Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴՈՒՐՍԷՆ ԴԷՊԻ ՆԵՐՍ, ՆԵՐՍԷՆ ԴԷՊԻ ԴՈՒՐՍ


Այս տարուայ հաճելի եւ միանգամայն գոհունակութեան արժանի նորութիւնը՝ այն շարժումն էր որ տեսնուեցաւ մայրաքաղաքի մտաւորականութեան մէկ մասին մէջ, մեկնելու դէպի հայկական գաւառները, դէպի Հայաստան՝ տեսնելու, ճանչնալու, ուսումնասիրելու նպատակով:

Վստահ ենք որ այս գեղեցիկ եւ օգտակար շարժումը քանի՜ երթայ այնքան աւելի պիտի ընդլայնի, եւ գալ տարի նմանօրինակ արշաւախմբերու թիւը աւելի եւս կը ստուարանայ:

Երկրէն դուրս ապրելու հարկադրուած մտաւորականները ո՜րքան պէտք ունին անձամբ տեսնելու այն հողը, որուն վրայ կ՚ապրի հայ ժողովուրդը իր դարաւոր արմատներով եւ ուր ցեղը պահպանած եւ իր ֆիզիքական կեանքը: Այդ կեանքին հետ դէմ առ դէմ գալով, զայն ճանչնալով եւ անոր հետ հաղորդակից գտնուելով է որ Պոլիս, Իզմիր կամ այլ գաղթավայրերու մէջ գործելու սահմանուած մտաւորականը պիտի կրնայ շահիլ հոգեպէս, հարստացնել իր ծանօթութեանց ու խորհրդածութեանց պաշարը եւ իբրեւ գրող, ուսուցիչ, բանաստեղծ, ուսումնասիրող կամ վիպասան, վերանորոգել ինքզինք մշտապէս ու թարմանալ:

Նոյն անհրաժեշտութիւնը, բայց հարկադիր կողմէն՝ կը պարտաւորեցնէ որ երկրի մտաւորականները, մեծ մասով ուսուցիչ, իրենց ալ արշաւախմբեր կազմեն՝ տեսնելու արտասահմանեան կեանքը ընդհանրապէս, եւ հայ մտաւոր գործունէութիւնը մասնաւորապէս՝ գաղթավայրերու մէջ:

Երկրի մտաւորականներուն համար, մանաւանդ անոնց՝ որ ինկած են խորերը եւ շատ հեռու են արտասահմանեան շրջանակներէն, հրամայական պահանջ է մէկ քանի տարին անգամ մը դուրս ելլել, շրջագայութիւն մը ընել երկու երեք մասով, տեսնել նորութիւններ, շփուիլ դուրսի շարժման հետ:

Երկրին մէջ կեանքը այնքան կայուն է եւ անշարժ, պայմանները այնքան միօրինակ են եւ բթացնող, որ մտաւորական վտանգ մըն է երկրացի ուսուցչին, գրոցին հարցասիրողին համար՝ ատեն ատեն դուրս չելլելը, չթարմանալը, տիսթրաքսիոն չունենալը:

Զուտ անձնական օգուտներէն զատ՝ կայ անտարակոյս եւ հանրային շահը, որոնք զուգընթաց են արդէն: Ինչ որ մտաւորականը, դուրսի թէ ներսի, պիտի շահի անձնապէս, այդ բարոյական առաւելութիւնը պիտի ցոլանայ հանրային կեանքին, հանրային գործերուն վրայ: Գաղթավայրերու եւ մայր—երկրի մտաւորականութեան միջեւ ճանաչումը պիտի ըլլայ աւելի գիտակցական, հասկացողութիւնը աւելի սերտ, ինչ որ պիտի նպաստէ, իր կարգին, զօրացնելու ներդաշնակութիւնը մեր կրթական եւ մշակութային զանազան գործունէութեանց մէջ:

Շարժումը, այս ուղղութեամբ, սկսելով մասնաւորներէ՝ տարակոյս չկայ որ հետզհետէ պիտի առնէ, եւ պէտք է որ առնէ, խմբական եւ կազմակերպուած ձեւ. եւ անցնելով մտաւորականներէն՝ պիտի տարածուի նաեւ դպրոցականներուն վրայ, ինչպէս սովորութիւն եղած է եւրոպական շատ մը երկիրներու, յատկապէս Տանըմարքայի մէջ՝ ուր ամառուան արձակուրդին, դեղի դպրոցական մանուկները քաղաք կուգան՝ քաղաքի կեանքը ճանչնալու, եւ քաղաքացի դպրոցականները կը ղրկուին գեղերը, դաշտային ու գիւղական կեանքը ապրելու: Այսպէս է որ Քաղաքին ու Գեղին եղբայրութիւնը կը հիմնոի եւ կը մնայ տաք ու կեդանի:

Շարժման նախաձեռնարկը եւ առաջին նշանը տուողն է եղած գեղացի վարժուհի մը. բայց այսօր  այդ շարժումը արդէն իսկ առած է ազգային բնաւորութիւն, ընդրկուած ըլլալով ամբողջ երկրին կողմէ եւ որուն համար կառավարութիւնն ալ չի խնայեր իր օգնութիւնը, տալով ամէն տեսակ դիւրութիւններ, զեղչելով, օրինակ, երկաթուղային սակերը:

Կը յուսանք որ օր մը մենք եւս կը հասնինք հոն, ուր հասած են ուրիշ առաջադէմ երկիրներ: Ատայժմ ընենք ինչ որ հնարաւորն է, նախ սկսելով մեծերէն եւ ապա երթալով փոքրերուն:

«Ազատամարտ», 1914, 25 Յունիս-8 Յուլիս, թիւ 1547, էջ 2