ՕՐԵՆՔՆ
Ի՞ՆՉ
ԲԱՆԻ
ԿԸ
ԾԱՌԱՅԷ
ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ
ԳՏՆԵԼՈՒ,
ԹԷ
ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ
ԾԱԾԿԵԼՈՒ
Էվգաֆի
նախարարութիւնը
գրաւել
կ՚աշխատի,
եւ
արդէն
իսկ
գրաւել
սկսած
է
Հայոց
վանապատկան
մէկ
սեփականութիւնը,
—
Եէտի
Գուլէի
ագարակը:
Ինչո՞ւ:
Բայց
օրէնք
չի
կա՞յ
միթէ
այս
երկրին
մէջ,
կը
հարցնէ
Հայոց
Պատրիարաքարանը,
որ
փոխանորդէ
հայ
ժողովուրդին:
Այո՛,
օրէնք
կայ
եւ
ճիշտ
այդ
օրէնքին
համար
է
որ
Եէտի
Գուլէի
ագարակը
մահլիւլ
է,
ուստի,
ըստ
օրինի՞
պիտի
գրաւուի:
Մահլի՞ւլ
է.
բայց,
Տէ՜ր
Աստուած,
ե՞րբ
մեռաւ
հայ
ազգը
Թուրքիոյ
մէջ,
որպէս
զի
իր
մէկ
սեփականութիւնն
ալ
անտէր,
անժառանգ
մնար,
եւ
հետեւաբար
անցնէր
պետութեան
հաշւոյն…
Իրաւ
որ
երբեմն
անհաս,
անըմբռնելի
եւ
անմեկնելի
է
Օրէնքը
այս
երկրին
մէջ:
Ամբողջ
աշխարհք
գիտէ
որ
Եէտի
Գուլէի
այդ
ագարակը՝
կը
պատկանի
Երուսաղէմի
Հայոց
վանքին,
եւ
ուրեմն
ազգապատկան
սեփականութիւն
է:
Այս
բանը
գիտէ,
եւ
առանց
ամենափոքր
տարակոյսի,
կառավարութիւնը
ինքն
ալ:
Իսկ
կառավարութիւնը
օրէնքին
գործադրողն
է:
Այո՛,
օրէնքին
գործադրողները
գիտեն
ճշմարտութիւնը,
բայց
Օրէնքը
ի՛նք
չի
գիտեր,
կ՚ըսուի
դարձեալ.
—
օրինական
թերութիւնները
գործուած
են,
օրինական
զանցառութիւններ
կան,
օրինական
պակասը
պակաս
է
վերջապէս:
Ի՜նչ…
ուրեմն
գիրը
աւելի
կարժէ
քան
մարդոց
գիտակցութիւնը,
թուղթը
կտոր
մը
աւելի
բարձր
է
քան
ճշմարտութիւնը
ինք,
որ
նոյնքան
պայծառ
է,
ներկայ
առիթով,
քան
արեւուն
լոյսը
եւ
որ
իրեն
վկայ
ունի
ամբողջ
հասարակութիւն
մը
եւ
նոյնինքն
օրէնքին
գործադրութեան
հսկող
պաշտօնեանելուն
խղճմտանքը…:
Ահա
ինչ
որ
չենք
հասկնար
եւ
անկարելի
է
որ
հասկնանք
մարդկօրէն:
Երէկ
մենք
ապացուցինք
նոյն
իսկ
օրինական
պատճառաբանութեամբ՝
թէ
Էվգաֆի
նախարարութիւնը
իրաւունք
չունի
գրառման
ենթարկելու
Եէտի
Գուլէի
ագարակը:
Բայց,
մենք
վայրկեան
մը
կ՚ենթադրենք
թէ՝
Օրէնքին
տառական
տրամադրութիւնը
կրնայ
թոյլ
տալ
կառավարութեան,
չքմեղելու
այդպիսին
գրաւման
մը
փորձը:
Մեզի
համար,
հետաքրքրականը
ո՛չ
թէ
Օրէնքին
այս
կամ
այն
տրամադրութիւնը,
այս
կամ
այն
տառական
պայմանն
է,
—
այլ՝
Օրէնքին
փիլիսոփայութիւնը,
Օրէնքին
գոյութեան
իրաւունքը:
Օրէնքները
գրի
առնուած
են՝
արդարութեան
յայտնագործումին
նպաստելու
թէ՝
այդ
յայտնագործումը
խաւարեցնելու,
ծածկելու
եւ
ի
հարկե
խափանելու:
Մէկ
խօսքով,
Օրէ՞նքը
պարտաւոր
է
ճշմարտութեան
ծառայելու,
թէ՛
ճշմարտութիւնը
Օրէնքին:
Ա՛ս
է
որ
կ՚ուզէինք
հասկնայ
Թուրքիոյ
սահմանադրական
կառավարութենէն:
Որովհետեւ,
եթէ
Օրէնքը
ամէն
ինչ
է
եւ
ճշմարտութիւնը
ոչինչ.
եթէ
օրէնքին
գոյութեան
պաշտօնն
է
ինքնիրեն
ծառայել
եւ
ո՛չ
թէ
ճշմարտութեան,
իրաւը
սուտ
հռչակել,
իրաւացին՝
անիրաւ,
այն
ատեն
ըսելիք
չունինը.
—
Եէտի—Գուլէի
ագարակն
ալ
Էվգաֆին,
Երուսաղէմի
վանքն
ալ
եւ
Հայոց
բոլոր
ազգապատկան
սեփականութիւններն
ալ:
Իսկ
եթէ
այդպէս
չէ,
Էֆէնտին՛ներ,
եթէ
Օրէնքը
գոյութիւն
ունեցած
է
անհատական
թէ
հանրային
իրաւունքներն
հաստատելու
եւ
ապահովելու,
—
ի՞նչպէս
թոյլ
կուտաք
ձեզի
ուրմեն՝
ամբողջ
ազգի
մը
անկասկածելի,
անտարակուսելի,
բացարձակ
մէկ
սեփականութիւնը
գրաւելու
ելլել՝
յանուն
օրինական
սոփեստութեանց,
յանուն
օրինական
ծամածռութեանց,
որոցմով
ո՛չ
թէ
միայն
Եէտի—Գուլէի
մը
ագարակը,
այլ
կարելի
է
միշտ
աշխարհ
մըն
ալ
նուաճել՝
եթէ
պէտք
ըլլայ:
Կառավարութիւնը
քաղաքացիներէն
կը
պահանջէ
յարգել
մէկ
մէկու
ինչքը,
սեփականութիւնը
եւ
իրաւունքը:
Եւ,
տարօրինա՜կ
բան,
այդ
միեւնոյն
կառավարութեան
է
որ
այսօր
ստիպուած
ենք
մենք
ալ
ըսելու.
Յարգէ՝
հայ
ազգին
իրաւունքը:
«Ազատամարտ»,
1914,
8/21
Մայիս,
թիւ
1506,
էջ
2