Քաղաքականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՎԱՐՉԱԿԱՆ ՄԵՔԵՆԱՆ


Թէ մեր ազգային կրթական գործը՝ զուրկ հիմնական ու մշակուած, մեր ժամանակակից կեանքին ու պահանջներուն բաւականութիւն տուող կազմակերպութենէ եւ ծրագրէ, կը ներկայացնէ Բաբելոնի մը, կը կարծենք թէ անիճելի է աս:

Այդ Բաբելոնը՝ ծնունդ ազգային վարչական կազմակերպութեան բաբելոնական սիստէմին, բնականաբոր ուրիշ երեւոյթ եւ արդիւնք չէր կրնար ներկայացնել՝ քան ինչ որ դառն իրականութիւնն է նոյն իսկ մայրաքաղաքի մէջ:

Ճիշտ է որ, տեղ տեղ, տեղական նախաձեռնութեանց շնորհիւ, գաւառական փոքրիկ քաղաքներու եւ շրջաններու մէջ, կրթական գործի բարելաւութիւններ, շարժումներ կը յայտնաբերուին, որոնց ուրախութեամբ արձագանքը կ՚ըլլանք մեր էջերուն մէջ, բայց այդ մասնակի եւ քիչ ու շատ սփոփաբար երեւոյթներն ալ աւելի շատ անհատներու հետ կապուած են եւ բանւ հետեւանք չեն մշակուած, ընդունուած ու տիրող սիստէմի եւ հայեացքի, որոնք ենթակայ են միշտ պատահականութիւններու, այսօրուան շինուածը վաղը քանդելու:

Ժամանակի ու պատասխանատուութեան խոր գիտակցութիւն եւ հեղինակութիւն՝ ո՛չ մէկ կողմէ: Լաւագոյն պարագային, ամենաշատը առօրեայ, րոպէական տրամադրութեան տակ տրուող որոշումներ կ՚ըլլան, որոնց իրագործումը եւս, դարձեալ հիմնական սիստէմի ու ծրագրի հետեւանք չըլլալու պատճառով, ենթակայ է պատահականութեան ինչպէս պիտի ըլլար՝ եթէ վաղը Ազգ[ային] Ժողովը ընդունի Զոհրապեան առաջարկը՝ որ կարող է ընդհանուր ծրագրի մը մաս կազմել, բայց չի կրնար ինքնուրոյն գործադրութեամբ ծառայել բաղձացուած նպատակին:

Մենք բազմիցս առիթը ունեցանք այս էջերուն մէջ  յուզելու եւ առաջադրելու վարչական մեքենայի, տնտեսական գործի հիմնական վերակազմութեան ու մեթոտի վերածումի անհրաժեշտութիւնը, որուն, գտած թոյլ արձագանքները իրական կեանքի վրայ ազդելու ո՛չ մէկ երաշխիք կը ներկայացնեն:

Այս բացասական երեւոյթին գլխաւոր պատճառներէն մէկն ալ այն է որ կարծէք մենք դեռ եւս չենք հասունցած, չենք բարձրացած անհատապէս յայտնուած լաւագոյն մտքերն ալ հաւաքական շրջանակի մը սեփականութիւն եւ հաւաքականութեան պաշտպանութեան առարկան դարձնելու:

Մեր մէջ շատ կը կրկնուի «Մարդ չկայ»ն, բայց մեր կարծիքով մարդիկ կան, այլ անոնց մէջ կը պակսի հաւաքականութեան, հաւաքական ուժ եւ հոսանք ներկայացնող ներուժը, ոգին, ջիղը, իտէալը:

Ցաւը այն է որ՝ ամենակարողներն անգամ իրենց մտքի արտայայտութիւնն ու արտադրութիւնը կը չափեն, կը ձեւակերպեն անհատական նեղ հաշիւներու ներած սահմաններուն մէջ: Եւ այս գլխաւորաբար շնորհիւ Բիւզանդական մթնոլորտին ու միջավայրին, որուն անբնականօրէն վիճակուած է հոգեբանօրէն առընչութիւն չունեցած բուն իսկ Հայրենիքի ու ժողովուրդի վարիչն ու առաջնորդը ըլլալուն:

Այս բացասական երեւոյթը առաւել եւս կը շեշտուի տիրող ընկերային եւ քաղաքական աշխարհայեցողութեան բարդութիւններով: Մենք չենք տեսներ այն վտանգը՝ որ դամոկլեան սուրի նման պիտի կախուի վաղը կեանքի բոլոր ասպարէզներէն մեզ քշելու, եթէ իրերու վիճակը հիմակուընէ հիմնապէս դարմանելու հոգը չստանձնուի:

Այս սպառնալից վտանգն է այն պարագան, որ կայսրութեան բաղադրիչ կարեւորագոյն մէկ տարրը կազմելով, եւ մեր յետամնացութեան ու յառաջադիմութեան կայսրութեան ճակատագրին վրայ ազդեցութիւն ունենալու անխուսափելիութեամբն հանդերձ՝ մենք թողուած ենք մենք մեզի, մինչդեռ պետական վարժարաններու միջոցով թուրք հայրենակիցներու կրթական գործը հսկայաքայլ թռիչներ ստանալու ա՛յնպիսի վիճակի մը մէջ կը դրուի, որ մօտաւոր ապագային ստիպուած պիտի ըլլանք խոստովանիլ մեր զարգացման թերութիւններն ու անկարողութիւնը, բաղադրիչ տարրերու բազմակողմանի կրթական աստիճաններու մէջ բացուած խոր անդունդը:

«Մարդու պակասութեան», հաւաքական ներուժի բացակայութեան, սիստէմի ու ծրագրային բաբելոնականութեա վրայ կ՚աւելնայ նիւթականի խնդիրը՝ որ յաճախ միւս բոլոր բացասական ազդակները կը գերազանցէ:

Անօրինակ է այս երեւոյթը որ ժողովուրդ մը երկու տեղ կրթական տուրք վճարելու դատապարտուի եւ իր քաղաքացիական իրաւունքներէն զրկուի:

Նահանգային յաւելուածական տուրքերու եւ նահանգային պիւտճէի իրաւական բաժինով մասմաբ պիտի թեթեւուցէր այս ծանրակշիռ վիճակը, բայց ահա՛ երէկ այդ յոյսն էր որ խլուեցաւ գաւառէն ու հայ ժողովրդէն՝ նոյն իսկ Հայերու օժանդակութեամբ, որուն յաջորդեց կրթական նախարարութեան դարձեալ հայ հանճարով պաշտպանուած ծրագիրն ու 600, 000 ոսկիի փոխառութիւնը՝ որ եթէ զուտ կրթական տեսակէտով ծախահարելի քայլ մըն է, կեանքի ասպարէզներէն մեզ քշել տալու, մեր անճարակութեան մէջ մեզ ետ ձգելու համար ամենազօրեղ ազդակն ու միջոցն է:

Իսկ ի՞նչ կ՚ընեն մեր վարչական մեքենան, մեր դիւանագէտ վարիչներն ու հեղինակութիւնները: Արդեօք ո՞ր վարդագոյն ճառերով եւ քաղցրահամ դեղահատերով մարսել պիտի տան եւ այս հարուածը:

«Ազատամարտ», 1914, 3/16 Յուլիս, թիւ 1551, էջ 2