Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԶԳԱՑՈՒՄԸ
ՓԱՅՏՈ՛Ս…


Վերջերս արտակարգ գայթակղութիւնը մը ծագեցաւ ֆրանսական Ծերակոյտին մէջ: Զինուորական յանձնախումբի տեղեկաբերը փաստացի մերկացումներ ըրաւ պատերազմական նախարարութեան զանազան ճիւղերու մէջ տիրող անզգուշութեան, անգործունէութեան, եւն. ի մասին:

Տեղեկագիրը Ծերակոյտի բէմը ի լուր աշխարհի կը յայտարարէր թէ ինք այդ նախարարութեան թերութեանց մասին մէկէ աւելի անգամներ զանազան նախարարներու, զինուորական, ազգային պաշտպանութեան բարձրագոյն խորհուրդի, եւն. ի ուշադրութիւնը հրաւիրեց, նոյն իսկ Փուանքարէի նախարարապետութեան օրով, անոր դիմեց, եւ սակայն իր դիմումներն ու ջանքերը ո՛չ մէկ արդիւնք ունեցան եւ ինք եկաւ այն եզրակացութեան թէ «նոյն իսկ նախարարապետը անկարող է տիրող հեղգութիւնը ջնջելու»:

Կը հետեւի թէ՝ բոլոր անոնք որ հայրենասիրութիւնը իրենց առանձին շնորհը կը համարեն, բոլոր անոնք որոնք աշխատանքէն ու կանխահոգութենէն է կախուած հայրենիքի ապահովութիւնը, այնքան խրած են հեղգութեան, անբարեխղճութեան, անհոգութեան մէջ, որ նախարարապետներն անգամ անզօր են ջնջելու: Ուրիշ խօսքով, եթէ յանկարծ Ֆրանսայի դէմ պատերազմ յայտարարուէր, Ֆրանսան գերազանցապէս աննպաստ պայմաններու մէջ պիտի գտնուէր թշնամիին դէմ՝ շնորհիւ իր առանձնաշնորհեալ հայրենասէրներու, շնորհիւ քաղաքային ու զինուորական բարձրագոյն այն հեղինակութեանց՝ որոնց յանձնուած էր երկրին բաղդը:

Չէ գտնուած մէկ նախարարապետ, մէկ նախարար՝ որ սրտի խորէն զգար ազգային այդ վտանգին մեծութիւնը, պատասխանատուութիւնը, ու Փարլամէնթի բեմէն հաւար պոռար, փաստերը ներկայացնէր, մաքրէր պաշտօնատունները վատասերած տարրերէն, ապահովէր Հայրենիքի պաշտպանութիւնը:

Զարհուրելի չէ՞ այս: Զարհուրելի է նոյն իսկ երեւակայելը՝ թէ այսպիսի վիճակ մը գոյութիւն կրնայ ունենալ է՛ն քաղաքակիրթ ազգերէ մէկուն մէջ՝ որուն իւրաքանչիւր քաղաքացիին սրտին մէջ արձանագրուած է 1870ի պարտութեան վրէժխնդրութիւնը:

Եւ սակայն փաստը փաստ է: Եւ անկասկած այդ վիճակը աւելի կամ նուազ չափով գոյութիւն ունի ֆրանսական միւս նախարարութիւններուն ու ճիւղերուն մէջ:

Հանրածանօթ գործիչ եւ հրապարակագիր Ժ. Քլէմանսոն՝ խմբագրական մը նուիրած է այս միջադէպին, ուրիշ առիթով ապշեցուցիչ փաստեր յիշած էր իր  նախարարապետութեան օրերէն՝ ներքին գործերու պաշտօնէութեան հեղգութեան մասին:

Այս երեւոյթը որքա՛ն ալ զարհուրելի ու ապշեցուցիչ ըլլայ, ախտաւորութիւնը ամբողջ Ֆրանսայինը չէ՛ եւ Ֆրանսան ունի մխիթարուելու շա՜տ պատճառներ:

Այդ ախտաւորութեան վարակուած տարրն է Ֆրանսայի հին ընկերութիւնը, «ազգասիրութիւն առանձնաշնորհեալ» շահագործող դասը, բարձր զինուորականութիւնը, ազնուականութեան ու բարձր սեղանաւորութեան վերին խաւը՝ պահպանողականութիւնը: Հինը անհետանալու մօտ է, հոգեւարքի մէջ է: Ուժեղ ցնցում մըն ալ, եւ ահա՛ կը մեռնի ան:

Կը բարձրանայ նոր Ֆրանսա մը, կորովի մաքուր հայրենասիրութեան նոր սերունդ մը, որ պիտի յաջորդէ հինին՝ առանց սակայն իրենց հոգեւարքին մէջ իսկ այդ բարեխիղճ առանձնաշնորհեալներու օձիքը թոյլ տալու որ անոնք իրենց վերջին շունչը փչեն պատասխանատուութեան, անարգանքի սիւնին չգամուած:

Բաւական եղաւ որ ծերակուտական մը իր ձայնը բարձրացնէ գերագոյն ժողովի բեմէն, որպէսզի համրօրէն ազգը ցնցուի եւ որոշէ մանրազնիին քննութիւն կատարել ու պատասխանատուութիւնները ճշտել:

Իսկ մե՛նք: Մե՛նք ինչո՞վ մխիթարուինք:

Զարգացած, հասունացած ազգերը՝ տիրող ընկերային-տնտեսական, քաղաքական պայմաններու բերումով. մանաւանդ առանձնաշնորհեալ դասակարգերը— բնականօրէն եւ անպայման ենթակայ են վատաւերներու, տարրալուծելու, մեռնելու եւ տեղ տալու համար յաջորդ առողջ դասակարգերուն:

Բայց այն ազգերը՝ ինչպէս հայը, որոնք նոր կ՚արձակուին խանձարուրէն, դեռ նոր վերապրելու ու ճիգեր կը թափեն, անոնք չպիտի ունենային այդ մեղկացած ու անհետացման դատապարտուած, ախտաւոր դասակարգերը: Մեզի համար բնական խիտի ըլլար ներկայացնել միայն պատանեկան, երիտասարդական, հասունութեան շրջաններ:

Բայց արի՛ տես որ առնականութեան այդ օրերն ու շրջանները չթեւակոխած, պատանի եւ երիտասարդ, հասակաւոր եւ ծերունի, բոլորս, բոլո՜րս ալ կը ներկայացնենք միեւնոյն ախտաւորութիւնը, նոյն ընդարմացումը, պատասխանատուութեան զգացումի բացարձակ բացակայութիւնը: Ո՛չ մէկ խղճի խայթ, ո՛չ մէկ ցնցում:

Այս յուսահատական վիճակի կենդանի պատկերը ներկայացուց նախորդ շաբթուան մէջ, իր ամառնային արձակուրդը ստացող Ազգային Ժողովը: Երուսաղէմին պատուիրակի, Կեդր[ոնական] Վարչութեան: Պատրիարքի կարգ մը պատասխանատու դատապարտելի արարքներու ամբաստանութիւններ կային, եւ մինչ կը սպասուէր որ Ազգ[ային] Ժողովը լրջօրէն՝ զբաղի անոնցմով, ահա՛ նոյն Ժողովը վայրկեան մտ առաջ կ՚որոշէ որ զանազան անարդարանալի պատրուակներով  թերացող խորհրդարանական Յանձնախումբը մինչեւ մէկ ամսի բերէ իր զեկուցումը, իսկ վայրկեան մը յետոյ կ՚որոշէ որ ինք երկու երեք ամսի հանգստանայ, փակէ դռները:

Այսպիսի ախտաւորութիւն ներկայացնող ժողովի մը դռները փակուելէ առաջ, աւելի վայելուչ պիտի ըլլար իրագործել հանգուցեալ Ահմէտ վէֆիք փաշայի հռչակաւոր առաջարկը՝ ուղղուած դատական նախարարութեան.

—Փայտո՜ս…:

«Ազատամարտ», 1914, 16/29 Յուլիս, թիւ 1561, էջ 2