Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆՈՐ ԴԱՀԼԻՃԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ


Բոլոր այն քաղաքական յայտարարութիւններն ու ճառերը՝ որ արտասանուեցան Սահմանադրութեան հրատարակումէն ի վեր մէկ քանի նախարարներուն բերնով այլ եւ այլ առիթներու տակ, ամէն բան կ՚ըսեն՝ առանց որոշ բան մը ըսած ըլլալու, այսինքն տարտամ են, անորոշ եւ առաձգական։

Ուշադրութեամբ կարդացէք, օրինակի համար, Վարչապետ Հիլմի փաշայի յայտարարութիւնը, որ իբր թէ պիտի պարզէ իր յառաջիկայ քաղաքական գործունէութիւնը եւ ցոյց տայ այդ գործունէութեան էական գծերը եւ գլխաւոր յատկանիշերը։ Կարդացէք ու պիտի տեսնէք թէ Հիլմի փաշա՝ ընդհանուր խօսքերէ, սովորական բացատրութիւններէ եւ արդէն ո՛ եւ է սահմանադրական դահլիճի քաղաքական նկարագրին հետ անբաժանօրէն կապ ունեցող պայմաններէ անդին նոր բան մը չըսէր՝ որ կարող ըլլայ բնորոշել ի՛ր քաղաքականութիւնը, ի՛ր հետեւելիք քաղաքական ընթացքը։

Հիլմի փաշա կը յայտարարէ.

1. «Մենք պիտի ծառայենք հայերնիքին, մի միայն աշխատելով անոր զարգացման եւ ի նկատի ունենալով յառաջդիմութեան ծարաւի եւ ազատ ազգի իր արժանապատուութիւնը»։

2. «Սահմանադրութեան հանդէպ հաւատարմութեան եւ յարգանքի պակասութեան փոքր կասկած մը իսկ եթէ ունենայ Ժողովդ, իր ամենափոքր նշանին հետեւանքով պիտի փութանք գործէ քաշուիլ»։

Պէտք կա՞ր արդեօք որ Վարչապետ մը՝ իր քաղաքական գործունէութեան ծրագիրը պարզելու ատեն հանդիսաւորապէս եւ մեծաշռինդ կերպով յայտարարէր թէ «իր նպատակը պիտի ըլլայ հայրենիքին զարգացմանն աշխատիլ՝ նկատի ունենալով անոր արժանապատուութիւնը». պէտք կա՞ր այս տարրական ճշմարտութիւնը խօսքի ծամմոց ընելու, որովհետեւ ո՛չ թէ Վարչապետի մը, այլ ամենայետին քաղաքացիին ալ մէկ սրբազան եւ անխուսափելի պարտականութիւնն է ատիկա։

Պէ՞տք կար արդեօք ըսելու թէ երբ դահլիճը Սահմանադրութեան հանդէպ անհաւատարիմ գտնուի եւ ժողովը կասկած ունենայ այս մասին՝ պիտի քաշուի անմիջապէս գործէ։ Հարկաւ այդպէս պիտի ըլլայ. եւ ատիկա ո՛չ թէ դահլիճին կամ նախարարապետին օրինապահութեան տրամադրութենէն կախում ունեցող առաքինութիւն մըն է, այլ Սահմանադրութեան հիմնական մէկ պահանջը՝ որուն առջեւ պարտաւոր է խոնարհիլ ամէն դահլիճ, ամէն նախարարութիւն՝ հարկադրաբար։

Այս կարգի խօսքերը եւ բացատրութիւնները բացէ ի բաց աւելորդ են՝ եթէ ոչ ծիծաղելի, Վարչապետի մը բերնին մէջ։ Եւ անշուշտ Ժողովի վստահութեան ու անգստահութեան նախադասութիւնները տեղ պիտի չի գտնէին Հիլմի փաշայի ճառին մէջ, եթէ անոնք գաղտնածածուկ ակնարկութիւններ չըլլային՝ ուղղուած Քեամիլ փաշայի դէմ…։

3. «Դահլիճին քաղաքականութիւնը պիտի ըլլայ եղեր».

Ա. «Յառաջդիմութեան ճամբուն մէջ մտնող մեր ընկերականութեան պէտքերուն եւ մանաւանդ սահմանադարական սկզբունքներուն համաձայն՝ մեր վարչական զանազան ճիւղերուն զարգացման ն ու կատարելագործմանն աշխատիլ».

Բ. «Այս նպատակին հասնելու համար՝ նախ օտար երկիրներու օրէնսդրութիւնը խորապէս ուսումնասիրել»։

Թէ մեր երկրին վարչական զանազան ճիւղերը զարգացման ու կատարելագործման կարօտ են՝ ոչ ոքի համար նորութիւն է. թէ այդ կատարելագործութիւնն ու զարգացումը պիտի լրացնենք օտար, այսինքն քաղաքակիրթ երկիրներու օրէնսդրական ուսումնասիրութեամբ, ա՛ս ալ նոյնքան բացարձակ ու տրամաբանական ճշմարտութիւն մըն է։ Խնդիրը երբեք ան է, թէ «Մեր վարչական զանազան ճիւղերը» կարօտ են կատարելագործութեան եւ այդ կատարելագործութիւնը պիտի ձեռք բերենք «օտար օրէնսդրութիւններն» ուսումնասիրելով. ո՛չ, խնդիրը երբ դահլիճի մը քաղաքական ուղղութեան եւ գործունէութեան մասին է, Խորհրդարանը ինչպէս նաեւ երկիրը կ՚ուզեն գիտնալ թէ ի՛նչ են բարեփոխութեան էական կէտերը եւ այդ բարեփոխութիւնը ի՛նչ ոգիով, քաղաքական ի՛նչ տեսակէտով եւ ի՛նչ ուղղութեամբ պիտի կատարուին։

Այս անհրաժեշտ մասնաւորումներն են որ յստակ գաղափար մը պիտի տան դահլիճի մը ապագայ գործունէութեան վրայ եւ յառաջիկային զայն կշռադատութեան եւ քննադատութեան պիտի ենթարկեն։ Զարգացում, կատարելագործում եւ բարեփոխութիւն բառերը ընդհանուր, տարտամ իմաստ ունին եւ ճշգրիտ սահմանումներ չե՛ն պարունակեր, որոնց վրայ կռթնած՝ յառաջիկային կարելի ըլլար պարզ ու սահմանորոշ համարատուութիւն պահանջել Հիլմի փաշայի դահլիճէն։

Աւելցուցէք անստոյգ եւ անորոշ խոստումներու այս բառակոյտին վրայ նաեւ հետեւեալը՝ որ հոգեբանական կողմն է Հիլմի փաշայի քաղաքական ապագայ գործունէութեան եւ խոստումներուն։

4. «Յայտնի է որ իմաստուն եւ խոհական յամրութիւն մը նախամեծար է քան չափազանց փութկոտութիւն մը եւ յախուռն ընթացք մը»։

Յայտնի է, անշուշտ, այդ յամրութիւնը եւ շատ յայտնի, Թուրքիոյ ճակատագրական դրոշմն է անիկա, անոր ամբողջ փիլիսոփայութիւնը, դարաւոր եավաշ եավաշը՝ որմէ չէին կրնար ազատիլ Հիլմի փաշաներն ու իրենց քաղաքականութիւնը։

Բայց ամէնէն ուշագրաւ եւ իրապէս անկեղծ յայտարարութիւնը այս քաղաքական ճառին մէջ Հիլմի փաշային հետեւեալ խօսքերն են.

5. «Ամէն բանէ առաջ հիմնական է ամբողջ երկրին մէջ կարգապահութիւնն ու անդորրութիւնը ապահովել… որովհետեւ պէտք է որ ամէն քաղաքացի անաչառ արդարութեան մը եւ կատարեալ հաւասարութեան մը պաշտպանութեան ներքեւ գտնուի»։

Ուշագրաւ են այս կէտերը, որովհետեւ նախարարապետը անուղղակի կերպով կը հաստատէ թէ երկրին մէջ տակաւին չկայ կարգապահութիւն ու անդորրութիւն, որովհետեւ կը հաստատէ թէ ամէն քաղաքացի տակաւին չի գտնուիր «անաչառ արդարութեան» եւ «կատարեալ հաւասարութեան մը» պաշտպանութեան տակ։

Սպասենք ուրեմն որ նոյն անկեղծ խոստովանութիւնը բերէ իր հետ նաեւ խոստումներու գործադրութեան նոյնքան անկեղծութիւն, սահմանադրական օրէնքները իրենց տեսական բարձունքէն իջեցնելու առօրեայ կեանքի գործնականին մէջ, ինչ որ կ՚աղաղակեն ամիսներէ ի վեր բոլոր ազատասէր թերթերն ու երկրին ցաւերուն լաւատեղեակ անձնաւորութիւնները, մնալով ցարդ անլսելի ու անարձագանգ սակայն։

Այսպէս, եթէ մէկ կողմ առնենք վերի խոստումը եւ ուրիշ շատ աւելի ծանրակշիռ մէկ կէտը՝ որուն պիտի անդրադառնանք առանձին յօդուածով մը, Հիլմի փաշայի քաղաքական ծրագիրը՝ իր ամբողջութեան մէջ կը շարունակէ մնալ ոսկեզօծ ոչնչութիւն մը, զո՛ւրկ որոշ գոյներէ, բնորոշիչ նկարագրէ եւ յատկանշական ուղղութենէ։

Ըսուած են այն բոլորը՝ որոնք պէտք չէ ըսուէին, որովհետեւ անկարեւոր էին եւ կա՛մ ինքնին հասկնալի. եւ չեն ըսուած շատ մը բաներ՝ որոնք անհարժեշտ են դահլիճի մը քաղաքականութիւնը ընդգծելու եւ զայն սահմանելու համար։

Հիլմի փաշայի ներկայացուցած ծրագիրը՝ սահմանադրական սկզբունքներու վրայ խօսուած ճառ մըն է, որուն տակ կրնար ստորագրել ո՛ եւ է կուսակցութիւն, ո՛ եւ է քաղաքական ուղղութեան պատկանող ո՛չ թէ վարչական այլ ամէն պատահական անձնաւորութիւն, առանց ինքզինքը ենթարկելու յայտնի պատասխանատուութեան։

Վարչապետ մը՝ երբ քաղաքական գործունէութեան մը կը կոչուի, պէտք է շօշափելի ծրագիր ներկայացնէ երկրին. ոչ թէ սահմանադրական սկզբնունքներու մեկնաբանութիւններով զբաղի։

«Ժամանակ», 1909, թիւ 98, 10—23 Փետրուար