ԳԱՂԹԱՅԻՆ
ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ
ՄԱՐՄԻՆՆԵՐ
Վառնայի
Թաղական
Խորհուրդի
կողմէ
Պատրիարքարանի
եղած
դիմումը,
հայաստանցի
գաղթականներու
կամ
պանդուխտներու
դարձին
նկատմամբ,
մեզի
առիթ
կ՚ընծայէ՝
ներկայացնելու
հետեւեալ
աաջարկը.
—
Անհրաժեշտ
է
անյապաղ
կազմել՝
Պուլկարիոյ,
Ռումանիոյ,
Եգիպտոսի,
ինչպէս
եւ
մանաւանդ
Ամերիկայի
մէջ՝
Գաղթական
Վերադարձի
Մարմիններ:
Այդ
մարմիններուն
նպատակը
ըլլալու
է
՝
մէկ
կողմէն
ճանապարհածախս
հայթայթել
դէպի
երկիր
վերադառնալ
փափաքող,
բայց
նիւթական
միջոցներէ
զուրկ
գաղթականներուն.
միւս
կողմէ՝
փրօփականտ
մղել,
որպէս
զի
ներգաղթի
հոսանք
մը
սկսի,
եւ
ունեւոր
կամ
չունեւոր,
մեր
բոլոր
պանդուխտները
երթան
իրենց
հայրենիքը՝
հոն
թափելու
իրենց
քրտինքը
համբերութեամբ
ու
հաւատքով:
Ներգաղթը
մեզի
համար
այնքան
նշանակութիւն
ունի,
եւ
հազա
անգամ
աւելի,
քան
Բարենորոգմանց
ո՛
եւ
է
ծրագիր:
Խե՛րն
անիծած
այն
երկրին,
ուր
բարենորոգում
պիտի
գործադրուի՝
առանց
մեր
ժողովուրդին,
առանց
բնիկ
տարրին,
որուն
զաւակները
դարձեալ
պիտի
շարունակեն
եղեր
մնալ
օտարութեան
մէջ՝
խեղճ
ու
թշուառ,
կամ,
մինչեւ
իսկ
գոհ
ո
վաստակի
տէր:
Բարենորոգում,
բարեկարգութիւն:
Ընդհանուր
Քննիչ,
եւլն.
եւլն.,
նպատակներ
չեն,
այլ
միջոց,
—
միջոց՝
բարելաւելու
մեր
ժողովուրդին
վիճակը,
ապահովելու
անոր
գոյթութիւնը՝
իր
օճախին
մէջ
ու
իր
ցեղին
վրայ,
չէնցնելու
մեր
երկիրը՝
մարդով,
մարդկային
աշխատանքով
ու
կենդանի
կեանքով:
Եթէ
գաղթական
Հայերը
պիտի
մնամ
արտասահման
ու
բարեկարգութիւնը
պիտի
կատարուի՝
անտէր—անտիրական
արտերու,
խոպան
այգիներուն
եւ
անմարդաբնակ
գիւղերու
վրայ,
վա՜յ
այդ
բարեկարգութեան
գլխուն
ալ,
վա՜յ
մեր
գլխուն
ալ:
Պէտք
է
հասկցնել
հարաւ
ու
հիւսիս
ցրուած
բոլոր
աստանդական
մեր
զարիպականներուն՝
որ
ժամանակ
է
երկիր
վերադառնալու:
Եւ
որպէսզի
խօսքերն
ըլլան
համոզիչ
ու
արդիւնաւոր,
պէտք
է
միեւնոյն
ատեն
գործնական
միջոցներ
ձեռք
առնել:
Այդ
միջոցներէն
մէկն
է
այա
կազմել,
ինչպէս
ըսինք,
Գաղթային
Վերադարձի
Մարմինները՝
արտասահմանի
եւ
յատկապէս
Ամերիկայի
բոլոր
կարեւոր
կեդրոններու
մէջ,
—
մասնակցութեամբ
անխտիր
բոլոր
կուսակցութիւններուն,
բոլոր
հոսանքներուն
եւ
ազգային
իշխանութիւններուն:
Առաջնորդարան,
Թաղական
Խորհուրդ,
Հոգաբարձութիւններ,
Ընկերութիւններ,
եւլն.
եւլն.:
Մենք
ցաւով
կը
տեսնենք
թէ
այս
չափազանց
կենսական
խնդիրին
վրա
պէտ
եղած
ուշադրութիւնը
չեն
դարձներ
ո՛չ
հայ
մամուլը
ընդհանրապէս,
մայրաքաղաքի
թէ
արտասահմանեան,
ո՛չ
Պատրիարքարանը
եւ
ոչ
ալ
դուրսի
ազդեցիկ
շրջանակները:
Ուշադրութիւն
չեն
դարձներ
ա՛յս
րոպէին,
երբ
ամէնէն
աւելի
պէտքը
կայ
այդ
բանին
եւ
երբ
ամէնէն
շատ
հարկ
է
ճիգ
ու
գործ
դնել
այդ
ուղղութեամբ:
Ինչո՞ւ
պէտք
չէ
որ,
օրինակի
համար,
Պատրիարաքարանը,
առանձին
շրջաբերակն
մը
հանէր՝
ուղղուած
արտասահմանեան
հայութեան,
հրաւիրելով
զանոնք
դէպի
հայրենի
երկիր:
Ինչո՞ւ
պէտք
չէ
այդ
շրջաբերականը
հարկադրոթիւն
դնէր
արտասահմանեան
ազգային
մարմիններու
վրայ՝
ձեռք
առնելու
գործնակա
միջոցներ,
կազմելու
Գաղթային
Վերադարձի
Մարմիններ՝
որոնք
թէ՝
խօսքով
ր
թէ
նիւթական
օժանդակութեամբ
դիւրացնէին,
խթանէին,
զօրացնէին
ներգաղթի
հոսանքը:
Ներգաղթի
խնդիրը
մասնակի,
պատահական,
միջանկեալ
հարց
մը
չէ
մեզի
համար,
ամբողջ
ծ………………….
մըն
է՝
իրականացումը
պէտք
է
հետապնդենք
յամառօրէն,
հետեւողականութեամբ,
քայլ
առ
քայլ,
մաս
առ
մաս:
Ասոր
համար
ալ
գո՛րծի
պարտաւոր
ենք
դիմել,
եւ
ո՛չ
թէ
ձեռք
ձեռքի
վրայ
դրած
սպասել:
Մենք
ներկայացուցինք
միջոցներէն
մէկը.
Կարելի
է
եւ
դեռ
նախատեսել
ուրիշեր՝
նոյնքան
օգտակար
ու
նոյնքան
արդիւնաւոր:
«Ազատամարտ»,
1914,
18/31
Մայիս,
թիւ
1514,
էջ
2