Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԿՈՒ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎՆԵՐ


Խորհրդարանի վերջին նիստերէն մէկուն մէջ կազմուած է Յանձնաժողով մը, 30 հոգիէ բաղկացած, որուն պարտականութիւնն է Սահմանադրութեան վերաքննութիւնը։

Ինչպէս կը տեսնուի, այս Յանձնաժողովը Խորհրդարանի բացումէն մինչեւ հիմա կազմուած Յանձնաժողովներուն մէջ ամէնէն ծանրակշիռը եւ ամէնէն պատասխանատուն է, իր կոչումովն ու իր կատարելիք գործին փափկութեան տեսակէտով։

Սահմանադրութեան վերաքննութիւնը անխուսափելի եւ հարկադրական էր՝ նոյն իսկ առաջին օրէն, նոյն իսկ անոր հրատարակութենէն առաջ, որովհետեւ անոր ինչ ինչ տրամադրութիւններն ու յօդուածները աւելորդ, բարեփոխելի եւ մինչեւ անգամ երկրին իրականութեան անհամապատասխան, վտանգաւոր ու վնասակար էին։

Այս բարեփոխութեան հարցը դրուեցաւ նաեւ Բարիզի Հայ—Թրքական վերջին Քօնկրէին մէջ, ուր խնդրոյ առարկայ եղող հարցերու մասին կարելի չըլլալով համաձայնութեան միջին եզրեր գտնել, հարկ տեսնուեցաւ սկզբունքային խնդիրները դուրս ձգել համերաշխութեան շրջանակէն, զայն սահմանաբակելով մի միայն գործօն աշխատութեան մէջ, որպէս զի նախ բոլոր ուժերը գործէին ընդդէմ բռնակալութեան եւ յաջողցնէին անոր տապալումը։ Յեղափոխական բոլոր ուժերը՝ բռնակալ ուժին դէմ. la guerre de fous contre tous, ինչպէս կ՚ըսէ ֆրանսական բացատրութիւնը։

Նախ պէտք էր ստեղծել սահմանադրական րէժիմը ու սահմանադրական կեանքը, որմէ ետք դիւրին պիտի ըլլար երկրի ժողովուրդին՝ իր ճակատագրին տէրը դառնալ եւ անոր ուղղութիւն տալ՝ այն ձեւով, ինչպէս կը բաղձար, ինչպէս որ անհրաժեշտ էր։

Եւ յեղափոխական Կուսակցութիւնները սխալած չէին իրենց քաղաքական հեռատեսութեան եւ թախթիքին մէջ։

Իրողութիւնները եկան հաստատելու եւ դրապէս գնահատելու իրենց մտածման լրջութիւնը։

Ահա ճշմարիտ ժամանակը՝ ուր կարելի է հանդարտօրէն եւ բազմակողմանի եղանակով բովանդակ երկրին քննութեան ու դատողութեանը յանձնել Սահմանադրութեան այդ վերաքննութիւնը, լայնցնելու համար զայն ժողովրդապետական ոգիով եւ ընդարձակելու համար ժողովրդական իրաւունքներու սահմանը։

Եւ Խորհրդարանը տուաւ այդ միակ կենսական կարեւորութիւն ունեցող որոշումը, կազմելով վերաքննիչ Յանձնաժողով մը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ մէկիկ մէկիկ կշիռքի ենթարկել 30 տարի առաջ թարգմանուած եւ հարեւանցիօրէն մեր կեանքին յարմարցուած Սահմանադրութիւնը, ճշդել բարեփոխելի կէտերը եւ Խորհրդարանի վիճաբանութեանց ու վաւերացմանը յանձնել իր կողմէ յարմար նկատուած նոր ձեւակերպութիւնը։

Ամէնէն էական ու հիմնական աշխատանքն է ուրեմն որ պիտի կատարէ այդ Յանձնախումբը եւ այժմէն իսկ դժուար չէ գուշակել թէ իր ներկայացուցած բարեփոխութիւնները՝ առանց վէճի եւ գրեթէ առանց նոր փոփոխութեանց՝ պիտի ընդունուին երեսփոխանական մեծամասնութեան հետեւակ հոգեբանութիւնը, «գապո՜ւլ, գապո՜ւլ» հեղգ ու ամբոխային ենթակայականութեամբ մը արձակած հաւանութեան աղաղակները եւ սեփական դատողութենէ, անհատական քննադատութենէ իսպառ զուրկ տրամադրութիւնը։

Հետեւաբար հասկանալի է թէ ի՜նչ մեծ ու աններելի զանցառութիւն մը գործած է Խորհրդարանը՝ այդ 30 հոգինոց Յանձնախումբը կազմելով բացառապէս թուրքերէ եւ հաւանաբար Իթթիհատի մարդոցմէ, ոչ իսկ Պուլկար, ոչ իսկ Յոյն, ոչ իսկ երկրին այլ եւ այլ ազգութեանց մէջ պատկառելի ուժ ներկայացնող կուսակցութիւններէն ներկայացուցիչներ առնելու անոր մէջ, եթէ Պապիկեան էֆէնտին ծաղիկ մը չի սեպենք ո՛չ թէ պատահաբար, այլ վարպետ դիւանագիտութեամբմը առնուած միատեսակ ու զօրաւոր հոտով փունջի մը մէջ՝ իբրեւ այլազանութիւն ու պէսպիսութիւն ! Պապիկեան էֆէնտիին հալ ըլլալու հանգամանքը երբեք առաւելութիւն մը չի տար իրեն՝ անպատճառ այս երկրին որոշ եւ կարեւորութեամբ ոչ—երկրորդական Ազգի մը՝ Հայ ժողովուրդին իսկական պահանջներուն եւ ձգտումներուն արտայայտիչն ըլլալու։

Սահմանադրութեան վերաքննութիւնը պէտք է համաձայն ըլլայ երկրին բոլոր տարրերուն եւ այդ տարրերուն մէջ գործող բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններուն հայեացքին. ուրիշ խօսքով այդ վերաքննութիւնը առաւել կամ նուազ չափով պէտք է գոհ թողու պետութեան բոլոր ժողովուրդները։ Եւ այս այսպէս եղած ըլլալու համար, հարկ էր որ յանձնաժողովը անոր համաձայն բազմութիւն ունենար՝ որպէս զի ամփոփէր իր մէջ ամէն ազգ, մանաւանդ ամէն փոքրամասնութիւն եւ քաղաքական ամէն գլխաւոր ուղղութիւն։

Այժմեան կազմուած յանձնաժողովըմիակողմանի է, հետեւաբար իր գործն ու գործին արդիւնքն ալ պիտի ըլլայ միակողմանի, թերի եւ անգոհացուցիչ։

Այսպիսի փափուկ ու կենսական խնդիրներու մէջ Թուրք մեծամասնութեան բռնած ճշդիչ եւ անիրաւ ընթացքը չարդարանար, որովհետեւ էապէս բռնութիւն է եւ բռնաւոր քաղաքականութիւն։

Սահմանադրութեան վերաքննութիւնը ո՜չ երկրորդական, ոչ ալ երրորդական խնդիր մըն է՝ որուն համար քիչ մը բարեացակամ, քիչ մը ներողամիտ եւ կամ քիչ մը վեհանձն ուզէին ըլլալ երկրին ոչ—Թուրք երեսփոխանները. այդ վերաքննութիւնը ծանրապէս կը շօշափէ այլեւայլ ազգութեանց, առաւելապէս փոքրամասնութեանց կենսական շահերն ու իրաւունքները, որոնց դէմ ոչ կրնան լռել, ոչ ալ անարգ հանդիսատեսներ մնալ անոնք։

Վերաքննիչ Յանձնաժողովը պէտք է համեմատական չափով իր մէջ ներկայացնէ պետութեան բոլոր ազգութիւնները եւ անոնց քաղաքական հոսանքները. այս պահանջը արդար է, ստիպողական եւ բուռն։

Այս պահանջին համար եթէ ոտք չի կոխեն անիրաւուած երեսփոխանները եւ եթէ Խորհրդարանը գոհացու չի տայ անոնց, կատարուած պիտի ըլլար դժնդակ սխալ մը, որուն բարդ հետեւանցները այժմէն վճռել դժուար ըլլայ թերեւս։

* * *

Միւս Յանձնաժողովը՝ գործադիր իշխանութեան, այսինքն Նախարարական Խուրհուրդին նշանակածն է, այն որ՝ հայկական գաւառները պիտի երթայ կացութիւնը վերստուգելու եւ զայն տեղեկագրելու կեդրոնին։

Նոյնքան փափուկ ու նոյնքան կարեւոր Յանձնաժողով մը, որովհետեւ անոր պաշտօնն ու յանձնուած պարտականութեան իսկութիւնը կապուած է հայկական վաղնջական խնդիրին հետ, այսինքն հայ ժողովուրդին քաղաքական ու տնտեսական հարստահարութեան, տառապանքին հետ։ Նոր բան մը չէ ուրեմն այս Յանձնաժողովին պաշտօնական բնաւորութիւնն ու առաքելութեան նպատակը, այնքան հին է՝ որքան պատմական Հայաստանի հայութեան կրած զրկանքները, անիրաւութիւնները՝ կառավարական անարգ պաշտօնէութեանց, աւազակներու, տեղական բռնաւորներու եւ բազմատեսակ կեղեքիչներու կողմէ քանի քանի անգամ առաջարկ եղած է 1878էն սկսեալ նման յանձնաժողովներու քանի քանի անգամ կառավարութիւնը խաբած խաբխբած է ժողովուրդն ու օտար պետութեանց ներկայացուցիչները՝ կա՛մ ձգձգելով լուրջ քննութեանց որոշումը, կա՛մ այնպիսի Յանձնախումբեր ճամբայ հանելով՝ որոնք գացած են ո՛չ թէ երկրին մէջ արդարութիւն ու բարեկարգութիւն ստեղծելու, այլ… պարզապէս ջարդ կազմակերպելու, ժողովուրդի մը վրայ ուրիշ ժողովուրդ մը նետալու, լեռնային հրոսախմբեր իջեցնելու խաղաղ ու արդիւնագործ քաղաքներուն ու գիւղերուն վրայ՝ իբրեւ երկնային պատուհաս ու եղեռն։ Այդ յանձնաժողովներէն վերջինն ու մշտնջենապէս եղեռնապիղծը՝ Շաքիր փաշա ըսուած ճանավարին եւ իր գործակիցներունն էր, որոնց բեկորները դեռ ողջ են եւ ի պատուի։

Դեռ ո՜ղջ. բայց այս քիչ է. Տանիշ պէյը, մէկն այդ ստրուկներէն, ահա երկրորդ անգամ եւ ան ալ սահմանադրական նախարարութեան մը կողմէ նշանակուեցաւ դարձեալ նոյն պաշտօնին եւ նոյն վայրերուն՝ հայկական գաւառներուն համար։

Բայց բուռն բողոքը գամեց զինքը իր տեղը եւ չի թողուց որ նորէն իր անիծեալ ոտքը դնէ արիւնաշաղախ գետնին վրայ։

Բայց հարցը հոս՝ ո՛չ այդ բողոքին եւ ոչ ալ անոր արդիւնաւորման մասին է. էականը ան չէ որ Քեամիլ փաշան իրաւախոհութեան եկաւ եւ Տանիշին անուանումը ետ քաշեց։ Էականը ա՜ն է որ նախարարութիւնը այս խնդիրին մէջ կէտ առ կէտ կը հետեւի նախորդ րէժիմի քաղաքականութեանը։ Էականը ա՛ն է որ ուզեց հայ ժողովուրդին անէծքին առարկայ եղող գարշելի անձնաւորութիւն մը դարձեալ անուանել իբրեւ նախագահ ու ղեկավար ծանօթ Յանձնաժողովին։

Բացէ ի բաց կեղծաւոր ու երդիմի նպատակ մը կը նշմարուի՝ այս յանձնաժողովը կազմելու մասին նախարարութեան մտադրութեանը մէջ։

Այսօր Տանիշ մը, աւելի առջի օր չեմ գիտեր ի՜նչ կասկածելի անձնաւորութիւն մը, վաղը ուրիշ մութ մարդիկ, սադրանճ մը՝ որուն քարերը ամէնքն ալ կեղտոտ են վերջապէս։

  Նախարարութիւնը քանի՞ ամիսէ է որ այս յանձնաժողովի թելը կը մանէ։ Մինչեւ հիմա իր կատարած այլ եւ այլ քննադատելի ընտրութիւններովը մէկ բան մը հաստատեց, այն թէ՝ իր ներքին միտումն է անպատճառ չարափոխել հայկական գաւառներու իրականութիւնը, քօղարկել զայն, ճշմարտութեան գոյնովը երեւան չբերել, ինչ որ ուրիշ բացատրութեամբ ըսել է՝ պաշտան կանգնիլ հարստահարիչներուն եւ կաշառակեր, լիրբ ու բռնաւոր պաշտօնեաներուն, ուրանալ? Հայ ժողովուրդի քաղաքական անապահովութիւնն ու վատթար վիճակը ստանալ մինչեւ հիմա կատարուած գոյքի եւ ստացուածքներու բռնապետութեանց փաստերը եւ արդար հատուցման անհրաժեշտութիւնը եւ այսպէս հերքել ինչ որ գոյութիւն ունի, ինչ որ ճշմարտութիւն է, ինչ որ դարմանի կարօտ։

Եըլտըղը ասկէ տարբեր ընթացք մը չունէր սակայն ասկէ առաջ, եթէ հրապարակային ու հաւաքական ոճիրները մէկ կողմ առնենք։

Ի՞նչ է սահմանադրական կառավարութեան այս անարդարանալի վարմունքը. ի՞նչ է այս խաղերուն յետին նպատակը։ Ինչո՞ւ այն տեսակ յանձնաժողով մը պաշտօնի չի կոչուիր, որուն անդամները վեր ըլլան ամէն քննադատութենէ, զերծ՝ արատաւոր ամէն անցեալէ, արդարակորով, անաչառ եւ ճշմարտասէր նկարագրով։ Ինչո՞ւ Քեամիլ փաշայի դահլիճը ամէն անգամ որ յանձնաժողովին կազմութիւնը կը ծանուցանէ՝ միմիայն մէկ երկու անդամին անունները լրագրութեան կը յանձնէ եւ միւս անունները կը պահէ։ Հասկնալի է թէ ասով ի՛նչ ըսել կ՚ուզէ։ Կ’ուզէ քննադատութիւններն ու գիտողութիւնները կեդրոնացնել մէկ երկուքին վրայ, որպէս զի եթէ ակամայ զանոնք փոխել հարկ ըլլայ, մնացածները անձեռնմխելի մնան. այսինքն կառավարութեան հայեցողութեամբը նշանակուած եւ անոր դիտաւորութիւններուն համապատասխան մարդիկ։

Բայց այս բոլորը խաբէութիւն է, որուն արդիւնքը նոյնպէս բարի չէ եւ չի կրնար ըլլալ. փաստ։

Անցեա՛լը

Ե՞տ կը դառնանք արդեօք։

«Ժամանակ», 1909, թիւ 77, Հինգշաբթի, 15—28 Յունուար