Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱԶԳԵՐՈՒ ԵՂԵՌՆԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ


Կիրակի օրուան մեր խմբագրականով պարզեցինք աւստրօ—սերպիական մրցումի էութիւնը, եւ եթէ կարգ մը հարցերու լուծումն ու պատասխանը ապագայ դէպքերու վճռին ենթակայ ցոյց տուինք, պատճառն այն է որ խնդրին աւելի պատմական խորքն ու վերլուծումը չէինք շօշափած:

Այն ինչ որ տեղի կ՚ունենայ այսօր Պալքաններու մէջ, ինչ որ եղաւ երէկ, կրկնութիւնն է ազգերու եղեռնագործութեան որ կը տիրէ հին, հի՜ն դարերէ ի վեր, որ ամբողջ դարաշրջաններ տեւած է: Մենատիրութեան կռիւն է այդ:

Կը թուի որ սուրը պատեանէն ելած, Սերպիոյ մայրաքաղաքը դատարկուած, սահմանապահ ջոկատներու ընդհարումները սկսած են արդէն, որով եւ պատերազմի յայտարարութիւնը անխուսափելի է:

Մեզ շատ չեն հետաքրքրեր այն մանրամասնութիւնները՝ որ պատերազմի նախընթացը պիտի կազմեն:

Էականը այն է որ պատերազմը այլեւս անխուսափելի կը համարուի, եւ որովհետեւ Ռուսիան պաշտօնապէս զեկուցած է թէ ինք անտարբեր հանդիսատես չպիտի կրնայ մնալ, ուրմեն պատերազմը չպիտի տեղեկանացուի եւ անմիջապէս որ Ռուսական բանակը, սերպիական բանակին հետ Աւստրօ—Հունգարիոյ դիմացը կանգնի՝ հաւանականաբար գերմանական բանակն ալ չպիտի ուշանայ աւստրօ—հունգարական բանակին օգնութեան հասնելու:

Այդ պարագային, ֆրանսական բանակն ալ շարժման հրամանը չը պիտի ստանայ, անգլիական նաւատորմն ալ իր բարեկամներուն օգնութեան հասնելու չը պիտի ստիպուի. եւ յետոյ, Պուլկարիան, Յունաստանը, Իտալիան, Թուրքիան, Ռումանիան կրնա՞ն ձեռքերը ծալլած նստիլ: Այսինքն, համեւրոպական պատերազմի մը նախօրեակին չե՞նք գտնուիր: Այս հարցերուն հաւանական պատասխանը տալէ առաջ, պարտք կը զգանք պարզել մեր իսկ բռնելիք դիրքը՝ պատերազմի սկզբնապատճառին հանդէպ:

Առաջին ակնարկով, որովհետեւ Աւստրօ—Հունգարական կառավարութիւնն է որ ո՛ եւ է տարրական արժանապատուութիւն ունեցող ազգի համար անհանդուրժելի պահանջներով սկզբնապատճառ կը դառնայ պատերազմի, արդարութեան, քաղաքակիրթ աշխարհի խղճի ձայնը պէտք է որ անարգուած Սերպիոյ կողմը հակի:

Մենք չէ՛ որ պիտի դատապարտէինք՝ եթէ ինքնագիտակցութեան հասած Աւստրօ—Հունգարիոյ հպատակ Սերպերը կը բողոքեն իրենց վրայ ծանրացող ճնշումներուն դէմ, եթէ իրենց սիրտերը ջերմապէս կը բաբախեն Մայր Հայրենիքի սիրով: Մենք չէ որ պիտի դատապարտէինք՝ եթէ առանց օրինական պայմաններէն հեռանալու, ազատ Սերպիոյ քաղաքացիները անտարբեր չեն կրնար մնալ հարստահարուած արենակիցներու հանդէպ:

Բայց Սերպիան ալ այդ իրաւական հողին վրայ կանգնելու համար՝ ինք իր կարգին արդարութեան  շաւղէն չպիտի շեղէր: Պալքանեան ազգերը՝ եթէ կը յաւակնէին ըլլալ ազատագրուած եւ պաշտպան՝ ճնշուածներու, ամէնէն աւելի խղճի պարտականութիւն պիտի համարէին յարգել ուրիշի ազատութիւնը, ուրիշներու գոյութիւնը, չմնալ ճնշողի ու հալածողի դերին մէջ:

Քսաներորդ դարու առաւելութիւնը այն պիտի ըլլար որ նուազէր այլամերժութեան, մենասիրութեան ձգտումը, դատապարտուէին ուրիշներու գոյութեան դէմ գործուած ոճիրները:

Տարաբաղդաբար, պալքանեան պատերազմէն առաջ եւ յետոյ՝ թէ՛ առաջին եւ թէ՛ երկրորդ պատերազմի ընթացքին, պալքանեան ժողովուրդները իրար յօշոտելով միայն փայլեցան:

Այն բոլոր խժդժութիւնները՝ զորս կատարեցին Յոյնը Պուլկարին դէմ, Պուլկարը՝ Յոյնին դէմ, Սերպը՝ Պուլկարին դէմ եւ Պուլկարը՝ Սերպին դէմ, Ռումէնը բոլորին դէմ, քրիստոնեան մահմետականին դէմ եւ փոխադարձաբար, գերազանցեցին շատ մը դարերու մէջ կատարուած եղեռնագործութիւնները:

Այլ եւս ազգային ու համամարդկային ո՛չ մէկ սրբութիւն չմնաց ու քաղաքակրութիւնը այնքան անարգուեցաւ, որ իրար յօշոտողները փոխադարձաբար արձակած բողոքներն ու ամբաստանութիւնները անարձագանք մնացին. բթացու մարդկային խիղճը: Եւ այս բոլոր չարիքները ինչո՞ւ, որպէս զի ո՛ եւ է պատրուակով, ո՛ եւ է ձեւով, նոյնիսկ ամբողջ շրջաններու աւերումովը ու բնաջնջումովը, մէկը միւսին վրայ մենատիրող, իշխող, ճնշող ըլլայ, Յոյնը Պուլկար դառնայ, Պուլկարը՝ Յոյն, Սերպը՝ Պուլկար եւ Պուլկարը՝ Սերպ, այսպէս ըստ կարգին ու փոխադարձաբար:

Եթէ այդ եղեռնագործութիւնները չըլլային՝ ո՛չ Լոնտոնի դաշնագրութեամբ, ո՛չ Պուքրէշի դաշնագրութեամբ չէին նուիրագործուեր, մեծ պետութիւններու յայտնի ու անյայտ հովանաւորութեամբ ապագայ, այսօրուայ եւ վաղուայ բզկտումներու աքթերը:

Եթէ այդ եղեռնագործութիւնները չըլլային, կը յարգուէր փոքրամասնութիւններու գոյութեան, իւրաքանչիւրի ապրելու եւ զարգանալու իրաւունքը, եւ ինքնին կը լուծուէր անլոյծ հանգոյցը՝ թէ ո՛վ պիտի ըլլայ Պալքաններու ապագայ գերիշխանը:

Ազգերու մեծ ու պզտիկ, բոլորի այս եղեռնագործութիւնները ինքնասպանութեան ոճիրներ են: Եթէ ա՛լ իրաւասութեան ո՛ եւ է յոյս չկայ, եթէ պատերազմը իսկապէս անխուսափելի է, այդ պատերազմաը ի՛նչ ծաւալ կ՚ուզէ թող ստանայ, զէնքի բաղդը որո՛ւ կը ժպտի թող ժպտի, այդ բոլոր յաղթութիւնները ժամանակաւոր են եւ նոր դաշնագիրները պարզապէս նոր պատերազմներու,. նոր եղեռներու նախապատրաստութեան համար զինադադարներ պիտի ըլլան՝ մինչեւ որ ազգերը ստիպուին խոնարհիլ բնութեան յաիտենական օրէնքին առջեւ եւ յարգել իւրաքանչիւրին գոյութեան իրաւունքը:

Ո՛չ Պալքաններու եւ ո՛չ աշխարհի ո՛ եւ է մասին վրայ ո՛չ մէկ մեծ պետութիւն գերիշխող չի կրնար մնալ: Ժամանակաւոր շեղումներն ու ընդհարումները չեն կրնար փոխել պատմութեան օրէնքը, քաղաքակրթութեան ընթացքը: Այդ օրէնքն ու ընթացքը ճակատագրականօրէն կը ձգտի ապահովել մարդկային իւրաքանչիւր ամենափոքր ընկերութեան, ազգի գոյութիւնը, իսկ այդ ապահովութիւնը պիտի կարենայ երաշխաւորուիլ միայն դաշնակցական կապերով:

Այդ ճշմարտութիւնները առայժմ կը դաւանին եւ կը պաշտպանեն միմիայն ընկերվարական բանակները՝ որոնց խօսքն ու դաւանութիւնները ցնորք կը համարուին: Բայց ամէն իտէալ միշտ ցնորք է նկատուած եւ երբեմնի ցնորքները այօսր իրականութիւններ են:

Այօսրուայ ցնորքները դաւանող բանակները տասնեակ միլիոններու կը հասնին եւ ազգերու եղեռնագործութեանց այսօրուայ առաջնորդները պիտի ստիպուին վաղը հաշուի առնելու այդ բանակները: Մենք այդ հաւատքը ունինք եւ քաղաքակրթութեան իւրաքանչիւր զինուոր այդ հաւատքի զինուորը պիտի ըլլայ:

Առաջնորդուելով այս հաւատքէն, ի՛նչ կասկած որ մենք կը դատապարտենք այսօրուայ պատերազմիկ երկու կողմերն ալ, յարձակողն ալ, պաշտպանուողն ալ:

«Ազատամարտ», 1914, 15/28 Յուլիս, թիւ 1560, էջ 2