“ՁԵՌՆԱՀԱՍ”
ԴԱՏԱՐԱՆԸ
ՍԽԱԼԱԾ
Է
«Ձեռնահաս
դատարանը
որոշեց
դրամական
տուգանքի
ենթարկել
Գառնիկ
Սարգիսեանը,
որ
Սալմաթօմբուկի
վարժարրանին
համար
գանձանակ
կը
կտտցնէր՝
Կ.
Պոլսոյ
կրթական
տնօրէնութենէն
առանց
արտօնուելու
եւ
միայն
Հայոց
Պատրիարքարանին
վաւերագրովը:
Վճիռը
կը
տրամադրէ
նաեւ
որ
գանձանակին
պարունակութիւնը
յանձնուի
դատարանի
սնտուկին»:
Ազատամարտ,
թիւ
1519
Ո՛չ,
ձեռնահաս
դատարանը
իրաւունք
չունէր
արձակելու
այդ
վճիռը:
Գառնիկ
Սարգիսեանի
ընթացքը
չէ
որ
հակօրինական
է,
այլ
դատարանին
վճիռը:
Հայոց
Ազգային
Սահմանադրութիւնը,
որ
մաս
կը
կազմէ
պետական
օրէնքներուն,
կ՚արտօնէ
հայ
ժողովուրդը՝
որպէսզի
իր
կրթական
եւ
բարեգործական
հաստատութեանց
համար
հանգանակութիւններ
ընէ
եւ
կամաւոր
նուէրներ
հաւաքէ:
Իսկ
Գառնիկ
Սարգիսեանի
պտացուցած
գանձանակը
ոչ
այլ
ինչ
էր,
եթէ
ոչ
կամաւոր
նուիրատուութեանց
համար
դիմում:
Ո՞ւր
է
այս
բանին
մէջ
օրէնքի
դէմ
մեղանչում
կամ
օրինազանցութիւն:
Դարձեա՛լ.
պետութիւնը
արտօնած
է
Ազգային
սահմանադրութեամբ՝
որ
Հայերը
իրենց
կրթական,
կրօնական
եւ
բարեգործական
հիմնարկութեանց
մատակարարական
գործին
մէջ
կը
վայելեն
ինքնավար
իրաւասութիւն:
Ուրիշ
խօսքով՝
Հայոց
Պատրիարքարանը
կամ
Առաջնորդարանները
արտօնութիւն
ունին,
իրենց
իրաւասութեանց
սահմանին
մէջ,
հաւաքելու
պարտաւորիչ
եւ
կամաւոր
նուէրներ
—
գանձանակի
կամ
այլ
յարմարագոյն
միջոցով
—
ազգային
այս
կամ
այն
հիմնարկութեանը
համար:
Հետեւաբար,
քանի
որ
Սալմաթօմբուկի
թաղին
—
եւ
ի՜նչ
թաղ,
ամէնէն
չքաւորն
ու
թշուառը
Պոլսոյ
բոլոր
թաղերուն
մէջ
—
դպրոցական
այդ
գանձանակը
վաւերացուած
եւ
արտօնուած
էր
Պատրիարքարանէն,
կը
նշանակէ
թէ
ոչինի
ունէր
ապօրինի,
եւ
ուստի
ոչինչ՝
դատապարտութեան
կամ
պատիժի
արժանի:
Ի՞նչ
պատիժ
է
ուրմեն
այն՝
որով
«ձեռնահաս»
դատարանը
տուգանքի
կ՚ենթարկէ
Գառնիկ
Սարգիսեանը,
եւ
գրաւման՝
անոր
պտտցուցած
գանձանակին
պարունակութիւնը.
—
իրա՛ւ
որ
կը
դժուարանք
հասկնալ:
Կը
դժուարանանք
հասկնալ,
որովհետեւ
պատիժ
մըն
է
այս
որ
ոչ
թէ
անձի
մը
կ՚ուղղուի,
այլ
պետութեան
օրէնքներուն,
եւ
այդ
օրէնքներուն
վրայէն
նաեւ
Հայոց
ազգային—սահմանադրական
իրաւունքներուն:
Թերեւս
խնդրոյ
առարկայ
դատարանը
պատճառաբանէ
թէ՝
օրէնք
մը
կայ,
որ
կ՚արգիլէ
«առանց
արտօնութեան»
ամէն
հանգանակութիւն:
Բայց
այս
օրինական
արգելքը
ո՛չ
կը
բացասէ
եւ
ոչ
ալ
կը
դադրեցնէ
Պատրիարաքարանի
իրաւասութիւնը:
Գառնիկ
Սարգիսեան
իր
հանգանակութիւնը
կատարելու
համար
օարտաւոր
էր
իր
արտօնութիւնն
ստանալ
Պատրիարքարանէն
եւ
ոչ
թէ
կառավարութենէն:
Եւ
այդ
արտօնութիւնն
ստացած
էր:
Իսկ
եթէ
մինչեւ
անգամ
ենթադրենք
որ
Պատրիարքարանն
ալ,
իր
կարգին,
պարտաւոր
էր
կառավարութենէն
արտօնութիւն
ստանալ
—
ինչ
որ
վիճելի
եւ
Պատրիարքարանի
իրաւասութեանց
հետ
անհաշտելի
հարց
մըն
է,
—
այդ
պարագային
իսկ՝
պատասխանատուն
պէտք
էր
համարուէր
Պատրիարքարանը,
եւ
ո՛չ
թէ
այն
անձը՝
որ
իր
հանգանակութիւնը
նկատի
ունենալ,
եւ
միւսը
անտեսել՝
դատական
արդարութիւն
չէ:
Եթէ
այս
դատն
ու
վճիռը
տեղի
ունենային
գաւառներուն
մէջ,
պիտի
փորձուէինք
ըսելու—
ինչպէս
սովորաբար
կը
փորձուինք
—
թէ՝
արդիւնք
է
օրէնսգիտական
տգիտութեան,
դատական
կազմի
միջակութեան,
եւն.
եւն.:
Բայց
ի՞նչով
պէտք
է
բացատրենք
զայն՝
երբ
ահա
տեղի
կ՚ունենայ
անիկա
մայրաքաղաքին
մէջ,
ուր
պէտք
է
որ
դատաւորներն
ու
ընդհանուր
դատախազներն
ունենան
օրէնսգիտական
խոր
հմտութիւն,
եւ
ըլլան
կատարելապէս
համապատասխան
իրենց
կոչումին:
Ըսի՞նք
արդեօք
թէ
Գառնիկ
Սարգիսեանը
դատող
դատաւորներն
ալ
անտեղեակ
էին
պետութեան
այն
օրէնքին՝
որ
կը
սահմանէ
Հայոց
«պատրիարքարանական»
կոչուած
իրաւունքները:
Եւ
եթէ
դատաւորները
անտեղեակ
էին,
Ընդհանուր
Դատախա՞զն
ալ
անտեղեակ
էր՝
զայն
յիշեցնելու
համար
դատարանին:
Աւելի
աղէկ
է
որ
ա՛յսպէս
ենթադրենք:
Բայց,
Հայոց
Պատրիարքարանին
պարտքն
է
անմիջապէս
դիմում
ընել
կառաբարութեան
եւ
բողոքել
Պոլսոյ
մէկ
դատարանին
կողմէ
երկրին
օրէնքներուն
ընդդէմ
տրուած
այս
վճիռին
եւ
գործուած
ոտնձգութեան
դէմ:
Անգամ
մըն
ալ
կը
կրկնենք
որ
այդ
անիրաւ
վճիռը
արձակուած
է
ո՛չ
այնքան,
եւ
մանաւանդ
ոչ
երբեք
ըստ
էութեան՝
Գառնիկ
Պատրիարքարանին,
հայ
ժողովուրդի
իրաւասութեան
եւ
անոր
ազգային
շահերուն
դէմ:
Ուստի,
Պատրիարքարանը
մէկ
կողմէն
բողոքելով
հայ
ժողովուրդի
իրաւունքները
ոտնահարող
վճիռին
դէմ,
եւ
միւս
կողմէն՝
պաշտպանելով
անպատասխանատու
դատապարտեալը,
պէտք
է
պահանջէ
որ
Ընդհանուր
Դատախազութիւնն
ո
Դատական
Նախարարը
օրինական
ճանապարհին
դիմեն՝
թէ՛
արուած
այդ
վճիռը
ջնջել
տալու,
եւ
թէ
առհասարակ
դատարանները
զգուշացնելու՝
յառաջիկայի
համար
եւս…:
«Ազատամարտ»,
1914,
24
Մայիս
-
6
Յունիս,
թիւ
1520,
էջ
2