ԱՆՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ
ՕՁԸ
Արեւելքի
այս
առասպելասէր
եւ
հիւանդոտ
երեւակայութեան
հակամէտ
երկրին՝
օսմանեան
պետութեան
մէջ,
կը
թուի
թէ
ինչպէս
կրօնական,
նոյնպէս
քաղաքական
կեղծիքներ
կան,
որոնք
հակառակ
գիտութեան,
հակառակ
ժամանակին
եւ
կեանքի
յեղաշրջութեան՝
պիտի
շարունակեն
իրենց
գոյութիւնը,
իբրեւ
նուիրագործուած
ճշմարտութիւններ
եւ
քննադատական
միտքը
պիտի
չի
մօտենայ
անոնց։
Այդ
առասպելներու
կարգէն
է
քաղաքական
այն
անվստահութիւնը՝
որ
թուրք
տարրին
մէկ
խոշոր
մասը
կը
սնուցանէ
քրիստոնեաներու,
մասնաւորապէս
հայերու
նկատմամբ։
Այդ
անվստահութիւնը
հասկնալի
էր
անշուշտ
նախկին
ռէժիմին
գլուխը
կանգնած
եւ
այդ
դրութեան
մրուրովն
իսկ
իրենց
գոյութիւնը
պահպանող
անձնաւորութիւններուն
համար։
Տէրի
եւ
ծառայի
յարաբերութեանց
մէջ,
իշխանութիւնը
պէտք
է
բարձրանար
անարդարութեան,
կեղծիքի
եւ
բռնութեան
վրայ,
ուր
ճշմարտութիւնն
ու
բանականութիւնը,
քննադատողութիւնն
ու
առողջ
դատողութիւնը
ղեկավարող
սկզբունքներ
չէին
կրնար
ըլլալ
պետութեան
եւ
կառավարութեան
համար։
Եւ
եթէ
այդ
բոլորը
չարիք
էին
ու
չարիք
կը
կոչուէին
բռնապետութեան
մէջ,
գոնէ
տրամաբանական
էին
նոյն
դրութեան
եւ
այդ
դրութեան
համապատասխան
մտածողութեանց
տեսակէտովը։
Մարդիկ
հարկադրուած
էին
իրենց
մտածողութիւնը
հաշտեցնել
իրենց
գործերուն
հետ.
կամ,
այդ
գործերուն
արդարացումն
ու
փաստաբանութիւնը
ընել՝
նոյն
թէզով։
Բայց
երբ
սահմանադրական
պետութեան
մէջ
ալ
նոյն
աւանդութիւնները
դեռ
կը
շարունակեն
իրենց
ոգին
եւ
պետական
անձնաւորութիւններու
մտածողութեան
եւ
գործունէութեան
առանցքը
կը
կազմեն,
չարիքը
կը
ստանայ
աւելի
քանդիչ
ու
վնասակար
ծանրութիւն
մը՝
կախուած
սահմանադրութեան
եւ
պետութեան
գլխուն
վրայ.
որովհետեւ,
երկիրը
կը
դառնայ
ազգերու
տեւական
ընդդիմամարտութեանց,
ցեղային
պայքարի
եւ
յափշտակութեան
արիւնոտ
կրկէս
մը։
Բազմաթիւ
առիթներու
տակ
կրկնած
ենք
թէ
Թուրքիոյ
քաղաքական
դժբախտութիւններու
սկզբնապատճառն
եղած
է
միմիայն
Ազգային
Անհաւասարութիւնը։
Ազգային
Անհաւասարութեան
հետեւանքով
է
միայն
որ
քրիստոնեայ
ազգերը
ստացած
են
կեդրոնախոյս
զօրութիւն
եւ
հետզհետէ
ընդվզած
եւ
բաժնուած
են
ամբողջութենէն,
պահպանելու
համար
իրենց
գոյութիւնն
ու
ազգային
իրաւունքները։
Ազգային
Անհաւասարութեան
տխմար
եւ
ինքնասպան
քաղաքականութիւնն
է
տուած
առիթը,
որպէս
զի
օտար
պետութեանց
միջամտութիւնը՝
աւելի
աղէտալի,
պետական
տեսակէտով,
քան
այլ
եւ
այլ
արկրամասերու
անջատումը
երկրէն՝
տեւականապէս
մնայ
Դամոկլեան
սուր
Թուրքիոյ
վրայ։
Սահմանադրական
ազատութեանց
հրատարակութենէն
ետք
երբ
հարկ
էր
կացինի
առաջին
հարուածը
այդ
մայր—չարիքին
տալ,
երբ
պէտք
էր
սահմանադրասէր
թուրք
պետական
մարդոց
քաղաքական
իմաստութիւնը
վեր
բարձրանար
առասպելներէն
եւ
իր
բոլոր
խօսքերն
ու
գործերը
յարմարցնէր
Ազգային
հաւասարութեան
փրկարար
սկզբունքին,
կը
տեսնենք
ընդհակառակը,
դա՛րձեալ
նոյն
նախապաշարումը,
դա՛րձեալ
քաղաքական
նոյն
կարճատեսութիւնը՝
որոնք
շիտակ
ճամբուն
վրայ
անգամ
կը
մոլորեցնեն
մեր
դիւանագէտ
կոչուածները։
Քրիստոնեաներու
զինուորագրութեան
հարցը՝
Սահմանադրութեան
հրատարակութեամբն
իկսկ
վճռուած
եւ
ինքնին
լուծուած
խնդիր
մըն
էր
այլ
եւս,
այն
արզ
սկզբունքով
թէ
երկրին
բոլոր
քաղաքացիները,
առանց
կրօնի
եւ
ազգի
խտրութեան,
հաւասար
իրաւունքներ
եւ
հաւասար
պարտականութիւններ
ունին։
Եւ
սակայն
ապա
ամիսներ
անցան,
ելեւմտական
նոր
տարիին
թեւակոխեցինք
ու
դեռ
ձեռնհաս
իշխանութիւնը
քունքերը
կը
քերէ,
կը
մտմտայ,
տատամսումներ
ցոյց
կուտայ
եւ
վճռականութենէ
հեռի
է։
Պիւտճէին
կազմութեան
մաս
կազմող
այս
օրինագիծը
պէտք
էր
որ
պիւտճէէն
առաջ
ճշտուած,
յայտնի
եղած
ըլլար,
որովհետեւ՝
առանց
զինուորական
տուրքի
խնդիրը
լուծած
ըլլալու,
կարելի
չէ
պիւտճէն
կազմել,
քանի
որ
նոյն
տուրքը
սահմանուած
է
կա՛մ
պիւտճէի
մաս
կազմելու,
կամ
ոչ։
Խորհրդարանը.
առանց
նախապէս
զինուորական
տուրքի
խնդիրը
վճռած
ըլլալու,
կարո՞ղ
է
արդեօք
անցնիլ
պիւտճէի
քուէարկութեան.
ահա
իրողութիւնը։
Բայց
ինչ
որ
ալ
ըլլայ,
բոլոր
երեւոյթները,
Իթթիհատի
կուսակցութեան
տրամադրութիւնները,
ինչպէս
եւ
այս
պահուս
գործադիր
իշխանութեան
գլուխը
կեցող
մարդոց
վարանումերը
բաւական
պերճախօս
են
յայտնագործելու
անոնց
ներքին
մտածողութիւնը,
դէպի
քրիստոնեայ
տարրերը
ունեցած
անվստահութիւնը։
Կրօնի
տարբերութիւնն
է
ուրեմն
որ
Օսմ.
Սահմանադրութեան
մէջ
կը
խաղայ
մեծագոյն
դերը
եւ
անհաւասարակշռութիւն
կ՚ըստեղծէ,
որովհետեւ
Ալպանացին,
Քուրդը,
Արաբը
եւ
Չէրքէզը՝
տարբեր
տարբեր
ազգութեանց
պատկանելով
հանդերձ՝
կատարեալ
հաւասարութեան
գծի
վրայ
են
Թուրք
տարրին
հետ,
լոկ
իրենց
մահմետականի
հանգամանքովը։
Եւ
երբ
Սահմանադրական
պետութեան
մը
մէջ
կրօնքն
անգամ
կրնայ
քաղաքական
անհաւասարութեան
ազդակ
դառնալ,
կարելի
է
հետեւցնել
ի՛նչ
հակասութիւններու
նախասահմանուած
է
դեռ
մեր
Սահմանադրական
հայրենիքը։
Ու
զարմանալու
ոչինչ
կայ.
կրօնը
ապազգայնացման
այն
ուժեղ
գործիքն
եղած
է՝
որով
հետզհետէ,
ասկէ
առաջ,
Թուրք
տարրը
կրցած
է
իր
մէջ
ձուլել
բազմաթիւ
տարրեր։
Կրօնքը
ահա
այս
տեսակէտով
հոմանիշ
եղած
է
ազգութեան՝
այս
երկրին
մէջ
եւ
անոր
համար
լալ
պահպանած
է
իր
սուր
բնաւորութիւնը։
Քրիստոնեայ
ազգութեանց
զինուորագրութեան
իրաւունքը
ժխտելով՝
ուրեմն
Սահմանադրական
Թուրքիան
բացէ
ի
բաց
կողմնակից
կը
հրատարակէ
ինքզինք
Ազգային
Անհաւասարութեան
վտանգաւոր
սկզբունքին,
ուրիշ
խօսքով՝
գերիշխող
տարրի
եւ
իրաւազուրկ
Ազգութեանց
թէզը
կը
պաշտպանէ,
ինչպէս
պաշտպանած
էր
ինքնակալ
րէժիմը։
Ինչո՞ւ
շատ
տեսնել
ուրեմն
որ
անվստահութեան
առասպելը
դարձեալ
հրապարակ
գայ
եւ
երիտասարդութեան
նոր
շրջանի
մը
մէջ
մտնէ։
Անվստահելի
են
Հայերը,
անվստահելի
են
Յոյները,
անվստահելի
են
Պուլկարները,
անշուշտ
եւ
անվստահելի
են
Օսմ.
Հրեաներն
ալ։
Վստահելի
են
մանաւանդ
Համիտիյէ
Քուրդերը,
որոնց
համար
իր
մեծագործ
անուան
փառքը
շնորհող
Սուլթանը
բարեհաճեցաւ
դեռ
վերջերս
քանի
մը
հազար
ոսկիի
նուիրատուութիւն
ալ
շնորհել՝
իբրեւ
վարձատրութիւն
հարկաւ
ասկէ
առաջ
անոնց
կատարած
ազնիւ
ծառայութեան
եւ
իբրեւ
քաջալերութիւն
ասկէ
ետքը
կատարելիքներուն.
չէ՞
որ
Քիւրդ
քլիւպին
վերին
հսկողութիւնը
իր
Կայսերական
թեւերուն
տակ
առած
է,
անոր
մէջ
մտցնելով
իր
փեսան
գուրտ
Իսմաիլ
փաշայի
տղան,
անմեղ
տառադարձութեամբ
մը
գուրտ
ին
Գ.
տառը
Ք.
ի
վերածել
տալով։
Ինչո՞ւ
շատ
տեսնել
ուրեմն
որ
գերմանական
կարգ
մը
թերթեր
ալ
ասկէ
մինչեւ
Պերլինէն
մինչեւ
հոս
նոյն
անվստահութեան
զառանցանը
կրկնեն,
ջանալով՝
ինչպէս
միշտ,
շոյելու
Թուրք
շովինիզմին
քամակը
եւ
ներքին
երկպառակութեան
նուիրական
հուրը
ընդ
միշտ
վառ
պահելու։
Չէ՞
որ
առանց
հայկական
արիւնին
Պաղտատի
երկաթուղիին
նման
մեծարժէք
ձեռնարկ
մը
երազ
պիտի
ըլլար
միայն
տոկուն
քափիթալին
ու
միջագետքի
տիրապետութիւնը՝
աւելի
քան
ցնորք։
Չէ՞
որ
առանց
ներքին
անհաւասարութեան
առանցքին
շուրջը
դարձող
ազգային
ու
քաղաքացիական
կռիւին,
օտար
միջամտութիւնը
վերջնապէս
չքացած
պիտի
ըլլար
այս
պետութեան
մէջ։
Թերեւս
իրաւացի
ըլլար
անվստահութեան
ամբաստանութիւնը
Գերման
տնտեսական
շահերու
տեսակէտով
եւ
Գերման
վաշխառու
դրամատէրներու
աչքին,
քանի
որ
այս
երկրին
սահմաններէն
ներս
իրենց
ստեղծած
ազդեցութեան
շրջանակին
մէջ
հայ
տարրը
պիտի
ըլլար
առեւտրապէս
Գերման
գաղթականներու
դէմ
զօրաւոր
մրցումը
կատարողը.
բայց
թէ
ինչո՞ւ
նոյն
Հայէ
պէտք
է
անվստահելի
ըլլայ
նաեւ
իր
իսկ
երկրին,
իր
իսկ
հայրենիքին
նկատմամբ,
այս
մասին
ոչինչ
ունին
Գերման
նենգամիտ
թերթերը
համոզիչ
ու
տրամաբանական։
Եւ
արդէն
խելքի
ու
տրամաբանութեան
պէտք
չկայ
քաղաքական
այն
տեսակ
միջավայրի
մը
վրայ
ազդելու,
ուր
ազգամոլութիւնը,
բնազդային
տրամադրութիւնները
եւ
քաղաքական
տհասութիւնը
գերակշիռ
են
քան
ամբողջ
մտածողութիւնը,
փորձառական
իմաստութիւնը
եւ
ժամանակի
հարկադրական
պահանջները
հասկնալու
տաղանդը։
Անվստահութեան
օձը՝
որ
մէկ
երեկու
դարէ
ի
վեր
փաթթուած
Սուլթաններու
վարած
պետական
մեքենային,
զայն
վերածեց
վերջը
վերջը
բազմաթիւ
կողմէ
խորտակուած,
մաշած
ու
վերջապէս
անգործածելի
դառնալու
գործիքի
մը,
կը
սպառնայ
այսօր
կտրելու
նաեւ
Սահմանադրական
կառավարութեան
ճամբան
ալ
եւ
փաթթուելով
անոր՝
անդամալուծելու
զայն
եւս։
Այդ
անվստահութիւնը՝
փոքրամասնութեանց
եւ
Քրիստոնեայ
տարրերու
իրաւահաւասարութեան
խնդիրը
ինքն
իսկ
է,
որմէ
կախում
ունի
պետութեան
ապագան։
27
Փետր.
1909
«Ժամանակ»,
1909,
թիւ
118,
Հինգշաբթի,
Մարտ
5—18