Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆԵՐՔԻՆ ԵՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ


Ասկէ առաջ Թուրքիոյ բոլոր վարչագէտներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր արտաքին քաղաքականութեան վրայ, որովհետեւ հարկ էր ներքին զեղծումները վարագուրել, ներքին փտութիւնն ու տագնապները քօղարկել եւ ամէն կերպով, ամէն միջոցներով հաճոյակատար ըլլալ Եւրոպայի, որպէս զի այս կերպով, կարելի ըլլար որքան հնարաւոր է օտար ձեռքեր ու օտար ոտքեր հեռու պահել երկրին ներքին միջամտութենէն եւ հաստատուն պահպանել պետական վարկ մը՝ որ կրնար ամէն վայրկեանի, ամէն թեթեւ շարժման խախտիլ ու չքանալ։

Պետութեան գործերը վարելու կոչուած անձնաւորութիւնները կը նմանէին այն վաճառականներուն՝ որ արդէն ներքին տագնապէ բռնուած են, որ ծանր կորուստներ ու վնասներ ունին, սակայն հազար ու մէկ խաբեբեյութեամբ, ասկէ առնելով՝ անոր տալով, մէկէն պարտք ընելով՝ միւսին վճարելով, կ՚աշխատին խստապահանջ ու անիրաւախոհ պարտատէրներուն բերանը բռնել եւ որքան կարելի է՝ աւելի յետաձգել չարաղէտ վայրկեանը՝ բացարձակ սնանկութիւնը։

Եւ օսմանեան պետութեան նիւթական, ինչպէս բարոյական այս սնանկութեան էական գաղտնիքը ծածկուած էր ներքին գործերու անբարեկարգ ընթացքին, յոռի վարչութեան, տիրապետող քստմնելի անարդարութեան եւ փոքրամասնութեան պատկանող ազգերու ընդդէմ սկսուած խաչակրական արշաւանքին մէջ։

Ոչ ոք, ոչ մէկ պետական վարիչ՝ մտքէն կ՚անցընէր իսկական չարիքին, մեծ վէրքին մօտենալ եւ անոր արմատական բարելաւութեանը աշխատիլ. ոչ ոք մտքէն կ՚անցընէր, որովհետեւ՝ վարչութեան գլուխ կանգնողները կա՛մ արդէն շահախնդիր ու վատաբարոյ անձնաւորութիւններ էին, կա՛մ ամէն յեղափոխական յանդգնութենէ եւ ժողովրդանուէր անձնազոհութենէ զուրկ կամակատարներ, ենթարկուած պալատական նպատակներուն եւ թելադրութիւններուն։ Այնպէս որ ներքին քաղաքականութեան սանձը ամբողջովին անցած էր Ոստիկանութեան նախարարին եւ պալատական խաֆիէութեան ձեռքը եւ արտաքին քաղաքականութիւնն ալ ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ լրացուցիչ մէկ մասը ուրիշ ոստիկանութեան մը։

Եւ այս քաղաքական ըմբռնումն ու դաստիարակութիւնը այնքան զօրաւոր, այնքան տիրապետող եղած է որ՝ հին րէժիմէն մնացած բոլոր յայտնի թէ անյայտ պետական անձնաւորութիւն կոչուածները չեն կրնար անոնցմէ ազատիլ։ Խոստումներ տալ եւ միշտ խոստմնազանց գտնուիլը, սուտ օրօրներով թէ՛ երկրին ժողովուրդը եւ թէ օտար հանրային կարծիքըքնացնելը, քաղաքական ամէնէն անարվ խաբեբայութիւնը եղած է օսմանցի նախարարներուն յատկանշական կողմը, ըսել կ՚ուզենք դիւանագիտական համբաւը։ Ո՛վ որ խաբեբաներուն ամէնէն ճարտարը եւ նենգութեան վարպետը եղած է՝ ընդունուած է իբրեւ մեծ քաղաքագէտ եւ մեծ վարչապետ։

Ամբողջ սերունդ մը պատրաստուած է այս խմորով եւ այս դաստիարակութեամբ։

Սահմանադրութեան առաջին օրերուն ամէնքը կը կարծէին թէ այս երկրաւեր քաղաքականութիւնը, քաղաքական այս աղիտաբեր ընթացքը վերջ պիտի գտնէր բնականաբար։

Ամէնքը կը կարծէին թէ վարչութեան եւ վարչական անձնաւորորութեանց միակ հոգը, միակ նախագրաւումը պիտի ըլլար ներքին վերաշինութեան գործը, թէ՝ ամէն բանէ առաջ ու ամէն բանէ վեր՝ հիմնական բարենորոգութեամբ, ազատութեան ու հաւասարութեան տարրական սկզբունքներու հիմնաւորումով, գործադիր իշխանութիւնը պիտի ջանար երկրին սպառած ուժերը վերանորոգել։

Այսպէս կը մտածէին, որովհետեւ նոյն իսկ արտաքին դիւանագիտութեան դէմ ուժեղ ճակատ եւ ամուր մէջք ցոյց տալու համար՝ նախ պէտք էր դժոխք դարձած Պետութիւնը իր կրակէն, ծուխէն ու մոխիրէն ազատել։

Անցած ամիսներ եւ նախապէս սնուցուած յոյսերը մէկիկ մէկիկ սկսան չքանալ, բոլոր լաւատեսութիւնները տեղի տալ՝ դառն մտածողութեանց։

Դէպքերը եւ դէպքերու շարունակութիւնը մէկ բան յայտնագործեցին, այն թէ՝ Օսմանեան համբաւուած քաղաքագէտները ամէնքն աւելի կամ պակաս աստիճանով վարակուած են Համիտեան րէժիմի անբուժելի ոգիովը եւ ճշմարտապէս սահմանադրական ու ժողովրդանուէր գործունէութիւն մը անհնար է իրենց համար։

Տարբեր եզրակացութեան հասնիլ կարելիե չէր, երբ ամբողջ երկիրը իր աչքերով վկայ եղաւ թէ եօթը ութը ամիսներու միջոցին ներքին կեանքը ո՛չ մէկ փոփոխութիւն կրեց, ներքին կառավարութիւնը ոչ մէկ կերպով սահմանադրական ճամբու մէջ մտաւ, դատարանները եւ դատական զերծ պաշտօնէութիւնը մնաց նոյնը. բռնութիւնները շարունակուեցան նոյն ոգիով եւ նոյն հետամտութեամբ. իշխանութեան կամայականութիւնը թողուեցաւ անպատիժ. սովատանջ ժողովուրդին եւ տնտեսապէս հիմնովին քայքայուած երկրագործութեան ո՛չ մէկ պետական օժանդակութիւն, ո՛չ մէկ դրական առաջարկութիւն։ Եւ ամէն անգամ որ տառապող ժողովուրդը՝ իր համբերութիւնը կորսնցուցած՝ գանգատի եւ բողոքի ձայն բարձրացուց, ներքին գործոց նախարարութիւնը «պաշտօնական հերքումներով» կարծեց իր պարտականութիւնը կատարած ըլլալ… ինչպէս պիտի ընէր եւ ինչպէս ըրած էր 32 տարիէ ի վեր բռնակալութեան շրջանին։

Մարդ կոյր ըլլալու է՝ չի տեսնելու համար թէ այս պետութեան քայքայման, անկման եւ վատթարացման ամողջ էութիւնը ներքին քաղաքականացման մէջ կը գտնուի, ո՛չ թէ արտաքին։

Իսկ այս ճշմարտութիւնն ըմբռնելու կարողութիւնն ու իմաստութիւնը չունին եկող գացող նախարարները, որովհետեւ իրապէս քաղաքական կոյրեր են։ Թրծուած են խաբէութեան դիւանագիտութեամբ եւ որովհետեւ արմէնէն դիւրախաբ կարծուածը երկրին ժողովուրդն է՝ ամէնէն առաջ իրենց ճարտարութիւնը անոր վրայ կը փորձեն։

Մեր երկրին քաղաքականութիւնը պէտք է որ կրէ մինչեւ հիմակուանին տրամագծապէս հակառակը, որպէս զի կարլի ըլլայ լրջօրէն հաւատալ վերածնութեան։

Արտաքին քաղաքականութենէ աւելի եւ անկէ առաջ՝ մեր պետական վարիչներուն բոլոր հոգը, բոլոր մտածումը, բոլոր աշխատանքը կեդրոնանալու է երկրին ներքին կեանքին վրայ. առանց այդ ներքին կեանքը բարձրացած, ամրացած եւ ապահովուած ըլլալու՝ մեր արտաքին քաղաքականութիւնը պիտի մնայ միշտ տկար, միշտ անապահով եւ միշտ ստրուկ։

Հիլմի փաշա քիչ ատենուան իր նախարարական պաշտօնավարութեան միջոցին արդէն մէկէ աւելի ապացոյցներ տուաւ թէ ինք եւս աշկերտն է այն դիւանագիտական դպրոցին, որմէ բարիք չէ տեսած մինչեւ հիմա երկիրը եւ տեսնելիք ալ չունի։ Իր նախարարութեան օրով ներքին գործերը ո՛չ թէ բարելաւ վիճակի մէջ չի մտան, այլ գուցէ աւելի վատթարացան. իր նախարարութեան օրով ոչ միայն յայտնի չարագործներ ու աշխատաւոր ժողովուրդին պատուհասը եղող աւազակներ զինաթափ չեղան ու չի ձերբակալուեցան, այլ նոյն իսկ վալիներուն, միւթէսարըֆներուն ու գայմագամներուն գաղտնի հեռագիրներ ալ գացին՝ որպէս զի քրիստոնեաներուն թոյլ չի տրուի զէնք կրել եւ ի հարկին իրենց անձը պաշտպանել յելուզակներու եւ ոճրագործներու դէմ։

Իսկ այսօր Հիլմի փաշան ո՛չ միայն Ներքին գործոց նախարար է, այլ եւ Վարչապետ։

Կրնա՞նք արդեօք լաւատես ըլլալ։

Փետր. 4/17, 1909

«Ժամանակ», 1909, թիւ 101, Ուրբաթ, Փետրուար 13—26