Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊՈՒԼԿԱՐԱՀԱՅՈՒՆ ԿԸ ՄՆԱՅ


Տաճատ վարդապետ՝ Էջմիածնէն տրուած հրահանգի մը համաձայն, ստիպուած ըլլալով ատեն մը հեռանալ Պուլկարիոյ սահմաններէն, այսօր արդէն վերադարձեր է Սօֆիա եւ բնականաբար պիտի ձեռնարկէ անշուշտ իրեն յանձնուած պաշտօնին, այսինքն՝ կազմելով Պուլկարիոյ հայութեան Վիճակային Ժողովը, լրացած պիտի նկատէ իր պարտականութիւնը եւ պիտի անցնի կաթողիկոսին կողմէ իրեն յանձնարարուած եւրոպական միւս գաղութները:

Անգամ մը որ Պուլկարահայ Ազգային Ժողովը հաւաքուի, այլեւս նոյն այս Ժողովին կը մնայ նկատի ունենալ իր ազգային պահանջները, տեղական պայմանները եւ ընտրել իր առաջնորդը։

Խնդիրը ա՛ս չէ սակայն։

Հաստատ աղբիւրներէ կը տեղեկանանք թէ Պատրիարք Օրմանեան դիմելով Կաթողիկոսին, պահանջած է ետ առնել Տաճատ վարդապետի տրուած հրահանգներն ու պաշտօնը, սպառնալով, հակառակ պարագային, բռնի կերպով վտարել տալ զայն Պուլկարիայէն:

Խօսք չի կայ որ Օրմանեան իր ըսածը կատարելու կարող մարդ է, երբ խնդիրը կողմնակի եւ ստոր միջոցներու դիմելու վրայ է:

Եւ, Օրմանեան վստահաբար պիտի դիմէ այդ միջոցներուն, այսինքն պիտի գործածէ Տաճիկ Կառավարութեան ձեռքը, Տաճիկ Դիւանագիտութեան միջամտութիւնը եւ բոլոր այն ստորերկրեայ, խլուրդային մութ հնարքները՝ որոնց մարզանքը կընէ արդէն տասնեակ տարիներէ ի վեր եւ որոնց մէջ իր ունեցած ո՛չ միայն անժխտելի փորձառութիւնը, այլ նաեւ անուրանալի ձեռնահասութիւնը կասկածի տակ անգամ չիյնար:

Իրողութիւն է թէ Օրմանեան վրէժ լուծել կուզէ Պուլկարահայերէն, պատժելով ժողովուրդը, ջանալով զայն անհովիւ, անխնամ եւ անոր պահանջները անիրագործելի թողուլ, որովհետեւ Պուլկարիոյ տեղացի թէ գաղթական հայերը չեն ուզեր իրենց եկեղեցիին մէջ յիշատակել կասկածելի Պատրիարքին անունը, որովհետեւ համոզուած են թէ Պօլսոյ Պատրիարքարանը ո՛չ միայն իր էապէս ապականած ու լրտեսական կազմակերպութեամբը անարժան է ազգային հեղինակաւոր կեդրոն մը ըլլալէ, այլ նոյն իսկ քաղաքական յայտնի պատճառներով՝ անկարող է անիկա բաւարարութիւն տալու իրեն պահանջներուն:

Ի՞նչ կը մնար Օրմանեան Պատրիարքին ընելիք՝ եթէ իրապէս ազգային շահերու գիտակցութիւնը եւ մարդկային արժանապատուութեան զգացումը իր մէջ տեղ կը բռնէին: Պատասխանը պարզ է, թողուլ որ Էջմիածնի Կաթողիկոսութիւնը ընէ այն՝ ինչ որ ինք չի կրնար: Աւելին կայ. երբ Վառնայի Թաղ. Խորհուրդը՝ ի դիմաց Պուլկարահայ բոլոր Թաղ. Խորհուրդներուն՝ պարզելով Պուլկարիոյ հայութեան դրութիւնը եւ ազգային կարծիքները, կը խնդրէ Էջմիածնական իրաւասութեան ենթարկուիլ, Կաթողիկոսը ազդու գրութեամբ մը Պատրիարքարանի ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ այս խնդրոյն վրայ եւ լուսաբանութիւն կը պահանջէ: Պապանձո՜ւմն Զաքարիայի. Պատրիարքարանը կը լռէ եւ բառ մը իսկ չի գրեր: Կ’անցնին երկար ամիսներ, մինչեւ որ վերջապէս Վեհարանը կը ստիպուի իր կողմէն կարգադրութեան մը պէտքը տեսնել: Ու ահա Պատրիարքարանի լեզուի կապերն են կը քակուին. բողո՜ք, սպառնալի՜ք դէպի Էջմիածին, եւ, փութկոտ դիմումներ, թագրիր՝ Բ. Դռան, Գալբագճեան Եզնիկ վարդապետ մը Պուլկարիա եւ Վահան վրդ. Յակոբեան մըն ալ՝ Ռումանիա ճամբայ հանելու:

  Ի՞նչ հակասութիւններ են ասոնք, ի՞նչ դիտումնաւոր ոստոստումներ, վերջապէս ճիզուիթական ի՞նչ գարշելի աճպարարութիւններ:

Մինչեւ հոս Պատրիարքին պատմութիւնը, անցնինք խնդիրին միւս երեսին:

Ասոնք ամէնքը կան, Պատրիարքը կընէ իր ըրածը ու դեռ ընելիք ալ ունի, լա՛ւ, բայց ի՞նչ կը խորհի Պուլկարահայ հասարակութիւնը, խաղալիկ պիտի դառնա՞յ Օրմանեանին, պիտի թող տա՞յ որ մարդ մը այսպէս իր հաւաքական կամքին ու բաղձանքներուն վրայ բռնանայ եւ բռնապետական քմահաճոյքով ու յետին նպատակներով մէկ կողմէն ջախջախէ Էջմիածնի հեղինակութիւնը, միւս կողմէն՝ Պուլկարահայուն կամեցողութիւնը: Եթէ Օրմանեան տանի յաղթանակը եւ Տաճատ վարդապետ իրեն յանձնուած պաշտօնը չ’իրագործէ, անկէ ետք այլեւս Պուլկարիոյ հայութեան առջեւ ամէն դիմումի եւ ամէն արդար գանգատի դուռ կը գոցուի՝ անկէ ետք բնականաբար Էջմիածինը չպիտի ուզէ այլեւս անգամ մըն ալ այս հարցով զբաղիլ եւ այս կարեւոր վիճակը պիտի մնայ լքուած, անկազմակերպ ու անիշխան՝ ինչպէս որ է ներկային:

Պուլկարիոյ հայերը պէտք է ըմբռնեն թէ փափուկ կացութեան մը մէջ կը գտնուին այս պահուն եւ հարկեցուցիչ գործ մը ունին կատարելիք: Վառնայի Թաղ. Խորհուրդը պաշտօնապէս ամբողջ Պուլարահայ համայնքներու կողմէ դիմում ըրած է Կաթողիկոսին եւ Կաթողիկոսն ալ Նուիրակ մը խրկած է Պուլկարիա, այդ դիմումին գոհացում տալու: Ա՛րդ, միայն եւ միմիայն Պուլկարահայերուն կը մնայ գործի սկսիլ, տէրը ըլլալ իրենց պէտքերուն եւ իրենց պահանջին, խորհիլ եւ ձեռք առնել բոլոր այն միջոցները՝ որ հարկաւոր են իրենց բաղձանքներուն իրագործմանն համար: Պատրիարքը ո՛չ մէկ արգելք յարուցանելու իրաւունք ունի եւ իր դիտաւորութիւններուն մէջ երբեք պիտի չի յաջողի, եթէ մասնաւորապէս տեղացի, հպատակ հայերը՝ ներկայացած ըլլան վայրկեանին՝ Պուլկար Կառավարութեան հասկցնեն իրողութիւնը իր իսկութեան մէջ եւ պաշտպանեն իրենց եկեղեցական իրաւունքները:

Պուլկարիան դեռ քիչ առաջ էր որ հակայունական շարժումներու ատեն բուռն կերպով մերժեց Բ. Դռան միջամտութիւնը իր ներքին խնդիրներուն եւ Դռան կողմէ ի նպաստ յոյն եկեղեցիին ըրած դիմումները. պահանջները ո՛չ մէկ հետեւանք ունեցան: Պուլկարիան պարտաւոր է նոյն կերպով պատասխանել Դռան կողմէ հայ եկեղեցիին համար ալ ըլլալիք հաւանական ո՛եւէ միջամտութեան, պարտաւոր է ո՛չ միայն չի հակասելու իր սահմանադրական օրէնքներուն, այլ եւ մասնաւորապէս՝ իր հետեւած վերջին դիւանագիտական ուղղութեան:

Մամուլը իր պարտականութիւնը կատարած է, ասկէ ետք ժողովուրդին կը մնայ դերը, ժողովուրդին՝ որ ճանչնայ իր իրաւունքները, պաշտպանէ զանոնք եւ իր ներկայ անկերպարան, ամօթալի ու թմրած դրութենէն դուրս գայ:

Չուզե՞ր, մեղքը իր վզին:

Սօֆիա

Թիւ 28, 1907, Յունուար 27