ԿՈՐԴԵԱՆ
ՀԱՆԳՈՅՑԸ
Օսմ[անեան]
Խորհրդարանի
բացման
առթիւ,
վիեննական
օրկան՝
«Նոյէ
Ֆրայէ
Բրէսէ»ի
յայտնած
խորհրդածութեանց
մէջ
կան
հետեւեալ
ուշագրաւ
տողերը.
«Ցարդ՝
բռնի
ուժով
միացուած
այնքան
բազմալեզու
եւ
այլացեղ
տարրերուն
միջաւ
այսուհետեւ
ի՞նչպէս
ներքին
միութիւն
մը
առաջ
պիտի
բերուի։
Այս
հարցը
մեծապէս
կը
շահագրգռէ
մեզ
ալ։
Խնդիրը
կարեւոր
է
մեզի
համար,
որովհետեւ
մենք
ալ
միեւնոյն
պայմաններուն
մէջ
կը
գտնուինք,
որովհետեւ
Թուրքիա
մեր
դրացին
է»։
Աւստրիական
թերթին
այս
տողերը
ուշագրաւ
են
անոր
համար՝
որ
նուրբ
հեգնութիւն
մը,
հազիւ
թափանցիկ
բայց
արդէն
որոշապէս
իմանալի
տարակոյս
մը
կը
շօշափեն
թէ՛
Օսմ[անեան]
պետութեան
ապագայ
կեանքին
նկատմամբ։
«Նոյէ
Ֆրայէ
Բրէսէ»
ըսել
կ՚ուզէ
թէ
մենք՝
Աւստրօ—Հունգարիոյ
ժողովուրդներս,
որ
նոյնպէս
բաղկացած
ենք
բազմատեսակ
ազգութիւններէ
եւ
ցեղերէ,
որ
անհամեմատ
աւելի
առաջընթաց
քաղաքակրթութեան
եւ
խորհրդարանական
կեանքի
մը
փորձառութիւնն
ունինք՝
գիտենք
թէ
ի՛նչ
կը
նշանակէ
այլատարր
պետութեան
մը
կառավարութիւնը
եւ
անոր
ներքին
միութիւնը.
ու
տակաւին
հասկցնել
կ՚ուզէ
թէ՝
տեսնենք
Օսմ[անեան]
Խորհրդարանը
ի՛նչպէս
մէջէն
պիտի
ելլէ
այն
յորձանուտ
հոսանքներուն,
որոնց
վրայ
նաւարկել
հարկադրուած
է։
Վիեննական
թերթը
մտքէն
չանցներ
անտարակոյս
իր
հայրենակիցներուն
համար
օրինակ
ու
դաս
սպասել
Օսմանեան
նորընծայ
ու
համեմատաբար
շատ
համբակ
Խորհրդարանէն,
երբ
կ՚աւելցնէ
թէ
«խնդիրը
կարեւոր
է
մելի
համար,
որովհետեւ
մենք
ալ
միեւնոյն
պայմաններուն
մէջ
կը
գտնուինք».
ո՛չ,
եթէ
իրապէս
դաս
առնող
ու
օրինակ
վերցնող
մը
պէտք
է,
ան
ալ
Օսմ[անեան]
Խորհրդարանը
ըլլալու
է,
ոչ
թէ՝
Ռայխսրաթը։
Էականը
թերթին
արտայայտած
մտքերուն
մէջ՝
աւստրիական
տեսակէտով,
խորհրդարանական
եւ
օրէնսդրական
իմաստութեան
ակնկալութիւնը
չէ
մեր
Խորհրդարանէն,
այլ
միայն
այն
որ
«Թուրքիան
դրացին
է
Աւստրիոյ»։
Այս
դրացնութեան
հանգամանքն
է
որ
կարեւոր
է,
շահագրգռական
է
աւստրօ—հունգարական
դիւանագիտութեան,
միւսները
ամբողջովին
ճարտարաբանութիւններ,
ոսկեզօծ
ոչնչաբանութիւններ
են՝
թերասքօղելու
համար
այն՝
ինչ
որ
պատշաճ
չէ
բացարձակօրէն
ու
չոր
լեզուով
յայտարարելու։
Աւստրիական
քաղաքականութիւնը
ուշադիր
հետաքրքրութեամբ
պիտի
հետեւի
ուրեմն
Օսմանեան
ժողովուրդներու
ներքին
միութեան
դժուարին
հարցին,
որովհետեւ
«դրացի
է
մեզի».
ուրիշ
խօսքով՝
պիտի
սպասէ
ակնդէտ,
որպէս
զի
երբ
այդ
«ներքին
միութիւնը»
տագնապներու
հանդիպի,
երբ
այդ
«ներքին
միութիւնը»
կարելի
չըլլայ,
կատարէ
իր
«դրացնութեան»
պարտականութիւնը…։
Հասկնալի
է,
չէ՞։
Եւ
մենք
գիտենք
որ
Աւստրիան
չի
թերանար
իր
ազնիւ
«դրացնութեան»
այդ
պարտականութեանց
մէջ,
որոնց
պատուական
ապացոյցները
տուած
է
եւ
կու
տայ
միշտ,
ինչպէս
Պօսնա—Հէրսէքի
առթիւ։
Թողունք
Աւստրիան
իր
դրացնական
մտահոգութիւններուն
եւ
մեզմէ
բան
սորվելու
իր
բարեյօժար
առաքինութեանը
մէջ,
որոնցմէ
ապահովաբար
դուրս
գալիք
շահը
մեր
հաշւոյն
չպիտի
գրուի։
Այս
հայեացքներուն
եւ
ենթադրութիւններուն
մէջ
պարտաւոր
ենք
փնտռել
մենք
ալ
մեր
բաժինը,
մեր
շահը
եւ
անոնց
ապահովութիւնը։
Պէտք
չէ
ծածկել
ամենեւին
թէ
վիեննական
թերթին
յուզած
խնդիրը՝
նոյն
իսկ
Խորհրդարանի
բացման
պատմական
րոպէին,
ճշմարտապէս
ամէնէն
ծանրը
եւ
ամէնէն
ճակատագրականն
է։
Պետութեան
խարիսխը
պիտի
հանգչի
Օսմանեան
«այլացեղ»
եւ
«բազմալեզու
տարրերուն»
ներքին
միութեան
վրայ։
Այդ
ներքին
միութիւնն
է
այն
միակ
իտէալը՝
որուն
պէտք
է
դիմէ
Օսմ[անեան]
Խորհրդարանը,
իր
ամէն
մէկ
քայլը,
իր
ամէն
մէկ
որոշումը,
իր
ամէն
մէկ
ձգտումը
անոր
իրագործմանն
ուղղելով։
Այդ
իտէալը,
ամէնէն
առաջ
ու
ամէնէն
աւելի՝
թուրք
երեսփոխաններուն
աչքին
պայծառ
ըլլալու
է,
որովհետեւ
իրենց
քաղաքական
հասունութիւնն
ու
ցոյց
տալիք
խորհրդարանական
իմաստութիւնն
է
որ
պիտի
ճշտէ
ամէն
ինչ։
Ներքին
միութեան
համար
անհրաժեշտ
է
ազգերուն
բացարձակ
հաւասարութիւնը,
հաւասարութիւնը
ո՛չ
թէ
տեսականօրէն,
ինչպէս
կ՚ըսուի
այժմ
բնազանցօրէն
եւ
ինչպէս
վարնոց
կեղծաւորութեամբ
մը
յայտարարուած
էր
նոյնիսկ
անցեալ
բռնապետական
վարչութեան
օրով,
այլ
հիմնական
օրէնսդրութեամբ
եւ
օրէնքներու
գործնական
կիրառութեամբը։
Ազգային
իրաւահաւասարութիւնը
անողոք
ճշմարտութիւն
մը
եւ
անզանցառնելի
սկզբունք
մըն
է
այս
երկրին
մէջ,
որուն
հետ
պէտք
է
վերջապէս
հաշտուին
Թուրք
երեսփոխանները,
եթէ
չեն
ուզեր
հայրենիքը
վտանգել
եւ
ինչպէս
ներքին,
նոյնպէս
արտաքին
քաղաքականութիւնը
յանձնել
դժնդնկ
պատահականութեանց
քմահաճոյքին։
Թուրք
երեսփոխաններուն
պատասխանատուութիւնը
մեծագոյնն
ու
գլխաւորն
է,
որովհետեւ
իրենց
կողմն
է
ձայներու
մեծամասնութիւնը,
որովհետեւ
իրենց
հետեւելիք
ուղղութիւնը
պիտի
կրնայ
նուիրագործել
այս
կամ
այն
ծրագիրն
ու
սկզբունքը։
Ազգային
իրաւահաւասարութիւնը
կ՚իրագործուի
միայն
այն
ատեն՝
երբ
խորհրդարանը
մէկ
անգամ
եւ
հաստատապէս
ընդունի
համեմատականի
սկզբունքը,
իբրեւ
ուղեցոյց
եւ
ղեկավար
գաղափար՝
ընկերային
ու
վարչական
բոլոր
օրէնսդրութեանց,
ինչպէս
եւ
ներքին
քաղաքականութեան
մէջ։
Ազգերու
հաւասարութեան
համեմատական
չափը
պէտք
է
պահպանուի
խորհրդարանին
մէջ,
բանակին
մէջ,
դատարաններունմէջ
եւ
գործադիր
վարչութեան
մէջ,
լեզուներու,
ազգային
կրթութեան
եւ
ազգային
բոլոր
յատկանիշներու
յարգանքն
ու
անկախ
պահպանութիւնը
պիտի
լրացնէ
մնացածը,
այսպէս
խաղաղօրէն
եւ
ճարտարութեամբ
լուծելով
այն
հանգոյցթ
որ
կորդեան
կ՚ենթադրուի
այս
պահուս
եւ
շահագրգռութեան
առարկայ
դարձած
է
սահմանակից
պետութեանց,
ինչպէս
Աւստրօ—Հունգարիոյ։
Առանց
համեմատական
հաւասարութեան
սկզբունքին,
ոչ
Խորհրդարանը
կրնայ
իր
նպատակին
հասնիլ,
ոչ
ալ
կառավարութիւնը
կրնայ
ազգային
դժգոհութիւնները
խեղդել։
Օսմանեան
ներքին
քաղաքականութեան
բովանդակ
վտանգը
կապուած
է
այս
սկզբունքին
անարդար
կիրառութեանը
հետ։
Եւ
եթէ
երկրին
ներկայացուցչական
ժողովը
յաջողի
հեռատեսութեամբ
եւ
իմաստութեամբ
մօտենալ
անոր,
այս
անգամ
իրաւցնէ
անկեղծութեամբ
կրնայ
սորվելիք
դասեր
ու
քաղելիք
քաղաքական
փորձառութիւններ
գտնել
Վիեննական
թերթը՝
Նոյէ
Ֆրայէ
Բրէսէ,
Օսմանեան
Խորհրդարանին
գործունէութիւնէն։
Ապա
թէ
ոչ՝
յիշելու
է
միշտ
որ
«ցարդ
բռնի
ուժով
միացուած
այնքան
բազմալեզու
եւ
այլացեղ
տարրերուն
միջեւ
այսուհետեւ
ի՛նչպէս
ներքին
միութիւն
մը
առաջ
բերելու»
շահագրգռւթիւնը
շատ
կենսական
ու
շատ
հասկնալի
նշանակութիւն
ունի
Աւստրօ—Հունգարիոյ՝
իբրեւ
դրացիի։
Եւ
այդ
դրացիները
դժբախտաբար
բաւական
ստուարաթիւ
են՝
արեւելքէն
ու
արեւմուտքէն,
աջէն
ու
ձախէն։
«Ժամանակ»,
1908,
թիւ
54,
16—29
Դեկտեմբեր