Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎՆԱՍՆԵՐԸ



Այսօր այլ եւս ամէն տարակոյսէ վեր է թէ Իթթիհատի կուսակցութիւնը բացարձակապէս կողմնակից է Մամուլի սեղմիչ օրէնքին, ինչպէս որ ակնյայտնի տեսնուեցաւ թէ նոյնքան հակառակորդ էր նաեւ հաւաքումներու ազատութեան։

Իշխանութեան գլուխը անցնելու տենչով վարակուած եւ այդ աստղին առաջնորդութեամբ ճամբայ ելլող բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններու ճակատագիրն է ասիկա։ Իշխանութիւնը կ՚ապականէ ամէնէն ազատասէր, ամէնէն ժողովրդանուէր եւ ամէնէն տէմօկրատ մարդիկն ու կազմակերպութիւնները, իշխանութիւնը առաւել կամ պակաս ժանգ կը պարունակէ իր մէջ, բռնակալութեան ժանգը՝ որմէ չեն կրնար ճողոպրիլ պետական անձնաւորութեանց ու քաղաքական կուսակցութեանց բարոյականը, գաղափարականութիւնը եւ լաւագոյն ձգտումները։

Երէկի կարմիր արմատականը՝ իշխանութեան, այսինքն իշխելու, հրամայելու կոչուած ըլլալով՝ կը դառնայ գորշ չափաւոր, ազատականը՝ պահպանողական, եւ, յեղափոխականը՝ ժուժկալ հայրենասէր։ Մարդկային հոգեբանութեան մէկ ճշմարտութիւնն է ասիկա։

Բնական էր ուրեմն որ Միութեան եւ Յառաջդիմութեան կօմիտէն՝ որուն ռամկավարական սկզբունքները եւ քաղաքական դաւանանքները այնքան անորոշ ու ճկուն են՝ որքան իր տիրապետելու ձգտումները եւ տիրապետութեան ախորժակները սուր, իշխանութեան գլուխ անցնելէ ետք դառնար աւելի հակասական, աւելի անհաւասարակշիռ եւ միշտ ենթակայ բռնութեան։ Կուսակցութիւն մը որ աւելի փօլիթիքօս է՝ քան ճշմարտապէս սկզբունքներու ծառայող, կ՚ըսենք, բնական էր որ երթար աւելի աջ՝ քան դէպի ձախ։

Այդպէս ալ եղաւ։

Իթթիհատի կօմիտէն՝ որ Քեամիլ փաշայի դահլիճին օրովն իսկ պատրաստուած մամուլի ազատութիւնը բռնաբարող օրէնքին առջեւ հանդիսաւոր լռութիւն պահեց եւ խորհրդաւոր կերպով պորտին վրայ նայեցաւ, անտարակոյս բոլոր ուժով ու լիակոկորդ պիտի պաշտպանէր օրէնքը։ Էութիւնը նոյնն էր, խօսքի ազատութեան բռնաբարումը, գրի միջոցով կամ կենդանի բարբառով։ Եթէ առաջինը տակաւին օրէնքի կարգ անցած չէր, գոնէ երկրորդին բախտը բանուկ ըլլար՝ որ իր կարգին թերեւսճամբայ հարթէր նաեւ միւսին համար։ Եւ իթթիհատականները յաղթանակեցին. համախմբումներու ազատութիւնը առ այժմ թաղուած է եւ ժողովրդային ազատութիւններու ամէնագլխաւորներէն մէկը գերեզմանին յանձնուած, որովհետեւ ինչքան ալ ճարտար ըլլայվարչապետին բանաձեւը, թերթերու արուած այդ պաշտօնական յայտարարութիւնը, իրողութիւնը կը մնայ իրողութիւն, պէտք է ո՛ եւ է հանրային գումարման համար 24 ժամ առաջ տեղական ոստիկանութեան լուր տալ եւ անկէ ստացագիր առնել։ Նոյն օրէնքին մէջ ըսուած է թէ ոստիկանութիւնը անպայման հարկադրուած է պահանջուած ստացագիրը տալու, ինչ որ տրամաբանօրէն ոյն «ստացագրին» կուտայ արտօնագրի բնութիւն։

Եթէ իրաւցնէ այդ օրէնքին նպատակը՝ ոստիկանութեան վրայ կատարուելիք քօնթրօլին եւ անոր պարտականութեան կիրառումը սահմանները որոշելու դիտաւորութիւն ունէր ու ոչ թէ ժողովրդական ազատութիւնը ճնշելու, կարելի էր տարբեր պայմաններով կանոնադրել. կարելի էր, օրինակի համար, պահանջել որ 24 ժամ առաջ յանձնարարել (թէահուտլը) նամակով մը իմաց տրուէր գումարման պարագան ոստիկանութեան, եւ փօստին կողմէ առնուած ընկալագիրը ընդունուէր իբր ստացագիր։ Յայտնի է թէ այս պարագային՝ կամայականութեան եւ արգելքի հաւանականութիւններ մէջտեղ չէին կրնար գալ, որովհետեւ փօստը պարտաւորուած է իրեն յանձնուած յանձնարարեալ նամակին ընկալագիրը տալ առանց առարկութեան եւ ընդդիմութեան, նոյնպէս իրեն յանձնուած նամակը փութով տեղը հասցնել իր ժամանակին։ Մինչդեռ, հրատարակուած այժմեան օրէնքով ոստիկանութիւնը՝ որ այս երկրին մէջ մեծագոյն թշնամին եղած է ազատագրութեան գործին, որ կամայականութեան եւ ամէն տեսակ զզուելի շահագործութեանց մեքենան կազմեր է, որ իշխանութեան ամէնէն ախտաւոր եւ ախտաւորութեան ենթակայ մասն է, վաղը այս կամ այն առիթի տակ, այս կամ այն հաշիւով, այս կամ այն դատապարտելի նպատակներով կրնայ արգելք հանդիսանալ գումարումներու, կրնայ մերժել իրմէ պահանջուած չարաղէտ ստացագիրը եւ արդարացնել ինքզինք, առարկելով միշտ թէ«այդպէս աւելի յարմար տեսաւ՝ հանրային անդորրութեան եւ ապահովութեան տեսակէտով»։ Եւ ժողովուրդ ու ոստիկանութիւն պիտի գան դէմ դէմի, պիտի բաղխին անընդհատ իրարու, որովհետեւ տէ Ֆաքթօ գումարումները, այսինքն խօսքի Ազատութիւնը կախում պիտի ունենայ ոստիկանութեան կամքէն, ոստիկանութեան բարեհաճութենէն։

Վեց ամիսներէ ի վեր տեղի ունեցան բազմաթիւ միթինկներ, հաւաքումներ, ժողովրդական գումարումներ, եւ ամէնէն տաքերը, ամէնէն բուռն ու կրակոտները թերեւս, եւ սակայն ո՛չ մէկ դէպք, ո՛չ մէկ վտանգ՝ հանրային ապահովութեան սպառնացող, որովհետեւ ոստիկանական օրէնք ու ոստիկանական միջամտութիւն գոյութիւն չունէր։ Առաջին անգամը որ ոստիկանական միջամտութիւնը տեղի ունեցաւ քանի մը օր առաջ Բ. Դռան առջեւ, ուշադրութիւն տուէ՛ք, առաջին այդ միջամտութեան շնորհիւ իսկ վիրաւորուեցան մէկէ աւելի քաղաքացիներ ու տեղի ունեցաւ մահուան դէպք անգամ։ Ահա ոստիկանական միջամտութեան շնորհքը, ահա «հանրային ապահովութեան» պահպանութիւնը։

Ոստիկանական գերութեան տակ բարոյապէս ու ֆիզիքապէս անդամալուծուած ժողովուրդի մը համար ազատութեան մարզանք է հարկաւոր եւ ոչ թէ բիրտ խնամակալութիւն. եւ ժողովուրդին ապահովութեանը համար դեռ երէկ զինուորոգրուած իթթիհատի կուսակցութիւնն է որ՝ իշխանութեան բռնաւորութենէն տարուած, այսքան շուտ կը դաւաճանէ իր սրբազան սկզբունքներուն եւ իր բարոյական գոյութեան հիմարը կը քանդէ։ Բայց այն զէնքը որ այս պահուս ինք կը կարծէ իր հակառակորդներուն դէմ եւ իր տիրապետութեանը պաշտպանութեան համար գործածել, նախասահմանուած է ուշ կամ կանուխ իրեն դառնալու եւ զինքն հարուածելու։

Տեղի ունինք ենթադրելու թէ իր հաւասարակշռութիւնը այսքան կանուխ կորսնցնող քաղաքական կուսակցութիւն մը, չպիտի ուշանայ գործելու դեռ աւելի ծանր սխալներ, դեռ աւելի մեծ անիրւաութիւններ՝ ժողովրդական իրաւունքներուն ընդդէմ։ Այս սկզբնաւորութիւնը ցոյց կուտար արդէն վախճանական կէտը։ Իսկ առայժմ ժողովուրդը կորսնցուցած է խօսքի իր ազատութեան կէսը։

«Ժամանակ», 1909, թիւ 113, Ուրբաթ, Փետրուար 27—12 Մարտ