անոնք
որ
գտնուած
են
պետական
կամ
միապետական
սանդուղներու
վերի
աստիճաններուն
վրայ,
իմաստութեանց
իմաստութիւնը
համարուած
են՝
միշտ
սակարկել
իրենց
խղճին
հետ,
միշտ
սակարկել
իրենց
մտածումներուն
հետ,
միշտ
սակարկել
պայմաններուն
հետ:
Արեւելքի
պազարները
չեն
միայն
ուր
սակարկութիւնը
համբաւաւոր
սովորութիւն
մըն
է:
Սակարկութիւնը
յարգի
կանոն
է
նաւ
բարոյական
Արեւելքի
մէջ:
Գիտակցութիւնը
եւ
գաղափար
նոյնքան
վաճառքի
նիւթ
են
հոս
ժամանակին
ու
պարագաներուն
համեմատ,
որքան
շուկայի
ո՛
եւ
է
ապրանք:
Ի
զո՜ւր
չէր
որ
թուրք
հրապարակագիր
մը
կը
սիրէր
կրկնել,
նման
երեւոյթներու
առջեւ,
—
վա՜խ
գաֆամ…։
«Ազատամարտ»,
1914,
14/27
Մայիս,
թիւ
1511,
էջ
2