ԳՈՐԾԱԴԻՐ
ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ
ԿԱՐԵԼԻ
ՉԷ
ՎՍՏԱՀԻԼ
Մէկ
քանի
օր
առաջ՝
միայն
կարգ
մը
արտաքին
երեւոյթներու
վրայ
հիմնուելով,
կասկած
յայտնած
էինք
թէ
Երուսաղէմ
մեկնած
վարչական
պատուիրակութիւնը
չէր
ուզեր
ուղղամտութեամբ
գործադրել
Ազգային
Ժողովի
կամքը,
այսինքն՝
անոր
քուէրական
օրէնքը:
Այժմ
ձեռքի
տակ
ունինք
հաւատի
վկայութիւններ՝
որով
այլ
եւս
ո՛չ
թէ
իբր
կասկած
կամ
հաւանական
ենթադրութիւն,
այլ
արդէն
իբրեւ
իրողութիւն
կրնանք
ներկայացնել
մեր
երէկուան
վախը:
Մեզի
յայտնի
էին
քուլիսներու
ունեցած—դարձածներէն
մէկ
քանին՝
նոյնիսկ
վարչական
պատուիրակութիւնը
մեկնելէ
առաջ:
«Նոր
կանոնագրին
ես
համամիտ
չեմ»
ըսող
սահմանադրական
Պատրիարքը՝
Ազգային
Ժողովի
մէջ
եւ
Ազգային
Ժողովէն
դուրս
փորձեց
ամէն
միջոցէ
իր
այդ
«համաձայն
չեղած
օրէնքը»
վիժեցնել
տալու
համար:
Եւ
երբ
չյաջողեցաւ՝
փոխեց
թաքթիքը:
Իր
նախագահած
ժողովներուն
որոշումը
ճշտութեամբ
գործադրելու
պարտականութիւն
ունեցող
սահմանադրական
Պատրիարքը՝
նախապատուութիւն
տալով
իր
«համաձայն
չեմ»ին.
դեռ
նախորդ
Վարչութեան
օրով,
վարչական
պատուիրակի
ընտրութեանց
ընթացքին
ամէն
միջոց
գործ
դրաւ՝
ընտրեալները
վիժեցնել
տալու
համար:
Այդ
փորձորուն
մէկ
նմոյշը՝
Թորգոմ
եպիսկոպոսի
պարագան,
ելած
չէ
յիշողութիւններէ
անշուշտ:
Վաղու՜ց
էր
որ
բերնէ
բերաներ
խմբակցութիւններու
մէջ
ալ
կը
կրկնուէր.
—
«Մէկ
մարդ
կայ
որ
կարող
է
այս
գործը
գլուխ
բերել»:
Նախ
այդ
մարդուն
անունը
չէր
տրուեր.
յետոյ
կամաց
կամաց
տրուեցաւ:
Եւ
երբ
բացի
այլ
պատճառներէ՝
այդպիսիներուն
կ՚առարկուէր
թէ
ի՞նչպէս
կարելի
է
օրէնքի
մը
անթերի
գործադրութիւնը
վստահիլ
անձի
մը,
որ
հակառակն
է
այդ
օրէնքին
ոգիին
իսկ,
կը
պատասխանուէր.
—
մինչեւ
օրէնքին
քուէարկուիլը՝
իր
անձնական
կարծիքը
կը
պաշտպանէր
ան.
Բայց
անոր
քուէարկուելէն
յետոյ:
Ազգին
կամքին
առջեւ
կը
խոնարհի
եւ
կը
խոստանայ
նուիրուիլ
անոր
անթերի
գործադրութեանը.
վերջապէս,
մարդը
կարող
մարդ
է.
ինչո՞ւ
չօգտուիլ
իր
կարողութենէն»:
Այս
ըսելով
հանդերձ,
միջանկեալ
կարպով
չէին
քաշուեր
առաջ
քշելու
նաեւ
որ
«Օրմանեան
յանձն
կ՚առնէ
օրէնքին
գործադրութեան
աշխատիլ,
բայց
հաւանական
է
որ
մասնաւոր,
աննշան
փոփոխութիւն
մը
առաջարկէ»:
Այս
առաջարկուելիք
փոփոխութիւնն
ալ
կը
վերաբերէր
տնտեսական
Մարմնի
գոյութեան
ու
պաշտօնին,
այսինքն
օրէնքի
էն
կարեւոր
մասին,
անոր
հոգիին:
Այս
խօսքերով
չբաւականացան
մարդիկը:
Երբ
դեռ
Օրմանեան
չէր
ընտրուած,
իրակա՞ն
թէ
երեւակայական,
չե՛նք
գիտեր,
ստեղծեցին
պատրուակ
մը
պաշտօնական
դժուարութեանց
անունով:
Ընտրելի
պատուիրականութեան
եւ
Ազգային
Ժողովի
ներկայացուցչին
օժանդակելու
համար
դիմում
եղած
էր
կառավարական
յանձնարարագրի:
Եւ
որովհետեւ
նախարարութեան
գրուած
եղեր
թէ
մեկնողները
պաշտօն
ունին
Ազգային
ժողովի
նոր
քուէարկած
օրէնքը
գործադրելու,
բնականաբար
նախարարն
ալ
պահանջած
էր
որ
նախ
ինքը
ծանօթանայ
այդ
օրէնքին,
որպէսզի
նորա
գործադրութեան
համար
ալ՝
իր
կառավարական
ուժը
տրամադրելի
ընէ:
Հասկանալի
էր
թէ
ի՛նչ
կը
նշանակէր
այս
տարաձայնութիւնը:
Ազգային
Ժողովը
որոշած
էր
որ
Երոսաղէմի
Խորհրդարանակն
Յանձնախումբն
ու
Խնամակալութիւնը
Վարչութեան
հետ
խորհրդակցին՝
օրէնքի
գործադրութիւնն
ապահովելու
համար:
Այդ
մարմինները
քուլիսական
էնթրիկնելու
զոհ
երթալ,
օրէնքը
վտանգել
չէին
բաղձար:
Այս
պարագան
յայտնի
ըլլալով՝
նոր
Վարչութիւնը
կը
ներկայանայ
Ազգային
Ժողովին,
ըսելով
թէ
չուզեր
իր
պատասխանատուութիւնը
բաժնել,
այլ
կը
պահանջէ
որ
վարչական
իրաւունքին
միայնակ
տէրը
ինքը
ըլլայ:
Ազգային
Ժողովը
կը
համակերպի
եւ
Օրմանեան
կ՚ընտրուի
իբրեւ
վարչական
պատուիրակ:
Ու
այլեւս…
պետական
դժուարութիւն
չի
մնար,
նախարարական
հրամանագիրը
կը
ստացուի…
առանց
դժուարութեան:
Սահմանադրական
Պատրիարքը՝
նախ
ձեռքի
տակէ
կ՚աշխատի
որ
Ազգային
Ժողովի
ներկայացուցիչը
բնաւ
չմեկնի
դէպի
վանքը.
Բայց
յետոյ
կը
համաձայնի
որ
երթայ՝
բայց
անպաշտօն
հանգամանքով:
Պատուիրակութիւն
մը
կ՚երթայ
Պատրիարքին
քով,
իրմէ
բացատրութիւն
պահանւելու
այս
մասին.
Պատրիարքը
բոլորովին
հերքելով
մտերմական
խօսակցութիւնները,
կը
յայտարարէ
թէ
Վարչութիւնը
ուղղամիտ
գործունէութեան
տրամադրութիւն
ունի:
Վարչութեան
կողմէ,
յատենի
Ազգային
Ժողովի
կրկնուած
յայտարարութեան
արդիւնքը
այն
կ՚ըլլայ
որ
վարչական
պատուիրակութիւնը
ճամբայ
կ՚իյնայ՝
առանց
տնտեսական
Մարմնի,
իսկ
Ազգային
Ժողովի
ներկայացուցիչը
կը
ղրկուի՝
առանց
իր
պաշտօնին
կիրառութեան
համար
պայմաններ
ստեղծելու:
Մնացածը
գիտենք:
Մնացածը
ան
է
որ՝
վարչական
«ամենակարող»
պատուիրակին
մինչեւ
հիմա
ամբողջ
կատարածը՝
շաքարաբաշխութիւն
է,
խնջոյքներ
են.,
«խաղաղ
թափանցումով»
պատրիարքական
ընտրութիւն
կատարել
տալն
է,
պայմանով
որ
այդ
ընտրութեան
թեկնածուն…
ինք
ըլլայ:
Աշխարհական
պատգամաւորը
վերադարձաւ
արդէն:
Չենք
գիտեր
թէ
ի՛նչ
տեղեկագիր
մատուցած
է
ան
Վարչութեան
եւ
Վարչութիւնը
ի՛նչ
պիտի
որոշէ:
Բայց
գիտենք
մէկ
բան.
—
ինչ
տեղեկագիր
ալ
ներկայացուցած
ըլլայ,
ինչ
որոշում
ալ
տրուի,
վստահութիւն
ունենալ
կարելի
չի
այլեւս:
Բազմաթիւ
փորձերէ
յետոյ
նոր
փորձերու
ենթարկուելու
ո
եւ
է
տեղի
չի
կայ:
Բալոր
ճամբաները
Հռոմ
պիտի
տանին:
Ազգային
Ժողովին
կը
մնայ
որ
միանգամ
ընդ
միշտ
յայտարարէ
թէ
ինք
Հռոմ
երթալ
չուզեր:
Ազգային
Ժողովը
ինչ
ձեռք
առնելու
է
անխարդախ
միջոցները՝
իր
օրէնքը
գործադրելու
համար:
«Ազատամարտ»,
1914,
19
Յունիս-2
Յուլիս,
թիւ
1542,
էջ
2