ՏԻՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ
ՈԳԻՆ
Մարդկային
պատմութեան
թշուառական
ու
ամօթալի
ոգին
է՝
տիրապետութեան
տենչը,
տիրապետութի՜ւնը
ազգի
մը՝
որ
երկաթէ
մագիլներու
մէջ
կը
բռնէ
ուրիշ
ժողովուրդներու
ճակատը
եւ
դարերով
կը
նստի
անոնց
կուրծքին
վրայ.
տիրապետութի՜նը
դասակարգի
մը՝
որ
երբեմն
զինուորական,
երբեմն
տնտեսական,
բայց
միշտ
նիւթական
բիրտ
զօրութեան
մը
միջոցով
կը
յաղթահարէ
ժողովրդային
ուրիշ
զանգուածներ՝
ապրելով
անոնց
աշխատութեամբն
ու
քրտինքովը,
սպառելով
անոնց
կեանքն
ու
կենսագործութիւնը։
Տիրապետութեան
այդ
անյագ
ախորժակը
սակայն
ամէնէն
վերջը
քայքայած
է
նոյն
ինքն
իր
տէրերը՝
ըլլան
անոնք
ազգ
կամ
դասակարգ,
ստեղծելով
ինչպէս
ժւղովուրդներու,
նոյնպէս
ընկերական
կեանքի
մէջ
նոր
դասաւորութիւններ,
նոր
համեմատութիւններ։
Տիրապետութիւնը,
քաղաքական
եւ
մանաւանդ
արեւելեան
հասկացողութեամբ,
միշտ
հոմանիշ
է
բռնապետութեան՝
ի՞նչ
ալ
ըլլայ
իր
ձեւը,
ո՛ւրկէ
ալ
սկսի
եւ
ուր
ալ
վերջանայ
իր
սահմանը։
Այս
երկրին
զաւակները,
չեռ
երէկ
արիւնլուայ
եւ
ողորմելի
ստրուկներ
միահեծան
անգութ
իշխանութեան
մը,
դեռ
երէկ
թշնամի
ու
աղաղակող
բռնութեան
դէմ,
դեռ
երէկ
իրաւազուրկ,
հաշմանդամ
ու
գետնամած՝
այսօր,
ժամանակի
ի՜նչ
թեթեւ
հեգնութեամբ,
ահա
կը
մոռնան
ամբողջ
չարաշուք
անցեալի
մը
մղձաւանջը
եւ
խորտակուած
բռնակալութեան
տեղ
կը
բարձրացնեն
նոր
բռնակալութիւն
մը։
Երէկ
մէկ
քանի
դիւանակալներու
խեղդող
ծանրութիւնն
էր՝
իբրեւ
բռնութիւն
կամ
տիրապետութիւն՝
այս
երկրին
կենսագործութիւնն
ու
թռիչքը
արգիլողը,
վաղը
պէտք
է
ամբողջ
ժողովուրդի
մը՝
Թուրք
տարրին
տիրապետութեան
սպառնալիքը
կախուի
պետութեան
վրայ։
Ազգերը
մանուկներու
պէս
խրատ
չեն
հասկնար,
եթէ
ոչ
պատմութիւնը
կրկնութիւն
պիտի
չունենար։
Զարհուրելի
խաւար
մը
կայ
Թուրք
մտաւորականութեան,
նոյնիսկ
առաջաւոր
մտաւորականութեան
մէկ
մասին
ճակտին
վրայ՝
որ
չի
փարատիր,
որ
կարծես
պիտի
չփարատի։
Անոր
համար
է
որ
չեն
կրնար
չափել
ոչ
իսկ
իրենց
քաղաքական
անցեալին
բոլոր
գահավէժներն
ու
անկումները,
ոչ
իսկ
հասկնալ
ներկայ
դարուն
տիրապետութեան
էութիւնն
ու
պայմանները։
Թուրք
տարրը
իր
պետութիւնը
հիմնեց
բանակային
զօրութեամբ
եւ
մինչեւ
վերջը
կռթնեցաւ
այն
բանակային
զօրութեան՝
կարծելով
թէ
միմիայն
բիրտ
ուժը
եւ
զէնքի
սարսափը
կարող
էին
մշտնջենապէս
երաշխաւորել
ցեղի
մը
զարգացումը,
ապագան
ու
գոյութիւնը։
Եւ
սակայն
ընկճուած
ու
իրաւազուրկ
ազգերը
եկան
իրենց
սարսիչ
բողոքով
ու
քանդիչ
ապստամբութիւններով
ապացուցանելու
թէ
բանակային
ազգ
մը
չի
կրնար
երկար
ատեն
գոցել
իրաւահաւասարութեան
ճամմբան.
պէտք
է
տեղի
տայ
կամ
համակերպի։
Եւ
Օսմանեան
Պետութիւնը
ամբողջ
դար
մը
տեղի
տալէն
ետքը՝
քանի
մը
ամիս
առաջ
միայն
իմաստութիւնն
ունեցաւ
համակերպելու։
Բայց
ահա
ինչ
որ
վերջինը
կը
կորսընցնէ,
այս
անգամ
վարէն
է
որ
յարութիւն
կ՚առնէ։
Առաջ
կ՚անցնին
հրապարակագիրներ,
առաջ
կ՚անցնին
մտաւորականներ
պաշտպանելու
համար
Թուրք
տարրին
տիրապետութիւնը,
Թուրք
տարրին
գերիշխանութիւնը.
բանակային
հոգեբանութիւնն
է
որ
կը
խօսի,
հիւանդոտ,
վտանգաւոր
հոգեբանութիւն՝
որ
մեծ
ցաւն
է
այս
բազմապահանջ
երկրին
եւ
դժբախտութեան
աղբիւրը
այս
պետութեան։
Կեանքը
ցոյց
տուաւ
որ
ո՛չ
նախճիրը,
ոչ
արիւնը,
ոչ
սրածութիւնը,
ուրիշ
խօսքով
բռնութեան
ոչ
մէկ
գեհենական
արգելքը՝
չի
կրնար
այս
պետութեան
սահմաններուն
մէջ
ապրող
ժողովուրդներուն
իրաւունքը
կասեցնել
իր
յաղթանակէն.
միթէ
աւելի՞
անգութ,
աւելի՞
եղեռնական
միջոցներ
ունի
Սահմանադրութիւնը՝
իրականութիւնը
սպաննելու
կամ
զայն
իր
բնական
ընթացքէն
շեղեցնելու։
Քանի
որ
Նէճիպ
Մէլհամէական
դատաքննութեան
մը
ենթակայ
չենք
գտնուիր,
խօսինք
սահմանադրական
երկրի
մը
հասկնալի
լեզուովը։
Ո՞րն
է
այն
քաղաքակրթական
իրաւունքը՝
որ
պէտք
է
բացառիկ
դիրք
մը
տայ
Թուրք
տարրին,
մասնաւոր
տիրապետութիւնն
ստանձնելու
այս
երկրին
եւ
տիրող
կոչելու
ինքզինք։
Սահմանադրական
վարչութեան
մը
մէջ
ի՞նչ
բարոյական,
տնտեսական,
ցեղագրական
եւ
փիլիսոփայական
հիմք
կարելի
էր
գտնել՝
ապացուցանելու
համար
Թուրք
տարրին
գերիշխանութեան
կամ
տիրապետութեան
իրաւունքը։
Ու
նոյնիսկ
ի՞նչ
օգուտ,
ի՞նչ
քաղաքական
շահ
կարելի
է
ակնկալել
նմանօրինակ
թէօրիէ
մը
չ՚ըսենք
ամբողջ
երկրին,
այլ
մինչեւ
անգամ
Թուք
ազգաբնակութեան
ի
հաշիւ։
Դարձեալ,
ո՞ր
այլացեղ
ու
բազմատարր
պետութեան
մէջ
այդ
էապէս
անարդար
ու
անիրաւ
խաղաքական
դաւանանքը
նպաստաւոր
ու
բարերար
արդիւնք
տուած
է,
Աւստրիո՞յ
թէ
Ռուսիոյ
մէջ։
Այն
բոլոր
գաղափարները,
այն
բոլոր
ձգտումները
ու
դէմ
կ՚երթան
ժամանակի
եւ
քաղաքակրթութեան
ոգիին՝
կը
փշրուին
երկանաքարի
մը
տակ
գացող
ցորենի
հատիկներու
պէս
եւ
ինքնասպանութիւն
կը
գործեն
միայն։
Տիրող
տարրի
տիրապետութեան
ոգին
է
որ
ետ
պահեց
Թուրք
ժողովուրդը
իր
բնակակից
միւս
ժողովուրդներու
յառաջդիմութենէն,
այդ
ձգտումն
էր
որ
բռնութեան
ու
բռնակալութեան
վիշապին
սնունդ
տուաւ,
այդ
տենչն
էր
որ
դժգոհութեամբ,
ատելութեամբ
ու
դժբախտութեամբ
լեցուց
այս
երկիրն
ու
այս
երկրին
պատմութիւնը։
Պէտք
է
վերջ
գտնէ
անիկա
եւ
տեղի
տայ
Ազգերու
ճշմարիտ
հաւասարութեան
եւ
բնակակից
բոլոր
ժողովուրդներու
համաչափ
իրաւունքին
առջեւ։
Մեր
ետեւը
կեցած
է
մեծատարած
երկիր
մը
եւ
բազմամիլիոն
աշխատաւորութիւն
մը՝
որ
շանթահարուած
ու
թշուառութեան
վրեջին
դրան
առջեւ
կանգ
առած
է
նոյն
ինքն
այդ
տիրապետելու
եւ
իշխելու
անարգ
ցանկութեան
հետեւանքով։
Տիրապետութեան
ոգին
էր
որ
ստեղծեց
ծանօթ
բռնակալները,
ոմանք
շնորհազուրկ
եւ
ոմանք
դեռ
ի
պատուի.
այդ
անզգամ
բնազդն
էր
որ
ծնունդ
տուաւ
ժողովուրդի
բոլոր
թշնամիներուն
եւ
հարստահարողներուն՝
վաշխառու,
յելուզակապետ,
պէկ
ու
դեռ
անարգ
շարքը
վտանգաւոր
պորտաբոյծներուն։
Այդ
ոգին
ապականած
է
ամբողջ
ժողովուրդ
մը,
ժողովուրդի
ամբողջ
պատմութիւնը,
պէտք
է
արմատախիլ
ըլլայ
անիկայ,
եւ
ժամանակն
է
այլեւս։
Թուրք
մամուլն
ու
Թուրք
հրապարակագիրները
ամէն
բանէ
առաջ
նպատակ
ունենալու
են
իրենց
հասարակութեան
մտաւորական
ու
հոգեկան
ազատագրութեան
նուիրուելու,
որպէս
զի
կարելի
ըլլայ
իրական
եւ
տեւական
սահմանադրութիւն
մը
պահտանել
այս
երկրին
մէջ։
Եւ
այդ
ազատագրութիւնը
խափանող
առաջին
եւ
մեծագոյն
արգելքը՝
տիրապետութեան
բնազդն
է,
որը
փոխանակ
քեցելու,
ափսո՜ս,
աւելի
խստացնել,
աւելի
ուժեղացնել
կը
ջանան
կարծես,
օրինակի
համար
Թանինի
պէս
թերթերն
անգամ։
Ցնորք
է
կարծել
թէ
բիրտ
ուժով,
սպառնալիքներով
եւ
կամ
օրէնքի
խարդաւանանքով
ու
սեղմումներով
կարելի
պիտի
ըլլայ
ո՛
եւ
է
տարրի
գերիշխանութիւն
տալ
այս
պետութեան
մէջ,
երբ
այդ
տարրը
իր
մտքի
բարձրութեամբ,
իր
արուեստով,
իր
cultureով
ու
իր
ընդունակութիւններով
չունի
բնական
այդ
գերիշխանութիւնը։
Եթէ
իրաւցնէ
թուր
տարրը
օժտուած
է
այդ
յատկութիւններով՝
հարկ
չիկայ
ուրեմն
շեշտելու
եւ
բռնադատելու.
բարեշրջութեան
ու
ընկերային
օրէնքներու
համաձայն,
անիկա
կոչուած
է
միշտ
բռնելու
պետական
կեանքին
մէջ
առաջին
շարքը.
իսկ
եթէ,
ընդհակառակը,
զուրկ
է
նոյն
հատկութիւններէն՝
իրաւունք
չունի
եւ
չի
կրնար
արգիլել
միւս
ժողովուրդները
որ
կանգ
առնեն
իրենց
զարգացման
մէջ,
որ
դադրին
իրենց
առաւելութիւնները
արդիւնաւորելէ,
որ
հարկադրուին
ստրկանքի,
յետամնացութեան
եւ
ստորադասութեան։
Անօգուտ
եւ
անարդար
պահանջ
մըն
է
ասիկա՝
որ
չէ
յաջողած
ոչ
մէկ
երկրի
մէջ
եւ
յաջողութիւն
գտնելու
ոչ
մէկ
շանս
ունի
մանաւանդ
օսմանեան
Պետութեան
մէջ։
Տիրապետութեան
ունայնամիտ
եւ
անիծեալ
ոգին
տեւականապէս
պատճառ
եղած
է
ժողովուրդներու
դարաւոր
ատելութեան
ու
թշնամութեան,
ժողովուրդներու
թշուառութեան
ու
արիւնին,
մշտնջենաւորելով
միմիայն
բռնաւորներ
ու
բռնաւոր
դասակարգերու
գոյութիւնը։
Տիրապետութեան
ամօթալի՜
ձգտումը,
որ
երէկ
բռնապետներու
նախատինքն
էր
եւ
այսօր
ժողովուրդի
մը
իրաւունքն
ու
պատիւը
կը
հռչակուի։
Ուրեմն
ատելութենէ,
քինախնդրութենէ
եւ
եղբայրատեաց
պայքարէ
խոնջ,
պարտասած
խաղաղութեան
կարօտ
դժբախտ
ժողվուրդները
դարձեալ
կը
հրաւիրուին
նոր
կռիւի,
նոր
զոհողութեանց,
իրաւունքի
ու
ազատութեան
նոր
նուաճումներու։
Ո՞ւր
է
այս
բոլորին
իմաստութիւնը։
Ո՛չ,
սահմանադրական
երկրի
մը
մէջ
չիկայ
ոչ
մէկ
գերիշխող
ազգ
եւ
պէտք
չէ
գտնուի,
ինչպէս
ամէն
քաղաքացի
հաւասար
է
օրէնքին
առջեւ,
նոյնը
եւ
առաւելապէս
իւրաքանչիւր
Ազգ
հաւասարազօր
է
բնակակից
ո՛
եւ
է
ուրիշ
ցեղի
մը
հետ,
ոչ
աւելի,
ոչ
ալ
պակաս։
Առանց
այս
սկզբունքներին՝
երկիր
մը
չի
կրնար
ինքզինք
սահմանադրական
դաւանիլ
եւ
խաղաղ
աշխատութեան
նուիրել։
«Ժամանակ»,
1908,
թիւ
16,
Նոյեմբեր
1—14