Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂՈՒԹԻՒՆԸ


Մէկ քանի օր առաջ կը ծանրանայինք հայ գաղթականներու ներգաղթին վրայ, նկատելով զայն մանաւանդ այսօրեայ կենսական եւ անյետաձգելի պահանջներէն մէկը:

Կ՚ուզենք այս անգամ ուրիշ հրաւէր մը ուղղել, ոչ նուազ կարեւոր եւ ոչ նուազ օգտակար՝ մեր հանրային գործերուն եւ յառաջիկայ գործունէութեան տեսակէտէն:

Այդ հրաւէրը կը վերաբերի Եւրոպայի եւ առհասարակ արտասահմանի հայ ուսանողութեան, ո՛չ թէ վերջնապէս ձգելու համալսարանական սեղանները, այլ օգտուելով արձակուրդի ամիսներէն՝ դառնալու երկիր, զայն ուսումնասիրելու եւ ծանօթանալու անոր:

Եթէ երկրի մէջ ապրող մտաւորականութեան համար պահանջ է երեք չորս տարին անգամ մը անցնիլ արտասահման՝ թարմանալու մտաւորականապէս եւ հոգեպէս, նոյն պահանջ է, հակառակէն, տարիներով Եւրոպայի մէջ մնալու հարկադրուած մտաւորականութեան համար՝ մեր երկրի կեանքէն չի օտարանալու եւ անոր հետ հոգեկան կապերը տաք ու կենդաի պահելու տեսակէտէն:

Բայց կայ աւելին: Մեծ ակնկալութիւններ ունինք դրած արտասահմանեան հայ ուսանողներու վրայ՝ մանաւանդ այն նոր շրջանին համար, որ կը բացուի Հայաստանի մէջ:

Լրջօրէն պատրաստուած եւ մասնագիտութեանց տէր մտաւորականներու ծարաւն ունի մեր աշխարհը, ուր գործը շատ, բայց գործաւորը քիչ է, հասուն, հմուտ եւ ձեռնհաս գործաւորը:

Ահա այդ հասունութեան կողմէն է որ ուսանողները, մէկ երկու տարի արտասահման մնալէ եւ տեսական ծանօթութեանց պաշար ամբարելէ ետք, պէտք է խորհէին իրենց արձակուրդի ժամանակը փոխանակ դուրսը վատնելու, նուիրել երկրի ուսումնասիրութեան, տեսնելով իրենց ժողովուրդն ու անոր հասարակական, ընկերային եւ այլ պէտքերը՝ գիտունի աչքով:

Այսպիսի ճամբորդութիւնները ո՛չ միայն կը նպաստեն մեր ուսանողներու տեսակն ծանօթութեանց աւելի եւս հիմնաւորմանն ու խորացմանը, այլ եւ, ինչպէս ըսինք, առիթ կ՚ընծայեն՝ վառ պահելու բարոյական կապը ուսանողութեան եւ հայ ժողովուրդի միջեւ:

Այլապէս, ինչ որ կը պատահի յաճախ, ուսանող սերունդը կտրուած հայ իրականութենէ, անջատուած ժողովուրդէն ու երկրէն, կամաց կամաց կը խորթանայ, կ՚օտարանայ, կը վատասերի, կամ հակառակ պարագային, կը դառնայ չափազանց եսասէր ու անձնահաճ:

Խօսքերնիս հազուագիւտ բացառութիւններու մասին չէ, որոնք եղած են անցեալին մէջ եւ կ՚ըլլան նաեւ ասկէ ետք, ընդդէմ բոլոր աննպաստ պայմաններու եւ ամէն արգելիք, միշտ հանրանուէր եւ գաղափարական: Մենք կը բաղձանք որ բազմանայ այդ բացառութեանց թիւը, դառնայ անիկա տեսակ մը հոսանք: Իսկ այս բանին համար ալ հարկ է ստեղծել միջոցներ:

Այդ միջոցներէն մէկը կը գտնենք մշտական հետաքրքրութիւնը դէպի հայ երկիրն ու հայ ժողովուրդը, ինչ որ կը ստեղծուի արտասահմանեան մեր ուսանողութեան սրտին մէջ եթէ անիկա պահ պահ վերադառնայ երկիր, տեսնելու, ուսումնասիերլու եւ օգտակար դառնալու տենչով:

Եւ հայրենիքի կարօտութիւնը այնքան մեծ է՝ որ ամէն մէկ ուսանող կրնայ միշտ օգտակար բան մը թողուի իրմէ՝ այն կարճ ժամանակամիջոցին մէջ իսկ, որ պիտի անցընէ գաւառական իր նախընտրած վայրին մէջ:

Ահա ինչ որ կը փափաքէինք տեսնել, եւ ջերմապէս:

«Ազատամարտ», 1914, 21 Մայիս-3 Յունիս, թիւ 1517, էջ 2