Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԻՏՆԱՆՔ ԹԷ Ի՛ՆՉ ՏԵՂԻ Կ’ՈՒՆԵՆԱՅ


Ազգային Վարչութիւնը կամաց կամաց կը սկսի արդէն նիւթ մատակարարել լուրջ դժգոհութեանց, որոնք այս ընթացքով, բարի բան չեն խոստանար իր համար:

Թողունք մէկ երկու ուրիշ խնդիրներ, որոնց պիտի անդրադառնանք քանի մը օրէն, այս անգամ կ՚ուզէինք կանգ առնել խնդիրներու խնդրին, Հայկական Փանամային վրայ:

Ներելի՞ է հետաքրքրուիլ թէ ինչո՛ւ ցարդ ճամբայ չելաւ այն տնտեսական մարմինը, որուն պաշտօնը պիտի ըլլար Երուսաղէմի վանքին տնտեսական մատակարարութիւնը ստանձնել:

Այս հետաքրքրութիւնը բանաւոր եւ օրինական կը նկատենք, սա գերազանց պատճառով որ՝ վարչական պատուիրակաները— Օրմանեան եւ Կիւրեղեան ուրիշ նպատակի համար չզրկուեցան, եթէ ոչ դիւրացնելու իբրեւ «խաղաղաբար միջնորդ», ելեւմտական գործերու յանձնումը Տնտեսական Մարմնին:

Ա՛րդ, քանի օր էականը Տնտեսական Մարմնի ներկայութիւնն էր վանքին մէջ, Վարչութեան պատուիրակներէն առաջ եւ այդ պատուիրակներէն աւելի, ի՞նչ է այն խորհրդաւոր անցուդարձը՝ որով պատուիրակներ կը մեկնին, յետոյ անոնցմէ մէկը արդէն իսկ ետ կը վերադառնայ, մինչ տակաւին ո՛չ թէ Տնտեսական Մարմինը ճամբայ չելլէր Պոլիսէն, այլ անոր անուանման մասին խօսք անգամ չի կայ:

Այնպիսի հակասութիւն մը կայ այս իրողութեանց մէջ, որ արդարեւ կարօտ է լուսաբանութեան:

Եթէ Տնտեսական Մարմինը վանքին մէջ պիտի չգտնուէր մինչե հիմա, հապա ինչո՞ւ ղրկուեցան վարչական պատուիրականեր, ի՞նչ ընելու համար, քանի որ իրենց պաշտօնը պայմանաւորուած է Տնտեսական Մարմնի ներկայութեան հետ:

Այո՛, արդէն ժամանակ է որ Վարչութիւնը գոհացում տայ այս հարցումներուն:

Գոհացում տայ, որովհետեւ բաւական երկմտութիւններ եւ զանազանն տարաձայնութիւններ կան հրապարակի վրայ:

Օրինակի համար, հաւաստողներ կան թէ՝ այն, ինչ որ այժմ «հակասութիւն» կը թուի, նախապատրաստուած ծրագրի մը արդիւնք է: Եւ կ՚ըսուի թէ այդ ծրագրին համաձայն՝ շուտով Օրմանեան պիտի դիմէ Պատրիարքարանի, յայտարարելով որ «մինչեւ չփոխուին Կանոնագրի այս կամ այն յօդուածները, կարելի պիտի չըլլայ իրագործել իր վրայ դրուած պաշտօնը». ուրիշ խօսքով՝ Օրմանեան պիտի ճգնի Երուսա՛ղէմէն քանդել Կանոնագրի այն տրամադրութիւնները, զորս չկրցաւ քանդել Ազգային Ժողովի մէջ, իր դէմ գտնելով աշխարհական գրեթէ բոլոր երեսփոխանները:

Այսպիսի դաւադրականափորձ մը, ուղղուած Ազգային Ժողովի հեղինակութեան ու կամքին դէմ, ինչքան ալ յանդուգն երեւնայ, բայց եւ այնպէս երբեք անսպասելի չէ եկեղեցականի մը կողմէ՝ որուն անցեալը այդ գծով է առաջ գացած միշտ:

Սխա՞լ են այս տարաձայնութիւնները: Թո՛ղ բարեհաճի Վարչութիւնը հերքել՝ ո՛չ թէ երկդիմի յայտարարութիւններով, այլ ամէնէն առաջ իրողութիւններով:

Իսկ իրողութիւնները, ինչպէս ցույց կուտան, հեռու են նպաստաւոր ըլլալէ Վարչութեան հետեւած ուղղութեան, անոր խորհրդաւոր լռութեան, եւ ինչ որ աւելին է, խորհրդաւոր յամեցումներուն
 

«Ազատամարտ», 1914, 10/23 Յունիս, թիւ 1534, էջ 2