Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՎԵՐԱԾՆՈՒԹԻՒՆԸ
Պատասխան Իշխան Սապահէտտինի
Բ


Բայց, հետեւինք Իշխանին այն առարկութիւններուն՝ որոնցմով կը ճգնի ապացուցանել թէ տաճիկներն ալ Թուրքոյ մէջ հայերուն հետ հաւասարապէս կը հարստահարուին, կը կեղեքուին, մինչդեռ Եւրոպան միայն Հայերուն վիճակովը կը հետաքրքրուի եւ անոնց նկատմամբ միայն մարդասիրութիւն ցոյց կուտայ։ Ինչպէս բացորոշ է, Իշխան Սապահէտտինի բոլոր թագուն դիտաւորութիւնն է՝ մէկ կողմէն կասկածի տակ ձգել եւրոպացիներու մարդասիրական զգացումները՝ միւս կողմէն ալ լռելեան հասկցնել որ Հայերը այդքան պոռալ կանչելու, աշխարհքս իրար խառնելու պէտք չունին, չէ՞ որ թուրքն ալ կը տառապի ու կը տանջուի իրենց հետ. հետեւաբար, թրքական իշխանութեանց կողմէ հայահալած դիտումնաւոր ծրագիր մը չի կայ, պարզապէս վարչական յոռի սիսթեմի մը, դրութեան մը դէմ է որ պէտք է բողոքել։

Ուստի կը պատասխանենք Իշխանին առարկութիւններուն։

Հայերու մասին կը խորհուի, բայց թուրքերու մասին ոչ. Այո՛, Հայերու մասին կը խորհուի, բայց թուրքերու մասին ո՛չ, եւ ասիկա պարզապէս անոր համար որ՝ հայաջինջ, հայահալած աւանդական քաղաքականութեան մը կը հետեւի Թուրք դիւանագիտութիւնը, մինչդեռ իր իսլամ ժողովուրդին դէմ եղած վարմունքի կարծրութիւնները, խստութիւնները ժամանակաւոր հանգամանք ունին միայն։ Եւ յետոյ, հայերն ու թուրքերը լացնող հարուածին մէջ անհուն տարբերութիւն մը կայ, ինչո՞ւ, կ’անտեսուի ասիկա օսմանցի հայրենասէրներու կողմէն. Հայուն սրտին կը զարնեն դաշյունով, մինչդեռ թուրք գեղացիին կամ հասարակ խուժանին կռնակին կը դպչին ճիպոտով մը. Հայուն կը զարնէ քիւրտը, թուրք խուժանը, զափթիէն, զինուորը, փօլիսը, թուրք վարչական բոլոր մեքենան, Սուլթան Համիտը, բանտը, կախաղանը, մինչդեռ Սապահէտտինը իր կրօնակից գեղացիներուն լոկ տնտեսական տխուր կացութեանը, հայրենիքի պարտականութիւնը կատարող զինուորներուն մահուանը եւ այդ մահուանը հետեւանք եղող երկրագործ ժողովուրդին կորուստներուն համար կը գանգատի։ Մինակ Թուրքիան չէ բացառութիւնը որ զինուոր կուտայ իր հայրենիքին եւ թուրք զինուորը չէ միայն որ կ’երթայ կը մեռնի, իր օճախը դժբախտութեան եւ սուգի ենթարկելով. ի՛նչ ընենք, բոլոր ազգերու ճակատագիրն է ատիկա, հետեւաբար, ո՛չ մէկ կերպով կապ ունի հայուն կամ անոր ցաւերուն հետ։

Հարկահաւաքը (թահսիլտար) եւ ձիաւոր ոստիկանը օր մը օրանց չեն երթար թուրք գեղացիի մը տունը ամիսներով նստիլ, բռնադատել այդ գեղացին որ իրենց ամէն օր հաւ եփէ, գառնուկի միս կերցնէ. չեն կրնար անոր կնկան, աղջկան պատիւին հետ խաղալ անպատիժ կերպով, մինչդեռ նոյն բանը չէ որ տեղի կունենայ հայ գեղացիներուն նկատմամբ։

Ասոնք ամէնը գիտնելու համար՝ Իշխան Սապահէտտին Վոսփորեան խրախճալից ափերէն, ճոխ ապարանքներէն բոլորովին տարբեր միջավայրի մը, շատ հեռու՝ երկրին մէջ պէտք է ապրած եւ աչքով տեսած ըլլար հայերուն կրած կոյր եւ հեթանոս հալածանքը. եւ սակայն Իշխանը չի ճանչնար այն երկիրը ու այն խնդիրները՝ որոնց դատաստանն ընելու փորձը կընէ։

Թուրքիոյ մէջ մտաւորականը կը հալածուի. Ճիշտ է, կը հալածուի, սակայն ցաւալին այն է որ այդ հալածողներուն մէջ անշուշտ ամէնքն ալ թուրք նորէն մտաւորականներ ալ պակաս չեն։

Թուրք մտաւորականներու հալածանքի նկարագրութեանը մէջ Իշխանը կը գործածէ դիւցազներգական, ողբերգական վսեմ ոճ մը, տեսակ մը ռոմանթիք քնարերգութիւն, որուն համար անկեղծօրէն կը շնորհաւորենք զինք։

Սակայն, երբ իրողութիւններուն վրայէն իստկենք բանաստեղծական աւելորդ կեղեւները՝ կը գտնենք պարզապէս որ Պօլիսէն կարգ մը թուրքեր կ’աքսորուին դէպի գաւառները, որոնց մեծամասնութիւնը մտաւորական չէ ինչպէս կը սիրէ հաւաստել Իշխանը եւ որոնք ամէնքն ալ կա՛մ լիաթոշակ պաշտօն մը առած եկեր են տեղաւորուիլ Անատոլիի աս ու ան պաշտօնատան մէջ, կամ բոլորովին անգործ՝ որոշ ԱՄՍԱԿԱՆ մը ունին եւ հանգստաւէտ կեանքի մը բոլոր առաւելութիւններովը հաճոյքներ կը հալածեն։ Փառք Աստծու, շա՜տ տեսանք այդ հերոսներէն ։ Ինչպէս ուրիշ առիթով ալ այս էջերուն մէջ անդրադարձած ենք թուրք ազատականներու եւ աքսորականներու մասին, աւելորդ չըլլայ գուցէ հեղ մըն ալ կրկնել թէ՝ անոնք ազատութեան, գաղափարի զոհեր չեն մեծամասնութեամբ. կամարիլային՝ ոստիկանական ու լրտեսական չեմ գիտեր ի՜նչ աղտոտ ու խաւար էնթ»իկներու անձնական կիրքերու, վրիժառութեանց ու նոյնիսկ սիրային խնդիրներու դաւադրական արդիւնքներն են։ Ահա այդ զոհերուն իրաւցնէ տխուր պատկերը՝ որ Սապահէտտինի փաթէթիք ու գունագեղ գրչին տակ իտէականացած է. ըսենք բոլոր ճշմարտութիւնը, աքսորականի այս հերոսական անունով Պօլիսէն եկած շատ մը անձնազոհ մտաւորականներ ալ... արուեստագէտ լրտեսներ են։

Իսկ թէ «այսօր ամբողջ երկրին մէջ մտաւոր զօրեղ բրօպականտ մը կայ բռնապետութիւնը տապալելու ի նպաստ», հաստատութիւն մըն է, որ ապացուցութեան կը կարօտի։ Ո՛չ, բռնապետութիւն մը, յոռի վարչութիւն մը, ընկերական անշարժ, քարացած կազմակերպութիւն մը, փաշաներու, հրամանատարներու պորտաբոյծ ու շուայտ լէգէոն մը, անասնամիտ ու զարհուրելի բնազդներով տոգորուած քուրդ ու թուրք զինուորներու բանակը՝ քանի մը աքսորականներու աննպատակ ու գինովի լորձունքովը թրջած հայհոյութիւններովը չի յեղաշրջուիր, որովհետեւ հայհոյութիւնն է միակ պրոպականտան՝ Իշխանին այդ սիրելի աքսորականներուն մինչեւ հիմա գործադրած միջոցը։

Ո՞ր թուրք յեղափոխականն էր որ ներքին ապստամբութեան ծրագիր մը պատրաստեց. ժողովուրդին ծոցին մէջ կազմակերպութիւն մը յառաջացուց, ամբոխին հոգին ցնցեց։ Միթէ թուրք ընկերութիւնը պատրա՞ստ է ազատագրութեան, գիտակի՞ց է նա իրաւունքներուն։ Պատրաստ եւ գիտակից չըլլալուն զօրաւոր ապացոյցը այն է որ՝ Սապահէտտին ինք ալ չի մերժեր դուրսէն գալիք բարենորոգիչ Ձեռքը։ Բայց, Եւրոպան ո՛չ մէկ յանձնառութիւն ունի՝ թուրք ժողովուրդին ընկերական վիճակովը հետաքրքրուելու եւ զայն փոխելու։ Հայը՝ իբրեւ իրաւազուրկ, անգթօրէն շահագործուած ցեղ մը՝ ուրիշ ցեղերէ, եւ քաղաքակրթութեան ծառայած ու ծառայող ազգ, Հայը՝ ենթակայ բնաջնջումի, համայնատարած ջարդերու, բռնաբարումի՝ իր գոյութեան, իր մարդկային իրաւունքներու երաշխաւորութիւնը պահանջած է Տէրութիւններէն, որ ճանչցած են անոր արդարութիւնը։

Հայը՝ կը դիմէ Եւրոպայի, վստահ ըլլալով թէ օտար միջամտութեան մը շնորհիւ է միայն որ կարելի պիտի ըլլայ իրաւունքն ու Արդարութիւնը իշխել տալ Հայաստանի մէջ, եւ այդ Արդարութեան ու Իրաւունքի Նոր շրջանը նոյնքան բարերար եւ արդիւնաւոր պիտի ըլլայ նաեւ իր դրացի թուրքին ու քիւրտին համար ալ։ Հայը այսպէս կը մտածէ, այսպէս մտածել ստիպուած է՝ որովհետեւ իր աչքին առջեւ դրուած է Թուրքիոյ պատմութիւնը եւ Թուրքիոյ ընկերական ու մտաւոր ներկայ վիճակը։

Եւ այդ վիճակը հեռու է մեզ յուսադրելէ։

Վառնա

Թիւ 34, 1906, Փետրուար 15