Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

«ՍԱՏԱՆԱՆ»
Գ


Բ. Պատրիարքարան Պատրիարք։ Այո՛, ժամանակ է այլեւս որ հայ ժողովուրդը ազատագրուի կրօնական միջնադարեան իշխանութենէն, որուն բարձրագոյն ներկայացուցիչն է Թուրքիոյ մէջ Պատրիարքութիւնը։ Պատրիարքները՝ իրենց բոլոր աստուածաբանական հմտութեամբ, իրենց կրօնական ու միստիքական բոլոր հակումներովը, իրենց օծումովը, իրենց սրբութեամբը կարող են ուրիշ գործ, ուրիշ զբաղում ունենալ, բայց իրաւունք չունին եւ պէտք չէ որ ասկէ ետք ժողովուրդը ներկայացնեն. ժողովուրդը իրական ո՛չ մէկ կապ, ո՛չ մէկ հաղորդակցութիւն ունի կրօնական իշխանութեան մը հետ՝ որ ի վիճակի ըլլայ ըմբռնելու զուտ աշխարհական կեանքի մը առօրեայ պահանջները, ժամանակի պէտքերը։

Պատրիարքարան, Պատրիարք ու կրօնական այս կամ այն իշխանութիւն՝ իբրեւ ընկերական ու քաղաքացիական կեանքի առաջնորդներ՝ աւարտած են այլեւս իրենց գործունէութեան բաժինը ու գոյութեան ժամանակաշրջանը, եւ, պէտք է որ տեղի տան։ Իրենց գոյութիւնը անուանական է այսօր եւ ամբողջովին պիտի դադրի վաղն իսկ՝ եթէ քաղաքական ներկայ դժոխային ճնշումները վերնան եւ Թուրքիոյ Հայութիւնը քաղաքացիական քիչ թէ շատ ազատութիւններ ձեռք բերէ։

Թրքական այսօրուան կատաղի րէժիմին տակ է որ Հայութիւնը՝ իրաւունք չունենալով իբրեւ ազգութիւն մը ներկայանալու, առած է էրմէնի ճէմա’աթի, այսինքն «կրօնական համայնքի» մը հանգամանքը։ Տաճիկ բռնապետութիւնը ժխտելով քաղաքական ամէն իրաւունք Հայութեան, բնական է որ պիտի ձգտէր իր բոլոր պաշտօնական յարաբերութիւնները մեր ժողովուրդին հետ ու մեր ժողովուրդին համար՝ դնել զուտ կրօնական հողի վրայ. այս տեսակէտը ո՛չ միայն ձեռնտու էր համիտական քաղաքականութեան, այլ նաեւ համաձայն խալիֆայական իշխանութեան էութեանն ալ. աստուածպետական բռնապետութեան մը համար շատ աւելի մօ՛տ է կրօնականը ու կրօնական իշխանութիւնը. չէ՞ որ ասով ներդաշնակութիւնը կատարեալ կը մնայ Երկրին մէջ ու ժողովուրդներուն աչքին։ Այնպէս որ ներկայ րէժիմին տա՛կ միակ պատրիարքական հեղինակութիւնը արժէք մը կրնայ ունենալ եւ դեր մը խաղալ, երբ ժողովուրդին ձեռքերն ու լեզուն կապուած են, երբ ժողովրդային իրաւունքները անցած են գրեթէ ամբողջովին մէկ անձի մը, Պատրիարքի՛ն ձեռքը։

Եւ սակայն ի՞նչ կը տեսնենք, Իզմիրլեանի պէս երկաթէ Պատրիարք մը իսկ չի դիմանար պետական հարուածին ու ահա Օրմանեան մը՝ որ կը հալի, կը տարրալուծուի ու կը նոյնանայ Օսմանեան զզուելի փօլիթիգային մէջ։

Եթէ այսօր, այս բացառիկ պարագաներու տակ Պատրիարքութիւնը արդէն կորսնցուցած է իր վարկը, իր նշանակութիւնը, եթէ այսօր անընդունակ է քաղաքական դեր մը խաղալ ի նպաստ հայ ժողովուրդին՝ ի՞նչ է իր կարեւորութիւնը վաղուան ազատ պայմաններու տակ, երբ ժողովուրդը կոչուած պիտի ըլլայ իր ձեռքը առնելու իր ճակատագրին ղեկը։

«Հայք ի Կ. Պօլիս»ի հեղինակը կըսէ.

«... Օրմանեան հազիւ կը կարդայ գաւառներէ եկած հալածանաց, կողոպուտներու եւ ջարդերու աղեկտուր նկարագրերն ու օգնութեան աղերսները. այդ ամէնը չափազանց կը համարի եւ Բարձր. Դրան ու պալատական պահանջին համեմատ շնորհակալութեան ու երախտագիտութեան ուղերձներ կը ստորագրէ, զ եւ կատարուած հալածանաց ու ջարդերու մասին իսկ՝ պաշտօնական հերքումներ կուտայ, եւ Եւրոպիոյ մէջ ձայն բարձրացնող հայերու բարոյական հեղինակութիւնը կը մերժէ (անշուշտ լայնօրէն փոխարինուելով ամէնայնիւ), ու այս ամէնը կը նկատէ եւ արդարացնէ իբրեւ ժամանակի պահանջը... »։

Այլապէս ալ չէր կրնար ըլլալ. ժամանակի պահա՜նջ, խարդախ ու անբարոյական բացատրութի՛ւն. ժամանակի պահանջով՝ վաղը նոյն Օրմանեանը, նոյն Պատրիարքի աւելցուքը պիտի սրբութեան քօղ քաշէ երեսը, լեռնէն վար իջնայ ու իր այսօրուան շինած ոսկե-հորթերը կոտրելով՝ ժողովուրդին նոր պատուիրաններ տալու աճապարութիւնն ընէ։

Ո՛չ, ժողովուրդը պէտք է գիտնայ այժմէն իսկ թէ այզեւս ո՛չ Պատրիարք, ոչ Կրօնական ու ոչ ալ Քաղաքական Ժողովներ ընդունակ են իր պէտքերուն գոհացում տալու. անոնց անբարոյական գոյութիւնը այսօր չարիք է միայն եւ վաղը թշնամի պիտի ըլլայ իր իրաւունքներուն։

Գ. Առաջնորդարաններ եւ Առաջնորդներ ։ Մանրանկարը Պատրիարքարանին եւ Պատրիարքին։ Ինչպէս Պօլսոյ մէջ Օրմանեան մը տիկտատորն է ազգային իշխանութեան, նոյնպէս գաւառներուն մէջ Առաջնորդը իր չափերով ու իրաւասութեան իր սահմանով։

Առաջնորդը ամէն բան է՝ բացի պաշտպանն ըլլալէ ժողովուրդին ու անոր շահերուն։ Ապականութեան նոյն կարմիր թելն է որ Պօլիսէն մինչեւ Հայաստանի հեռաւոր անկիւնները՝ երթալով աւելի կը գունաւորի։

Առաջնորդը լուր չունի գեղերէն, լուր ունենալ չուզեր, տարին անգամ մը հազիւ թէ այցելութեան ելլէ՝ պտղիին խաթէրն համար. բայց նստած Առաջնորդարանին մէջ՝ ամուսնական խնդիրներ կը կարգադրէ ու կը տնօրինէ՝ առանց օրինագրքի, կը հրամայէ, կ’իշխէ ու իր կամքը կը հարկադրէ ընկերական ամէն հարցի մէջ։

Իր շեշտուած դերը պիտի ըլլար գուցէ միայն քաղաքականը, յարաբերական ը, ինչպէս կըսէ Պատրիարքարանի լեզուն իսկ, ան ալ բացառաբար անօրմալ կեանքի այս շեղումի տարիներու մէջ։ Բայց կրօնական թուլութեան, պարարտաճարպ ծուլութեան անձնատուր Առաջնորդներուն մեծագոյն մասը ոչ մէկ ընդունակութիւն ու արժանիք ցոյց տուաւ մինչեւ հիմա, ինչ որ կը հաստատուի մանաւանդ դառնագոյն վերջին շրջանին մէջ։ Մէկ քանի ծիւրամիտ, խղճալի տէրտէր, երկու երեք հատ անկեալ մեծատուններու շառաւիղներ որ Առաջնորդարանին պատերուն կը քսուին՝ մէմուրիյէթ մը ձեռք բերելու հնհնուքով մէկ երկու հատ չարչի վաճառականի շնական տիպեր ու միշտ անխուսափելի Դրան էֆէնտիներ՝ ահա՛ առաջնորդական սպայակոյտը, որուն աղիտաւոր ղեկավարութենէն կախուած է ամբողջ գաւառի մը ժողովուրդին կեանքը, կենցաղը ու բախտը։

Առաջնորդը վաղուց դադրեր է այն հանրային պաշտօնը կատարելէ՝ որուն սահմանուած էր 60ական թուականներուն. բայց ժողովուրդը դեռ այդ պաշտօնը կուտայ անոր անգիտակցօրէն՝ այս յուսահատութեան ժամերուն, առանց իրերու խորը թափանցելու, առանց պատճառներու իմաստասիրութիւնն ընելու։ Առաջնորդին անկարողութեան մէջ անիկա երկու բան կը տեսնէ միայն. մէկը անհատին արժանաւորութեան չափը, միւսը՝ քաղաքական հանգամանքները. մինչ ասոնցմէ դուրս եւ ասոնցմէ աւելի՝ կա՛յ դրութեան անբաւարարութիւնը, կայ արդէն սահմանուած կարգ ու կանոնին մահացութիւնը, կա՛յ վարող եւ առաջնորդուող դասակարգերուն կեանքի հակամարտութիւնը, որոնք մէկտեղուած՝ տիրաբար կը պահանջեն նո՛ր օրէնսդրութիւն, իրաւական նո՛ր հաստատութիւններ՝ առաջ մղելու համար ժողովուրդը իր զարգացման մէջ, ազատելու համար ժողովուրդը դիմակաւոր տէրերէ ու անոնց ստրկութենէն։

Թիւ 48, 1907, Մայիս 5