Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

«ՍԱՏԱՆԱՆ»
Դ


Դ. Եկեղեցական դասակարգ ։ Ի՞նչ է Եկեղեցականութեան ստանձնած պարտականութիւնը մեր այսօրուան կեանքի զարգացման մէջ, երբ մէկ կողմ առնենք այն քաղաքական դերը՝ որ ժամանակավորապէս անիկա ներկայացնել հարկադրուած է եւ որուն իրական արժէքը ցոյց տուինք արդէն մեր նախորդ յօդուածներուն մէջ։ Ոչի՛նչ։ Ի՞նչ է գործը այն պորտաբոյծ բազմաթիւ եպիսկոպոսներուն եւ վարդապետներուն՝ որ կը լեցնեն Երուսաղէմի վանքը, մայրաքաղաքի աս ու ան հրապուրիչ թաղերը եւ ի՞նչ է նշանակութիւնը, պէտքը՝ Արմաշէն յարաճուն եղանակով ամէն տարի 5-6 հատ դուրս նետուած աղուամօրուս կուսակրօն երիտասարդներուն։ Դարձեա՛լ ոչինչ։ Ի՞նչ են ըրած անոնք կեանքի մէջ այս վերջին տասը քսան տարիներու ընթացքին՝ իբրեւ կղերական ու ի՞նչ պիտի ըլլայ իրենց կատարելիք գործը ասկէ ետք։

Կար ատեն մը որ կղերականութիւնը առաջնորդողի հանգամանքն ունէր եւ ասի այն թուականներուն՝ ուր ժողովուրդին լայն խաւերը, մանաւանդ խոնարհագոյն դասակարգերը իրենց տգիտութեամբ, զարգացման ազդակներու սեփականութենէն, ինքնագիտակցութենէ զո՜ւրկ՝ առաջնորդուելու, ղեկավարուելու վիճակին մէջ էին. ասի այն թուականներուն էր մանաւանդ որ Հայը քաղաքական, ընկերական իրաւունքներու ո՛չ գաղափարն ունէր, ոչ ալ գիտակցական պահանջը։ Ու կղերականութիւնը իրապէս այն ատեն խորհրդաւոր, նուիրական կուռքնէր՝ իր յարգանքի պատուանդանին վրայ տիրական. բայց երբ թրքահայը ոտքի կեցաւ իր քաղաքական, ընկերական ու տնտեսական իրաւունքները պաշտպանելու, երբ գիտակցութիւնն ունեցաւ իր շահերուն ու ճակատագրին՝ ահա այն օրէն կղերականութեան բախտորոշման թուականը սկսաւ։

Ժողովուրդը ո՛րքան որ իր պահանջներուն սանձերը իր ափին մէջ ամփոփեց, ա՛յնքան կղերականութեան առաջնորդողի պէտքը պակսեցաւ, այնքան անոր իսկութիւնն ու նշանակութիւնը զանազանուեցաւ, ա՛յնքան անիկա պարուրուեցաւ, ամփոփուեցաւ ու անշարժացաւ իր սքեմին մթութեան մէջ։ Ժողովուրդը իր դերը կը ստանձնէր ու կղերականութիւնը իր դերին մէջ կը մտնէր։

Բայց, հե՜շտ է ըսելը թէ «կղերականութիւնը իր դերին մէջ կը մտնէր», հե՜շտ է ըսելը թէ անիկա մէկ անգամէն կը թօթուէր իր ձեռքերը բոլոր իր իրաւունքներէն, կը հրաժարէր իր դիրքէն, իր բարձրութենէն, պիւրօկրասիական իր իշխողութենէն, ու ասպարէզը կը թողուր ժողովուրդին։ Ո՛չ. ո՛եւէ տիրող դասակարգ դիւրութեամբ տեղի չի տար ու չ’անհետանար. գոյութեան պայքարը այդպէս խաղաղօրէն, լռելեան ու անաղմուկ տեղի չ’ունենար։

Էապէս ո՛րքան ալ դերերը ճշտուած ըլլան, ո՜րքան ալ հեռանկարը պարզ ըլլայ, բայց եւ այնպէս կղերը կը շարունակէ դեռ՝ մէկ կողմէն քաղաքական եւ միւս կողմէն այլ հանգամանքներու պատճառով՝ ինքզինքը պահպանել իր տիրացած դիրքերուն վրայ, շահագործել այն միջոցները՝ որ իր տրամադրութեան տակ կը գտնուին տակաւին, ամուր պահել պատնէշները։

Ի զո՜ւր են այն բոլոր աղմուկները որ ատեն ատեն կը լսուին կղարեկանութեան արժանաւորութեան դէմ, որոնց համեմատ՝ իբր թէ ներկայ կղերը անպարտաճանաչ է, այլասեռած է, եւն., եւն. ։ Ո՛չ, ասոնք մակերեսային եւ շա՜տ թեթեւ գնահատումներ են. իրաւ է թէ փոփոխութիւն մը կայ, բայց այդ փոփոխութիւնը ո՛չ թէ կղերին մէջ կատարուած է, այլ ժողովուրդին՝ ի՛ր մէջ, ժողովրդային զարգացման, բարեշրջման, քաղաքական ու ընկերական ըմբռնումներո՛ւն մէջ։ Երկու եզրերէն մէկը նոյնն է յաւիտենապէս ու նոյնը պիտի մնայ անփոփոխօրէն, մինչ միւսը՝ կեանքի հրամայողական, բռնաւոր պահանջներուն ու օրէնքներուն ենթակայ, կը շարժի, կ’ալեկոծուի ու կը բարեշրջուի, խախտելով հաւասարակշռութիւնը եւիրաւունքի նժարը անդադար մղել տալով դէպի արդարութեան կէտը։

Ինչ որ ալ ըլլայ, միակ ճշմարտութիւնը ա՛ս է թէ՝ մեր կղերականութիւնը այլեւս չի կրնար կատարել իր նախկին պաշտօնները մեր զարգացման, վերանորոգման գործին մէջ, եւ որքան ժողովրդային գիտակցութիւնը աճի, այնքան այդ երկու դասակարգին մէջ խրամատը պիտի լայննայ եւ հակամարտութիւնը սրի։

Ուստի ժողովուրդը պէտք է այժմէն ճանչնայ իր մղելիք պայքարին էութիւնը եւ այժմէն զանազանէ իր հակառակորդները, ազա՜տ՝ նախապաշարումներէ եւ կանխակալ կարծիքներէ։

Ե. Վաճառական դասակարգ ։ Սահմանադրութիւնը խորտակեց ամիրայական դասակարգին միահեծանութիւնն ու գերիշխանութիւնը, բայց մենք տեսանք թէ այդ միահեծանութիւնն ու գերիշխանութիւնը անցաւ Դրան պաշտօնեաներու եւ վաճառական դասակարգին ձեռքը, որոնք բնականաբար իրենց հանրային գործունէութեան մէջ պիտի առաջնորդուէին իրենց սեփական աշխարհայեացքով, իրենց սեփական շահերով, մինչ ամէնէն աւելի ճնշուած, շահագործուած ու անիրաւուած ժողովրդային տարրերը պիտի ըլլային անոնց քմահաճոյքին ու միմիայն բարեացակամութեան առարկան։

Մինչեւ ա՛յն ատեն երբ բուն ժողովուրդը կը քնանար տգիտութեան ծանր թմրութեամբը, երբ քաղաքական իրաւունքներու ո՛չ մէկ պահանջ ներկայացուցած էր, երբ բռնութիւն, հարստահարութիւն, հալածանք ու անօթութիւն կ’ընդունէր ճակատագրական պատուհասներու պէս եւ անոնց վերացմանն համար միմիայն հսկումի կը կենար շա՜տ շատ գերեզմատուններուն մէջ, մինչեւ այդ ատենը, կըսե՛նք, հարուստ, վաճառական, մէկ խօսքով դրամատէր դասակարգերը կը ճանչցուէին իբրեւ բարերարներ, խելացիներ, ազգասէրներ, ժողովրդային պաշտպաններ ։ Անոնց կամքը, խելքը, ազգասիրութիւնը եւ վարչութիւնը հարկադրողական, անքննադատելի եւ անկասկածելի էր։

Բայց ահա կարմիր օրե՜րը, ահա՛ անձնուիրութեան, ինպաստ ժողովրդական շահերու՝ բոլորանուէր զոհաբերութեան, բանտի, աքսորանքի, կախաղանի ու տանջանքի օրե՜րը...

Ի՞նչ եղան ազգին այդ պաշտպանները, ո՞ւր մնաց ազգային բարերարներու, ազգասէրներու բազմութիւնը... ։

Բոլոր կիսաստուածները չի կային այլեւս, կար միայն ի՛նքը՝ իրաւազուրկ, չարչարուած, մարտիրո՜ս ժողովուրդը, կար միայն ի՛նքը իբրեւ պաշտպան իր իրաւունքներուն ու արիւնին, կար միայն իր ուժը, իր տանջանքին տուած արիութիւնը եւ կար բան մըն ալ աւելի՜իր յեղափոխական գիտակցութեան յստակ ու պայծառատես արթնութիւնը։

Դիւրակեաց, հարուստ եւ էֆէնտի դասակարգերը դարձան եղան պահպանողականներ, այսինքն բարեկա՜մ կառավարութեան եւ թշնամի՜ ժողովուրդին՝ որ իր տառապանքին ու իր շահագործութեան համար կը բողոքէր հնարաւոր ամէն միջոցներով եւ կը ջանար իր մէջքը ջախջախող բռնութեան երկաթէ բեռը վար նետել։

Եւ ուրիշ կերպ ալ չէր կրնար ըլլալ. դիւրակեաց դասակարգերը որքան ալ շահագրգռուած ըլլային բռնաւոր րէժիմին դէմ մղուած պայքարով, որքան ալ այդ րէժիմին խորտակման ու անկումին մէջ իրենց սեփական շահերուն ապահովութիւնը փնտռէին՝ կարող էին միմիայն որոշ տեղ մը, որոշ սահմանագծի մը վրայ ընկերանալ ստորնագոյն խաւերուն անսասան շարժման ու անվհատ բողոքարկութեան, եւ, անկէ ետ քաշուիր։ Իրենց դասակարգային շահերը արգելք էին իրենց քայլերուն եւ կը սահմանափակէին կամ կը ճիւղաւորէին այն ուղին՝ որմէ ընդունակ է միայն ճշմարտապէս իրաւազուրկը, իրապէս ու դառնօրէն ճնշուածը քալել անյողդողդ։

Ասո՛ր համար է որ դուք կը լսէք միշտ դիւրակեաց, վաճառական դասակարգերէն.

«Մենք առեւտրական կապեր ունինք Պօլսոյ հետ, մենք կը զգուշանանք ուղղակի մասնակցութիւն ունենալէ յեղափոխական գործերու, մենք ստիպուած ենք չեզոք մնալ, եւն., եւն. »։

Իրական ու անվերապահ խօստովանութիւնն է ասիկա իրենց դասակարգին ու դասակարգային շահերուն, մնացած առարկութիւնները, Յեղափոխութեան, Ազգին, յեղափոխական կազմակերպութիւններու հասցէին՝ արուեստական են, պատահական, շինծու ու միշտ կեղծ՝ քօղարկելու համար իրենց եսական նկատումներուն տգեղ խորքը, արդարացնելու համար իրենց բարբարոս չեզոքութեան ամօթալի մերկութիւնը եւ հանրային կարծիքին առջեւ պաշտպանութեան վահան մը ունենալու իրենց ձեռքը։

Ասո՛ր համար է նոյնպէս որ ազատութեան բոլոր կամաւոր զոհերը ժողովուրդին զաւակնե՛րն եղան միայն, բոլոր անձնուէրները խոնարհագոյն դասակարգերու ծոցէն ժայթկեցան եւ ազատագրական ահաւոր պայքարին բոլոր ծանրութիւնը, բոլոր լուծը, բոլոր զոհաբերութիւնը ի՛նքը բո՛ւն ժողովուրդը տարաւ իր մերկ, իր վիրաւոր ուսերուն վրայ։

Այսպէս ալ պիտի ըլլայ ասկէ ետք։

Եւ նոյն ժողովուրդը ստիպուած է, պարտաւոր է՝ ո՛չ միայն իր քաղաքական շահերուն եւ իրաւունքներուն գիտակցութիւնն ունենալ եւ պաշտպանել զանոնք, այլ եւ գիտակցութիւնն ունենալ իր դասակարգային իրաւունքներուն ու շահերուն, որոնց երկուքին ներդաշնակ ու ամբողջական տիրացումովը միայն ձեռք բերած պիտի ըլլայ վաղը իրական ազատագրութիւնը։

Թիւ 49, 1907, Մայիս 9