«ՍԱՏԱՆԱՆ»
Բ
Հայ
ժողովուրդը,
այն
բազմութիւնը
որ
իբրեւ
գիւղացի
կամ
օրը
օրին
աշխատութեամբ
ապրող
արհեստաւոր՝
կը
կազմէ
ջախջախիչ
մեծամասնութիւնը
ցեղին,
ժամանակի
ստրկամիտ
ոգիովը
տարուած՝
կորսնցուցեր
է
նախաձեռնութեան,
հեղինակութեան,
ինքնավարութեան
բոլոր
յատկութիւնները.
դասակարգեր,
անձնաւորութիւններ
եւ
ընկերական
որոշ
հիմնարկութիւններ
իրենց
կողմէն
միացած
ժամանակի
այդ
բռնաւոր
ոգիին՝
աշխատած
են
ամէն
կերպով՝
պահպանել
անոր
մտքին,
հոգիին,
նիւթական
ու
բարոյական
կեանքին
սանձը
իրենց
ձեռքին
մէջ,
ղեկավարելով
զայն՝
ինչպէս
կը
պահանջեն
իրենց
սեփական
շահերն
ու
սեփական
աշխարհայեցողութիւնը։
Այսպէս,
ահա
քաղաքականապէս
ստրուկ
ժողովուրդը
դիւրութեամբ
դարձած
է
նաեւ
ընկերականապէս
ստրուկ,
թող
տալով
որ
ուրիշները
տնօրինեն
իր
ճակատագիրը,
ուրիշները
առաջնորդեն
իր
մտաւոր,
բարոյական,
ընտանեկան,
կրթական
ու
հոգեկան
ամբողջ
կեանքը։
Ինքը
հաւատք
չունի
այլեւս
իր
վրայ,
իր
ուժերուն
վստահութիւնը
կորսնցուցած
է.
եւ
ինչ
չափով
որ
իր
անձին
հեղինակութիւնը
փոքրկացած,
նկնած
է
իր
մէջ՝
նոյն
համեմատութեամբ
ալ
զինքը
հովանաւորող,
իր
բաղդը
տնօրինող
անձերուն,
դասակարգերուն
եւ
հաստատութեանց
հաւատքը
խորունկցեր,
պարարտացեր
ու
աճեր
է
իր
կամքին
վրայ։
Տաճկահայ
ժողովուրդին
հոգեբանական
այս
դրութիւնն
էր
նաեւ
մէկը
այն
բազմաթիւ
պատճառներէն,
որ
իր
կարգին
դժուարացուց
մեր
ազատագրական
փորձը
եւ
անդամալուծեց՝
համեմատական
որոշ
չափով՝
մեր
ազատութեան
ճիւղերը։
Մօտէն
ուսումնասիրելով
քաղաքական
ազատութեան
համար
գրկերով
արիւն
թափած,
իր
քաղաքական
իրաւունքներուն
տիրացմանն
համար
ոտքի
կանգնած
ժամանակակից
հայ
ժողովուրդին,
նոյնիսկ
նոր
սերունդին
եւ
առաջաւոր
մտաւորականութեան
–
բացառութիւնները
այնքան
հազուագիւտ
–
ըմբռնումները,
կը
գտնենք
դեռ
նոյն
սովորապաշտութիւնը,
նոյն
յարգանքը,
նոյն
ջերմեռանդ
պաշտամունքը
դէպի
մեր
զուտ
ազգային
բայց
արդէն
վաղուց
գոյութեան
իրաւունքէ
զրկուած
կարգերն
ու
հաստատութիւնները։
Անոր
համար
որ
այդ
կարգերը,
այդ
հաստատութիւնները,
այդ
անձնաւորութիւնները
սրբացած,
աստուածացած
են,
նուիրական
չեմ
գիտեր
ի՜նչ
օծութիւն
մը
առեր
են
մեր
մտքին
ու
հոգիին
խորը,
պահելով
մեզ
տեւական
մագնիսացումի
մը
տակ,
վախով
ու
միստիքական
երկիւղածութեամբ
մը
համակելով
մեր
կամքը։
Առարկայական
վերլուծութեամբ
եւ
սառնասրտութեամբ
մօտենանք
անգամ
մը
սակայն
մեր
ներքին
կեանքին
ընթացք
տուող
այսօրուան
հաստատութիւններուն
եւ
բոլոր
ազդակներուն,
ու
պիտի
գտնենք
թէ
աւելի
քան
արգահատելի
է
մեր
ժողովուրդին
սնուցած
այս
միամտութիւնը
եւ
աւելի
քան
հարկեցուցիչ
իր
գիտակցութեան
զարթնումը։
Այսօր
Տաճկահայաստանի
մէջ
մեր
ընկերական
ու
բարոյական
կեանքին
ուղղութիւն
տուող
գլխաւոր
հիմնարկութիւնները,
դասակարգերն
ու
անձնաւորութիւններն
են՝
Ա.
Կեդրոնական
Վարչութիւն
–
Քաղաքական
ժողով
ու
Կրօնական
ժողով։
Բ.
Պատրիարքարան
–
Պատրիարք։
Գ.
Առաջնորդարաններ
եւ
Առաջնորդներ
։
Դ.
Եկեղեցական
դասակարգ
։
Ե.
Վաճառական
դասակարգ
։
Զ.
Վարժարաններ
։
Է.
Աղաներ
։
֍
֍
֍
Ա.
Կեդրոնական
Վարչութիւն
։
Թրքահայոց
Ազգային
Սահմանադրութի՜ւնը,
ի՜նչ
հեգնութիւն,
որ
ո՛չ
թէ
էապէս
գոյութիւն
չունի,
այլ
անուանապէս
իսկ
ջնջուած
է
արդէն,
բայց
որուն
անգոյ
ստուերը,
հին
եգիպտացիներուն
հաւատացած
կրկնակը՝
կը
շարունակէ
սակայն
դեռ
մեր
մտքին
ու
մեր
երեւակայութեան
վրայ
տեղ
բռնել
եւ
մեր
ներքին
կեանքի
սուր
հարցերուն,
հրատապ
պահանջներուն
տնօրինութիւնն
ընել։
«Սատանային»
գերիշխանութիւնը
ա՛յնքան
զօրեղ
է
մեր
վրայ,
որ
տակաւին
կ’երթանք
միշտ
դուռը
բաղխել
տան
մը,
երբ
արդէն
անոր
տէրը
շատունց
հեռացած
է
եւ
զայն
բոլորովին
թափուր
ձգած։
Ի՞նչ
է
իսկապէս
մերկ
իրականութիւնը
այսօրուան
մեր
«Ազգին
տունը»
կոչած
հաստատութեան՝
որ
միլիոնաւոր
ժողովուրդի
մը
ներկայացուցչութիւնը
ու
տէրը
կը
հռչակէ
ինքզինք։
Կը
թողունք
բոլոր
փաստերրը,
կը
թողունք
հազարումէկ
վկայութիւնները
եւ
կը
վերցնենք
նոր
հրատարակուած
գրքոյկը՝
որ
գրուած
ըլլալով
յեղափոխական
ո՛չ
մէկ
կուսակցութեան
պատկանող
անձի
մը
կողմէ,
այնքան
ալ
զգուշաւոր
ու
չափաւոր
լեզու
մը,
քննադատութիւն
մը
կը
ներկայացնէ։
Արծրունիի
«Հայք
ի
Կ.
Պօլիսը»
կըսէ.
«Կրօնական
Ժողովը
ութ
տարիներ
առաջ
Պատրիարքական
ընտրութեան
առթիւ
կազմուած
է,
ըստ
օրինի
14
անդամներէ
կը
բաղկանայ.
սակայն
այժմ
անոնց
5ը
վախճանած,
2ը
առաջնորդ
ընտրուած
են,
ուստի
կը
մնայ
7
անդամ,
որոնց
մին
Պատրիարքն
է՝
իբր
պաշտօնական
նախագահ
որ
քիչ
անգամ
կրնայ
աշխատակցիլ,
մին՝
Պատրիարքական
Փոխանորդն
է
որ
նմանապէս
չէ
կարող
ներկայ
գտնուիլ,
հետեւաբար
կը
մնան
2
ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
եւ
3
ԾԵՐ
ՔԱՀԱՆԱՅ,
որք
քիչ
անգամ
ի
միասին
կը
հաւաքուին.
այնպէս
որ
ստէպ
3
անդամներով
ժողով
կը
գումարուի
եւ
վճիռներ
կը
տրուին...
»։
Երեք
անդամներով
վճիռներ
կը
տրուի՜ն,
այսինքն
երեք
ծեր,
զառամած,
խոթամիտ
տէրտէրներ
իրարու
քով
գալով՝
բարոյական
գերագոյն
հեղինակութիւն
մը
կը
կազմեն
եւ
միլիոնաւոր
ժողովուրդի
մը
ընտանեկան
ու
հոգեկան
կեանքին
հետ
կը
խաղան։
Օրինակի
համար՝
նոյն
այդ
երեք
չորս
փալաս
կղերականներու
հաւաքածոն
իրաւասութիւնը
կ’ունենայ
երես
մը
թուղթով
ու
պուտ
մը
մելանով
հազարաւոր
քահանաներու
կրկնամուսնութիւնն
արգիլել,
կաթողիկոսական
իմաստուն
եւ
ժամանակի
պահանջներուն
համապատասխան,
անյետաձգելի
մէկ
առաջարկ-թելադրութիւնը
հեգնել
եւ
ընդդիմանալ
անոր,
բազմաթիւ
ընտանիքներու
դժբախտութիւնը
ոտնահարել։
Օրինակի
համար,
այդ
երեք
չորս
քաֆթար
կղերականներու
խորիմաստ
աստուածաբանութենէն,
մռայլ
տօկմապաշտութենէն
ու
դեռ
չեմ
գիտեր
«Սատանային
հետ
կնքուած
ի՜նչ
դաշինքէն»
կախում
ունին
բիւրաւոր
ընտանիքներու
երջանկութիւնը
կամ
թշուառութիւնը,
բարոյական
անկումն
ու
փրկութիւնը։
Քաղաքական
Ժողովը՝
«Ութը
տարի
առաջ
ընտրուած,
այսօր
գրեթէ
միեւնոյն
վիճակին
մէջ
կը
գտնուի։
Իր
օրինական
14
անդամոց
3ը
արդէն
վախճանած
են,
2ը
ծեր
ու
հիւանդ
ըլլալով՝
երբէք
չեն
մասնակցիր
ժողովոց,
2ը
տարիներէ
ի
վեր
ժողովի
չեն
գացած,
մնացեալ
7ին
3ն
ալ
շատ
քիչ
անգամ
կ’երթան,
հետեւաբար՝
առհասարակ
4
հոգիով
միայն
կը
գումարուի
Քաղաքական
Ժողովը...
»
«...
Քաղաքական
Ժողովոյ
անուանական
9
անդամոց
5ը
կառավարական
պաշտօնեաներ
են,
որոց
տալիք
որոշումները
շատ
անգամ
իրենց
կը
հաղորդուի...
եւ
որոնց
բնականաբար
կը
համակերպին
ստիպեալ»։
Եւ
այս
անձերէ
կազմուած
ժողովն
է
որ
պիտի
ներկայացնէ
հայ
ժողովուրդին
ձայնը,
պահանջները,
հարստահարութիւնները,
կրած
չարչարանքը
եւ
գաւառներէն
օրը
օրին
հասնող
անսահման
տառապանքի
աղաղակը։
Այս
ժողովն
է
որ
ահա
կոչուած
է
Տաճկահայաստանի
Հայութեան
իրաւական
ներկայացուցիչն
ըլլալու
եւ
անոր
շահերուն
պաշտպա՜նը։
Թողունք
ներկայ
բացառիկ
պայմանները,
ընդունինք
պահ
մը
նոյնիսկ
որ
թիւերը
իրենց
օրինական
սահմանին
մէջ
են
եւ
սահմանադրապէս
նշանակուած.
բայց
ի՞նչ
է
արժէքը
այդ
ժողովին
եւ
ի՞նչպէս
կարող
է
անիկա
իրական
ղեկավարն
ըլլալ
այսօրուան
ապրող
սերունդներուն,
այսօրուան
կեանքին։
Մենք
ազգային
իրաւունքներու
բռնաբարման
տեսակէտով
անշուշտ
կը
բողոքենք
ու
միշտ
պիտի
բողոքենք
թուրք
կառավարութեան
դէմ,
սահմանադրութեան
կրած
թրքական
հալածանքին
համար.
բայց
այս
բողոքը
չ’արգիլեր
մեզ
նոյնպէս
յայտարարելու
թէ
ասկէ
ետք
նոյն
Սահմանադրութիւնը
ո՛չ
մէկ
դեր,
ո՛չ
մէկ
նշանակութիւն
կրնայ
ունենալ
այլեւ
հայաստանցի
հայութեան,
գիւղացի,
արհեստաւոր
եւ
ճնշուած
հայութեան
կեանքին
համար։
Թիւ
47,
1907,
Մայիս
2