Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴԱՐՁԵԱ՞Լ ՊԱՏԵՐԱԶՄ


Աւստրիոյ—Հունգարիոյ կառավարութիւնը Սերպոյ ներկայացուց վերջնագիր մը եւ պայմանաժամը լրանալէն անմիջապէս յետոյ, Աւստրօ—Հունգարական դեսպանը մեկնեցաւ Պելկրատէն:

Դարձեա՞լ պատերազմ արդեօք:

Դեսպանի մը մեկնումը դեռ պատերազմի յայտարութիւն չէ, այլ դիւանագիտական յարաբերութեանց խզում երկու երկիրներու միջեւ, բայց հազուադէպ որ որ յարաբերութեանց խզումէն յետոյ պատերազմի յայտարարութիւն տեղի չունենայ։ Ամէն պարագայի մէջ, կացութիւնը չափազանց անորոշ է ու միաժամանակ տագնապալից:

Հարց է, եթէ պատերազմ ծագի, պիտի սահմանափակուի երկու երկիրներուն միջեւ, չպիտի՞ տարածուի ամբողջ Պալքանի մէջ, եւ կամ համաեւրոպական պատերազմի չպիտի՞ յանգի:

Դժուար է պատասխանել:

Բայց մէկ բան կրնանք հաստատ ըսել. Սերպիոյ եւ Աւստրիոյ միջեւ ծագած այս հակամարտութիւնը միայն զուտ Աւստրօ—Հունգարական եւ Սերպիական վէճ չէ, միայն Մեծ Սերպիոյ իտէալներու, միայն Սերպիական ազգային միութեան իրականացումի շարժումը չէ: Անշուշտ այդ գաղափարները մեծ դեր ունին, բայց անոնք աւելի կը քաջալերուին դուրսէն: Առանց վարանումի կարելի է ըսել որ այս վէճը աւելի Աւստրօ—Ռուսական կամ Աւստրօ—Գերման եւ Ռուսական մրցումն է, թերեւս եւ Աւստրիոյ գոյութեան կռիւը:

Այն բազմաթիւ անակնկալները, բարոյական ու տրամաբանական ըմբռնումներու հետ բոլորովին անհաշտ այն սոսկալի աւերումները եւ ընդվզեցուցիչ դէպքերը՝ որոնք թատրը հանդիսացաւ վերջին երկու տարիներու ընթացքին Պալքանեան թերակղզին, ամբողջովին արդիւնքն էին Աւստրօ—Ռուսական մենամարտին:

Եւ պէտք է խոստովանիլ թէ Ռուսաստանը այնքան սիստեմաթիկ ու յամառ կերպով տարած է իր քաղաքականութիւնը, որ մինչեւ հիմա յաղթութեան բաժինը մնաց իրեն՝ Ռուսաստանին:

Ո՞վ պիտի ըլլայ Պալքաններու ապագայ տէրը. Ահա՛ բուն խնդիրը: Նոյնիսկ ռուս թերթերու խոստովանութեամբ եւ բոլոր անկեղծ եւ անվերապահ դիտողներու վկայութեամբ, այժմ արդէն յայտնի է որ փոխանական բարենորոգումներու գործադրութեան հետամուտ քաղաքականութեան մը՝ Ռուսաստան խիստ ճարպիկօրէն կազմակերպեց պալքանեան դաշնակցութիւնը եւ պատերազմի մղեց դաշնակցիները: Այն ատեն Ֆրանսայ արտաքին գործերու նախարար Փուանքարէի «հողային անշահախնդրութեան» բանաձեւովը տեղականացուցին պատերազմը, եւ  ջուրը ինկաւ Աւստրիոյ մինչեւ Սելանիկ առաջանալու վաղեմի ծրագիրը: Ռուսիոյ պահանջումով էր որ դաշնակիցներու կամ պուլկարական բանակը կասեցուցին եւ թուլ չտուին աւելի առաջ անցնիլ:

Ռուսական քաղաքականութիւնն էր որ մղեց Սերպիան՝ Պուլկարիոյ հետ կնքած զինակցութեան դաշնագիրը վերաքննութեան ենթարկուելու պահանջին, որպէս զի միեւնոյն ժամանակ վէճի միջնորդ դատաւորը դառնալով, երկու կողմերու սահմաններն ալ վճռէ համաձայն իր շահերուն:

Ռուսական քաղաքականութիւնն էր որ լռելյայն հովանաւորեց ռումանական արշաւանքը եւ արգիլեց Պուքրէշի դաշնագրին վերաքննութիւնը, ինչպէս եւ մահացու հարուածը իջեցուց պուլկարական մեղալոմի ին: Եւ ասով յաջողեցաւ իր բարերարեալը դարձնել Ռումանիա, որ 1878էն ի վեր քէն պահած էր Պեսարապիոյ գրաւման առթիւ եւ Երրեակ Զինակցութեան ետեւէն կ՚երթար: Նոյնը ըրած էր արդէն Սերպիան՝ որ երկար տարիներ Աւստրիոյ հետեւորդն եղաւ: Սթամպուլովներու, Միլաններու անկումներն ու միջադէպերը հետեւանք էին այդ երկիրներու  մէջ մղուած քաղաքական պայքաներուն եւ աւստրիական ու ռուսական մրցակցութիւններու:

Հակառակ այս ամէնուն, դեռ հարց է՝ թէ ո՞վ կ՚օգտուի, ո՞վ զով կը ծառայեցնէ իր շահերուն: Ռումանիա՞ն, որ մօտ 35 տարի Աւստրիոյ հետեւորդը ըլլալէ յետոյ՝ երբ իր շահը տեսաւ, իր սահմաններուն ընդարձակումը ապահովելու համար կռնակը դարձուց Աւստրիոյ եւ օգտագործեց Ռուսիան: Սերպիա՞ն որ պուլկարական առաջխաղացութիւնը եւ Պելկրատի գրաւումը արգիլելուն համար Աւստրիոյ երախտագէտ մնալէ յետոյ, շոյեց ու խոնարհեցաւ Ցարերու Ցարին ամենակարող հեղինակութեան առջեւ՝ ի հաշիւ Պուլկարիոյ իր սահմանները ընդարձակելու համար:

Դժուար է այժմէն վճիռ արձակել այս հարցերուն մասին: Ապագան պիտի տայ այդ վճիռը: Օրուան փաստը այն է՝ որ նեղուցներու ազատ նաւարկութիւնը ապահովել       ……             Վրէմիան կ՚ըսէր թէ Ռումանիոյ շահն ու քաղաքականութեան առանցքը, ո՛չ թէ Պեսարապիոյ մէջ է, այլ Թրանսիլվանիոյ մէջ: Իսկ Մեծ Սերպիոյ իտէալը ի՞նչ աստիճան քաջալերուած ըլլալու մասին գաղափար կազմելու համար, բաւական է յիշել որ Պելկրատի մէջ վերջինս յանկարծամահ եղած ռուս դեսպանը կը համարուէր այդ իտէալի դրօշակիր պաշտպանը եւ անոր մահովը սերպիական ազգային սուգ հռչակուեցաւ, իսկ անոր յիշատակին յուշարձան կանգնեցնեու համար սերպ ազգային գանձը 100 հազար ֆրանք յատկացուց:

Ռուսական մամուլի մէջ ավերապահօրէն կը յուզեն աւստրիական կայսրութեան երկուութիւնը ( տուալիզմ ) երեքի վերածելու եւ կամ իր վերջնական բաժանումին ենթարկելու հաւանականութիւնները:

Այս բոլորին հանդէպ, Աւստրիա—Իտալիան կամ Երրեակ Զինակցութիւնը մէկ յաջողութիւն միայն ունեցած էր, Ալպանիան ստեղծել, բայց Հոհէնցոլէրեան իշխանը Ալպանիոյ հագին վրայ դեռ չթագադրուած, ներքին ապստամբութիւններու, Եպիրական ինքնավարութեան եւ սերպիական յաւակնութեան սպառնալիքին տակ՝ Ալպանիոյ գոյութիւնն իսկ վտանգնուեցաւ:

Ո՛վ պիտի տանի վերջին յաղթանակը, ո՞վ պիտի ըլլայ Պալքաններու ապագայ գերիշխան տէրը—, երեւի այդ հարցը պիտի լուծուի պատերազմի դաշտին վրայ, ուր առայժմ չգիտենք թէ չափուողները պիտի ըլլան միայն երկու երկիրներո՞ւ բանակները՝ թէ եւրոպական պետութեանց երկու հզօր խմբակցութիւնները դէմ առ դէմ պիտի գան, պատահականութիւն մը՝  որուն համար շատոնց կը պատրաստուին երկու կեղմերն ալ, իրարու ձեռնոցներ նետելով, ռանց սակայն ձեռնոցները վերցնելու:

Կը թուի թէ պատմութեան մէջ նմանը չարձանագրուած անակնալներ տեսնելու դժբաղդութիւնը մեզի է վիճակուած:

«Ազատամարտ», 1914, 13/26 Յուլիս, թիւ 1559, էջ 2