Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԱՅԼԵՐՈՒՆ ՀԵՏ


Բարեկամ մը անցեալ օր կարդալով Կովկասէն եկած գրութիւն մը, որ կը պարունակէր հայաթաթար ընդհարումներէն դրուագներ՝

Ու՜ֆ, ըսաւ, սոսկալի բան է ասիկա. գտնուած են հայեր որ կատաղի կռիւներու միջոցին՝ խողխողուած թշնամիին արիւնը ափով առած խմեր են:

Իրողութիւնը իրաւ որ քստմնելի է. վայրկեան մը մարմինը կը սարսռայ, փշաքաղում մը կ’անցնի բոլոր ոսկորներուդ վրայէն. ի՜նչ, իրա՞ւ Հայը ընդունակ է երեւան բերելու վայրի, բարբարոս բնազդներ, որոնք թոյլ տան իրեն՝ մարդկային արիւնին պապակն զգալու եւ անոր հոտէն հաճոյանալու:

Սակայն Հայը, ասկէ տասը քսան տարի առաջ գառնուկ ժողովուրդն էր՝ հեզ, համբերատար, մեղմաբարոյ, երեսը՝ հաւասար գետնի հողին, եւ վիզը՝յոժար ամէն լուծի: Խոնարհութիւն մը, հեզութիւն մը՝ որ մինչեւ առաքինութեան եզրերուն կը հասնէր:

Ինչպէ՞ս եղաւ, ի՞նչ պատահեցաւ յանկարծ որ մորթուած հաւու մը ջղաձգութիւնները դիտելու իսկ անկարող մարդը այսօր վայրագ հակումներ ցոյց կուտայ եւ բերանը տաք արիւնով կը ցողուէ:

Արդեօք ժամանակը գլխի վրա՞յ շրջուած է :

Դեռ մօտաւոր անցեալի մը մէջ մեր բանաստեղծները, հայրենասէրները, բերանորոգութեան բոլոր մեր նախակարապետները կ’անիծէին այն հլութեան, կրաւորական համբերութեան առաքինութիւնը՝որ կը յատկանշէր հայկական հոգին եւ կը կազմէր մեր քաղաքական ճակատագրին ու ազգային գոյութեան ամէնէն մռայլ, ամէնէն մութ ազդակներէն մէկը:

Աւելին կայ:

Հայաստանի բարձրավանդակներուն վրայ երեւցող հազուագիւտ օտարազգի այցելուները՝ ուղեւոր, միսիոնար, զինուորական ու քաղաքական գործակալ, ամէնքն ալ զարմանքով, տրտմութեամբ, յաճախ արգահատանքով ու զայրոյթով դիտած են մեր անպարագրելի խաղաղասիրութիւնը, անհարմար բարբարոսներու ոտքին տակ մեր սերմանած յամառ աշխատութիւնը, վերջապէս մեր բոլոր գետնաքարշ կենսագործութիւնը:

Նախատի՜նք բռնաւոր դրացիներէն, ամօթալի՜ արգահատանք օտարազգի մարդասէրներէն, ահա այն մթնոլորտը որ կը պաշարէր հայկական աշխարհը եւ որուն տակ կը դժուարանար մեր մտքին, հոգիին, ամբողջ կեանքին շնչառութիւնը եւ անձնասպան կըլլար ազգային ու մարդկային ամէն արժանաւորութիւն:

Հարկ էր ոռնա՛լ գայլերուն հետ:

Գոյութեան արու իմաստութիւնը կը յաջորդէր իբրեւ կեանքի առաջնորդ՝ դարաւոր համբերատարութեան պոռնիկ առաքինութեան տեղ:

Ո՛չ տագնապ, ո՛չ երկիւղ եւ ոչ ալ ամօթ՝ երբ երէկի հանդարտաբարոյ գիւղացին այսօր ափը կ’երկնցնէ իր թշնամիին արիւնին եւ բերնին կը տանի: Կեանքի, ապրելու իրաւունքը, դեռ բնական, գերագոյն եւ ընդհանրական օրէնքով՝ կը պահանջէ վայրի բնազդներ, անասնական կիրքեր մարդկային հոգւոյն մէջ. ոչ յանցանքը մերն է, ոչ ալ բացառութիւնը մենք ենք: Հրէական ազգի բաբելոնեան գերութիւնը կը կրկնուի տակաւին մեր օրերուն, նոյն աւերումը մեր աշխարհին գլխուն, նոյն հեծեծանքը մեր ատեն եւ վրէժխնդրութեան նոյն պապակը մեր հոգիին մէջ: Չէ՛, բարբարիկ, մարդախողող ազգ մը չէր դժբախտ, հալածական եբրայեցին՝ երբ հզօր սաղմոսերգութեան մը մէջ գլուխը Բաբիլոնի պարիսպներուն ուղղած՝ կ’աղաղակէր.

Երանի՜ անոր, ո՜վ Բաբիլոնի աղջիկը, որ քու զաւակդ կը բռնէ եւ քարին կը զարնէ…»:

Եւ Հայը չի կրնար մշտնջենապէս հեթանոս, արիւնախանձ եւ գիշատիչ ըլլալ, վկա՜յ իր պատմութիւնը, իր զոհաբերութիւնները, իր աւանդութիւնը, իր բոլոր անցեալը. սակայն այս պահուս պարտաւոր է հատուցանել չարիքը՝ իր թշնամիին, պարտաւոր է «ոռնալ գայլերուն հետ»։

Աւազակներու ընկերութեան մէջ եթէ պարկեշտութիւնը թուքի տալ կը քաշէ, ասպետական ոգին ու վեհանձն ժեստեր ն ալ եթէ ոչ ծիծաղելի, առնուազն վտանգաւոր են: Եւ մեր անդարմանելի դժբախտութիւնը հոն է, որ ցեղերուն ամէնէն կատաղիները եւ ազգերուն ամէնէն անարժանները՝ մեր դահիճը, մեր տէրը, մեր դրացիներն ու հակառակորդներն եղած են՝ քուրդ, թաթար ու տաճիկ, եւ ասոնք ամէնքն ալ իրենց գոյութիւնը սնուցած եւ պահած են ազգերու լիարդովն ու արիւնովը, ու այդ ազգերուն մէջ մէկն ալ հայը:

Հակասական ու դատապարտելի՞ է արդեօք որ զոհը իր շրթունքով ետ առնել ուզէ իր երակներէն քամուած արիւնը, իրաւցնէ մեղադրելի՞ է Հայը՝ որ անողոք ըլլայ դահիճին դատաստանը տեսած պահուն:

Պայմանները աւելի գերազօր, աւելի բռնաւոր եղան՝ քան մեր ցեղական յօժարութիւնները, քան մեր տրամադրութիւններն ու կամքը: Չի կորսուելու, չի ջնջուելու համար կռուիլ պէտք էր, ուստի կռիւի վարժուեցանք. թշնամին վեհանձնութենէ չէր հասկնար ու անողոք եղանք. ահա օրէնքը, որ եթէ սարսափելի է՝արդար է սակայն:

Թող անցնին ահաւոր րոպէները, թող բանականութիւնը եւ զգաստութիւնը տիրեն եղեռնագործ կառավարութեանց եւ ժողովուրդներուն, այն ատեն մենք դարձեալ կը գտնենք մեր հոգեկան խաղաղութիւնը ու մեր ցեղին անվրդով աշխատասիրութիւնը:

Բայց առայժմ, այո՛, կ՚ոռնա՛նք գայլերուն հետ:

Թիւ 31, 1907, Փետրուար 7