ԵԹԷ
ՄԻԱՅՆ
ՈՒԶԷԻՆ
Թուրքիոյ
Հայ
Ուսուցչական
Միութիւնը
համակրելի
փորձ
մը
կ՚ընէ
այս
տարի,
կազմակերպելով
ամառնային
մանկավարժական
դասախօսութիւններ՝
հարեւան
գիւղի
մը,
Պարտիզակի
մէջ:
Մեր
ընթերցողները
ծանօթ
են
դասընթացքի
մանրամասնութիւններուն.
բայց
մանաանդ
ուսուցիչները
իրենց
անշուշտ
աւելի
շատ
հետաքրքրուեցան,
եւ
իրենց
սրտին
մօտ
կը
զգան
ձեռնարկը:
Այնպէս
որ,
մենք
տարակոյս
չունինք
թէ
խիտ
եւ
գիտակից
բազմութեամբ
մը
պիտի
ոգեւորեն
նախաձեռնարկ
մասնախումբը,
որով
եւ
աւելի
մշակուած
ու
բազմակողմանի
ձեւ
մը
պիտի
ստանան
այս
դասընթացքները,
իրենց
իսկ
բարիքին
համար:
Բայց
մենք
կ՚ուզէինք
ստորագծել,
այս
առթիւ,
մէկ
երկու
երեւոյթներ,
որոնք
լուրջ
խորհրդածութիւններ
կը
թելադրեն
տարուան
այս
եղանակին,
եւ
ուրիշ
ամէն
ամէն
ատենէ
աւելի՝
հիմա,
երբ
անհամար
պատեհութիւններ
կան
Հայ
Դպրոցը
բարձրացնելու
ցանկալի
մակարդակին:
Ամէն
բանէ
առաջ,
ըսենք
աւելորդ
անգամ
մըն
ալ,
որ
անդառնալի
կերպով
անցած
է
տիրացու—վարժապետ
ի
շրջանը:
Մեր
օրերուն,
ուսուցիչը
պիտի
ըլլայ
իրապէս
ուժ
մը,
հեղինակութիւն
մը,
մէկը
որ
գիտէ
եւ
կ՚ուզէ
ուսուցանել,
եւ
ո՛չ
թէ
պատուելի
«էմէքտար»
մը,
որուն
արգահատանքով
կը
նային
բոլոր
մեծ
ու
պզտիկ
տղաները,
որ
ճկուն
է
ամէն
հովի
գլուխ
ծռելու
աստիճան,
որ
վերջապէս,
յաճախ
կը
շփոթուի
տնտեսին
կամ
ժամակոչին
հետ:
Ընդունինք
այլեւս,
որ
ո՛չ
թէ
ասպարէզն
է
որ
կը
պակսի
այսօր,
այլ
մանաւանդ
կարող
ուժը,
մասնագէտը,
բարեխիղճ
դաստիարակը,
համալսարանականը,
եթէ
կ՚ուզէք:
Եւ
ուշադիր
հետեող
մը
պիտի
հաստատէր
որ
տարուէ
տարի
աւելի
բացահայտ
կը
դառնակ
այս
պարագան,
—
իրական
ուժերու
պահանջը:
Եւ՛
միայն
Երկրէն
ստիպողական
հրաւէրներ
կ՚ուղղուին
ամէն
արձակուրդի,
այլ
եւ
Պոլիսը
ինք
պէտք
ունի
յատկապէս
պատրաստուած
մանկավարժներու:
Ի
հարկէ
վարձատրութեան
համեմատութիւններն
ալ
նոյնը
չեն
կրնար
մնալ,
բայց
այս
մասին—
ահա
երկրորդ
երեւոյթը
—
խոստովանենք
որ
պատասխանատուութիւն
մը
կը
ծանրանայ
բուն
իսկ
ուսուցիչներուն
վրայ:
Արար
աշխարհ
գիտէ
որ
ուսուցչական
ասպարէզը,
իր
ներկայ
վիճակին
մէջ,
վերածուած
է
տեսակ
մը
Էսնաֆութեան,
ուր
ամէնէն
աժան
գործողը
կը
դառնայ
ամէնէն
ընդունելին
ու
յաջողակը:
Նուազուրդի
են
դրուած
պաշտօններն
ու
թոշակները:
Չկայ
գէթ
նուազագոյն
չափ
մը,
մինօմօմ
մը,
ուրկէ
վար
ո՛չ
մէկ
ուսուցիչ
զիջանէր
պայմանաւորուիլ:
Այնպէս
որ,
յետին
թաղականն
ու
հոգաբարձուն
վարժուած
են
միշտ
աժան
ը
փնտռել
ու
գտնել,
առանց
հետաքրքրուելու
արժանիքով,
եւ
բնականաբար
դպրոցները,
Պոլսէն
մինչեւ
Պիթլիս,
կը
հեւան
միջակութիւններու
եւ
խեղճութիւններու
խայտաբղէտ
բազմութեամբ
մը:
Այս
պայմաններուն
մէջ,
ի՜նչ
խօսք
որ
կարող
ուժերը
պիտի
տուժէին՝
կամ
զգուէին,
ասպարէզը
ձգելով
բաղդախնդիրներուն:
Դժուա՞ր
է
դարմանել
այս
բոլորը,
եւ
դեռ
ուրիշ
երեւոյթներ,
որոնց
կ՚անդրադառնանք
տարբեր
առիթով
մը:
Ընդհակառակին:
Թուրքիոյ
հայ
ուսուցիչները,
կամ
Թուրքիոյ
Հայ
Ուսուցչական
Միութիւնը—
չգիտենք
ո՛րքան
իրաւասու
է
այս
կոչումը—
կրնային
հրաշքներ
գործել,
եթէ
միայն
ուզէին,
եթէ
չգոյանային
մանր
ճիգերով,
եւ
լուրջ
հետապնդութեամբ
փարէին
գործի:
Մենք
ուրախութեամբ
դիտեցինք
որ,
պարտիզակնեան
դասընթացքի
ծրագրին
մէջ,
առաջադրուած
են
նաեւ
վիճաբանական
հարցեր,
որոնք
մօտէն
կը
շօշափեն
մեր
յիշած
կէտերը,
—
Հայ
ուսուցչին
նիւթական
պայմաններուն
բարձրացման
միջոցները.
—
Ի՞նչ
կը
սպասուի
Թուրքիոյ
հայ
ուսուցչական
Միութենէն
եւլն:
Ապահովաբար,
զբօսքանքի
կամ
հետաքրքրութեան
համար
նշանակուած
չեն
այս
հարցերը,
եւ
նպատակի
մը
պիտի
ծառայեն:
Ի՜նչ
աւելի
սփոփաբար.
եթէ
միայն
ճշտուէր
թէ,
սա՛,
ի՞նչ
կը
սպա
ի
Թուրքիոյ
պայմաններուն
մէջ,
այդ
Միութիւնը
չի
դադրիր
գունատ
եւ
թարթափուն
կազմակերպութիւն
մը
ըլլալէ,
որուն,
ո՛չ
դիմագծութիւնը
որոշ
է
տակաւին,
ո՛չ
ալ
մանաւանդ
ծրագիրն
ու
գործունէութիւնը:
Ուսուցիչները
իրենք
ձեռքով
կրնան
եւ
պարտաոր
են
հարթել
ճանապարհը,
թէ՛
բարոյական
եւ
թէ
նիւթական
բարձրացման
համար:
Յաջողութիւնը
երեք
չորրորդով
իրենց
կամեցողութենէն,
իրենց
աշխատանքէն
եւ
ընդունակութենէն
կախում
ունի:
Միւս
խոչընդոըները
դիւրաւ
կը
մաքրուին,
երբ
էական
պայմանները
ապահովուած
են:
«Ազատամարտ»,
1914,
12/25
Յուլիս,
թիւ
1558,
էջ
2