ԲՈՂՈՔԸ 
    
     Ո՞ՐՔԱՆ 
    
     ԱՐԴԱՐԱՑԻ 
    
     Է
  
 
    
     Երէկ 
    
     հրատարակեցինք 
    
     Կեսարիայէն 
    
     մեր 
    
     թերթին 
    
     ուղղուած 
    
     հեռագիր 
    
     մը, 
    
     հայ 
    
     ու 
    
     թուրթ 
    
     բազմաթիւ 
    
     ստորագրութիւններով, 
    
     որ 
    
     կը 
    
     բողոքէր 
    
     սանճագի 
    
     Ընդհանուր 
    
     Ժողովին 
    
     դէմ,
    
     — 
    
     յայտնելով 
    
     թէ՝ 
    
     նոյն 
    
     Ժողովը 
    
     զանազան 
    
     տուրքերը 
    
     սահմանած 
    
     է 
    
     քաղաք 
    
     մտնող 
    
     հակերուն 
    
     վրայ:
  
 
    
     Նախ, 
    
     մեզի 
    
     կը 
    
     թուի 
    
     թէ 
    
     թիւրիմացութեան 
    
     մը 
    
     մէջ 
    
     են 
    
     Կեսարացի 
    
     մեր 
    
     հայ 
    
     եւ 
    
     թուրք 
    
     հայրենակիցները, 
    
     երբ 
    
     կը 
    
     յայտարարեն 
    
     որ 
    
     Ընդհանուր 
    
     Ժողովը 
    
     իրաւասութիւն 
    
     չունի 
    
     տուրք 
    
     սահմանելու:
  
 
    
     Ընդհանուր 
    
     Ժողովը 
    
     ունի 
    
     այդ 
    
     իրաւասութիւնը, 
    
     համաձայն 
    
     Նահանգային 
    
     նոր 
    
     Օրէնքին, 
    
     որ 
    
     կ՚արտօնէ 
    
     սանթիմ 
    
     ատտիսիօնէլի 
    
     կիրառումը՝ 
    
     տեղական 
    
     պէտքերուն 
    
     համար:
  
 
    
     Երկրորդ, 
    
     չի 
    
     բաւեր 
    
     բողոքարկու 
    
     հանդիսանալ, 
    
     առանց 
    
     հարկ 
    
     եղած 
    
     չափով 
    
     պարզելու 
    
     բողոքին 
    
     էութիւնը: 
    
     Այսպէս, 
    
     կեսարացի 
    
     մեր 
    
     հայրենակիցները 
    
     պարտաւոր 
    
     էին 
    
     ըսելու 
    
     թէ՝ 
    
     գանգատի 
    
     առիթ 
    
     տուող 
    
     տուրքերը 
    
     ո՛ր 
    
     չափով 
    
     եւ 
    
     ի՛նչ 
    
     տեսակ 
    
     ապրանքներու 
    
     վրայ 
    
     սահմանուած 
    
     են, 
    
     եւ 
    
     որ 
    
     աւելին 
    
     է՝ 
    
     ի՛նչ 
    
     նպատակի 
    
     պիտի 
    
     գործածուին 
    
     անոնք:
  
 
    
     Ընդհանուր 
    
     խօսքերը 
    
     չեն 
    
     կրնար 
    
     ճշտել 
    
     թէ 
    
     ո՛րքան 
    
     արդար 
    
     է 
    
     հանգատը, 
    
     որպէսզի 
    
     մամուլ 
    
     եւ 
    
     հանրային 
    
     կարծիք 
    
     կարողանան 
    
     դատաստան 
    
     ընկել:
  
 
    
     Այս 
    
     դիտողութիւնները՝ 
    
     հեռագրին 
    
     բովանդակութեան 
    
     մասին:
  
 
    
     Բայց, 
    
     մենք 
    
     կ՚ուզէինք 
    
     հարցին 
    
     մօտենալ 
    
     քիչ 
    
     մը 
    
     աւելի 
    
     լայն 
    
     նայուածքով: 
    
     Մեզի 
    
     կը 
    
     թուի՝ 
    
     թէ՝ 
    
     Գաւառի 
    
     ազգաբնակութիւնը 
    
     պարտաւոր 
    
     է 
    
     բոլորովին 
    
     ալյ 
    
     տրամադրութեամբ 
    
     վերաբերուի 
    
     դէպի 
    
     Նահանգային 
    
     Ժողովներն 
    
     ու 
    
     անոնց 
    
     որոշումները՝ 
    
     քան 
    
     ինչ 
    
     որ 
    
     սորված 
    
     է 
    
     վերաբերուիլ 
    
     մինչեւ 
    
     հիմա 
    
     կառավարական 
    
     ուրիշ 
    
     հիմնարկութեանց 
    
     հետ:
  
 
    
     Գաւառի 
    
     ժողովուրդը 
    
     պէտք 
    
     է 
    
     գիտնայ 
    
     թէ 
    
     Նահանգային 
    
     Ժողովները 
    
     ուրիշ 
    
     բան 
    
     չեն՝ 
    
     եթէ 
    
     ոչ 
    
     տեղական 
    
     ինքնավարութեան 
    
     հիմունքը: 
    
     Անոնցմով 
    
     է 
    
     որ 
    
     ժողովուրդը 
    
     գիտակցութիւնը 
    
     պիտի 
    
     ունենայ 
    
     իր 
    
     ուղղակի 
    
     պէտքերուն, 
    
     պիտի 
    
     խօսի 
    
     անոնց 
    
     վրայ 
    
     եւ 
    
     միջոցներ 
    
     պիտի 
    
     գտնէ՝ 
    
     գոհացում 
    
     տալու 
    
     անոնց. 
    
     Մէկ 
    
     խօսքով՝ 
    
     պիտի 
    
     սորվի 
    
     ինքնզինք 
    
     կառավարել:
  
 
    
     Չենք 
    
     ըսեր 
    
     որ 
    
     Նահանգային 
    
     Օրէնքը 
    
     կատարեալ 
    
     է 
    
     եւ 
    
     անթերի. 
    
     օ՛հ, 
    
     երբե՛ք: 
    
     Բայց, 
    
     այդ 
    
     անկատար 
    
     եւ 
    
     թերի 
    
     իրաւասութիւններէն 
    
     ալ 
    
     Գաւառի 
    
     հասարակութիւնը 
    
     կրնայ 
    
     առժամապէս 
    
     օգտուիլ 
    
     մեծ 
    
     չափերով՝ 
    
     եթէ 
    
     իր 
    
     շահերուն 
    
     եւ 
    
     իր 
    
     վնասներուն 
    
     գիտակցութիւնն 
    
     ունենայ,
    
     — 
    
     որովհետեւ 
    
     մինչեւ 
    
     այսօր՝ 
    
     բովանդակ 
    
     երկիրը 
    
     աշխատած 
    
     եւ 
    
     Պոլիսը 
    
     կերակրած 
    
     է 
    
     միայն, 
    
     Գաւառը՝ 
    
     ինքզինք 
    
     զրկած 
    
     եւ 
    
     այդ 
    
     զրկանքով 
    
     Կեդրոնը 
    
     լիացուցած 
    
     է: 
    
     Ունեցածը 
    
     տուեր 
    
     է 
    
     մայրաքաղաքին, 
    
     եւ 
    
     ինչ 
    
     որ 
    
     մնացեր 
    
     է 
    
     իրեն՝ 
    
     դպրոց, 
    
     ճամբայ, 
    
     առողջապահական 
    
     միջոցներ, 
    
     եւն. 
    
     եւն., 
    
     ամէնքն 
    
     ալ 
    
     ձգուած 
    
     են 
    
     եղեր 
    
     երեսի 
    
     վրայ, 
    
     անտէր 
    
     անտիրական 
    
     եւ 
    
     աւեր—աւերակ:
  
 
    
     Նահանգային 
    
     Ժողովները 
    
     կոչուած 
    
     են 
    
     ահա 
    
     նահանգին 
    
     համար 
    
     մտածելու, 
    
     նահանգին 
    
     վաստակը՝ 
    
     տեղին 
    
     յատկացնելու:
  
 
    
     Այս 
    
     պատճառով 
    
     Գաւառի 
    
     հասարակութիւնը 
    
     ո՛չ 
    
     թէ 
    
     արգելքներ 
    
     յարուցանելու 
    
     է 
    
     տեղական 
    
     ինքնագործունէութեան 
    
     դէմ, 
    
     այլ 
    
     դիւրնելու 
    
     է 
    
     զայն: 
    
     Դիւրացնելու 
    
     է, 
    
     աշխատելով 
    
     որ 
    
     եթէ 
    
     տուրքեր 
    
     կը 
    
     դրուին՝ 
    
     դրուին, 
    
     բայց 
    
     գործածուին 
    
     իրենց 
    
     նպատակին, 
    
     ըլլան 
    
     արդիւնաւոր 
    
     իւրաքանիւր 
    
     սանճագի, 
    
     իւրաքանչիւր 
    
     գազայի, 
    
     իւրաքանչիւր 
    
     նահիէի 
    
     համար:
  
 
    
     Ի 
    
     հարկ 
    
     է 
    
     որ 
    
     դրուած 
    
     տուրքերը 
    
     պէտք 
    
     է 
    
     ըլլան 
    
     արդար,
    
     — 
    
     արդար՝ 
    
     այն 
    
     իմաստով, 
    
     որ 
    
     անոնք 
    
     համեմատական 
    
     ըլլան 
    
     հարկատուներու 
    
     կարողութեան, 
    
     չիյնան 
    
     աղքատ 
    
     ու 
    
     չքաւոր 
    
     դասակարգին 
    
     վրայ, 
    
     այլ 
    
     անոնց՝ 
    
     որ 
    
     ունեւոր 
    
     են 
    
     եւ 
    
     որոնք 
    
     կարող 
    
     են 
    
     տանիլ 
    
     իրենց 
    
     բեռը:
  
 
    
     Այս 
    
     մեր 
    
     դիտողութիւնները 
    
     ընդհանուր 
    
     են 
    
     բոլոր 
    
     գաւառներուն 
    
     եւ 
    
     ի 
    
     միջի 
    
     այլոց 
    
     անշուշտ 
    
     նաեւ 
    
     Կեսարիոյ:
  
 
    
     Հետեւաբար, 
    
     մեզի 
    
     կը 
    
     մնայ 
    
     առայժմ 
    
     սպասել՝ 
    
     տեսնելու 
    
     համար 
    
     թէ 
    
     ինչ 
    
     է 
    
     կեսարացիներու 
    
     բողոքին 
    
     էութիւնը, 
    
     իր 
    
     մանրամասնութեան 
    
     մէջ: 
    
     Գէթ 
    
     հիմակուհիմա, 
    
     հեռագրին 
    
     նայելով՝ 
    
     հաստատուած 
    
     տուրքը 
    
     աղքատին 
    
     վրայ 
    
     ինկած 
    
     տուրք 
    
     մը 
    
     չէ 
    
     եղեր, 
    
     ուստի 
    
     արժանի 
    
     է 
    
     աւելի 
    
     պաշտպանութեան՝ 
    
     քան 
    
     բողոքի:
  
 
   
    «Ազատամարտ», 
   
    1914, 
   
    14/27 
   
    Յունիս, 
   
    թիւ 
   
    1538, 
   
    էջ 
   
    2