ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԻԻՆՆ
ՈՒ
ՄԱՄՈՒԼԻ
ԴԵՐԸ
Չմշկածակցի
ուսուցչին՝
հանգուցեալ
Յակոբ
Բարակեանի
դիակի
խնդիրը
ծանօթ
է
մեր
ընթերցողներուն:
Մեր
այսօրուայ
համարին
մէջ
հրապարակ
դրուած
ու
քննութեան
կարօտ
շարք
մը
փաստերն
ու
երեւոյթները,
եւ
անցնո
վրայ
հիմնուելով
մեր
պահանջած
քննութեանց
ու
եզրակացութեանց
հայեցակէտերը
խնդիրը
կը
դնեն
նոր
փուլի
մը
մէջ:
Մենք
այս
խնդիրը՝
դէպքին
հետ
շաղկապուած
երեւոյթներու
բերմամբ,
այս
կերպ
հրապարակ
դնելով,
նկատի
չունինք
բնաւ
ո՛չ
խնդրին
մասնաւոր
հանգամանքը
եւ
ո՛չ
ալ
խնդրին
ծագումին
հայ
անհատի
մը
վերաբերիլը:
Մենք
նոյն
վերաբերմունքը
պիտի
ցոյց
տայինք՝
եթէ
դիակը
պատկանէր
բոշտ
օսմանցի
քաղաքացիի
մը
եւ
երեւան
գար
միեւնոյն
երեւոյթներուն
տակ:
Մենք
խնդիրը
մասնաւորէն
կ՚ընդհնարացնենք
եւ
կը
կանգնինք
սկզբունքային
տեսակէտի
վրայ,
յուզելով
արդարադատութեան
ըմբռնումներու
որոշ
հայեցակէտեր՝
ինչպէս
նաեւ
ձգտելով
անհատական
տրամադրութիւններէն
ազատիլ
եւ
իբրեւ
պետականճօրէնսդրական
ու
իրաւակարգային
հարց՝
միանգամ
ընդ
միշտ
որոշել
տալ
սահմանները
մամուլի
իրաւասութեանց
ու
պարտականութեանց՝
հանդէպ
վարչային,
դատաստանական
կամ
այլ
հասարակական
երեւոյթներու
եւ
դէպքերու:
Աշխարհի
բոլոր
երկիրներուն
մէջ
ալ,
բոլոր
պետութեանց
մէջ
ալ,
վարչային
բոլոր
ճիւղերուն
մէջ,
ամենաբարձրէն
մինչեւ
ամենախոնարհ
աստիճանի
վրայ
գտնուող
պաշտօնէութեան
կողմէ
գործուած
թերութիւններ,
զանցառութիւններ
եւ
մինչեւ
իսկ
զեղծումներ
կը
գտնուին,
զորս
ուղղելն
ու
սրբագրելը
պետական
կամ
հասարակական
շահերու
գերագոյն
պահանջն
է:
Պաշտօնէութիւնը
անսխալականութիւն
մը
չէ
եւ
պետական
հսկող
ու
բարձրագոյն
հեղինակութիւնները
ո՛չ
ամենատես
են
եւ
ո՛չ
ամենաթափանց:
Այսպիսի
կարողութիւն
դեռ
եւս
ոչ
մէկ
մարդկային
էակի
տրուած
է:
Տեղական
ու
կեդրոնական
մամուլն
է
որ
իշխանութեան
համար
չի
թափանցուած
իւրաքանչիւր
անկիւն
մուտք
կը
գտնէ,
իւրաքանչիւր
քօղ
ու
վարագոյր
կը
պատռէ,
եւ
կը
ներկայացնէ
անոր
ինչ
որ
անտեսանելի,
ինչ
որ
աննկատելի
էր
մնացած
ուղղելու
եւ
սրբագրելու
համար:
Մենք
դեռ
եւս
չենք
ըսեր
որ
իր
բարձրութեան
վրայ
կանգնող
իշխանութիւնը
ինքն
իսկ
իրեն
համար
պահանջը
կը
զգայ
քննադատուելու,
տարակարծ
մամուլի
հայեացքներուն
դիմելու,
լուսաբանուելու,
առաջնորդուելու,
ինքնասրբագրուելու,
իր
պարտականութեան
մէջ
չթերանալու
համար:
Այս
է
պատճառը
որ
քաղաքակիրթ
աշխարհի
մէջ
մամուլը
կը
համարուի
հասարակական
երրորդ
հեղինակութիւնը
կամ
ոյժը:
Այդ
է
պատճառը
որ
վերջերս,
Ճափոնի
ներկայ
ազատական
նախարարապետը
հրաւիրելով
իրեն
մօտ
մամուլի
ներկայացուցիչները՝
խնդրեց
անոնց
աջակցութիւնը
իր
րէֆորմիստակաան
գործունէութեան
մէջ:
Ահա՛
այդ
դերն
է
որ
ստանձնեցինք
մենք,
մեր
ուժերու
եւ
ըմբռնումներու
սահմանին
մէջ,
այն
երկրի
ու
միջավայրի
մէջ
եւ
այն
իշխանութեան
հանդէպ
որ
անհամեմատ
գերազանցօրէն
կոչումն
ու
դերն
է
ստանձներ
երկրի
կամ
պետութեան
բոլոր
ճիւղերու
հիմնական,
արմատական
վերափոխութեան
կամ
վերանորոգչութեան,
եւ
ուր
գերազանցապէս
կարիքը
կայ
բիւրաւոր
հսկող
ու
զգուշացնող
աչքերու,
խղճամիտ
խուզարկուներու:
Ու
մենք
յաւակնութիւնը
ունինք
պնդելու՝
թէ
մեր
այս
պարտականութիւնը
կը
կատարենք
անվերապահութեամբ,
բայց
օրէնքի
ու
խղճամտութեան
սահմաններուն
մէջ
եւ
բացարձակապէս
առանց
ո
եւ
է
յետին
մտքերու:
Եւ
մամուլէն
պահանջուած
միակ
պայմանն
ալ
ա՛յս
կրնայ
ըլլայ:
Եթէ
պաշտօնէութիւնը
մարդկայնօրէն
ենթակայ
է
սխալանքներու
եւ
օրինազանցութեանց,
առաւել
եւս
արդարադատութեան
ներկայացուցիչները՝
իրենց
առաջին
ստորին
աստիճաններնէ
սկսած,
ինչպէս
բոլոր
երկիրներու՝
առաւել
եւս
մեր
մէջ
եւ
մանաւանդ
ոճրագործական
դէպքերու,
նախնական
քննութեանց,
հետապնդմանց
պայմաններու,
հմտութեանց
ու
նրբութեանց,
երեւոյթներու
գնահատման
ու
բնորոշման
պարագաներու
մէջ:
Արդարադատութեան
սխալներն
ու
զոհերը
ամենաքաղաքակիրթ
երկիրներու
մէջ
ալ
գոյութիւն
ունեցեր
են
եւ
ունին,
որոնց
մերկացումը
եւ
սրբագրութեան
պահանջը
ոչ
թէ
հասարակաց
մտքերը
յուզելու
բնոյթն
ու
հաւանականութիւնը
կրնան
ունենալ՝
եթէ
իշխանութեան
ուշադրութեանը
արժանանան,
այլ
ընդհակառակը,
կրնան
ծառայել
միմիայն
վերահաստատելու
հաւատք
դէպի
արդարադատութիւնը,
դէպի
իշխանութիւնը՝—
թէ,
եթէ
դատարանը
կամ
դատաւորը,
իշխանութիւնը
ենթակայ
է
մարդկայնօրէն
սխալելու,
ընդունակ
է
նաեւ
սրբագրելու,
դարմանելու:
Այս
տեսակէտէն
առաջնորդուած,
մենք
կը
սպասենք
մեր
ծառայութեան
գնահատումը
բոլորովին
տարբեր
կերպով՝
բան
այն
զոր
Մամուլի
Վերատեսչութիւնը
ցոյց
տուած
է
մեզի
զանազան
առիթներով:
Այլապէս
մենք
ստիպուած
ենք
հարցնելու
եւ
որոշել
տալու՝
թէ
ի՞նչ
բանի
մէջ
կը
կայանալ
մամուլի
դերը,
ո՞րտեղէն
կը
սկսի
եւ
ո՞ւր
կը
վերջանայ
դէպքերուն
եւ
երեւոյթներուն
արձագանք
տալու,
իշխանութեան
ուշադրութիւնը
հրաւիրելու,
քննադատելու
պարտքն
ու
իրաւունքը:
Ահա՛,
դէպք
մը,
որու
հետապնդման
պարտականութեան
մէջ
կանգ
առած
է
տեղական
թահգիգաթը
ատլիյէի
պաշտօնէութիւնը՝
միմիայն
գաւառային
բժիշկի
մը
տեղեկագրութեան
վրայ
հիմնուելով,
եւ
որու
եզրակացութիւնները
կասկածելի
կը
դարձնեն
բազմաթիւ
երեւոյթներ
կամ
փաստեր:
Մի՞թէ
տեղական
դատական
իշխանութեան
պարտականութիւնը
օրէնքով
կը
սահմանափակուէր
այն
բանի
մէջ
որ
բժշկական
տեղեկագրէն
դուրս
այլ
երեւոյթներու
եւ
վկայութեանց
ուշադիր
չըլլար:
Բժշկական
ամենահեղինակաւոր
եզրակացութիւններ
անգամ
Եւրոպայի
մէջ
վէճի
ու
վերաքննութեան
առարկայ
կը
դառնան,
ուր
մնաց
քննութեան
եզրակացութիւնը
գաւառային
բժիշկի
մը
որ
յամենայ
դէպս
գիտական
հեղինակութիւն
ըլլալու
յաւակնութիւնը
չի
կրնար
ունենալ:
Եւ
եթէ
մենք
արձագանքը
չըլլայինք
այս
օրինակ
դէպքերու
եւ
երեւոյթներու,
ո՞րն
է
այն
հասարակական
օրկանը՝
որ
պիտի
կարողանայ
օժանդակել
իշխանութեան,
քննութեամբ
ապացուցուելիք
սխալներն
ու
զանցառութիւնները
դարմանելու
համար:
Այս
պատճառով
ալ
մեր
խօսքը
կ՚ուղղենք
Ներքին
եւ
Դատական
նախարարութիւններուն՝
խնդրելով
անոնց
ուշադրութիւնն
ու
նախաձեռնութիւնը
անմիջական
հրամանները
տալու
համար
ուր
որ
անկ
է,
որպէսզի
պահանջուած
քննութիւնները
կատարուին
օրէնքի
բոլոր
նրբութիւններովն
ու
խստութիւններովը:
«Ազատամարտ»,
1914,
4/17
Յունիս,
թիւ
1529,
էջ
2