ՀԱՆՐԱՅԻՆ
ՈՒԺԸ
Ամէն
անգամ
որ
ժողովուրդը
կը
խօսի
իր
իրաւունքներուն
վրայ
եւ
այդ
իրաւունքներուն
պաշտպանութեան
համար,
հանդիսաւոր
մեծութիւն
մը,
մեծաշուք
տպաւորութիւն
մը
կայ՝
որուն
ներգործութենէն
չեն
կրնար
ինքզինքնին
ազատել
ամէնէն
սեւ
բռնաւորները
եւ
ամէնէն
անյողդողդ
բռնապետութիւնները։
Եւ
օսմանեան
ժողովուրդները,
երէկ,
Սուլթան
Ահմէտի
հրապարակին
վրայ՝
ցոյց
տուին
քաղաքացիական
գիտակցութեան
եւ
ազատութեան
այդ
մեծութիւնը.
պահանջելով
որ
Մամուլը
զերծ
ըլլայ
ամէն
կաշկանդումէ
եւ
օրինական
կապանքներէ։
Այս
երկրին
մէջ
Մամուլի
ազատութիւնը
այնպիսի
սրբութիւն
մըն
է՝
որուն
բռնաբարութիւնը
կը
վտանգէ
շատ
մը
ազատութիւններ,
քաղաքական
շատ
մը
սրբութիւններ։
Եւրոպական
եւ
այլ
աւելի
քաղաքակիրթ
երկիրներու
մէջ
բարքերը
անհամեմատ
մեղմացած
ու
ազնուացած
են,
արդարութեան
ու
ազատութեան
սկզբունքները
խոր
արմատ
ձգած
են
հասարակութեան
բոլոր
շերտերուն
մէջ,
կառավարական
հաստատութեանց
եւ
պաշտօնէութեան
կազմը
անհամեմատ
բարձրութեան
եւ
օրինապահութեան
վրայ
կանգնած
է
եւ
հասարակութիւնը
բազմաթիւ
միջոցներ,
բազմաթիւ
եղանակներ
ունի
իր
տրամադրութեան
տակ
իր
միտքը
եւ
իր
կարծիքը
արտայայտելու
համար։
Աչքի
առջեւ
ունեցէք
մեր
երկիրը,
մեր
քաղաքակրթութեան
աստիճանը,
զարգացման
միջոցներու
եւ
հանրային
դաստիարակութեան
մեր
անբաւական
պայմանները,
մեր
միջավայրը
եւ
այն
ընդհանուր
հոգեբանութիւնը՝
որ
իր
դեռ
անկազմ
ու
տատանող
վիճակովը
միշտ
դէպ
ի
բռնութիւնը
եւ
բռնակալութիւնը
կը
թեքուի,
ու
պիտի
տեսնէք
թէ
Մամուլին
բացարձակ
Ազատութիւնը
՝
բռնադատօրէն
կենսական
եւ
հարկեցուցիչ
է։
Քաղաքակիրթ
երկիրներու
մէջ
օրական
հազարաւոր
գիրքեր
եւ
գրքոյկներ
լոյս
կը
տեսնեն
ո՛չ
միայն
մայրաքաղաքներուն,
այլ
եւ
գաւառական
քաղաքներուն,
աւաններուն
մէջ
անգամ.
քաղաքական
կազմակերպութիւնները՝
իրենց
հսկայական
ճիւղավորումով
եւ
մեքենականութեամբ՝
ուժեղ
եւ
զօրաւոր
խողովակներ
են,
որոնց
միջոցով
հանրային
կարծիքը
եւ
հանրային
իրաւունքի
ձայնը
իրենք
զիրենք
լսելի
ընել
եւ
յարգել
կուտան.
վարժարանները,
համալսարանները,
թատրոնները,
այլ
եւ
այլ
քլիւպները,
մանր
ու
խոշոր
ընկերութիւնները՝
որ
ցանցի
պէս
պատած
են
հասարակութիւնը,
ուժեր
են՝
որոնք
ժողովուրդին
միտքը
եւ
զգացումները
կը
թարգմանեն
ու
կը
ներկայացնեն
քննադատութիւնը,
զսպանակը
յառաջդիմութեան։
Իսկ
օսմանեան
պատութեան
մէջ
բազմամիլիոն
համարակութեան
մը
միակ
մտաւորական
առաջնորդը՝
Մամուլն
է
այսօր,
ամենօրեայ
կամ
պարբերական
թերթը,
մատի
վրայ
համարուող
եւ
ամբողջովին
կեդրոնացած
միակ
քաղաքի
մը՝
մայրաքաղաքին
մէջ,
որ
մէկ
կողմէն
արտայայտութեան
միջոցը
պիտի
ըլլայ
հասարակական
ձայնին
եւ
միւս
կողմէ
ներգործութեան
գրեթէ
միակ
ազդակը
հասարակութեան
զարգացմանը,
յառաջխաղացութեանը։
Խաֆիէներու
բնաջնջումէն
ետք՝
Մամուլի
ազատութիւնը
այն
շօշափելի
երեւոյթն
էր
որ
մանաւանդ
գաւառներու
հասարակութեան
կը
զգացնէր
թէ
երկիրը
բարեփոխութիւն
մը
կրած
է
եւ
բռնակալական
ռէժիմին
յաջորդած
են
սահմանադրական
կարգեր։
Մամուլն
է
որ
ութը,
տասը
եւ
տասնըհինգ
օրն
անգամ
մը
քիչ
մը
լոյս,
ազատութեան
քանի
մը
ցոլք
եւ
ինքնագիտակցութեան
մէկ
քանի
թեթեւ
ցուցումներ
պիտի
տանի
պետութեան
հեռաւոր
ու
խաւար
տարածութիւններու
վրայ,
կատարելով
վերակենդանութեան,
զարթնումի
եւ
սթափման
այն
պատմական
գործը՝
որը
ո՛չ
կառավարութիւնը,
ո՛չ
իշխանութիւնները
եւ
ոչ
ո՛
եւ
է
նիւթական
զօրութիւն
կարող
են
ու
ընդունակ
կատարելու։
Այդ
փրկարար
միջոցն
է
ահա
որ
խլել
կ՚ուզեն
մութի
մէջ
կծկտած
կարգ
մը
անիծապարտ
իշխանաւորներ,
այդ
բարոյական
անբռնաբարելի
սեփականութեան
վրայ
է
որ
խաւարի
բռունցքը
իր
սպառնալիքը
կ
կախէ։
Եւ
ժողովուրդը
բողոքեց՝
բուռն
ու
զայրագին
կերպով,
մայրաքաղաքին
մէջ։
Եւ
ժողովուրդը
պիտի
բողոէ
եւ
պէտք
է
որ
բողոքէ
երկրին
բոլոր
կողմերէն,
պետութեան
բոլոր
ծայրերէն
աւելի
ու
աւելի
ուժգին,
աւելի
ու
աւելի
տիրական։
Տարակոյս
չունինք
ասոր։
Մամուլի
կաշկանդումը՝
առաջին
աքծանն
է
որ
կը
մտնէ
ժողովուրդին
բերնին
մէջ,
որպէս
զի
հետզհետէ
անոր
յաջորդեն
նոր
«օփէրասիօններ»,
նոր
անդամատութիւններ,
որպէս
զի
քննադատական
միտքը
չի
կրնայ
սնունդ
եւ
հիւթ
գտնել
ու
կամազուրկ
հասարակութիւնը՝
ինչպէս
ասկէ
առաջ,
հետեւի
գլխիկոր
եւ
անմռունչ՝
իր
առջեւ
ինկած
առաջին
քոսոտ
շանը։
Այն
հասարակութիւնը՝
որ
բողոք
եւ
իր
իրաւունքներուն
համար
ցասում
ունի՝
չընկճիր
եւ
չի
ստրկանար։
Օսմանեան
ժողովուրդները
պէտք
է
երերան
առ
այժմ
բողոքի
եւ
ցասման
ուղիով՝
մինչեւ
որ
տարրական
ազատութիւնները
ժայռանան
եւ
անոնց
կրթնած՝
վստահ
նայի
իր
ապագային
եւ
ապագայ
յառաջդիմութեանը։
Արթնցած
հանրային
կարծիքը
պէտք
է
ձեւակերպուի
եւ
դառնայ
մշտագոյ,
տեւական
եւ
ազդեցիկ
ուժ
մը՝
ներգործելով
կառավարութեան
վրայ,
խորհրդարանին
վրայ
եւ
նոյնինքն
«Մամուլին
վրայ»։
Կառավարութիւնը
կը
սխալի՛
եթէ
կը
կարծէ
որ
կանոնագիրներ
եւ
օրէնքներ
մշակելով
կրնայ
իրաւցնէ
Մամուլին
բարոյական
կշիռքը
աւելցնել
եւ
այսպէս
զայն
հանրօգուտ
սահմանի
մը
մէջ
ամփոփել.
բռնաւոր
օրէնքները
եւ
կաշկանդիչ
օրէնքները
չեն
որ
բարոյական
զարգացման
մէջ
դեր
կը
խաղան։
Այդ
բոլորը
բացասական
հետեւանքներու
կը
հասնին
միայն։
Մէկ
ճշմարիտ
եւ
անդիմադրելի
հակակշիռ
կայ
որ
կրնայ
մամուլը
ուղղել,
զայն
բարձրացնել
եւ
անոր
անկումներն
ու
զեղումները
չափակշռել,
եւ
ատիկա
Հանրային
կարծիք
ըսուածն
է։
Եւ
հանրային
կարծիքը՝
ի՛նք,
պիտի
ծնի,
պիտի
կազմուի
ու
պիտի
ձեւակերպուի
Մամուլի
ազատութենէն։
Թող
պարապ
երկիւղներու
համար
իրենց
կուրծքն
ու
ծունգերը
չի
ծեծեն
ժողովուրդին
կեղծ
պաշտպաններն
ու
խորթ
ծնողքները՝
Մամուլի
ազատութիւնը
հանրային
բարոյականին
եւ
յառաջդիմութեան
վտանգաւոր
հռչակելով։
Նոյն
այն
Հանրային
Կարծիքը՝
որ
այսօր
գիտակցութիւնն
ունի
Մամուլի
այդ
ազատութիւնը
պահանջելու
զայրոյթով,
վաղը
ինքնին
եւ
շատ
աւելի
գիտակցութիւն
պիտի
ունենայ՝
անբարոյական,
խարդախ
եւ
ապականած
Մամուլը
լռութեան,
անգործութեան՝
դատապարտելու։
Տուէք
միայն
Ազատութիւնը
եւ
մնացածին
համար
մի՛
հոգաք։
Ազատութեան
ալիքը
շատ
դիակներ
նետած
է
դէպի
ափունքը,
շատ
ապականութիւններ
քշած
տարած
է
իր
հոսանքին
հետ՝
մաքրելով
մարդիկ
ու
ընկերութիւններ
այնպիսի
հիւանդութիւններէ,
այնպիսի
տանջանքներէ
եւ
դժբախտութիւններէ,
որոնց
խնամատարութիւնը
եթէ
արքունական
հայրագորով
բժիշկներուն
եւ
իշխանութեան
մոգերուն
մնար՝
յաղթ
ճակատներ
եւ
կանգուն
գլուխներ
չէին
մնար
մինչեւ
այժմ։
«Ժամանակ»,
1909,
թիւ
89,
Հինգշաբթի,
Յունուար
9—11
Փետրուար.
1909