ՁԳՏՈՒՄՆԵՐ
ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆԻ
ՄԷՋ
Ա
Բնական
է
որ
յետադարձ
ակնարկ
մը
երկարենք
նաեւ
արտասահմանի
հայութեան
ապրած
մէկ
տարուան
ազգային
կեանքին
վրայ,
երբ
մեր
նախորդ
յօդուածներով
արդէն
դարձանք
Երկրի
եւ
Կովկասի
շուրջը:
Ընդունելով
հանդերձ
թէ
պանդխտութիւնն
ու
գաղթականութիւնը
հայուն
ազգային
գոյութեան
սպառնացող
դարաւոր
չարիքներէն
գլխաւորներն
եղած
են,
մենք
այն
համոզումն
ունինք
սակայն
թէ
սովորապաշտօրէն
այդ
չարիք
կոչուածները
Տաճկահայաստանի
ազատագրական
շարժումներուն
ամէնահզօր
ազդակներէն
եղան
նաեւ
այդ
շարժումներուն՝
տեւականութիւն,
կորով
եւ
յուսադրութիւն
տուին:
Արտասահմանի
կատարած
դերը
մեր
Երկրին
համար
թէ՛
Յեղափոխութեան
ծագման,
թէ
առաջին
խանդավառ
օրերուն
եւ
թէ
կոտորածներուն
յաջորդող
սեւամաղձ
տարիներու
ընթացքին՝
խիստ
նշանակելի
եղած
է
եւ
պատմութեան
կը
մնայ
անոր
քննութիւնն
ու
դատողութիւնը:
Մեր
դիտաւորութիւնը
հիմա
այդ
ուսումնասիրութեամբ
զբաղիլ
չէ:
Ինչ
որ
կուզենք
վեր
հանել՝
սա՛
է
որ
հայ
պանդխտութեան
եւ
գաղութներու
նկատմամբ
անյիշատակ
ժամանակներէ
ի
վեր
սնուցած
մեր
լալկան,
մեր
մշտնջենապէս
գանգատող
գաղափարները
անհրաժեշտ
է
բարեփոխել:
Արտասահմանեան
հայութիւնը
այս
րոպէներուն
կը
ներկայացնէ
այնպիսի
պարտականութիւն
մը
եւ
այնպիսի
դիրք
մը՝
հանդէպ
Մայր-Երկրին,
փոխանակ
յուսահատելու,
գանգատելու
եւ
լալու,
պարտաւոր
ենք
այլապէս
մտածել
եւ
այլապէս
տրամադրուիլ:
Պանդխտութիւնը
կրնայ
իր
էութեամբ
չարիք
մը
ըլլալ
մեզի
համար,
ճիշտ
է
ասիկա,
բայց
նոյն
պանխտութիւնը,
արտասահմանի
նոյն
հայութիւնը
ունի
նաեւ
ներկայի
իր
բացառիկ
օգտակարութիւնը,
իր
բարերար
գործը:
Չենք
կրնար
ժխտել
ո՛չ
պանդխտութիւնը,
ո՛չ
հայ
գաղութները.
անոնք
կան
եւ
պիտի
շարունակեն
ըլլալ՝
մինչեւ
որ
հայ
հողը
չազատի
քաղաքական
արդի
ճնշումէն,
արդի
սպաննիչ
ծանրութեան
տակէն:
Կը
մնայ՝
այդ
հողին
գրկէն
փախած,
բայց
անոր
կարօտովը
հնհնացող
հայութեան
հոգիին
մէջ
ազգային
իտէալը
լուսաւոր,
կենդանի
ու
վառ
պահել .
կը
մնայ
այդ
իտէալը
ընդհանրացնել,
դարձնել
ամէնունը,
բոլորին
նայուածքները
անոր
սեւեռել
տալ.
կը
մնայ
շարժման,
ոգեւորութեան
եւ
գործունէութեան
մղել
բոլոր
հատուածները,
մեծ
զանգուածէն
անջատուած
ու
հեռացած
բոլոր
մասունքները:
Իտէալը
նոր
չէ
որ
պիտի
ստեղծուի,
միայն
հարց
է
թէ
անիկա
ընդհանրացա՞ծ
է,
անիկա
հանրային
բոլոր
խաւերուն
մէջ
թափանցա՞ծ
է:
1906
տարին
Բարեգործական
երկու
Միութիւններու
անունը
բերաւ
մեզի,
որոնցմէ
Փարիզինը
իր
կանոնադրութիւնը
հրատարկելէ
ետք՝
այլեւս
իր
վրայ
չի
խօսեցուց.
մեռա՞ւ
թէ
մնաց՝
մարդ
չի
գիտեր:
Գահիրէինը,
ընդհակառակը,
հրատարակեց
իր
տարեկան
հաշուեկշիռը,
որմէ
կը
տեղեկանանք
թէ
ունեցած
է
403,
056.
7
Եգիպտ.
ղրուշի
մուտք:
Այս
մուտքէն
նպաստած
է
25,
000
ղրուշ
Կովկասի
արկածելոց
եւ
Վանի
ու
Ակնայ
սովելոց.
իսկ
10,
171.
7
ղրուշ
ալ
ծախսուած
է
իբրեւ
«Գրագրի
եւ
հաւաքչի
ամսական,
գրասենեակի
պիտոյք
ու
վարձք,
եւայլն
եւայլն»,
ըսել
է
իր
տուած
նպաստներուն
մօտաւորապէս
կէսին
չափ
ալ
յատկացուցեր
է
երկրորդական
նպատակներու:
Յեղափոխական
սահմանափակ
կազմակերպութիւններէն
դուրս՝
արտասահմանեան
հայութեան
ահա
բոլոր
ազգային
գործունէութիւնը,
ահա
բոլոր
կատարած
դերը՝
հաւաքաբար.
ո՛չ
աւելի,
ո՛չ
պակաս:
Թիւ
23,
1907,
Յունուար
10