Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱԶԳԱՅԻՆ ՀՐԱԲՈՒԽԸ


Աւստրիոյ գահաժառանգին եղերական մահը դարձեա՛լ մէջտեղ դրաւ, իբրեւ ընթացիկ հարց, աւստրիական պետութեան ըլլալու եւ չըլլալու վէճը, վէճ՝ որ կը յարուցուի յաճախ համաշխարհային լրագրութեան մէջ:

Կը խօսուի Ֆրանց—Եօզէֆ կայսեր ծերութեան ու մերձաըոր մահուան վրայ, եւ ահա հրապարակ կուգոյ ամբողջ կայսսրութեան ճակատագրի խնդիրը:

Կը մեռնի գահաժառանգ մը, եւ ահա միշտ նոյն անխուսափելի, միշտ նոյն յամառ հարցումը:

Ինչքա՜ն խախուտ ըլլալու են արդարեւ պետութեան մը հիմերը, որպէս զի անոնց ամրութիւնը կապուած ըլլայ մէկ կամ մէկ բանի անհատներու անձին հետ:

Բայց ի՛նչ է էապէս Աւստրիական Պետութեան այս տկարութեան պատճառը, որ ինչքան ալ չափազացուած ըլլայ, բայց եւ այնպէս որոշ չափով, եւ ըսենք շատ խոշոր չափով, ճշմմարտութիւն կը պարունակէ իր մէջ:

Աստրիոյ տկարութիւնը, նոյնքին Ազգային հարցին մէջ է: Աւստրիական Պետութիւն ըսել կը նշանակէ հասկնալ ազգերու բաբելոն մը, տարբեր՝ ցեղով, տարբեր՝ լեզուով, տարբեր՝ քաղաքական իրաւունքներով, կապուած մէկմէկու պետականօրէն՝ ո՛չ յօժար կամքով, այլ արուեստականօրէն, ակամայ, բռնօրէն:

Մեծամասնութիւնը, վերէն վար, կը ճնշէ անիմջապէս իրմէ ետք եկող փոքրամասնութիւնը. Մաճառները կը գանգատին Գերմաններուն դէմ. սլաւոնական ազգերը կը բողոքեն Մաճառներու դէմ. իսկ սլաւոնական ազգերէն ալ իւրաքանչիւր փոքրամասնութիւն կ՚աղաղակէս իրմէ գերակշիռ մեծամասնութեան դէմ, որ իր կարգին կը յափշատակէ նուազ զօրաւորին ազգային իրաւունքները:

Ահա այն հակասութիւնը՝ որ կը բացատրէ միեւնոյն ատեն աւստրիական կայսրութեան թէ՝ գոյութեան, թէ՛ տկարութեան էութիւնը:

Այս հակասութիւն է որ արգելք կ՚ըլլայ ներքին ընդհանուր յեղափոխութեան մը բռնկումին, մեղմացնելով հոգեւարք պետութեան ջղաձգութիւնները Եւ այդ հակասութիւնն է դարձեալ, որ ուշ կամ կանուխ, պիտի լուծմէ, տարրալուծէ պետութիւնը՝ իրականցնելով այն, ինչ որ անխուսափելի է:

Հարկաւ ներքին հակասութենէն դուրս՝ կան եւ արտաքին պատճառներ, որոնք կը նպաստեն, նոյնպէս, թուլացնելու ազգային յեղափոխութեան մը փոթորկումը Աւստրիոյ ծոցին մէջ: Սակայն, իրողութիւնն ա՛յն է որ կայսրութիւնը չի կրցաւ գոհացում տալ Ազգութեանց Խնդիրին, ինչպէս կը պահանջէր նոյն ժամանակներու եւ պետական գաղափարին արդի ըմբռնումը:

Աւստրիան կրնայ ապրիլ կա՛մ իբրեւ Դաշնակցական պետութիւն, կա՛մ կը քայքայուի: Երկու ճամբայ չկայ: Արդի դարուն մէջ Ազգութեանց Խնդիրը չի լուծուիր սուինի ծայրերով կամ թնդանօթի բերաններով: Ազգային գաղափարը ո՛չ թէ կը տկարանայ, այլ երթալով կը շեշտուի, կը խորանայ ու կը սաստկանայ՝ նոյնիսկ մշակութապէս յետամնաց ժողովուրդերու, կիսակիրթ ցեղերու մէջ:

Իւրաքանչիւր ազգ կ՚ուզէ տէր դառնալ, ամբողջապէս եւ կատարեալ կերպով, իր քաղաքական, իր քաղաքակրթական, իր ընկերային եւ իր տնտեսական իրաւունքներուն:

Վա՜յ այն պետութեան որ չըմբռներ այս ճշմարտութիւնը:

«Ազատամարտ», 1914, 20 Յունիս-3 Յուլիս, թիւ 1543, էջ 2