Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՐՊԵՏ ԿՈՒՍԱԿԱԼԸ


Բաղեշի կուսակալը իր դերը լաւ կը խաղայ, հաղորդելով այն տեսակ հեռագիրներ՝ որոնց դիւանագիտական ու խորամանկ հիւսուածքը ամէն յարմարութիւն ունի հանրային կարծիքը մոլորեցնելու եւ կատարուած ծանր զեղծումը քօղարկելու։ Բաղէշի երկու դաշնակցական գործիչները՝ Մարզպետ եւ Արշակ՝ իբր թէ «սպառնալիքով դրամ պահանջած են քաղաքացիներէ», «մարդիկ ծեծած ու բանտարկած» եւ այսպէս տեղի «բռնութեանց»։

Թէ դաշնակցական գործիչներ իրենց թոյլ չեն կրնար տալ նմանօրինակ վարմունք, ո՛չ թէ կասկածէ դուրս է, որովհետեւ թէ՛ այդ երկու դաշնակցականներուն լրջութիւնը եւ թէ դաշնակցական կազմակերպութեան կանոնները ինքնին բաւական են զօրաւոր ապացոյց ու փաստ ծառայելու։ Եթէ նոյն գործիչներուն անձնական տրամադրութիւնները կարելի ըլլար վայրկեան մը վիճելի նկատել բան մը՝ որ դիւրութամբ մեր ընդդիմախօսները կարող էին առարկելու—, ո՛չ մէկ հակառակ ենթադրութիւն, ոչ մէկ դիտողութիւն կը վերցնէ Հ. Յ. Դաշնակցութեան 1907 տարուան Ընդհ. Ժողովի գերագոյն մարմնոյն բացարձակ որոշումը՝ որ հրատարակուած է իր ատենին թէ՛ «Դրօշակ» եւ թէ կուսակցական կիսապաշտօն օրկաններուն մէջ։ Այդ որոշումով՝ կազմակերպութիւնը կը յայտարարէ հրապարակային կերպով որ՝ դաշնակցութիւնը խստօրէն կ՚արգիլէ բռնի հանգանակութիւն կամ դրամի համար բռնի միջոցներու գործադրութիւն. եւ ո՜վ որ կը համարձակի՝ կուսակցական շարքերէն կամ յանուն կուսակցութեան՝ նման քայլեր առնել, կը նկատուի զեղծարար եւ կ՚ենթարկուի խիստ պատասխանատուութեան։ Այս պարտաւորիչ ընդհանուր օրէնքը շատ լաւ ծանօթ էր Բաղէշի երկու գործիչներուն, որոնց կարգապահութիւնը եւ օրինապահութիւնը խնդրոյ առարկայ չի կրնար ըլլալ։ Կազմակերպական բոլոր շարքերուն մէջ նոյն թուականէն (1907) ասդին ո՛չ մէկ շրջանի, ոչ մէկ վայրի մէջ եւ ոչ մէկ պարագայի տակ մէկ փաստ անգամ չի կայ որ հակասած ըլլայ Ընդհ. Ժողովի նոյն որոշման։

Սակայն թողունք այս պարագան եւ պահ մը թոյլ տանք մեզի համակարծիք ըլլալու Բաղէշի կուսակալին եւ ենթադրենք թէ Մարզպետ ու Արշակ իրաւցնէ «բռնի ճնշումներ» ի գործ դրած են քաղաքացիներուն վրայ։

Պարզ է որ այս իրողութեամբ տեղական դատական իշխանութիւնը իր իրաւասութեան սահմանին մէջ հարցաքննութեան պիտի ենթարկէր յանցաւոր ամբաստանուածները, պիտի լսէր զանոնք եւ արդարութեան տրամադրութիւնները ի գործ դնէր անոնց նկատմամբ։

Այս վարմունքին եւ իշխանութեան այս ընթացքին մէջ բնի մը չպիտի գտնուէր ստգտանելի եւ անիրաւ։

Բայց բոլր այն՝ ինչ որ կատարուած է այս առիթով Բաղէշի մէջ եւ Բաղէշի ոստիկանութեան միջոցով, բոլոր այն՝ ինչ որ կը հեռագրէ Բաղէշի վալին եւ կ՚ուզէ մեկնել միտումնավոր ու մաքիավէլական իմաստով մը, էապէս հակառակ են ճշմարտութեան եւ կը կրեն բացարձակ «անիրաւութեան» եւ «կառավարական բռնութեան» դրոշմ։

Բաղէշի վալին պէտք է բացատրութիւն տայ եւ լուսաբանէ թէ օրէնքի ի՞նչ իրաւասութեամբ երկու քաղաքացիներու տուները եւ այդ տուներուն կից գտնուած բոլորովին տարբեր անձնաւորութեանց բնակարանները պաշարեց երեսուն եւ աւելի ժանտարմներով ու ահագին թուրք խուժանով մը։ Ինչո՞ւ եւ ի՞նչ պատճառով։

Բաղէշի կուսակալը պէտք է բացատրութիւն տայ եւ լուսաբանէ թէ՝ «մարդ ծեծելու եւ մարդու սպառնալիք ընելու» յանցանքով ամբաստանուածներուն բնակարանները եւ անոնց յարակից բոլորովին օտար անձնաւորութեանց տուները ի՞նչ դիտաւորութեամբ եւ ի՞նչ նպատակով «մանրակրկիտ խուզարկութեան» ենթարկուեցան։

Էականը անոնք են եւ անոնց մասին Բաղէշի կուսակալին պատճառաբանեալ» մէկէ աւելի հեռագիրները բառ մը իսկ չեն պարունակեր դժբախտաբար։

Այդ հեռագիրները ո՛չ մէկ նկարագիր, ոչ մէկ կազմութիւն ունին՝ որ սահմանադրական երկրի մը մէջ եւ սահմանադրական կուսակալի մը կողմէ շարադրուած ըլլալու յատկանաիշը կրեն։ Այդ հեռագիրները՝ իրենց ձգտումով, իրենց կողմնակցական եւ հակաազատական շունչով կ՚ապացուցանեն թէ գաւառի վալիները տակաւին համիտեան քաղաքականութեան կոյր հետեւողներ են, թշնամի քաղաքական հայ կուսակցութեանց, ատելութեամբ եւ հակակրութեամբ լեցուած անոնց նկատմամբ, աշխատելով անհատներու դէպքերը ընդհանրացնել եւ անհատական հարցերու տալ հակապետական, հակակառավարական բնաւորութիւն։

Բաղէշի վալին իր հեռագիրներով եւ իր պատճառաբանութիւնններով ինքզինք դատապարտուած է արդէն։

Ոստիկանական, դատական կամ կառավարական իշխանութիւնը ո՛չ մէկ իրաւունք, ոչ մէկ իրաւասութիւն ունէր՝ Մարզպետին ու Արշակին, ինչ ինչպէս նաեւ անոնց դրացիներուն տուները պաշարելու եւ խուզարկութեան ենթարկելու բազմաթիւ ժանտարմներով եւ ամէն վայրկեան վտանգաւոր ըլլալու տրամադիր խուժանի մը կողմէ։

Այդ խուզարկութիւնները չի կատարուեցան երբեք հաստատելու հնմնր թէ Արշակ ու Մարզպետ քաղաքացիներ ծեծա՞ծ են թէ ոչ, քաղաքացիներու սպառնալիք ըրա՞ծ են թէ ոչ։ Ծեծի ու սպառնալիքի պարագաները հաստատելու միջոցը ատ չէր։

Այդ խուզարկութիւնները կատարուեցան ուրիշ նպատակով եւ ուրիշ ցանկութեամբ, որոնց մասին պարտուական վալի քարի պէս լուռ է։

Այդ խուզարկութիւնները կատարուեցան ՝ որպէս զի դաւադրական կազմակերութեան մը (!!) փաստերը ձեռք բերուին, որպէս զի Դաշնակցութիւնը Սահմանադրութեան դէմ դաւադրող կուսակցութիւն մը յայտարարուի։

Եւ ոչինչ գտնուեցաւ, որովհետեւոչին գոյութիւն ունէր։

Կառավարութիւնը գոէ ամօթապարտ ըլլալու եւ գետիը նայելու էր, այնպէս չէ՞։ Եւ սակայն ահա նոյն սահմանադրական վալին՝ որ թոյլ տուակ ոտնակոխ ընելու ԲՆԱԿԱՐԱՆԻ ԱՆՁԵՌՆՄԽԵԼԻՈՒԹԵԱՆ սահմանադրական նուիրական սկզբունքը, որ ինքնին իսկ օրինակ հանդիսացաւ ամենադատապարտելի հակասահմանադրական ընթացքին, դեռ չի վարանիր մութ ակնարկութիւններ որոճալու եւ անարգ զպարտութեան պէս բաներ ծամծմելու ասոր անոր հասցէին։

Բռնապետութեան օրով ալ վալիները անկէ տարբեր բան մը չէին ըներ եւ տարբեր ոճով ու իմաստով խմբագրուած հեռագիրները չէին տար Ներքին գործոց նախարարութեան։

Կը հարցենք, եթէ թուրք խուժանը յանկարծական գրգռման մը ենթակայ, ինչ որ յաճախադէպ է նմանօրինակ պարագաներու տակ, խռովութեանց տեղի տար, եւ մասնակի ջարդի մը առիթ դառնար՝ ո՞վ պիտի ըլլար պատասխանատուն. վալի՞ն թէ Արակն ու Մարզպետը։

Եւ այդ վալին դեռ շատ օրինազանցութիւններ ու զեղծումներ պիտի կատարէ, քանի որ իր քով ունի Գօնիալը Մուսթաֆա Րիֆֆաթի պէս գիշատիչ տեսակէն խաֆիէ՞ փօլիս գօմիսէր մը։

Դեռ շա՞տ պիտի գտնուին Բաղէշի վալիին պէս ուրիշ վալիներ, քանի Ներքին Գործոծ նախարարութիւնը հետեւի այժմեան իր գաղջ, ալաթուրքա եւ քիչ մըն ալ ոչ—անկեղծ ուղղութեանը։

Երկրին ազատութիւնը՝ գործադիր իշխանութեան օրինապահութենէն կախուած է միայն. մինչեւ որ նոյն իշխանութեան գլխաւոր ներկայացուցիչները նախարար, վալի, գօմիսէր, չըլլան ճշմարտապէս սահմանադրական, անկեղծ եւ արդարասէր՝ երկրին ու ժողովուրդին կեանքը փոփոխութիւն չի կրեր։

Յանցաւոր պարզ քաղաքացին օրինազանցութեան համար կը դատուի եւ կը դատապարտուի, բայծ յանցաւոր վալին կը մնայ անպատասխանատու եւ անպատիժ։

Ո՞վ պիտի դատի ենթարկէ Բաղէշի վալին՝ որ անիրաւ տեղը քաղաքացիներու բնակարանները բռնաբարեց ու խաղաղ բնակչութեան կեանքը վայրկեան մը երկիւղի վտանգի տակ դրաւ։

Կը հարցնենք Ներքին Գործոց նախարարին՝ ի՞նչ պատիժ պիտի տնօրինէ Բաղէշի վալին, իր այս յայտնի օրինազանութեան համար՝ որ հաստատուած է նոյն ինքն այդ վալիին պաշտօնական հեռագիրներովը։

«Ժամանակ», 1909, թիւ 84, Ուրբաթ, Յունուար 25—5 Փետրուար.


« ԺԱՄԱՆԱԿ»

Բաղէշի վալիին տրուելիք պատիժը սա եղաւ որ, ինչպէս գրեցինք երէկի թիւով, Մուսուլի կուսակալ անուանեցաւ ու իրեն յաջորդեց Սէրֆիչէի կառավարիչը, որ անշուշտ նախորդին անուղիղ ընթացքը պիտի սրբագրէ յարգելով Սահմանադրութիւնը։