Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ ԵՒ ԱՆԲՆԱԿԱՆ


Տարօրինակ լուրի մը արձագանք կ՚ըլլային, երէկ, կարգ մը թուրք թերթեր:

Տարօրինակ, եւ մանաւանդ անհաւատալի. որովհետեւ ո՛չ միայն կը հակասէ ուղիղ տրամաբանութեան եւ առողջ հայրենասիրութեան, այլ եւ կը ձգտի վնասել տարրերու մերձեցման, որ այնքան ցանկալի է օրուան վարիչներուն համար:

Համաձայն այդ լուրին որ բարեբաղդաբար քանի մը ձեւով կը պատմուի, այսինքն պարզապէս ասե-կօսէնե րու չափ միայն վաւերականութիւն կը ներկայացնէ ձեռնհաս պաշտօնատունը որոշեր է պիրկ սեղմումներու ենթարկել հայ եւ յոյն պօյ-սքաութի խումբերը, որովհետեւ

1. Անոնք գլխարկ կը գործածեն եղեր.

2. Հայերէն կամ յունարէն հրաման կը տրուի եղեր.

3. Օսմ[անեան] Դրօշի տեղ հայերէն գիրեր պարունակող դրօշներով կը պտտին եղեր…

Ինչպէս կը տեսնէք, անոնք որ այս միամիտ «յայտնութիւնները» հաղորդեր են ձեռնհաս պաշտօնատան, խափանել տալու համար բացարձակապէս անմեղ եւ կազդուրիչ նախաձեռնութիւն մը, որպիսին է պօյ-սքաութներու կազմակերպութիւնը, ապահովաբար շատ տարբերութիւն չունին, օրինակի համար, օսմանեան նոր նամակադրոշմներուն վրայ հայերէն տառեր նշմարող «հայրենասէր»ներէն:

Մեզի համար բոլորովին մութ կը մնան այն հանգամանքները, որոնց հիման վրայ իբր թէ հարկ դատուեր է տրակոնեան տնօրինութիւններ հրամայել պօյ—սքաութներու խումբեր կազմող դպրոցներուն կամ ակումբներուն դէմ: Եւ բնականաբար հետաքրքիր էինք իմանալու թէ՝ այդ գերազանցապէս միջազգային, եւ, եթէ կ՚ուզէք, կամ օսմանցիական կազմակերպութիւնները թող ըլլան նոյն իսկ ոչ-իսլամ ո՞ր առիթներու մէջ յանցապարտ են հանդիսացեր իրապէս անցանկալի արարքներով:

Եթէ Գատըգիւղի Հայ Ոլիմպիական մրցահանդէսին է որ կ՚ակնարկեն ատոր աշխարհ կրնայ վկայել թէ այս հանդէսը իր  էութեամբ եւ արտայայտութեամբ պատիւ կը բերէր օսմանեան հայրենասիրութեան, որովհետեւ այն պատանիները որ իրենց առոյգ ոյժերը կը փորձէին, հայրենիքին վաղուան զինուորներն են: Այնտեղ ոչ մէկ բան կար որ վիրաւորէր ճշմարիտ օսմանցիական զգացումները: Գլխարկը ճիշտ այն էր զոր կը գործածեն աշխարհի բոլոր պօյ-սքաութները: Դրօշը՝ որ կը ծածանէր հանդիսավայրին վրայ ի հարկէ օսմանեան էր: Անշուշտ ձեռնհաս պաշտօնատունը այնքան ալ միամիտ չէ, որ իւրաքանչիւր մարմնամարզական խումբի անունը յայտնող եռանկիւն լաթի կտորները շփոթէ դրօշներու հետ, եւ հարկ դատէ արգիլել զանոնք: Ինչ կը վերաբերի լեզուին, մենք կը կարծենք թէ ձեռնհաս պաշտօնատունը, ներքին թէ կրթական նախարարութիւն, ամէնէն առաջ ինք պիտի վրդովուէր այս մասին առարկող էֆէնտիներուն, եւ պիտի բացատրէր անոնց:

Դուք պարտաւոր էիք գիտնալ թէ՝ իւրաքանչիւր քաղաքացի, իւրաքանչիւր ցեղ ազատ է իր լեզուն գործածելու իր դպրոցներուն, իր ակումբներուն, կեանքի բոլոր արտայայտութիւններուն մէջ: Սահմանադրութեան ամէնէն տարրական մէկ պահանջն է այս, եւ ոչ մէկ վէճ չի վերցներ: Մարմնամարզական ակումբներն ալ բնականաբար ունին այդ իրաւունքը, եւ այս մասին խօսիլ՝ առ նուազն տգիտութիւն է: Պօյ-սքաութ ի խումբերը բանակ չեն, ո՛չ ալ պաշտօնական-պետական հաստատութիւններ: Մի՛ պղտորէք մատաղ սերունդին միտքն ալ…

Կրկնենք անգամ մըն ալ այս բոլոր նկատումները կը մղեն մեզ հաւատք չընծայելու յիշուած զրոյցներուն, որոնք կոչուած են պարզապէս անախորժ տպաւորութիւն մը ձգելու, միեւնոյն ատեն գործելով անդարմանելի չարիք մը. —վհատեցնել եւ ջլատել այն բոլոր երիտասարդական կամ պատանեկական կազմակերպութիւնները, որոնք գնահատելի խանդավառութեամբ մը փարած մարմնամարզական վարժութիւններուն, կը ճգին նոր սերունդ մը կազմել նոյնիսկ հայրենիքի օգտին համար. սերունդ մը ՝ առողջ մարմով, առողջ մտքով ու զգացումներով:

Շարժում մըն է այս որ ո՛չ ցեղի հետ կապ ունի, ոչ կրօնի. եւ կը կարօտի ո՛չ միայն բոլոր ձեռնհաս պաշտօնատուններու ջերմ գնահատման , այլեւ, եթէ կ՚ուզէք, անոնց օժանդակութեան:

Ո՛չ, մենք չենք հաւատար հրատարակուած լուրերուն, որովհետեւ, ո՛չ հիմնաւոր են, ոչ ալ տրամաբանական:

 

«Ազատամարտ», 1914, 26 Յունիս-9 Յուլիս, թիւ 1548, էջ 2