ՀԱՅ
ԴԱՏԻՆ
ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԸ.
ՓԻԷՌ
ՔԻՅԱՌ
(ԻՐ
ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ
ԺԱՄԱՆՄԱՆ
ԱՌԻԹՈՎ)
Եղաւ
վայրկեան
մը
մեր
յեղափոխական
կռիւ
օրերուն
մէջ՝
երբ
արիւնի
ու
բռնութեան
սարսափելի
ուժը
քարացուց
ամէն
հաւատք,
ամէն
յոյս
եւ
ազատութեան
համար
ամէն
լաւատեսութիւն,
ինչպէս
ձմեռնային
գիշերուան
մը
մէջ
փոթորկալից
ցուրտը
կը
սառեցնէ
յանկարծ
հողին
երեսը
ամէն
կեանք
ու
կենդանութեան
երակ։
Մեր
պատմութեան
ամէնէն
ողբերգական
բայց
ամէնէն
մեծագործ
շրջա՞նը.
այդ
ծանր,
այդ
գալարուող
օրե՜րը՝
երբ
յաղթահարուած
եւ
ուժասպառ,
հոգեվարք
եւ
արդէն
բնաջինջ
կարծուող
ժողովուրդի
մը
կողմէ
ճակատամարտի
առաջին
առաջին
գիծը
կուգային
բռնել
ո՛չ
միայն
բուռ
մը
մոլեռանդ
անձնազոհներ,
այլ
եւ
անոնց
հետ
կուշտ
կուշտի,
տարբեր
ծագումով,
տարբեր
լեզուով
եւ
տարբեր
երկիրներէ
իրար
գտած
գաղափարի
մարդիկներ,
ամէնքն
ալ
ընդդէմ
միեւնոյն
թշնամիին,
պաշտպան
ամէնքն
ալ
միեւնոյն
դատին
արդարութեանը։
Մեր
յեղափոխութեան
այն
շրջանն
էր
ատիկա,
ուր
հայկական
ցաւը՝
իր
մեծութեամբն
ու
սաստկութեամբը
ազգային
ըլլալէ
դադրելով՝
կը
դառնար
մարդկային,
եւ,
հայկական
յեղափոխութիւնը,
իր
իրաւունքի
եւ
արիւնի
ծփանքովը,
կ՚իյնար
Եւրոպայի
վրայ,
ամբողջ
քաղաքակիրթ
աշխարհի
վրայ,
դէպ
իրեն
քաշելով
բոլոր
մեծ
խղճմտանքները,
իրաւասէրներու
եւ
արդարադատներու
բոլոր
շքեղ
փաղանգը։
Ցասման
ու
բողոքի
առաջին
ճիչը
Ֆրանսայի
կուրծքէն
օր
որ
փրթաւ,
հանրամարդկային
իտէալներու
աւանդապահ
այն
ազատասէր
Ֆրանսային՝
որուն
զաւակները
–
Քլէմանսօ,
Բիօր
Քիյառ,
Ժօրէս,
Փրէսանսէ,
Անաթոլ
Ֆրանս,
Սէմպա,
Ռոպէրթի,
Պէբար,
Հռետոր,
ընկեբական,
խորհող,
քաղաքագէտ
ու
քաղաքական
գործիչներ,
եղան
մարտնչող
մեզի
հետ,
եղան
բողոքող
ու
գաղափարի
ընկեր
մեր
դիմադրութեան
բոլոր
մարտկոցներուն
վրայ։
Այսպէս
էր
որ
հոյակապ
համաստեղութիւն
մը
բոլորեցաւ
Փրօ—Արմէնիայի
շուրջը,
գտնելով
անոր
մէջ
արդարութեան
ու
ժողովուրդի
մը
ազատագրութեան
անվհատ
հետապնդութիւնը։
Եւ
Բիէռ
Քիառի
բարոյական
կորովը
եւ
մեր
դատին
համար
ունեցած
անսասան
անձնուիրութիւնը
եղաւ
ու
մնաց
մինչեւ
վերջը
վառարանը
հայասիրական
այդ
գործունէութեան՝
ոչ
միայն
Ֆրանսայի,
եյլ
եւ
գրեթէ
ամբողջ
Եւրոպայի
մէջ։
Իբրեւ
խմբագրապետը
Փրօ—Արմէնիայի
եւ
ամենամօտ
բարեկամը
Դաշնակցութեան,
Բիէռ
Քիառ
ունեցաւ
տարիներու
անվհատ
ու
բեղմնաւոր
աշխատակցութիւն
մը
հայ
յեղափոխութեան՝
որուն
նուիրեց
իր
տաղանդէն
ու
ժամանակէն,
իր
հոգածութենէն
ու
սրտէն
այնքան
բան՝
որքան
չուզեցին
թերեւս
տրամադրել
հայ
մտաւորականներէ
շատերը։
Բիէռ
Քիառի
համար
ո՛չ
մեր
ցեղը
անծանօթ
էր
եւ
ոչ
ալ
անոր
տանջանքի
աղբիւրը։
Պօլսոյ
մէջ
աղետալի
թուականէն
առաջ,
իբրեւ
ուսուցիչ
պետական
եւ
հայ
վարժարաններու՝
տեսած
էր
անձամբ
հայ
ցեղին
ընդունակութիւնները,
մտաւոր
արթնութիւնն
ու
կորովը
եւ
կատարելապէս
համոզուած
պատմական
այն
ազնիւ
դերին
նկատմամբ
որը
պիտի
կրնար
կատարել
Արեւելքի
մէջ
այս
հալածական
բայց
խոստումնալից
ժողովուրդը.
տեսած
էր
նաեւ
կոյր
ու
բթամիտ
բռնակալութեան
բոլոր
խենդութիւնը,
որուն
կարմիր
քմահաճոյքը
կը
սպաններ
ե՛ւ
ստեղծագործող
ձեռքը,
ե՛ւ
ստեղծագործող
ժողովուրդը։
Գիտէր
թէ
Ի՜նչ
անսահման
տանջարան
մըն
է
Օսմանեան
պետութիւնը
եւ
այդ
պետութեան
մէջ
հայկական
աշխարհը,
որուն
զաւակները,
ակամայ,
զէնք
վերցուցած
էին
յանուն
ազատութեան
եւ
յանուն
իրաւունքի։
Այս
պատճառով
էր
որ
իր
գրութիւնները
Փրօ—Արմէնիայի
մէջ
յատկապէս
եւ
միջազգային
մամուլին
մէջ
ընդհանրապէս
ունէին
բացառիկ
կարեւորութիւն,
կրելով
խոր
հմտութեան
եւ
ձեռնհասութեան
դրոշմ
Արեւելքի,
—
Թուրքիոյ
քաղաքական
ու
ընկերական
գործերուն
նկատմամբ։
Ողողումի
եւ
սպասման
տասնեակ
տարիներու
ընթացքին
իր
հետ
բաժնեց
Դաշնակցութիւնը՝
դառնութեան
ու
վշտի
օրեր,
յաջողութեան
եւ
կսկիծի
րոպէներ,
արդարացի
եւ
ճշմարտապէս
քաղցր
պատեհութիւն
մը
պիտի
ըլլար՝
որ
նոյն
մարտնչողը,
ազատանուէր
ու
իրաւասէր
նոյն
գործիչը
գար
ինք
եւս
աչքերովը
տեսնելու
գաղափարին
յաղթանակը՝
բիրտ
ու
բռնաւոր
զօրութեան
վրայ,
գար
ողջունելու
երէկի
գետնաքարշ
ու
ստրուկ
երեին
այսօրուան
ազատութեան
տիրապետութիւնը։
Եւ
ահա
Բիէռ
Քիյառ,
համաձայն
արտայայտուած
բաղձանքներու,
կուգայ
մեր
ազատ
հայրենիքը՝
ոչ
իբրեւ
օտար
մը,
ոչ
իբրեւ
հայասէր
այցելու,
այլ
տարագրի
մը
կարօտովն
ու
ցնծութեամբը,
մեզի
նման
եւ
բոլոր
այն
պալածականներուն
նման,
հպարտ
ու
բարձրագլուխ,
որ
այս
պետութեան
մեծութիւնը
յուսացին,
անոր
փրկութեանը
համար
տառապեցան
եւ
անոր
ապագային
համար
իրենց
հաւատքը
չի
կորսնցուցին։
Տարակոյս
չիկայ
որ
բոլոր
ազատասէր
Օսմանցիները,
առանձնապէս
եւ
մանաւանդ
հայ
հասարակութեան
բոլոր
խաւերը՝
օգտուելով
առիթէն,
պիտի
գիտնան
իրենց
շնորհապարտութեան
զգացումները
արտայայտել
անձնաւորութեան
մը,
որուն
կը
պարտին
իրենց
սրտէն
ու
յարգանքէն
շատ
բան։
Մեծարանքի
ու
համակրութեան
ինչ
փաստ
որ
կարող
ըլլանք
ի
յայտ
բերել
մեր
ազատութեան
ու
յաղթանակին
հետ
ամրապէս
կապուած
անուան
մը
համար,
հակառակ
նոյնիսկ
իր
համեստ
մերժման,
պիտի
չըլլայ
երբեք
փոխարինութիւն
մը,
ոչ
իսկ
ո՛
եւ
է
վարձատրութիւն
գործիչին
գաղափարական
աշխատանքին
համար
որ
իր
բարոյական
գոհացումը
հետապնդուած
նպատակին
յաջողութեանը
մէջ
գտած
է
արդէն
լիուլի։
Ո՛չ.
այդ
տեսակ
ռամիկ
ու
չքաւոր
մտածում
մը
չի
կրնար
եւ
կարելի
չէ
որ
առաջնորդ
ըլլայ
մեր
ժողովուրդին։
Մեր
յարգանքն
ու
սքանչացումը
պիտի
յայտնենք
յանուն
գաղափարի
այն
մաքրութեան
եւ
ուժին,
որ
Քիյարներու
եւ
իր
գործակիցներուն
յատկանիշն
եղաւ
յանուն
միջազգայնական
եղբայրութեան
ու
համամարդկային
իտէալներուն՝
որ
իբրեւ
դրօշ
իր
տակ
հաւաքեց
ճնշուած
ու
հարստահարուած
ժողովուրդներուն
ախոյեաններն
ու
բարեկամները,
յանուն
այն
անձնուիրութեան՝
որով
ազատ
քաղաքացին,
ոտնահարելով
ազգերն
իրարմէ
բաժնող
նախապաշարումները,
քաղաքական
սահմաններն
ու
ընկերական
րգելքները,
նուիրուեցաւ
տկարին
պաշտպանութեանը,
ոգորելով
բռնութեան
դէմ
ճակատաբաց
ու
համարձակ։
Ահա
թէ
ինչո՛ւ
համար
շնորհապարտութեան
մեր
արտայայտութիւնն
ու
արտայայտութեան
եղանակը՝
պարզապէս
ու
միմիայն
մեզ
պիտի
բացատրէ,
մեր
գիտակցութեանը
ու
մեր
զգացումներուն
ազնուականութեանը
մէջ։
«Ժամանակ»,
1908,
թիւ
30,
18
Նոյեմբեր—1
Դեկտեմբեր