Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ ՁԳՏՈՒՄՆ ՈՒ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻԻՆԸ ԵՒ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ


Պատասխանատուութիւններ որոնելու մեր տեսութիւնները կարող էինք ընդլայնել եւ այդ կողմէն բոլոր կէտերու մեջ մեր համոզմանց տարբերութիւնները պաշտպանել, բայց հիմնակէտը պարզուած ըլլալով՝ աւելորդ կը համարենք բոլոր մանրամասնութեանց հետեւիլ:

Կառավարական յայտարարութեան մէկ ուրիշ կէտն է՝ որ սկզբունքային կարեւութեան պատճառով, մեր պարտականութեան մէջ թերացած պիտի ըլլայինք՝ եթէ աննկատ թողէինք։

«Պատերազմին պատճառած վնասներուն հակառակ՝ անհրաժեշտ համարեցինք օրէնքներ հաստատել երկրին վարչական, դատական ու տնտեսական պէտքերը հոգալու եւ ներքին ապահովութիւնն ու կարգապահութիւնը երաշխաւորելու նպատակով». կ՚ըսէ կառավարական յայտարարութիւնը:

Եւ արդարեւ, կառավարութեան այդ կողմէն՝ ինչպէս զանազան այլ ճիւղերու մէջ ցոյց տուած արտակարգ գործունէութիւնը, կորովի հաստատամտութիւնը իրաւամբ գնահատման արժանի են: Այդ իրաւունքը չէ՛ որ պիտի զլանային իրեն: Բայց երբ կ՚ըսէ թէ «այդ մասին Սահմանադրութեան մեզ տուած իրաւունքը գործ դրինք», այդ տեղ կը խախտի սահմանադրական սկզբունք մը, բռնազբօսիկ մեկնութեան կ՚ենթարկուի Սահմանադրութեան որոշ տրամադրութիւնը, որուն դէմ պիտի ձայն բարձրացնէր պատգամաւորական ժողովը, եւ սակայն չըրաւ:

Կառավարութեան թուած եւ մեզ ծանօթ օրէնքներու ստուար մեծամասնութիւնը չեն վերաբերիր «կարգն ու ապահովութիւնը երաշխաւորելու» բացառիկ պարագաներուն, եւ հետեւաբար, նորմալ կեանքի մէջ սահմանադրականօրէն բնա՛ւ իրաւունք չունէր Փարլամէնթի բացակայութեանը հրատարակել օրէնքներ՝ որոնք կը պատկանին երկրին տնտեսական, վարչական, դատական, ընկերային, եւն. կեանքի վերակազմութեանը:

Կարելի է փոխանակ օրէնքի տառին կառչելու, օրէնքի փիլիսոփայող մտքին դիմել եւ հարց տալ՝ եթէ երբ մէկ կողմէն՝ պատերազմական, քաղաքական, հաշուեյարդարական բազմաթիւ արգելքներու պատճառով փարլամէնթական ընտրութիւններն ու գումարումը անհնար են, եւ միւս կողմէն միեւնոյն արգելառիթ պարագաները հրամայողականօրէն օրէնսդրական ճանապարհով անհրաժեշտ վերակազմութեանց դիմել, ո՞րն էր բանաւորը, ո՞րն էր պետական իմաստութիւնը, ո՞րն էր երկրին գերագոյն շահը. «Սահմանադրականօրէն իրաւունք չունիմ» ըսելով ձեռքերը ծալած նստի՞լ, թէ՝ բացառիկ պարագաներու հանդէպ բացառիկ միջոցներով պարտականութիւնը կատարել:

Անաչառ ու աննախապաշար քաղաքացին անկասկած որ պիտի ընտրէ վերջին գործելակերպը, բայց երբե՛ք չպիտի ուզէ «սահմանադրական իրաւունքս էր» ըսելով պաշտպանուիլ: Բացարձակ անկեղծութիւնը, Սահմանադրական սկզբունքները կը պահանջէին որ նախարարութիւնը ըսէր Փարլամէնթական կրկին ժողովներուն. —«Ես օրէնքին ինծի տուած իրաւասութեան սահմաններէն անցայ՝ բայց անհրաժեշտոթեան հանդէպ, Հայրենքին գերագոյն շահերուն համար պատասխանատուութիւն ստանձնեցի եւ խղճի պարտքը կատարեցի, դատեցէ՛ք»:

Այդ պարագային՝ երկրի ներկայացուցիչներն ալ միեւնոյն ոգիէն թելադրուած, կը դատէին, բայց Սահմանադրութեան ոգին ալ, տառն ալ փրկելու եւ միագամայն կատարուած իրողուիթիւն մը գնահատելու միջոցը կը գտնէին:

Կառավարութիւնը եւ Փարլամէնթը թերացան իրենց այս պարտականութեան մէջ:

Եթէ անցնինք օրէնքներու թուումն մասանցին, անոնց մէջ գնահատելին ու քննադատելին միանգամայն կը գտնենք:

Եթէ կալուածական օրէնքը, բարոյական անձնաւորութեան ներմուծումը օրէնսդրական առաջադէմ քայլ մըն է, եթէ Շէրիի ու Էվգաֆի վարչական վերակազմութիւնները իրապէս արմատական վերանորոգութիւններ են, այդ տակաւին մեզի իրաւունք չի տար ընդունելու որ նահանգային օրէնքներով կայսրութեան գոյութիւն ունեցող օրէնսդրութեանց մէջ նոր սկզբունքներ, իսկական վերանորոգչական կարգեր սահմանուեցան եւ մեզի երբեք օրէնքի արտաքին պատեանի փոփոխութիւնն ու հրապոյրը չի մղեր բովանդակութեան արժէքի նուազութիւնը անտես առնելու:

Նահանգային վարչութեան օրէնսդրութեան համար նախարարական յայտարարութեանց մեզի համար առանձին ուշագրաւն ու շնորհաւորելին այն անկեղծութիւնն է որ նախարարը շեշտեց՝ յայտնելով թէ նահանգային վարչութեան պատասխանատուութիւնը եւ ընդհանուր ժողովներու որոշմանց գործադրութեան իրաւունքը՝ կայսրութեան տիրող օրէնքներու սահմանին մէջ նահանգապետներուն կը պատկանի: Այս կերպով ցրուեցան, այն թիւրիմացութիւնները՝ որոնք յաւելուածական յօդուածներով եւ այլ ձեւերով կը վերագրուէին ընդ[հանուր] քննիչներու հեղինակութեանց ու իրաւասութիւններուն:

Միայն թէ այս թիւրիմացութեանց մասին աւելի յստակ բացատրութիւններ պարտաւոր էինք պահանջել ժաղովրդական պատգամաւորի հանգամանքը կրողները, բայց լռեցին, ինչպէս չպաշտպանեցին նահանգային կրթական տուրքի բաժիննը՝ պետական պիւտճէով խրուելուն դէմ:

Թո՛ւրքիան այն երկիրն է՝ ուր լաւագոյն օրէնսդրութիւններ պակաս չեն եղեր եւ Պետութեան ու Հայրենքի աղէտներու պատճառը օրէնսդրական թերութիւններէն աւելի գործադրութեան եղանակն է եղեր: Արդ, կալուածական ու մանաւանդ բարոյական անձնաւորութեան ներմուծման արժէքը ո՛չ իրենց մանրամասնութեամբը, որքան սկզբունքային հիմնակէտերովը գնահատելով հանդերձ՝ Փարլամէնթի, ազգի ներկայացուցիչը ըլլալու հանգամանքը կրողներու աւագ պարտականութիւնն էր նախարարութիւնը հարցապնդել, հաշիւ պահանջել՝ թէ ինչո՞ւ այդ օրէնքի գործադրութիւնը նախարարական մեկնաբանութիւններով ու կարգադրութիւններով արգելքի ու բարդութեանց կ՚ենթարկուի, սեփականութեանց իրաւունքները վէճի առարկայ կը դառնան, գրաւումներ տեղի կ՚ունենա, նոր կնճիռներ կը ստեղծուին:

Կառավարական գործունէութեան ֆինանսական, կրթական, տնտեսական ճիւղերու եւ առ հասարակ ներքին ու արտաքին աշխարհավարութեան ձգտումներու կամ ուղղութեան մասին բազմաթիւ ու հիմնական քննադատութիւններ ընելու տեղի կար, բայց այդ բոլորը պիտի կատարուէին համապատասխան պիւտճէներու քննութեան ժամանակ:

Տարաբաղդաբար, ցոյց տրուած ձգտումն ու վերաբերմունքը ակամայ մեզ կը հասցնեն այն եզրականցութեան որ դեռ եւս պատմութեան փորձերէն դաս առնելու ընդունակութենէն հեռու ենք:

«Ազատամարտ», 1914, 9/22 Յուլիս, թիւ 1557, էջ 2