ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ
Ի՛ՆՉՈՒ
ՊԶՏԻԿ
ՄՆԱՑ
Ազգային
Ժողովը
իր
երէկուան
նիստին
մէջ,
նուիրագործեց
այն
սկզբունքը՝
զոր
պաշտպանած
էինք
առաջին
օրէն,
երբ
Զաւէն
Պատրիարք
իր
համբաւաւոր
նամակը
ուղղած
էր
Ժողովին,
հարցումի
ձեւին
տակ
հարկարլ
ուզելով
որ
ազգային
երեսփոխան
մը
կարող
չըլլայ՝
Ղալաթիոյ
Խորհրդարանին
չորս
պատերէն
դուրս
ո՛
եւ
է
քննադատութիւն
ընել
Պատրիարքին
դէմ:
Մենք
ըսած
էինք
որ
ո՛չ
միայն
անհեթեթ,
այլ
ճշմարտապէս
հակասահմանադրական,
ու
եթէ
չխնայենք
բառին՝
բռնապետական
քայլ
մըն
էր.
որ
առած
եղաւ
Պատրիարքը,
առանց
լրջօրէն
գիտակցութիւնն
ունենալու
իր
այդ
ընթացքին:
Ամէն
անձ
որ
կ՚անցնի
գործադիր
իշխանութեան
գլուխը,
ինչ
ալ
ըլլայ
անոր
պաշտօնին
հանգամանքը,
ինքզինք
իրերու
բերումով
իսկ
կ՚ենթարկէ
արդէն
հանրային
գնահատման,
ինչ
որ
ըսել
է
քննադատութեան:
Ասիկա
ընդհանուր
է
ամէն
երկրի
եւ
ամէն
ժողովուրդի
համար,
որոնք
կ՚առաջնորդուին
սահմանադրական
սկզբոնքներով:
Արդ,
չկայ
ո՛չ
մէկ
սահմանադրական
երկիր,
որ,
գործադիր
իշխանութիւնը
հրապարակով,
մամուլի
կամ
միթինկներու
մէջ,
քննադատելու
նոյն
իրւաունքը
զլացած
ըլլայ
իր
երեսփոխաններուն:
Մեր
Ազգային
Ժողովին
մէջ
ալ,
ինչպէս
տուին
երէկուան
վիճաբանութիւնները,
չի
գտնուեցաւ
մէկ
հոգի
իսկ՝
որ
հակառակը
պաշտպանէր:
Միայն,
աւելի
քան
զարմանալի
բա՜ն,
Ազգային
Ժողովի
նախագահը,
Զաւէն
Պատրիա՛րքն
էր
եղած՝
որ
չէր
կրցած
սահմանադրական
այսքան
բացահայտ
իրողութեան
մը
հասու
ըլլալ:
Պատրիարքը
ի
զուր
փորձեց
երէկ
պաշտպանելու
իր
թէզը՝
ըսելով
որ
իր
նպատակը
եղած
էր
միայն
պաշտպանել
պատրիարքական
աթոռին
յարգանքը
եւ
մանաւանդ
Պատրիարքին
մէկ
իրաւունքը,
քանի
որ
անիկա
չէր
կրնար,
ամէն
քաղաքացիի
պէս,
հրապարակային
վիճաբանութիւն
ընել
ե՛ւ
լրագրական
քննադատութեանց
պատասխանել՝
լրագրական
խօսքով:
Իրեն
շատ
լաւ
պատասխանուեցաւ
թէ՝
գործադիր
իշխանութեան
պատկանող
ամէն
անձի
միակ
պատասխանը՝
իր
գործն
է
եւ
ո՛չ
իր
խօսքը:
Եւ
սակայն,
մենք
աւելորդ
չէինք
համարեր
դիտել
տալու
Զաւէն
պատրիարքին
որ՝
սխալ
փաստարկութեան
մը
կ՚ապաւինէր,
յայտարարելով
թէ
Պատրիարքը
զուրկ
է
մամուլի
միջոցով
ինքնապաշտպանութեան
իրաւունքէ…
Գոնէ
այդ
փաստը
անզօր
էր
ի՛ր
անձին
որ
համար
նպաստաւոր
ըլլալու,
քանի
որ
Զաւէն
Պատրիարք
լայնօրէն
կրցաւ
օգտուիլ
մամուլի
ընձեռած
դիւրութիւններէն…
նոյն
իսկ
Թանինի
մէջ
վէճի
մտնելով՝
զինքը
քննադատող
ազգային
Երեսփոխանին
հետ:
Յօդուած
մը
գրելուն
կամ
էնթերվիւ
մը
տալուն
մէջ
կը
կարծենք
թէ
ո՛
եւ
է
տարբերութիւն
չկայ:
Եւ
Կ.
Պոլսոյ
Հայոց
Պատրիարքը,
ինչպէս
ըսինք,
միշտ
լայնօրէն
օգտուած
է
լրագրողական
այդ
միջոցնէ,
իր
տրամադրութեան
տակ
ունենալով,
ի
հարկին,
մինչեւ
անգամ
թուրք
օրկաններ:
Մենք
կը
ցաւինք,
եւ
խորապէս,
որ
Պատրիարքին
անհեռատեսութիւնները
կրցան
մինչեւ
այս
տեղուանքը
հասնիլ,
—
հասնիլ
երէկի
այն
վիճաբանութեանց՝
որ
երբեք
փաղաքշական
չէին
Ժողովի
ախագահին
«դիւրազգածութեանց»,
մանաւանդ
այն
բանաձեւէն
ետք՝
որ
քուէարկուեցաւ:
Այս
բանաձեւէն
ետք,
չենք
գիտեր
թէ
ինչ
կը
խորհի
Զաւէն
Պատրիարք,
բայց
մեզի
կը
թուի
թէ,
բաւական
բան
ունի
խորհելիք,
—
եւ
նաեւ
ա՜յն
թէ՝
կրնա՛յ
առանց
զոհելու
իր
«դիւրազգածութիւնը»,
այս
անգամ
իրօք
լրջօրէն,
շարունակել
իր
պաշտօնը:
«Ազատամարտ»,
1914,
21
Յունիս-4
Յուլիս,
թիւ
1544,
էջ
2