«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ
ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒՆ
ՀԱՄԱՐ»
Ասկէ
առաջ,
խօսելով
Միացեալ
Ընկերութեան
մէկ
կոչին
առիթով,
վեր
կ՚առնէինք
այն
գաղափարը
թէ՝
անհատներ
համեստ
գումարներով,
կամ
աշակերտական
եւ
այլ
միութիւններ
փոքր—փոքր
ամսավճարներով՝
կրնային,
եւ
շատ
դիւրութեամբ,
մէյ
մէկ
գիւղական
վարժարաններ
պահպանել
Հայաստանի
կարօտ
վայրերուն
մէջ:
Համօզուած
էինք
որ
մեր
այս
առաջարկը
անհետեւանք
պիտի
չանցնէր,
որովհետեւ,
իրօք
խիստ
գործնական
եւ
միանգամայն
սրտագրաւ
էր
այսպիսի
միտք
մը:
Երէկուան
մեր
համարին
մէջ
անձանագրեցինք
որ
Իզմիրի
երկու
հայ
վաճառատուններու
–
Սիվիրիսարեան
եւ
Ազնաւորեան
—
պաշտօնեաները՝
կազմած
են
Միութիւն
մը,
առաջնորդ
ունենալով
այդ
միեւնոյն
գաղափարը:
Ո՜րքան
Հայ
վաճառատուններ
կային
սակայն
դեռ
Իզմիրի,
Պոլսոյ,
Սամսոնի,
Տրապիզոնի
եւ
համեմատաբար
այլ
վաճառաշահ
կեդրոններու
մէջ,
որոնք
կրնային
ընդգրկել
միեւնոյն
նպատակը,
իրենք
ալ:
Մեր
տեսակէտով,
ազգային
կրթութեան
նուիրաբերուած
այս
տեսակ
հաւաքական
օժանդակութիւնները՝
ընկերային
անհամեմատ
աւելի
մեծ
նշանակութիւն
ունին
քան
այս
կամ
այն
մեծագումար
կտակները,
որոնք
տեղի
կ՚ունենան
մէկ
անհատի
կողմէ:
Այս
կերպով՝
կրթական
շարժումն
է
որ
կը
սկսի
ժողովրդականանալ,
կը
սկսի
խորանալ
հասարակութեան
զանգուածներուն
մէջ,
հանրային
լայն
շերտերը
գործօն
շահագրգռութեան
մէջ
դնելով
ազգային
լուսաւորութեան
գործին
նկատմամբ:
Եւ
միշտ,
ժողովուրդ
մը
բարոյապէս
այնքան
բարձր
է՝
որքան
բարձր
է
իր
մէջ
ընկերային
զարգացման
նախանձախնդրութիւնը
եւ
իրերօգնութեան
գիտակցական
մղումը:
Իսկ
այդ
հակումները
կը
մարզուին
հասարակութեան
մէջ
ա՛յն
ձեռնարկներով,
որոնք
կենդանի
հետաքրքրութիւն
կը
ստեղծեն
հանրային
խաւերու
մէջ
դէպի
հասարակական
ընդհանուր
բարիքը,
եւ
որոնցմէ
մէկն
է
ահա
Իզմիրի
մէջ
կազմուած
հայ
պաշտօնեաներու
այդ
Միութիւնը:
Ինչո՞ւ
պէտք
չէ
որ
Պոլսոյ
պաշտօնեաները
եւ
Պոլսոյ
հայ
վաճառատունները
օրինակ
առնէին
Իզմիրէն:
Ինչո՞ւ
պէտք
չէ
որ
նոյնիսկ
ամէն
առեւտրական
հայ
հաստատութեան
մէջ
մէլ
մէկ
գանձանակ
գտնուէր,
վրան
գրուած՝
«Հայաստանի
կրթութեան
համար»,
ուր
կարելի
ըլլար
միշտ
բան
մը
ձգել՝
ամէն
անգամ
որ
այսպիսի
առիթներ
այնքան
յաճախադէպ
են:
Հայաստանէն
դուրս
գտնուած
Հայութիւնը
պէտք
է
որ
կենդանի
գործով
կապուած
ըլլայ
իր
մայր
երկրին
հետ:
Կենդանի
գործն
է
որ
կը
դարբնէ
ազգային
գիտակցութիւնը
եւ
զայն
կը
դարձնէ
ամուր
ու
տեւական:
Եւ
քանի՜
այդ
գործը
տարածուի
ու
ընդհանրանայ,
քանի՜
անիկայ
դառնայ
բազմաձեւ
ու
բազմերես՝
համապատասխանելով
մեր
ժողովուրդի
կրթական
պէտքերուն,
ֆիզիքական
գոյութեան,
տնտեսական
ու
քաղաքական
կարօտութեանց,
—
այնքան՝
Հայութիւնը,
իբրեւ
ազգ,
կ՚աւելցնէ
իր
ուժերը:
«Հայաստանի
դպրոցներուն
համար»,
այնպէս՝
ինչպէս
սահմանեցինք,
մեծ
պարտականութիւններ
ունին
կատարելիք
Միացեալը,
Հայուհեացը,
Դպրոցասիրացը
եւ
նման
Միութիւններ,
—պարտականութիւն՝
քաջալերելու
իրենց
օժանդակ
փոքր
միութեանց
կազմութիւնը,
այդ
նպատակով
փրօփականտ
անելու
անդադար,
դասախօսութիւններ
կազմակերպելու
միեւնոյն
գաղափարին
համար,
թռուցիկներ
հրատարակելու
պահ
պահ,
վերջապէս՝
հասարակութեան
ստուացածքը
դարձնելու
այն
ձգտումը,
որով
ոգեւորուած
են:
Բաւական
չէ,
իրենց
համար,
ամփոփուիլ
սոսկ
իրենց
դպրոցներոն
վրայ
կամ
իրենց
տարամերժ
առաջադրութեամբ:
Անհրաժեշտ
է
որ
լայն
Գաղափարին,
բարձրագոյն
Իտէալին
ընդհանրացման
ձգտին,
—
որպէսզի
հասարակութիւնը
իր
թեւերովը
գրկէ
այն
աշխատանքը,
զոր
այժմ
իրենց
կը
տանին
մասնակի
ճիգերով
միայն
ու
անհամեմատ
աւելի
դժուարութեամբ:
«Ազատամարտ»,
1914,
29
Մայիս
-
11
Յունիս,
թիւ
1524,
էջ
2