Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀՍԿԱՆԵՐՈՒ ԿՌԻՒԸ ԵՒ ՄԵՆՔ


Արտակարգ ջղագրգռութիւն մը կը տիրէ նորէն, հիմա որ պատերազմը պաշտօնապէս յայտարարուած է, եւ բովանդակ Եւրոպան երկու ճակատի բաժնուած, հսկայական, խելագար մենամարտի մը կը պատրաստուի:

Թերթերը ձեռքէ ձեռք կը խլուին. երկրորդ, չորրորդ տպագրութիուններ իրարու կը յաջորդեն, թէեւ մեծ մասով միեւնոյն բովանդակութեամբ. ժամէ ժամ, վայրկեանէ վայրկեան նոր լուրի կը սպասուի. անյագ, հեւ ի հեւ հետաքրքրութիւն մը: Կացութիւն մը որ անուն չունի, որ նմանը չունի նոր ժամանակներու մէջ:

Եւ մենք ալ, ենթակայ ընդհանուր ջղագրգռութեան ու վրդումներուն, շնչասպառ կը հետեւինք դէպքերու ընթացքին, լուր կը մուրանք, բայց մանաւանդ, ինչո՞ւ չէ, «գուշակութիւններ» քաղաքական «տեսութիւններ» կը պարզենք մէկ-մէկու, տունը, խանութը, շոգենաւին մէջ կամ սրճարանը:

Եթէ Գերմանիան միջամտէ… եթէ Ռուսիան ալ խառնուի… հապա անգլիական նաւատո՞րմը…

Հայկական, մանաւանդ պոլսական միջավայրին համար ընտանի ունակութիւն մըն է, արդէն, փօլիթիքայ է ճառել, տեղի կամ անտեղի: Հասուն թէ տհաս, առեւտրական թէ վարժապետ, քիչ մը ամէնքն ալ իրենց համար սրբազան պարտականութիւն կը նկատեն անմասն չմնալ ընթացիկ քաղաքականութեան ձեւաւորման հոգէրեն: Եւ մեր մէջ ամբողջ սերունդ մը կայ «քաղաքագէտներու», որոնք կրնան ժամերով խօսիլ ձեզի Պիզմարքէն եւ Թայմզէն, Սըր Էտուըրտ Կրէյի ծրագրէն կամ Սազօնօֆի մտադրութիւններէն…

Այս առաքինութիւնը, ի հարկէ, իր բարձրագոյն աստիճանի պիտի հասնի այս օրերուն, երբ Եւրոպայի հսկաները սաստկապէս սրած իրենց ժանիքները, կանգներ են դէմ դիմաց, մոլեգին ու սպառնալից, սնունդ փնտռելով իրենց արիւնածարաւ ու դիւային ախորժակներուն:

* * *

Բայց, հա՛րկ է որ դիտել տանք թէ այս չէր բուն ճանապարհը մեզի՝ հայ ժողովուրդին համար, ներկայ փոթորկալի օրերուն:

Ճիշտ է, ընդհանուր վերիվայրումի իրերու ընթացքին: Բայց այդ բնական հետաքրքրութիւնը երբ կը շեղի իր ճամբէն եւ կը դառնայ հիւանդագին մենամոլութիւն մը, ապարդիւն ժամանավաճառութիւն եւ վատնում, մենք է որ կը կրենք հետեւանքները, մեր հաւաքական կորովն է որ կը ջլատուի ու կը սպառի վայրապար:

Մնանք արթուն եւ յստակապես, ուշադիր բոլոր անցուդարձներուն, սուր պահած մեր ականջը, սակայն չմոռնանք ամէնէն կարեւորը. Այսպիսի պարագաներու մէջ, բայց մասնաւորապէս ներկայ տագնապալի պահուն, մեր առաջին հոգը պիտի ըլլայ նուիրուիլ խելացի ու որոշ ինքնագործունէութեան մը, ամփոփելով մեր ուժերը, կեդրոնացնելով մեր կորովը: Ռամիկ եւ սնամէջ հետաքրքրութիւններով չէ որ պիտի կրնանք պատրաստուիլ անակնկալներուն: Բիւրազան պատահականութիւններ կան, բայց անոնց հանդէպ մէկ է մեր պարտականութիւնը.

Մնալ զգոյշ եւ արթուն, շարունակել եւ կրկնապատկել մեր ներքին վերակազմութեան աշխատանքները, ուժերը չցրուիլ եւ չպառակտիլ սնոտի վէճերով:

Ներկայ պատերազմն ալ իր կարգին ազդարարութիւն մըն է մեզի համար, անդրադառնալու մեր թերութիւններուն եւ ուղղելու, լարելու մեր ճիգերը:

«Ազատամարտ», 1914, 17/30 Յուլիս, թիւ 1562, էջ 2