ՍԿԶԲՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ 
    
     ՆՈՐ 
    
     ԴԱՐԱՇՐՋԱՆԻ 
    
     ՄԸ
  
 
    
     Բ[արձարգոյն] 
    
     Դուռը 
    
     երէկ 
    
     պետութեանց 
    
     ուղղելով 
    
     այն 
    
     ծանուցագիրը, 
    
     որով 
    
     կը 
    
     յայտարարէ 
    
     Քափիթիւլասիօններու 
    
     ջնջումը, 
    
     իրօք 
    
     որ 
    
     օսմանեան 
    
     պատմութեան 
    
     համար 
    
     թուագրած 
    
     եղաւ 
    
     խիստ 
    
     կարեւոր 
    
     դարաշրջան 
    
     մը՝ 
    
     որքան 
    
     արտաքին 
    
     քաղաքանութեան 
    
     նոյնքան 
    
     ներքին 
    
     կեանքի 
    
     ազատութեան 
    
     տեսակէտէն:
  
 
    
     Հասկնալու 
    
     համար 
    
     այս 
    
     պատմական 
    
     քայլին 
    
     նշանակութիւնը, 
    
     պէտք 
    
     է 
    
     երթալ 
    
     դարեր 
    
     դէպ 
    
     ի 
    
     հետ, 
    
     1535 
    
     թուականը, 
    
     ուր, 
    
     առաջին 
    
     անգամն 
    
     ըլլալով, 
    
     կնքուեցաւ 
    
     Ֆրանսայի 
    
     Ֆրանսուա 
    
     Ա. 
    
     թագաւորին 
    
     եւ 
    
     Սուլթան 
    
     Սիւէյմանի 
    
     միջեւ 
    
     այն 
    
     գլխաւոր 
    
     դաշնագիրը, 
    
     որով 
    
     կարգ 
    
     մը 
    
     առանձնաշնորհումներ 
    
     կը 
    
     տրուէին 
    
     Ֆրանսայի 
    
     եւ 
    
     որ 
    
     յետոյ 
    
     կազմեց 
    
     գալիք 
    
     այլ 
    
     դաշնագրերու 
    
     եւ 
    
     եւրոպական 
    
     միւս 
    
     պետութեանց 
    
     տրուած 
    
     նման 
    
     առանձնաշնորհումներու 
    
     նախամայրը:
  
 
    
     1535ին 
    
     կնքուած 
    
     այդ 
    
     դաշնագիրը 
    
     տասներկու 
    
     անգամ 
    
     վերանորոգուեցաւ 
    
     մինչեւ 
    
     1740 
    
     թուականը՝ 
    
     առանց 
    
     էական 
    
     փոփոխութիւններ 
    
     կրելու: 
    
     1740ին 
    
     Լուի 
    
     ԺԵ.
    
     ի 
    
     եւ 
    
     Սուլթան 
    
     Մահմուտի 
    
     միջեւ 
    
     կնքուեցաւ 
    
     դաշնագիր 
    
     մը, 
    
     որ 
    
     իր 
    
     խոշոր 
    
     գծերով, 
    
     գործադրութեան 
    
     մէջ 
    
     է 
    
     մինչեւ 
    
     այսօր 
    
     եւ 
    
     որ 
    
     պիտի 
    
     դադրի 
    
     յառաջիկայ 
    
     հոկտեմբեր 
    
     1ին:
  
 
    
     Յայտնի 
    
     է 
    
     թէ 
    
     Քափիթիւլտսիօնի 
    
     օրէնքով 
    
     օտարահպատակները 
    
     օսմանեան 
    
     պետութեան 
    
     մէջ 
    
     կը 
    
     վայելէին 
    
     բացառիկ 
    
     իրաւունքներ՝ 
    
     դատական, 
    
     տուրքի, 
    
     առեւտրական 
    
     եւ 
    
     այլ 
    
     տեսակէտներով: 
    
     Օսմ[անեան] 
    
     կառավարութիւնը  
    
     նոյն 
    
     իսկ 
    
     իրաւունք 
    
     չունէր 
    
     իր 
    
     ուզած 
    
     մաքսը 
    
     գնելու 
    
     այն 
    
     ապրանքներուն 
    
     վրայ, 
    
     որոնք 
    
     կը 
    
     ներածուէին 
    
     եւրոպական 
    
     երկիրներէ:
  
 
    
     Խրիմի 
    
     պատերազմէն 
    
     ետք 
    
     է 
    
     որ 
    
     Պապը 
    
     Ալին 
    
     առաջին 
    
     ճիգը 
    
     գործ 
    
     դրաւ, 
    
     թէեւ 
    
     անյաջող 
    
     կերպով, 
    
     ընդդիմանալու 
    
     օտարներու 
    
     վայելած 
    
     այդ 
    
     բացառիկ 
    
     իրաւունքներուն: 
    
     Օտար 
    
     պետութիւնները 
    
     մնացին 
    
     անդրդուելի 
    
     իրենց 
    
     այն 
    
     առարկութեան 
    
     վրայ 
    
     թէ՝ 
    
     քանի 
    
     Թուրքիան 
    
     չէ 
    
     բարենորոգուած 
    
     արմատապէս, 
    
     իրենք 
    
     չեն 
    
     կրնար 
    
     հրաժարիլ 
    
     իրենց 
    
     վայելած 
    
     իրաւասութիւններէն: 
    
     Այսպէս, 
    
     1861ին 
    
     եւ 
    
     1862ին 
    
     նոր 
    
     դաշնագրերու 
    
     միջոցով 
    
     Ֆրանսա, 
    
     Անգլիա, 
    
     Իտալիա, 
    
     Ռուսիա, 
    
     Աւստրիա, 
    
     Միացեալ-Նահանգները, 
    
     Փրուսիա, 
    
     եւալյն, 
    
     անգամ 
    
     մը 
    
     եւս 
    
     ամրապնդեցին 
    
     իրենց 
    
     բացառիկ 
    
     իրաւունքները:
  
 
    
     Ինչ 
    
     որ 
    
     ուրեմն 
    
     չէր 
    
     կրցած 
    
     վիճակուիլ 
    
     նախորդ 
    
     Սուլթաններուն, 
    
     ահա 
    
     կ՚իրագործէ 
    
     Նոր-Թուրքիան, 
    
     որ, 
    
     պետութեան 
    
     ղեկն 
    
     ստանձնած 
    
     օրէն 
    
     իսկ, 
    
     ինչպէս 
    
     յայտնի 
    
     է, 
    
     չէր 
    
     դադրած 
    
     յամառ 
    
     յարատեւութեամբ 
    
     հետապնդել 
    
     նոյն 
    
     նպատակը:
  
 
    
     Երէկուան 
    
     ծանուցագրով, 
    
     որ 
    
     որոշում 
    
     մըն 
    
     է 
    
     ինքնին, 
    
     սահմանադրական 
    
     Թուրքիան 
    
     կը 
    
     գտնէ 
    
     այն 
    
     քաղաքական 
    
     ազատութիւնը, 
    
     զոր 
    
     Եւրոպան 
    
     ցարդ 
    
     զլացաւ 
    
     իրեն, 
    
     եւ 
    
     իր 
    
     իսկ 
    
     երկրին 
    
     մէջ 
    
     գործելու 
    
     այն 
    
     ազատութիւնը՝ 
    
     զոր 
    
     կորսնցուցած 
    
     էր 
    
     դաշնագրութեանց 
    
     կապանքներով 
    
     եւ 
    
     որուն 
    
     պէտք 
    
     ունէր, 
    
     իրապէս 
    
     եւ 
    
     կատարելապէս 
    
     տէրը 
    
     դառնալու 
    
     իր 
    
     տանը:
  
 
    
     Բայց, 
    
     ինչպէս 
    
     ծանուցագիրը 
    
     ինքն 
    
     ալ 
    
     չանգիտանար, 
    
     այժմ 
    
     աւելի 
    
     քան 
    
     երբեք 
    
     ծանր 
    
     պարտականութիւն 
    
     մը 
    
     կը 
    
     ճնշէ 
    
     Թուրքիոյ 
    
     ուսերուն, 
    
     ընդլայնելու 
    
     բարենորոգմանց 
    
     գործը 
    
     աւելի 
    
     եւս 
    
     եւ 
    
     դարձնելու 
    
     զայն 
    
     ազդու 
    
     ու 
    
     անվկանդ:
  
 
    
     Միմիայն 
    
     բարոյական 
    
     պատասխանատուութենէ՞ 
    
     մը 
    
     չի 
    
     բղխիր 
    
     այս 
    
     պարտադրութիւնը, 
    
     որով 
    
     Եւրոպան 
    
     պիտի 
    
     կարողանայ 
    
     տեսնել 
    
     թէ 
    
     տանտէրը 
    
     գիտէ 
    
     բարեկարգ 
    
     ու 
    
     վստահելի 
    
     պահել 
    
     իր 
    
     ընտանեկան 
    
     յարկը. 
    
     անիկա 
    
     կը 
    
     բղխի 
    
     մանաւանդ 
    
     եւ 
    
     ամէն 
    
     նկատումէ 
    
     առաջ, 
    
     այս 
    
     երկրին 
    
     իրական 
    
     շահերէն:
  
 
    
     Այդ 
    
     շահերուն 
    
     լուրջ 
    
     ու 
    
     հեռատես 
    
     գիտակցութիւնը 
    
     յոյս 
    
     ունինք 
    
     թէ 
    
     թէ 
    
     պիտի 
    
     արդիւնաւորեն 
    
     այն 
    
     քայլը, 
    
     որ, 
    
     կրկնենք 
    
     հեղ 
    
     մըն 
    
     ալ, 
    
     կոչուած 
    
     է 
    
     բանալու 
    
     պատմական 
    
     շատ 
    
     խոշոր 
    
     դարաշրջան 
    
     մը 
    
     այս 
    
     երկրին 
    
     արտաքին 
    
     ու 
    
     ներքին 
    
     կեանքին 
    
     համար:
  
 
   
    «Ազատամարտ», 
   
    1914, 
   
    28 
   
    Օգոստոս, 
   
    թիւ 
   
    1601, 
   
    էջ 
   
    1