Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՏԷՄՈՔՐԱՏԻԶՄԸ


Եւրոպայի միջազգային, կամ աւելի ճիշտը, միջպետական կացութիւնը կարելի է ըսել որ նուազ շփոթ ու մռայլ չէ քան պալքանեան պատերազմի տագնապալից օրերուն:

Այդ տագնապալից օրերը Եւրոպան անցուց նահանջներով ու տատանումներով, խօսքի ու գործի տատանումներով, սկզբունքի ու բարոյական պարտաւորութեանց նորանոր դրժումներով, որոնց փոխարէն սակայն, դիւանագիտութիւնը յաւակնութիւնն ունեցաւ հպարտանալու թէ՝ ամէն զոհողութիւն յանձն առած էր ամբողջ Եւրոպան լափելու սպառնացող հրդեհը պատերազմը տեղեկացնելու, եւ հպարտ էր որ յաջողեր էր:

Եւ սակայն, մինչ Լոնտոնի ու Պուքրէշի, Պոլսոյ ու Աթէնքի խաղաղութեան դաշնագրերը կը քննուէին, փրոթոքոլներ կը կազմուէին ու կը ստորագրուէին, մեր ընթերցողներն կը յիշեն թէ մենք այն ժամանակ ալ ուշադրութան առնելով հաշտութեան պայմաններն ու բանակցութեանց ընթացքը, ըսած էինք թէ Միջերկրականի ու առ հասարակ փոքր եւ մեծ պետութեանց հաւասարակշռութեան հարցերը ա՛յնպիսի հիմնական, պետոււթիւններէն ոմանց համար ա՛յնպիսի գոյութեան հարցեր են՝ որ, հակառակ ստորագրուող խաղաղութեան դաշինքներուն, պետութիւններէն ոմանք անշահախնդիր ու անտարբեր չեն կրնար մնալ աշխարհագրական, հետեւաբար քաղաքական ու ռազմակա շրջանակներու այդ փոփոխութեանց խնդիրին մէջ, ուստի շատ հեռւ կը գտնէնք վերջնական խաղաղութիւն մը:

Դժբախտաբար կեանքը եկաւ մեր այդ յոռետեսութիւնը ապացուցանելու: Եթէ կղզիներու խնդրին դեռ անլոյծ վիճակը նիստի ունենանք, պիտի ընդունինք որ Իտալիա ցոյց տուաւ աւելի գործնականութիւն քան մրցակիցները, եւ ապացուցուց որ երբ Լօզանի դաշնագրութիւնն ստորագրել աճապարեց, հաշուի առնուած փութկոտութիւն մը կ՚ընէր՝ ապագային աւելի գերազանց շահեր ապահովելու համար:

Յունաստան՝ որ պատերազմէն աեաւելագոյն աւարը վերցնողն եղաւ, ստիպուած է դեռ կասկածելի սեպել իր գոյքի էջին գումարը: Իտալիա տակաւին կը շարունակէ մնալ այն տեղերը, ուր մտած էր. Եգէականի իր գրաւած կղզիներուն վեհապետական իրաւունքը ո՛րուն ալ որ յատկացուի. Իտալիա զինք շաը անհանգիստ պիտ չզգայ այդ տեղէն դուրս գալու համար՝ մինչեւ որ հաւասարակշռութեան ուրիշ ապահովութիւն մը կամ փոխարինութիւն մը չտրուի իրեն:

Նոյն եւ գուցէ աւելի վատթար պայմաններու մէջ է Ալպանիոյ կնճիռը, որ պատերազմի հաշուեյարդարութեանց մաս կը կազմէ նոյնպէս:

Կրօնքով, ցեղով ու աւանդութիւններով հակոտնեայ տարրերու բաղադրութեամբ կազմուած Ալպանիան ստեղծուեցաւ՝ անշահախնդիր Եւրոպայի առաջապահ Աւստրօ—Իտալիոյ շահերուն փոխարինութիւն մը ըրած ըլլալու համար: Բայց շուտով պարզուեցաւ որ զինակից այդ երկու պետութիւններուն շահերը չեն կրնար երբեք դաշնակցիլ Ալպանիոյ մէջ: Բոլոր երեւոյթները ցոյց կուտան որ Ալպանիոյ մէջ դաշնակից Աւստրիան ու Իտալիան իրենց հաշիւները պիտի կարողանան իրօք հաշտեցնել միայն պատերազմի դաշտին վրայ՝ եթէ նոր անակնկալներ չպարտարեն զիրենք՝ ուրիշներուն հաշուին զոհողութիւններ ընելու: Եւ եթէ անգամ մը գոռան թնդանօթները այդ երկու պետութեանց սահմաններուն վրայ, անհնար է ենթադրել որ այս անգամ Եւրոպան յաջողի տեղականացնել պատերազմը:

Մինչ միլիթարիսթ Եւրոպան իր այս խաղերով քաղաքակրթութեան գլխին դամոկլեան սուրը կախուած կը պահէ, ժողովուրդներու խաղաղասէր աշխատութիւնը առաջադիմութեան նոր նուաճումներ կը գործէ իր դեմոկրատ ռահվիրաներուն միջոցով:

Անգլիա եւ Ֆրանսա այն երկու երկիրներն են, որոնք վերջին դարերու ընթացքին, մեծ յեղաշրջումներու պատգամախօսն ու առաջամարտիկներն են եղեր:

Անգլիոյ մէջ կատարուող քաղաքական եւ տնտեսական խոշոր բարենորոգումներուն հանդէպ՝ կարծէք Ֆրանսան չուզեր անտարբեր հանդիսատես մնալ:

Փուանքարէի, Պրիանի, Պարթուի կառավարութիւնները Ֆրանսան կը մղէին դէպի ետ: Հանրապետական դեմոկրատ Ֆրանսան սկսաւ կառավարուիլ միապետականներու, պահպանողականներու օժանդակութեամբ:

Դեմոկրատ Ֆրանսան չվարանեցաւ անմիջական պայքայրի մտնել այդ յետադէմ ձգտումին դէմ եւ վերջին ընդհանուր ընտրութեանց արդիւնքը եկաւ ապացուցանելու որ Հանրապետական Ֆրանսան բնաւ մտադիր չէ Էլիզէի պալատին մէջ նոր բռնապետներ ստեղծելու ու անոր խորհուրդներով առաջնորդելու:

Եւ ահա ծայր առաւ նախարարական տագնապը. Փուանքարէ ամէն նրբամիտ միջոց գործ դրաւ՝ որպէսզի նախապաշարէ միտքերը ու ժողովրդական կամքին դէմ իր քաղաքականութեան հետեւորդ կառավարութիւն մը կազմէ: Բայց ահա բոլոր փորձերը վիժեցան եւ Խորհրդարանը իր անդրդուելի կամքը յայտնեց չբաժնուելու դեմոկրատական Ֆրանսայէն:

Եթէ Վիվիանի դեռ խորհրդարան ոտք չկխոսած՝ հրաժարելու ստիպուեցաւ, Ռիպօն աւելի բաղդաւոր չեղաւ՝ Խորհրդարանէն ճամբու դրուելով:

Կը կարծենք որ Հանրապետութեան նախագահը պէտք պիտի չթողու որ իրեն եւս կրկնուի. կա՛մ տեղի տալ, կա՛մ տեղը տալ:

«Ազատամարտ», 1914, 1/14 Յունիս, թիւ 1527, էջ 2