ԴԱՏԱՐԱՆՆԵՐՈՒ
ՎԵՐԱԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ
Անտարակոյս
մեր
դատաստանական
օրէնքներն
ալ
պէտք
ունին
լուրջ
վերաքննութեան
եւ
բարփոխութեանց.
անտարակոյս
մօտաւոր
Խորհրդարանը
իր
կենսական
զբաղումներուն
մէկ
առարկան
ալ
դատաստանական
օրէնքներու
ուսումնասիրութիւնը
պիտի
նկատէ,
քանի
որ
անոնց
վրայ
կը
հանգչի
քաղաքացիին
եւ
հետեւաբար
ամբողջ
ընկերութեան
իրաւունքի
պահպանութիւնը
եւ
անոնք
կ՚երաշխաւորեն
արդարութեան
հիմերը։
Բայց
մինչեւ
օրէնքներուն
վերաքննութիւնը
եւ
բարեփոխութիւնը՝
կայ
դատարանական
վերակազմութեան
ու
մաքրագործութեան
անմիջական
պահանջը,
ինչ
որ
կապ
չունի
խորհրդարանին
հետ
եւ
կրնար
ու
պէտք
էր
որ
Քեամիլ
փաշայի
դահլիճին
մտահոգութիւններէն
մէկը
կազմէր։
Եւ
սակայն
այս
դահլիճը
պահանջուած
ուղղութեամբ
ո՛չ
մէկ
քայլ
առաւ,
ոչ
մէկ
տեսանելի
ճիգ
ըրաւ,
ոչ
մէկ
գործ
կատարեց։
Մեր
դատարանները,
կարելի
է
ոտքերու
մատենրուն
վրայ
կոխելով
եւ
բարձաձայն,
բոլոր
ուժերով
պոռալ
թէ
աշխարհի
վատթարագոյները,
ամէնէն
ախտաւորները
եւ
ամէնէն
ապականածներն
էին
հին
րէժիմի
օրով
իրենց
կազմութեամբ
եւ
ֆիզիքական
յօրինուածքով։
Կաշառակերութիւնը,
աւելի
քան
հազուադէպ
բացառութեամբ,
դատարանական
առաքինութիւն
մըն
էր՝
որուն
վրայ
կրնան
երդնուլ
այս
երկրին
բոլոր
քաղաքացինրը,
մէջն
ըլլալով
նոյն
իսկ
նախարարներն
ու
դատական
պաշտօնեաները
իրենք
ալ։
Բռնութիւնը,
կամայականութիւնը
եւ
շանթաժը
յայտնի
ստորոգելիքներն
էին
միայն
մեր
դատարաններուն
որոնց
պատճառով
երկիրը
ոչ
միայն
տանջուած
էր
ու
կը
տանջուի,
այլեւ
կորսնցուցած
է
ժողովրդական
ամէն
հաւատք
ու
վստահութիւն՝
Արդարութեան
գաղափարին
վրայ։
Ժողովուրդը
անբարոյականացած
է
դատարաններուն
երեսէն,
որոնք
պէտք
էր
սակայն
նպաստէին
քաղաքացիին
մէջ
իրաւունքի
գիտակցութիւնը
բարձրացնելու
եւ
ընկերութեան
չարիքները
չեզոքացնելու։
Դատարաններն
էին
ասկէ
առաջ
որ
եղան
կոյր
ու
քանդիչ
գործիքը
բռնապետութեան
ձեռքին
մէջ,
այդ
գործիքն
էր
որ
ջախջախեց
անխնայ
ժողովուրդին
մէջքի
ոսկորները
եւ
այսօր
տակաւին
նոյն
ժողովուրդին
մարմնին
վրայ
մնացած
սպներուն
խոշորները,
վէրքերուն
ամէնէն
խորունկներն
ու
արիւնահոսները
դատարաններուն
բացածներն
են։
Ու
նոյն
դատարանները
կը
գործեն
այժմ,
մինչեւ
այս
պահուս
միեւնոյն
մեքենականութեամբ,
սիեւնոյն
անգութ
ոգիով,
միեւնոյն
անփոփոխելի
կամայականութեամբ։
Դատարանը՝
ուրիշ
ազատ
ու
սահմանադրական
երկիրներու
մէջ
այն
միակ
հաստատութիւնն
է,
որուն
անկախութիւնը,
որուն
բարոյական
զօրութիւնն
ու
պողպատէ
արդարութիւնը
երկիւղ
ու
յարգանք
կ՚ազդեն
բոլորին,
իշխանաւորի
թէ
խոնարհի,
աւագանիի
թէ
յետին
գործաւորին։
Չենք
ըսեր
որ
բացարձակ
են
այդ
յատկութիւնները
քաղաքակիրթ
երկիրներու
մէջ,
չենք
ըսեր
որ
անոնք
ալ
չունին
իրենց
սեւ
արատները
եւ
քննադատելի
կողմերը,
սակայն
այս
բոլորին
հետ
մեկտեղ
համեմատութեան
իսկ
չեն
կրնար
մտնել
օսմ[անեան]
դատարաններու
եղկելի
ու
յուսահատական
դրութեան
հետ։
Գերմանիոյ
նման
կէս
բռնապետական
երկրի
մը
մէջ
անգամ
Դատարանը
կանգնած
է
եղեր
յաճախ
այն
տեսակ
բարոյական
բարձրութեան
մը
վրայ,
որուն
նայելու
ատեն
ո՛
եւ
է
օսմանեան
քաղաքացի
պէտք
է
որ
ֆէսը
գլխէն
վար
առնէ։
Դեռ
քանի՞
ամիս
առաջ
էր
որ
Վիլհէլմ
կայսեր
կարգ
մը
հետեւորդ
ու
խորհրդական
անձնաւորութիւնները,
հպարտ
ու
ամբարտաւան,
հզօր
ու
անընճկելի
կարծուած
բայց
արատաւոր,
ներքնապէս
բարոյական
զզուելի
ախտաւորութեամբ,
քուրջի
կտորներու
վերածուեցան՝
երբ
յանկարծ
դատարանն
իր
երկաթեայ
ձեռքը
դրաւ
անոնց
վզին
վրայ։
Դատարանը
ցոյց
տուաւ
թէ
իր
արդարութեամբ
վեր
է
ամէն
անձէ,
ամէն
իշխանաւորէ,
ամէն
բարձրագոյն
պաշտօնատարէ,
ցոյց
տուաւ
թէ
իրապէս
օրէնքին
առջեւ
ամէնքը
հաւասար
են։
Եւ
որպէս
զի
ո՛
եւ
է
դատարան
կարող
ըլլայ
իրապէս
արդարութեան
այդ
գործը
կատարել
եւ
իրաւունքին
սպասարկել՝
պէտք
է
ըլլայ
բացարձակապէս
անկախ։
Անկախութիւնը
պայման
մըն
է,
առանց
որուն
Դատարան
եւ
Իրաւունք
կը
կորսնցնեն
իրենց
նշանակութիւնը
հաւասարապէս,
կը
դառնան
ոչ
միայն
ոչնչութիւններ,
այլ
կ՚ըլլան
հարստահարութեան
եւ
բռնութեան
հաստատութիւններ,
ինչպէս
եղած
են
մեր
երկրին
մէջ։
Մինչեւ
այսօր
մեր
դատարանները
հասած
են
այնպիսի
բարոյական
գահավէժի
մը,
այն
տեսակ
սնանկութեան
մը՝
որ
բարսափ
միայն
կ՚ազդեն
քաղաքացիին։
Ոչ
մէկ
պարկեշտ
անձ,
ոչ
մէկ
խոհական
մարդ,
հասարակութեան
ո՛
եւ
է
մէկ
դասակարգին
պատկանող
ոչ
մէկ
անհատ
կ՚ուզէ
դատարանին
հետ
գործ
ունենալ՝
լաւագոյն
սեպելով
զրկանքի
ենթարկուիլ,
իր
իրաւունքին
մեծագոյն
մէկ
մասը
ջուրին
տալ,
քան
թէ
բռնուիլ
ցանցի
մը
մէջ,
ուրկէ
դուրս
պէտք
է
ելլէ
արիւնաքամ,
ուժասպառ
եւ
ջախջախուած,
եթէ
նոյն
իսկ
երկա՜ր
տարիներու
դատարանական
պայքարէ
մը
ետք
յաղթական
ալ
դուրս
գայ։
Մեր
դատարանները
գտնուած
են
արտաքին
ազդեցութեանց,
ուժեղներու
եւ
մանաւանդ
վարչային
իշխանութեան
ուղղակի
թէ
անուղղակի
մահացու
ներգործութեանը
տակ։
Եւ
զարմանալի
է
որ
երբ
այս
պահուս
կառավարական
բոլոր
հաստատութիւններուն
գնահատութիւնը
տեղի
կ՚ունենայ
սահմանադրական
կարգերու
փոխարինման
տեսակէտովը,
դատարանները
ամէնէն
քիչ
ուշադրութիւն
գրաւողներն
են
եւ
նուազ
առարկայ
հանրային
քննադատութեան։
Հանրային
դատաստանին
առջեւ
չեն
քաշշուիր
այն
դատաստանական
ատեանները՝
որոնք
երկա՜ր
տարիներ
ապականութեանց,
զեղծումի,
կեղեքման
եւ
եղեռնագործութեան
հնոցներն
եղան
եւ
որոնց
կանաչ
ասուիէ
ծածկողին
վրայ
զոհաբերուեցան
անհամար
ընտանիքներ,
անհամար
կեանքեր
ու
բարեկեցութիւններ։
Այս
րոպէին
գերագոյն
դատարանի
մը
պէտքը
կայ
մեր
դատարանները
դատելու
համար։
Մինչեւ
որ
դատաստանական
ատեանները
չի
մաքրուին
կաշառակեր,
անզգամ
ու
անիրաւ
դատաւորներէ,
մինչեւ
որ
դատաւորներն
ու
դատարանական
պաշտօնեաները
չընտրուին
ամէնէն
պարկեշտ
ու
արդարասէր
քաղաքացիներէ,
այս
պետութիւնը
իր
սրտին
վրայ
պիտի
ունենայ
յաւիտենական
քաղցկեղը։
Արդարութեան
հիմերը
դատարաններուն
մէջ
պէտք
է
փնտռել,
հետեւաբար
աշխատանքը
անոնցմէ
պէտք
է
սկսիլ։
Որպէս
զի
հասարակութեան
մանաւանդ
թոյլ
ու
տկար
զանգուածները
շունչ
առնեն
եւ
վերակենդանանան,
որպէս
զի
իրաւունքի
ապահովութիւնը
զերծ
ըլլայ
ամէն
կասկածէ
եւ
ստեղծուի
տանելի
կեանք,
երկիրը
անհարժեշտաբար
եւ
ամէն
ստիպողութեամբ
ազատելու
է
այն
պաշտօնէութեան
մեծագոյն
մասէն,
որ
արդարութեան
անունով
չարիք
եւ
իրաւունքի
անունով
ոճիր
գործելու
վարժուած
է։
Ո՛չ
մէկ
ազատութիւն,
ո՛չ
մէկ
հաւասարութիւն,
ո՛չ
մէկ
սահմանադրական
իրաւակարգ՝
առանց
արդարադատ,
առանց
անկախ
դատարանի։
Լաւ
կազմակերպուած,
պարկեշտ
ու
ճշմարտասէր
իրաւասէր
դատարան
մը
գուցէ
ամէնէն
հզօր
պատուարն
է
բռնակալութեան
դէմ
եւ
ամէնէն
արի
պաշտպանը՝
ժողովուրդի
ազատութեան։
Ի՜նչ
կորով,
ի՜նչ
կամք
եւ
ի՜նչ
հաստատ
առաջադրութիւն
հարկաւոր
է՝
մեր
դատարանական
կազմը,
դատաստանական
ներկայ
պաշտօնէութիւնը
տակէն
գլխուն
վրայ
շրջելու.
ո՜րքան
յամառ
ջանքերու
պէտքը
կայ՝
թշուառ
հասարակութեան
միսը
փրցնելու
գիշակեր
ժանքներէ,
որոնք
դիւրութեամբ
պիտի
չի
թողուն
զայն։
Իրաւազրկութեան
հակումներով
այնքան
հարուստ,
տիրապետելու
եւ
հարստահարելու
ցանկութիւններով
այնքան
ուժեղ,
արդարութեան
եւ
իրաւունքի
գաղափարը
կորսնցուցած
հասարակութեան
մը
մէջ՝
տեւական
եւ
արմատական
յեղաշրջում
առաջ
բերելու
համար,
դատարաններու
բարեկարգութեամբ
սկսուելու
է
ամէնէն
առաջ։
Վնասակար
բնազդները,
անիրաւ
հետամտութիւնները,
բռնութեան
եւ
զրկումի
բոլոր
միջոցները
խորտակուելու
են
դատարանական
Արդարութեան
կրանիթէ
որմերուն
դէմ.
խորտակուելու
են
մանաւանդ
այն
անսասան
պարիսպներուն
դէմ
զօրեղներու,
բռնաւոր
տէրերու
ճակատները,
եւ
դուք
տեսէք
այն
ատեն
թէ
ինչպէ՜ս
պատասխանատուութեան
գիտակցութիւնը
դողալ
կուտայ
անիրաւութեան
հետամուտները,
թէ
ինչպէ՜ս
հաւասարութիւնը
ծռել
կուտայ
ամէնէն
յոխորտ
վիզերը։
Ահա
թէ
ի՛նչ
է
հարկաւոր
մեր
ժողովուրդին՝
որ
իրաւազրկութեան
երեսէն
կուլայ
եւ
իրաւունք
կը
փնտռէ։
Ահա
թէ
ինչ
կը
սպասէ
ամբողջ
երկիրը
դատական
նոր
նախարարէն,
որ
Ազատութեան
ռահվիրաններէն
մէկն
է։
«Ժամանակ»,
1908,
թիւ
38,
27
Նոյեմբեր—10
Դեկտեմբեր