«ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ
ԱՆԳԼԻԱ»
Անգլիա
կ՚երթայ
դէպի
դաշնակցական
պետութիւն:
Եւ
երբեք
անսպասելի
բան
մը
չէ
այս
մանաւանդ
այն
երկրին
համար,
որուն
ժողովուրդը
քաղաքական
խնդիրներու
մէջ
ունի
ամէնէն
աւելի
հասունութիւն,
եւ
որուն
պետական
վարիչները,
իրենց
հեռատեսութեամբ,
պիտի
մնամ
միշտ
օրինակելի՝
ամբողջ
աշխարհի
համար:
Արտասահմանեան
մամուլը
հաղորդեց
արդէն
թէ՝
Անգլիոյ
մէջ
կազմուած
է
փարլամէնթական
կուսակցութիւն
մը,
որունւ
նպատակն
է
ձգտիլ
դաշնակցական
պետութեա
մը
իրագործումին.
—
ուրիշ
խօսքով,
ստեղծել
բոլորովին
անկախ
ու
ինքնավար
Իրլանտա
մը,
Սկովտիտ
մը
եւ
ապա
զանոնք
կապելով
Անգլիոյ
հետ՝
վերածել
Դաշնակցական
Պետութեան:
Բոլոր
այլատարր
պետութեաց
անխուսափելի,
ճակատագրական
դուռն
է
այս:
Այդ
դռնէն
պիտի
անցնին
անոնք
ամնէնքն
ալ՝
ուշ
կամ
կանուխ:
Ազգային
գաղափարը
որ
երթալով
կը
շեշտուի
ժողովուրենրու
մէջ.
ինքնավարութեան
ու
անկախութեան
զգացումը՝
որ
կը
համակէ
բոլոր
ազգերը,
ամենափոքրերէն
մինչեւ
ամենատկարները,
ամենալուսաւորներէն
մինչեւ
կիսակիրթները.
Ընկերային
գիտութեանց
այն
բացարձակ
վճիռը՝
որուն
համաձայն
նոր
ժամանակներու
մէջ
այլեւս
ոչ
մէկ
ազգ
կրնայ
բռնի
ոչնչանալ
կամ
չքանալ.
—
լծակներ
են՝
որ
մղեն
Դաշնակցական
Պետութեան
գաղափարը
դէպի
առաջ,
եւ
պայծառօրէն
ցոյց
կուտան
այն
ճամբան՝
ուրկէ
պիտի
անցնին
մանաւանդ
այլատարր
պետութիւնները,
եւ
ուր
պիտի
յանգին—
ոչ
մէկ
տարակոյս—
բոլոր
ազգերը՝
միանալու
համար
օր
մը
տիեզերական
Դաշնակցութեան
մէջ:
Թողունք
այլատարր
պետութիւնները՝
որոնց
մէջ
զանազան
ազգութիւնները,
իբրեւ
ուրոն
միութիւններ,
տեւական
հակամարտութեան
մէջ
են՝
իրենց
ընկերային,
հոգեկան
եւ
տնտեսական
պայմաններու
զանազանկերպութեամբ.
առնենք
միատարր
պետութիւնները՝
ուր
կը
թուի
թէ
գոյութիւն
պէտք
չէ
որ
ունենայ
այդ
հակամարտութիւնը:
Ահա
համեմատաբար
միատարր
Ֆրանսան:
Կեդրոնացեալ
Ֆրանսայ
դէմ
կը
բարձրաձայն
այսօր
ապակեդրոնացման
Ֆրանսիան:
Ֆրանսական
նահանգները
կը
պահանջեն
իրենց
տեղական
ինքնավարութիւնը,
կը
պահանջեն
գործելու,
շարժելու
եւ
տնօրինելու
աւելի
ազատութիւն:
Այս
պահանջը
արուեստական,
մակերեսային
կամ
պատահական
բան
մը
չէ:
Տեղական
շահերը
այնքան
հակընդդէմ
են
յաճախ,
եւ
միւս
կողմէն՝
ժողովուրդներու
հոգեբանութեան
մէջ
հետզհետէ
այնքան
աւելլի
կ՚աճի
մասերու
իսկ
անկախ
ինքնավարութեան
զգացումը,
որ
միատարր
ազգութիւններն
իսկ
հարկադրուած
են
հրաժարիլ
կեդրոնացեալ
պետութեան
սիստէմէմ
եւ
երթայ
դէպի
ապակեդրոնացում:
Նոր
դարու
ընկերային
զարգացման
ռիթմը
ա՛յս
է:
Պետական
վարիչներուն
ուրիշ
բան
չի
մնար
ուրեմն,
եթէ
ոչ՝
ըմբռնել
այս
ճշմարտութիւնը
եւ
հաշուի
առնել
զայն:
Քաղաքական
իմաստութիւնը
ասոր
մէջ
է
ահա:
Անգլիոյ
պետական
գործիչները
այդ
իմաստութեան
ապացոյցն
է
որ
կուտան:
Փոխանակա
խարխափելու,
կ՚ուղղոուին
դէպի
վաճառական
ելակէտը:
Եւ
ասով
կը
դիւրացնեն
իրենց
երկրին
պատմական
զարգացումը,
առաջքն
առնելով
տագնապներուն,
ներքին
ցնցումներուն
եւ
աղէտներուն:
Տարակոյս
կա՞յ
որ
այդ
ճամբուն
պիտի
մտնեն,
բռնադատօրէն,
կանուխ
կամ
ուշ,
ե՛ւ
Աւստրիան,
ե՛ւ
Ռուսաստանը,
եւ՛
Թուրքիան:
Դաշնակցական
պետութեան
գաղափարը
մօտ
ժամանակի
մէջ
կոչուած
է
դառնալու
ընդհանուր
նշանաբան՝
այդ
երեք
երկիրներուն
մէջ
ալ:
Դեռ
երկու
տարի
առաջ
յանցանք
եւ
նոյն
իսկ
տեսակ
մը
պետական
դաւաճանութիւն
կը
համարուէր
այս
երկրին
մէջ:
Ապակեդրոնացման
խօսքը:
Մտքերը
տարօրինակ
եւ
անըմբռնելի
նախապաշարումով
զինուած
էին
այն
սիստեմին
դէմ,
որ
ներկայիս
կ՚ընդունուի
իբրեւ
փրկութեան
խարիսխ:
Տեսէ՛ք
այսօրուայ
իրականութիւնը,
տեսէք
թէ
պատմութիւնը
ի՞նչպէս
առաջ
կը
խաղայ՝
հարթելով
ուղին,
քանդելով
թումբերը,
եւ
ընելով
այն՝
ինչ
որ
չընել
անկարելի
է:
Ընդհակառա՛կը,
արտասանեցէ՛ք
այս
րոպէիս՝
Թուրքիոյ
դաշնակցական
պետութեան
խօսքը,
պաշտպանեցէ՛ք
այդ
գաղափարը,
ըսելով
որ
վաղուան
միակն
անխուսափելին
է
ան,
—
ու
պիտի
գտնէք
ձեր
դէմ
միեւնոյն
սպասազէն
նախապաշարումը,
միեւնոյն
կարճատես
սրտմտութիւնը:
Բայց
յամենալ
բայց
երբեք
մեռնիլ.
թէ,
կը
կորսնցնէ
այն
երկիւղը՝
որ
դժուարացնելով
պատմական
երկունքները,
կը
կրէ
անոնց
տագնապին
հետեւանքները
ի՛նք:
Ահա
ասոր
համար
է
որ՝
կ՚ուզենք
ցոյց
տալ
գործիչները,
կրկնելով.
—օրինակ
առէք
անոնցմէ
եւ
գիտցէք
դիմաւորել
անխուսափելին,
փոխանակ
աքացելու
զայն:
Պետական
իմաստութիւնը՝
հեռուն
տեսնելուն
մէջ
է
եւ
լաւ
տեսնելուն:
«Ազատամարտ»,
1914,
4/17
Մայիս,
թիւ
1503,
էջ
2