Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՍԱՆ-ԳԱԼԵԻ ԳԱՅՄԱԳԱՄԸ ՅԱՆՑԱՒՈՐ ԷՐ ԹԷ ՈՉ


Երէկ Կարինէն ստացած մեր մէկ հեռագիը կը ծանուցանէր որ Հասան-Գալէի գայմագամը նոյն պաշտօնով փոխադրուած է Կամախ:

Յայտնի է թէ այս գայմագամը՝ Թա՛հիր պէլ, այն անձնաւորութիւնն է, որ ամբաստանուած էր, որպէս նախատինք, բռնութիւն ծեծ եւ խժդժութիւն գործ դնող Քէօփրիւ—Քէօյի հայ ազգաբնակութեան վրայ:

Խոշտանգուող գիւղացիները, այր ու կին, բողոք ներկայացուցած էին Կարին՝ կուսակալական կեդրոնը. կեդրոնէն քննիչներ զրկուած էին՝ տեղւոյն վրայ քննութիւն կատարելու. Խնդիրը տարակոյս չի կայ որ ստուգուած էր, որովհետեւ կարելի չէր ծածկել ճշմարտութիւնը:

Բայց ահա, որպէս արդիւնք այդ բոլորին՝ ծանրապէս ամբաստանուած գայմագամը կը վերցուի Հասան–Գալէէն եւ կը զրկուի  Կամախ իբրեւ հէտիէ:

Ի՞նչ պէտք է խորհի հասարակութիւնը՝ որ կը տեսնէ թէ յանցապարտ պաշտօնեան փոխանակ դատի ու դատապարտութեան արժանանալու կամ առնուազն պաշտօնանկ ըլլալու, նոյն գիրքով, նոյն վստահութեամբ ու նոյն պատուով կը փոխադրուի ուրիշ վայր մը:

Ի՞նչ պէտք է մտածեն բոլոր անոնք՝ որ կը սիրէին հաւաալ թէ իրոք բարենորոգչական թուալան մը կը բացուէր երկրին համար, ուր արդարութիւնը ամէնէն առաջ պիտի գործադրուէր անարժան պաշտօնեակներուն դէմ. այսինքն՝ օրինապահութեան, անաչառ ու կարգապահ պաշտօնավարութեան միջոցներ ձեռք պիտի առնուէին այն մարդոց դէմ, որոնք այս պետութեան բոլոր պատմական դժբախտութիւններուն միակ պատասխանատուներն են եղած սկիզբէն ի վեր:

Կը հարցնենք. ի՞նչ պէտք է խորհի նոյնինքն Հասան–Գալէի այդ տխրահռչակ գայմագամը, երբ մէկ աչքով իր խղճին վրայ  նայի, միւս աչքով իր նոր աթոռին. չպիտի՝ տեսնէ թէ այդ խղճին ու այդ աթոռին մէջ խոշոր հակասութիւն մը կայ, որ աչք կը ծակէ եւ որ կը խրախուսէ զինք աներկիւղ կերպով շարունակելու Կամախի մէջ այն՝ ինչ որ սկսաւ Քէօփրիւ Քէօյէն:

Ահա թէ ի՞նչպէս խղճամիտ ու պարկեշտ պաշտօնեայի գիտակցութիւնը կը մեռնի մարդոց հոգիին մէջ, եւ այն անձը որ թերեւս կարող էր, իր առաջին մեղանչումին իսկ անպատիժ չձգուելով՝ ուղղուիլ, կ՚եղծուի հետզհետէ բարոյալէս, կ՚էրթայ վատէն վայթարագոյնին եւ կը դառնայ օրին մէկը անկարելի չարիք մը՝ թէ՝ երկրին համար, թէ՝ կառավարութեան համար, թէ՝ ինք իրեն համար:

Բայց վերջապէս դնենք խնդիրը պարզ կերպով:

Հասան–Գալէի գայմագամը կա՛մ յանցաւոր է, կա՛մ ոչ. կա՛մ անոր դէմ եղած բողոքները արդարացի էին, կա՛մ ոչ:

Եթէ անիկա յանցաւոր չէր, ինչո՞ւ պաշտօնափոխութեան կ՚ենթարկուի, իկս եթէ իր դէմ եղած բողոքները արդարացի էին, ինչո՞ւ տեղափոխութիւն կը կրէ՝ փոխանակ պաշտօնանկ ըլլալու եւ դատի քաշուելու:

Դատի՛ քաշուելու, այո՛. օրէնքը հաւասար զօրութեան մէջ չէ՝ բոլոր քաղաքցիներուն համար ալ: Եթէ ո՛ եւ է մէկը բռնութիւն գործ դնելով, մարդիկ ծեծելով, առ ու ան խոշտանգելով՝ քրէական դատապարտութիւն կը կրէ, այդ դատապարտութիւնը ո՞ր օրէնքով պէտք չէ կրէ գայմագամը, եւ անտարակոյս աւելի խստութեամբ, քանի որ յանցանքները կը կշռուին յանցաւորին գիտակցութեան աստիճանին չափովը:

Մենք չենք հաւասար ոչ մէկ բարենորոգման, եւ մեզի հետ չի հաւասար նաեւ ամէն խելքը գլուխ օսմանցի, քանի, ասկէ ետք ալ պիտի շարոնակեն զեղծ եւ յանցագործ պաշտօնեաները մեծ ու փոքր—, անպատիժ մնալ՝ մէկ տեղքն անցելով միւսը, արհամարհելով օրէնքն ալ, օրինապահութիւնն ալ, կարգն ալ ու կարգապահութիւնն ալ:

Այս կերպով երկրի մը մէջ օրինապահութեան գաղափարը երբեք տեղ չի գտներ, եւ ուր որ օրինապահութին չի կայ, կառաւարական ????? համար, հոն չի կայ ո՛չ բարեկարգ վարչութիւն, եւ ոչ ալ արդարութիւն ժողովուրդին համար:

Հասան–Գալէի գայմագամին օրինակը, բարենորոգումներու փորձարկութեան այս շրջանին, երբեք լաւատեսութիւն չի ներշնչեր:  

«Ազատամարտ», 1914, 3/16 Մայիս, թիւ 1502, էջ 2