Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԱՌԱՆԳԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄ ԵՒ ՕՐԵՆՍԴՐԱԿԱՆ ՈՒ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՊԱՇԱՐՈՒՄՆԵՐԸ


Սահմանադրական կամ միապետական կառավարութեանց մէջ միանգամայն, օրէնքներու կէտ նպատակը, ձգտումն ու խմբագրութիւնը՝ ինչպէս գործադրութիւնը կը տարբերին օրէնսդրողներու անձնական ու դասակարգային, կրօնական ու ընկերային ըմբռնումներու եւ նախապաշարումներու, շահերու ու ձգտումներու համաձայն: Ըսէ՛ք թէ այս կամ այն տուեալ օրէնսդրական եւ գործադիր մարմինը ո՞ր դասակարգի ազգի ու կրօնի, ի՞նչ կրթութեան եւ աշխարհայեացքի կը պատկանի, անմիջապէս առանց տատանելու ու սխալելու կրնանք հետեւեցնել՝ թէ կեանքի իւրաքանչիւր յարաբերութեանց ու երեւոյթներու համար անոնց հաստատած ու գործադրութեան դրած օրէնքներն ու կանոնները ի՞նչ շահերով ու տեսութիւններով տոգորուած են եւ ո՛ւր կը միտին:

Աւելին կայ: Բացատրութիւններ չեն, եւ մանաւանդ ժամանակակից բնաշրջման բերումով՝ յաճախադէպ է տեսնել որ միեւնոյն պետութեան օրէնսդիր ու գործադիր մարմիններն ու անհատները կը տարբերին հաստատուած այս կամ այն օրէնքի ու կանոն ոգիին ու կիրարկութեան նպատակին մէջ:

Այս տարըմբռնումներն ու տարվերաբերումները գոյութիւն ունին նոյնիսկ գործադիր իշխանութեան զանազան ճիւղերուն ու անդամներուն միջեւ: Պիւրօքրաթիզմի էն գլխաւոր յատկանիշներէն մէկն է այս: Վերջերս Քլէմանսօ՝ Լ՚Օմ Լիպրը թերթին միջոցով իր ներքին գործերու նախարարութեան ժամանակի յիշատակներէն քաղելով ֆրանսական պիւրօքրաթիզմի կեանքէն, ըմբռնողութիւններէն եւ գործելակերպէն այնպիսի նմոյշներ կը յիշատակէր, որոնք բաւական լոյս կը սփռեն ժամանակակից պիւրոքրատականութեան ներքին բովանդակութեան ու փտութեանց վրայ:

Հաստատելի օրէնսդրական պահանջներուն, հաստատուած օրէնքներու ոգիի ու նպատակի ըմբռնումի ու գործադրութեան մէջ՝ մէկմէկու հակասող, մէկը միւսի հերքող երեւոյթներ առաւել եւս Թուրքիոյ մէջ առաջ կուգան, որովհետեւ կրօնական, ընկերային ու քաղաքական հայեացքներու բազմազանութիւնն ու նախապաշարումները մեր մէջ է որ իրենց գոյութեան իրաւունքը կը վայելեն:

Այս կարգէն է նաեւ ժառանգականութեան վաւերացումի դրութիւնը:

Թուրքիոյ մէջ դեռ շատ բաներ կան՝ որոնք ընդհանուր քաղաքցիական օրէնքի տակ չեն առնուած, ինչպէս կտակի, վագֆի, ամուսնութեան, եւլն. խնդիրներ՝ որոնք կ՚ենթարկուին Շէրիի տրամադրութեանց, իսկ այդ տրամադրութիւնները իսլամական կրօնին եւ կամ իբրեւ այսպիսին համարուած են: Բայց կայսրութիւնը չէ բաղադրուած միայն Իսլամներով: Կան դեռ եւս պատկառելի թուով ո՛չ իսլամներ, տարբեր կրօններ՝ որոնց ազատ դաւանութիւնն ու պաշտամունքը պետութեան երաշխաւորութեան տակ առնուած է, եւ տարբեր կրօնները՝ ինչպէս օրինակ քրիստոնէութիւնը, նոյնիսկ քրիստոնէական կրօնին պատկանող եկեղեցիներէն իւրաքանչիւրը ուրոյն կարգեր ու օրէնքներ ունին մանաւանդ ամուսնութեան ե հետեւաբար ժառանգականութեան, կտակի վերաբերմամբ, ուստի եւ ատոնցմէ ծագած բոլոր հարցերն ու վէճերը բնականօրէն պիտի ենթարկուին իւրաքանչիւր ազգի ու կրօնի սեփական օրէնքին ու դատաստանին:

Ի պատիւ օսմանեան կայսրութեան, պէտք է խոստովանիլ՝ որ այս ճշմարտութիւնը դարերէ ի վեր ըմբռնուած ու ընդունուած է: Բայց այն օրէ որ պետական ու ազգային նոր մտքեր ու հարցեր ստեղծուեցան, հինի ու նորի բաշխումը առաջ եկաւ, աշխարհավարութեան նոր ձգտումներ առաջ եկան, այդ օրէն սկսան հին ճշմարտութիւնները սխալ մեկնութիւններու ենթարկուիլ, խեղաթիւրուիլ եւ գործադրութեան մէջ շփոթութիւններ առաջացնել:

Այդ կարգի շփոթութիւններէն մէկուն առարկան եղող կտակներէն առաջացող վէճերու եւ դատերու իրաւասութեան վերաբերմամբ մեր տեսութիւնները պարզելու եւ Հայոց Պատրիարքարանի իրաւունքը պաշտպանելու առիթը ունեցանք արդէն:

Այս անգամ յարուցուած է նոր խնդիր: Ժառանգութեան կամ ժառանգականութեան խնդիրն է այդ: Հայոց Պատրիարքարանի՝ ինչպէս այլ ոչ—իսլամ կրօնական—ազգային ներքին ինքնավարութեանց, իրաւունքին մէջ մտնող այդ իրաւասութիւնն ալ Համիտի օրերէն վէճի առարկայ է եղած: Մենք բազմիցս կրկներ եւ ապացուցեր ենք որ մեր ազգային—կրօնական ինքնավարութեան վերաբերեալ իրաւունքները առանձնաշնորհումներ չեն՝ այլ բնական իրաւունքներ: Մենք երբե՛ք չենք գտիր եւ պաշտպաներ «առանձնաշնորհումներ ու չափազանց գոհ կը մնանք հաւասար իրաւունքներ վայելելով:

Ինչպէս ըսինք, Հայոց Պատրիարքարանի այսինքն Հայ Ազգի ու Հայ քրիստոնեայ եկեղեցիի բնական իրաւունքը եղող իրաւասութեանց իբր առանձնաշնորհում որակումը անկասկած որ առաջ է եկեր հաւասարութեան սկզբունքի ու գաղափարի բացակայութենէն:

Եթէ իսկապէս առանձնաշնորհումներ ըլլային, ամենայն անվերապահութեամբ, մենք պիտի պաշտպանէինք ու ծափահարէինք առանձնաշնորհումները աստիճանաբար ջնջելու միտող կարգադրութիւնները: Տարաբախտաբար, «առանձնաշնորում»ի անուան տակ մկրտուած մեր իւրաքանչիւր իրաւունիք ջնջումը նուազագոյն հաւասարութեան ջնջումն է, եւ ո՛չ առանձնաշնորհումի:

Այդ իսկ մտայնութիւնով, Համիտի օրերուն վէճի առարկայ դարձուած իրաւասութիւնները՝ երկար բանակցութիւններէ յետոյ 21 յունիս 1308 թուականի ֆէրմանով վերահաստատուեր են: Այդ ֆէրմային մէջ որոշապէս յիշուեր է որ «ժառանգորդներու պատրիարքարաններէն իլամի հինէն ի վեր գործադրուող դրութիւնը այսուհետեւ ալ գործազրկութեան մէջ պիտի մնայ»:

Բայց ահս Թերճեմանէն քաղելով մամուլը կը հաղորդէ թէ շրջաբերականով մը ծանուցած է իսլամ գատըներուն, ուր պատրիարքարաններու իլամը անհրաժեշտ նկատուելով՝ իխթիյար մէճլիսներու տեղեկագիրներուն վրայ, իսկ անոնց դժկամութեան պարագային՝ կարելի եղածին չափ արտաքին քննութիւն կատարելէ ետք, հաւաստի վկայութեանց վրայ յենլով լուծեն ժառանգութեան դատերը:

Չենք գիտեր թէ ո՞վ է զրկեր այդ շրջաբերականը գատըներուն: Դատական նախարա՞րը թէ Շեյխ— իւլ—իսլամութիւնը, եւ ի՞նչ իրաւամբ:

Ի՞նչ, ժառանգորդութիւնը կամ ժառանգականութիւնը՝ որ անմիջական հետեւանքն են ամուսնութեան, ամուսնական կեանքի, պսակի, ծնունդի վաւերականութեան կամ ո՛չ վաւերականութեան, ամուսնալուծութեան կամ ապօրէն կենակցութեան, եւ որոնք բացարձակապէս ենթարկուած են Հայ Եկեղեցիի օրէնքներուն, պիտի ենթարկուին իխթիյար մեճլիսներու եւ գատըներու հայեցողութեա՞նը:

Ո՞ր տեղէն կը բխի այս շեղումը: Տեսէ՛ք թէ ինչով կը պատճառաբանուի:

Որովհետեւ, առանց Պատրիարքարաններէն առնուած իլմուխապէր ցոյց տրուելու՝ ժառանգութեան դատերուն անսելի մնալու մասին պայման մը չկայ եղեր: Որովհետեւ, «Պատրիարքարանի կողմէ տեղեկագիր չտրուած պարագային՝ ժառանգորդներուն ուրիշ հաստատիչ միջոցներով որոշուիլ արգիլող բացորոշ տրամադրութիւն չկայ» եղեր:

Որպիսի՜ տրամաբանութիւն եւ դատողութիւն:

Պատժական, քաղաքացիական եւ Շէրիի դատարաններու իրաւասութիւնները ճշտող օրէնքներ կան, բայց բնաւ տրամադրութիւն չկայ արգելիչ: Ատկէ կը հետեւի որ, որովհետեւ արգելքը չկայ, քաղաքացիականը պատժականին, պատժականը քաղաքացիականին իրաւասութեանց մէջ պիտի մտնեն: Այն իրաւասութիւնը՝ որ օրէնքով Պատրիարքարանին տրուած է, որովհետեւ արգելիչ օրէնք չկայ, ո՞ր օրէնքով եւ ո՞ր ակզբունքով թոլյատրելի պիտի ըլլայ ուրիշներուն կիրարկել այն իրաւունքը զոր չեն վայելեր:

Կա՞յ արգելիչ օրէնք մը որ իսլամի ժառանգական դատը չպիտի տեսնուի առանց Վէրասէթ հէօճէթիի:

Ինչո՞ւ Իսլամին ժառանգական դատին համար Շէրիի Վէրասէթ հէօճէթին անպատճառ կը պահանջուի եւ նոյն դատողութեամբ չպիտի պահանջուի Հայուն համար Պատրիարքարանի վճռաթուղթը՝ որ հեօճէթ ըսել է:

Ինչո՞ւ այս խտրութիւնը:

Բայց այս խտրութիւնը բացարձակապէս զուրկ է հասուն դատողութենէ, օրինական եւ սկզբունքային ո՛ եւ է հիմքէ, արդարութեան գաղափաչէ եւ պետական իմաստութենէ: Շրջաբերականները՝ որոնք օրէնքի վրայ չեն հիմնուած, օրէնքի հակառակ արժէք չեն կրնար ունենալ եւ ի զուր կը ստեղծեն նոր վէճեր, նոր բարդութիւններ: Բա՛ւ են եղածները, նորեր չստեղծենք:

Չգիտենք Պատրիարաքարանը ի՞նչ կ՚ընէ, բայց մենք կը դիմենք նախարարութեան, սահմանադրական կառավարութեան եւ կ՚ըսենք որ չափազանց ձախող քայլ առնուած է. Իր պարտականութիւնն է անմիջապէս լուրջ ուշադրութեան առնել եւ անյապպաղ ջնջել տալ այդ շրջաբերականով եղած կարգադրութիւնը:

«Ազատամարտ», 1914, 9/22 Մայիս, թիւ 1507, էջ 2